ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ՍՐՏԷՍ ԿԸ ԲԽԻ ԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ
Երբ յաճախ կը թղթատեմ հին թերթերու հաւաքածոները, այս անգամ հանդիպեցայ 27 նոյեմբեր 1995 թուակիր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ «Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան» ստորագրութեամբ՝ վերոյիշեալ վերնագրութեամբ գրութեան։ Թերեւս «կրկնութիւն» համարուի, բայց հետաքրքրական պիտի ըլլար նոյն ստորագրութեամբ եւ այսօրուան տրամադրութեան ներքեւ յիշել գրութիւնը եւ տեսնել, թէ ինչե՜ր փոխուած է անցեալ տարիներու ընթացքին։ Յստա՛կ է որ կոչումը քաջութիւն կը պահանջէ, բայց այս գրիչը ո՛րքան քաջութիւն կարողացաւ ցոյց տալ իր կոչումին, խնդրակա՛ն է։
ԻԳ Սաղմոսը սապէս կը վերջանայ.
«Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան եւ կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 6)։
Ուրեմն անցնինք 27 նոյեմբեր 1995, երկուշաբթի օրուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած գրութեան։
ԱՅՆ՝ Ի՛ՆՉ ՈՐ ՍՐՏԷՍ ԿԸ ԲԽԻ ԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ
«Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.- քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի» (ԵՐԵՄ. Ա 4-5)։
Այս խօսքերով կը սկսի Երեմիայի Մարգարէութիւններու գիրքը։
*
Տարիներ առաջ, հոգեւորականէ մը լսած էի, պատահած, իրական դէպք մը.-
Դէպքը կ՚անցնի Իտալիա, փոքր գիւղաքաղաքի մը մէջ, ուր կ՚ապրի համեստ ընտանիք մը իր երեք անդամներով՝ պատանի մը ու իր ծնողքը, հայրն ու մայրը։ Պատանին բոլորած է իր ուսման շրջանը ու հիմա կը գտնուի կարեւոր անկիւնադարձի մը առջեւ՝ կամ պիտի շարունակէ ուսումը, կամ ասպարէզ մը ընտրելով, պիտի նետուի կեանքի պայքարին մէջ։ Սակայն պատանին արդէն ըրած է իր նախընտրութիւնը եւ որոշումը տուած։ Երբ պատանին կ՚ըսէ, թէ ինք հոգեւորական ըլլալ կ՚ուզէ, այդ իրական անակնկալ մը կ՚ըլլայ ընտանիքին համար ու ահաւասիկ՝ այդ փոքր ընտանիքին մէջ մեծ փոթորիկ մը պատահելու վրայ է՝ թէեւ հայրը չէզոք, սակայն մայրը խստիւ կը հակառակի ու ամէն ճիգ կը վատնէ, որպէսզի զաւակը հրաժարացնէ իր որոշումէն։ Սակայն պատանին հաւատարիմ իր ընտանիքին, կը հնազանդի մօրը եւ տեղի չի տար այդ մերձաւոր փոթորիկին ու կը հրաժարի իր այնքան փափաքած որոշումէն։ Ու պատանին կը շարունակէ իր ուսումը եւ կ՚ուսանի իրաւաբանական ճիւղի վրայ, ուրկէ կը վկայուի իբր պաշտպան-փաստաբան։
Երիտասարդը հետզհետէ կը նուաճի ու կը գնահատուի իր ասպարէզին մէջ, նորանոր յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ։
Եւ ընտանիքը կը փոխադրուի քաղաք։
Այլեւս ամէն ինչ կարգին է. ընտանիքը գոհ՝ իր կեանքէն, մայրը մանաւանդ շատ երջանիկ է, վերստին շահած ըլլալուն իր զաւակը եւ համեստ ընտանիքը կը սկսի ապրիլ ճոխ կեանք։
Եւ օր մը անժամանակ կերպով դրան զանգակը կը հնչէ։ Երիտասարդին մայրը կասկածոտ կը բանայ՝ եւ ահաւասիկ դրան սեմին կանգնած կը տեսնէ երկու պետական պաշտօնեայ, վարանոտ կը նային կնոջ եւ մին աւելի համարձակ՝ կը գուժէ երիտասարդին մահը։ Կինը, կարծես շանթահարուած, կը ցնցուի եւ հազիւ թէ կրնայ հարցնել, թէ ինչ պատահած էր։ Խեղճ երիտասարդը, դատավարութեան մը ընթացքին, ամբաստանեալ հակառակորդի մը կողմէ, ատրճանակի գնդակով մը սպաննուած է…։ Այդ պահուն կինը բաներ մը ըսել կ՚ուզէ, խլրտում մը կը լսուի ու հէք կինը հոն կ՚իյնայ։
