ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒՆՔԸ

Հաւանաբար չի գտնուիր անձ մը՝ որ իր պատանեկան շրջանին դպրոցական քննութիւններու երկունքը ապրած չըլլայ՝ երկար կամ կարճ ժամանակ մը։

Եւ այս երկունքը այնպէս է տպաւորուած որ տարինե՜ր վերջ իսկ ատեն-ատեն երազներու մէջ կը յայտնուի եւ վախ կը պատճառէ ենթակային։ Խորհեցէք, սիրելի՜ բարեկամներ, պէտք եղած չափով չպատրաս-տըւած՝ քննութեան ենթարկուիլ որքա՜ն սարսափելի, որքա՜ն սոսկալի զգացում մըն է, եթէ նոյնիսկ անիկա երազի մը մէջ իսկ յայտնուի։

Ուստի, ամէն շրջանի, մարդ ինքզինք «քննութեա՛ն ենթարկուած» կրնայ զգալ կեանքի մէջ։

Երբ յաճախ կը կրկնենք, թէ «կեանքը մշտնջենաւոր պայքա՛ր» մըն է, այս իրողութեան պէտք է միացնել նաեւ, թէ «Կեանքը անվերջ քննութի՛ւն» մըն է, քանի որ կեանքը, իրապէ՛ս ամէն օր, ամէն պահ մարդս քննութեան կ՚ենթարկէ՝ եթէ ո՛չ «մահուան կամ կեանքը ապրելու շարունակել»ու հարցով, բայց գոնէ օրուան ապրուստը կարենալ ապահովելու կամ չկարենալու հարցին մէջ…։

Բայց կեանքի այս մշտնջենաւոր քննութիւնը միայն կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու մասին չէ. կեանքին մարդուս ընծայած զանազան արժէքներն ալ պահպանելու կամ կորսնցնելու քննութիւն մըն է այդ քննութիւնը։ Զոր օրինակ՝ բարոյական բարձր արժէքներ՝ արժանաւորութիւն, արժանապատուութիւն, համբաւ, յաջողութիւն, դիրք, անուն, եւ այլն պահելու կամ կորսնցնելու քննութիւն մըն է անիկա։

Եւ ինչպէս դպրոցական քննութիւն մը երբ յաջողութեամբ եւ կամ ձախողանքով վերջանայ՝ ո՛չ յաջողութիւնը եւ ոչ իսկ ձախողանքը «վե՛րջ» մը չէ՛, քանի որ կեանքը միշտ նոր եւ նորոգուած քննութիւններու ժամանակաշրջան մըն է, որ կը շարունակ-ւի մինչե՜ւ կեանքին վերջը, մինչեւ մա՛հ, այնպէս է նաեւ «կեանքի պայքա՛ր»ը։ Եւ դարձեալ, դպրոցական շրջանին իսկ չեն վերջանար քննութիւնները, այնքան ատեն որ կը շարունակուի դպրոցի շրջանը՝ քննութիւնը երբեք չի վերջանար, ան ալ կը շարունակուի։ Ուրեմն, կարելի է հետեւցնել, թէ՝ դպրոցական շրջանը, որ կեանքի մէկ մասը կը կազմէ, նմանութիւններ ունի ամբողջ կեանքին հետ։

Արդէն, սիրելի՜ բարեկամներ, դպրոցն ալ մարդս կեանքի պայքարին եւ անվերջ քըն-նութեան կը պատրաստէ, եւ կերպով մը դպրոցը կեանքին նախատիպարը կը կազմէ։ Մէկ խօսքով՝ դպրոցը կեանքին «խտացեալ» ձեւն է։

Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը։ Պիտի տեսնէ՛ք երկսեռ երիտասարդներ, որ դպրոցական քննութիւններու երկունքը կ՚ապրին։ Արդարեւ, շատերու շատ ալ օտար չէ այդ զգացումը, քանի որ ամէն մարդ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան՝ ունեցած եւ ապրած է դպրոցի, ուսանողական շրջան մը եւ անշուշտ ենթարկուած է զանազան քննութիւններու, անցած է զանազան դասերու՝ նիւթերու քննութիւններէն, ոմանք յաջող կամ ձախող, ունեցած են իրենց արդիւնքը՝ որոնք նախապատրաստութիւններն են եղած կեանքի պայքարին եւ կեանքի քննութիւններուն…։

Եւ երբ այսօր, հեռո՜ւ դպրոցական շրջանի քննութիւններէն, կը դիտենք եւ կը տեսնենք ուսանողներու աշխատանքը՝ իրենց կարգը փոխելու եւ կամ վկայականը ստանալու համար, երբ կը տեսնենք, որ անոնք արեւին հետ անկողինէն կ՚ելլեն եւ գիշերը ուշ ատեն իրենց սենեակին մէջ «արուեստական լոյս»ով կը սորվին, կ՚ուսանին