Աւելի վերջ իր մօտ գտնուողներ կը վկայեն, որ հէք կնոջ վերջին խօսքերը. «Ա՜հ, զաւակս, քեզի ե՛ս մեռցուցի…», եղած է։
Այս պատմուածը բանագործական, արուեստական կամ գեղարուեստական պատմուածք մը չէ՛ր, այլ՝ պատահած, իրական դէպք մը, իբրեւ ցաւալի եւ ողբալի պատահար մը։
Զիս շատ տպաւորած էր այդ դէպքը եւ զգացուած էի։
Այն ատեն աշխարհիկ չափանիշներով դասեր քաղել փորձած էի այդ պատահարէն. ինչպէս՝ բարոյական, ընկերական եւ հոգեբանական եւ երբեք չէի խորհած անոր հոգեւոր դասին մասին։
Ահաւասիկ այսօր կը հասկնամ, տարիներ վերջ, թէ այդ պատահարը սերտ կապակցութիւն մը ունի՝ դարեր առաջուան Երեմիա մարգարէի՝ յիշուած Աստուածաշունչ խօսքերուն հետ։
Եւ ահաւասիկ մայր մը, որ կը կարծէր, թէ վերստին շահած է եւ չէ՛ կորսնցուցած իր զաւակը, այս անգամ հոս աշխարհի վրայ յաւիտեան կը կորսնցնէ ու կը միանայ հո՛ն երկնային՝ հանդերձեալին մէջ։
Եւ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի, յարմար ժամանակի մը, արդար տեղւոյն մէջ, վճռական կերպով։
Ի՜նչ մեծ շնորհ է մայր ըլլալ, զոր Աստուած տուած է կիներու՝ իբր իր ստեղծող կամքին միջնորդը, բայց որքա՜ն աւելի մեծ շնորհ մըն է մօր մը համար, որուն զաւակը Աստուած կը կանչէ Իր ծառայութեան։
Կարելի՞ է մերժել այդ շնորհը…։
Այո՛, հոգեւոր ծառայութիւնը որքան կոչում, նոյնքան ալ կը պահանջէ քաջութիւն։
Երեմիա մարգարէ, երբ կը լսէ Աստուծոյ կոչումի վերաբերեալ խօսքերը, սապէս կ՚ըսէ.
«Ո՜հ, Տէր Աստուած, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասնզի ես մանուկ եմ…»։ (ԵՐԵՄ. Ա 6)։
Սակայն Աստուած վճռական կ՚ըսէ.
«Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ…։ Ահա՛ իմ խօսքերս քու բերանդ դրի»։ (ԵՐԵՄ. Ա 8 եւ 9)։
Եւ նաեւ նոյնը կը տեսնենք Աստուծոյ Մովսէս մարգարէի առաջին հանդիպումին, Մովսէս մարգարէի խօսքերուն մէջ.
«Ես ո՞վ եմ որ…»։ (ԵԼԻՑ, Գ 22)։
Եւ. «… Հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ…»։ (ԵԼԻՑ, Դ 10)։
Ու դարձեալ Աստուծոյ վճռական խօսքը.
«Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս…»։ (ԵԼԻՑ, Դ 12)։
Ուստի, կոչում ու քաջութիւն՝ միասին կ՚ընթանան, որոնք Աստուածատուր շնորհներ են…։ Եւ ինչպէ՜ս քաջութիւն չպահանջէ հոգեւոր ծառայութիւնը, որուն ծառայութիւնը այնքան պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, որ կը զբաղի մարդուն անտեսանելի երեսին հետ՝ սիրտը կ՚ազնուացնէ, հոգին կը վսեմացնէ ու միտքը կը մշակէ ու կը զարգացնէ եւ թէ որքան դժուար է «անտեսանելի»ի հետ աշխատիլ, որու վաստակը կարելի չէ չափել աշխարհիկ չափանիշներով։
Կամաւոր սպասաւոր մըն է հոգեւոր ծառան, որ կը վայելէ այն մեծ հաճոյքը, առանց սպասումի, առանց ակնկալութեան եւ առանց փոխարիներու տալու խնդութիւնը։
Ես, ինծի համար կ՚ըսեմ, ինչ կարգ, ինչ աստիճան որ ունենամ, միշտ ունիմ սորվելու բան մը. դէպքերէ, անձերէ եւ խօսքերէ դաս առնելով եւ կարդալով, եթէ տիպար կ՚ընդունիմ Տէր Յիսուսը, որ մօտաւորապէս երեք տարի վարդապետելու համար գրեթէ երեսուն տարի սպասեց, ինչպէս կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին մէջ.
«Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»։ (ՂՈՒԿ. Բ 52), եւ. «Երբ Յիսուս իր գործին սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր»։ (ՂՈՒԿ. Գ 23)։ Եւ. «Իր խաչելութեան օրը, իր ծննդեան թուականի 33 տարւոյ, Հրէից Նիսան ամսոյ 15-ի…»։ (Արսէն Քհնյ. Թորոսեան - Աստուածային Պատարագամատոյց, Նիւ Եորք, 1933)։
Եւ ես, հապա Յիսուսի գոնէ ոտքին փոշին ըլլալու համար, ո՞վ գիտէ քանի՜ երեսուն տարիներու պէտք պիտի ունենայի, ինչ որ, կեանք մը իսկ չի բաւեր։ Ուրեմն, ես ինքս ինչ դիրք, կարգ, աստիճան ալ ունենամ, միշտ պարտաւոր եմ, գոնէ ես ինքն օր ըստ օրէ գերազանցել, միակ ու միայն մրցակիցս ըլլայ նոյն ինքն, իմ անձիս ու գոնէ՝ իմ ովսանն հասնիլ նպատակի մը՝ ըլլալ կատարեալ ու արդար մարդ, Տէր Յիսուսի օրինակով։ Ուստի, երբ ըսեմ, թէ՝ նպատակիս կատարելապէս հասած եմ, այլեւս ընելիք բան չունիմ, այդ ժամանակ, եթէ ոչ մարմնապէս, սակայն հոգեպէս պէտք է մեռած նկատեմ ինքզինքս։
Սկզբունք կ՚առնեմ սա բանաձեւը. «Ըլլալ աշակերտի մը պէս խոնարհ ու խոհեմ եւ գործել՝ առաքեալի մը պէս. աշխոյժ ու եռանդուն»։
Ես շատ բան կը պարտիմ ինծի իրաւ Հայրեր եղած՝ հոգածու եւ բարեխնամ, ի՛նչպէս հմուտ դաստիարակներ, մեր Սրբազան Հայրերուն, ծնողքիս եւ ընտանիքիս եւ այն ամէնքին՝ որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ճիգ ու ջանք թափեցին ինձ՝ անարժանիս համար։ Բայց ես շնորհակալութեան խօսքով մը, իմ երախտապարտութիւնս սահմանաւորել չե՛մ ուզեր։ Ես ունիմ այն համոզումը, թէ՝ աշխատանքը պէտք է փոխարինել աշխատանքով, գործը՝ գործով։ Աշխատողին տասն անգամ շնորհակալ ըլլալէ շատ աւելի ընդունելի է՝ տալ գաւաթ մը պաղ ջուր կամ աման մը տաք ապուր, ինչ որ շատ աւելի յարգի կ՚արժանանայ։ Եւ ուրեմն, ես իմ շնորհակալութիւնս կ՚ուզեմ յայտնել ժամանակի ընթացքին, իմ բոլոր կեանքովս՝ գործովս ու աշխատութիւնովս։
Ձեռնադրութեան պահուն իսկապէս զգացի այն քաղցր լուծը եւ թէ ինչ կը նշանակէ. «Խաչը առնել ու Յիսուսի հետեւիլ», ինչ որ նախապէս կը լսէի ու կը կարդայի միայն, սակայն հիմա ուղղակի զգացի։ Սակայն երբ շնորհուեցաւ «Մաշտոց» անունը, կարծես լուծը կրկնապատկուեցաւ, քիչ մը աւելի ծանրացաւ, սակայն միշտ քաղցր մնաց այդ ծանրութիւնը եւ եղաւ առաւել քաջալերութիւն մը՝ արժանի ըլլալու թէ՛ քահանայական մեծ կարգին, թէ՛ անզուգական այդ մեծ մտքի Սուրբին՝ Մաշտոցին։ Եւ այդ օրը ապրեցայ կրկնակ երջանկութիւն, քահանայ ըլլալու եւ թէ Մաշտոց քահանայ ըլլալու անբացատրելի ոգեւորութիւնը եւ երանութիւնը։
Եւ զիս իր ծառայութեան կանչող Աստ-ւած, քաջութիւնն ալ տուած էր. կոչում եւ քաջութիւն շնորհած էր ինծի։
Ու ես կ՚աղերսեմ Աստուծոյ ԻԴ Սաղմոսին սկիզբի սա խօսքերով.
«Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի բարձրացուցի, Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացի, թող չամչնամ…»։ (ՍԱՂՄ. ԻԴ 1-2)։
Աստուծոյ Երեմիա մարգարէի ըսած խօսքերը իմ ապաւէնս ու յոյսս են.
«… Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ…»։ (ԵՐԵՄ. Ա 8)։
Եւ Աստուած միշտ մեզ հետ ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
27 նոյեմբեր 1995
Եւ նոյն Մաշտոց քահանան, այսօր, տարիքի բերմամբ մարմնական տկարութեան պատճառով հանգստեան կոչուած է։ Բայց ասիկա երբեք մարմնական հանգիստի համար չէ՛, այլ աւելի՛ շատ եւ աւելի՛ բեղուն, աւելի՛ աշխոյժ աշխատելու եւ աւելի՛ արդիւնաբեր ծառայութիւն մատուցանելու համար է՛։ Չէ՞ որ ԻԳ սաղմոսը սապէս կը վերջանայ.
«…Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ». (ՍԱՂՄ. ԻԳ 6)։
Բայց մէկ բանի մէջ սրտաբեկ եմ. տարիքի եւ մարմնական տկարութեան հանդէպ չկարողացայ քաջութիւն ունենալ. սակայն անոր ալ պատճառը պարտականութեան հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան գիտակցութիւնս էր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 5, 2019, Իսթանպուլ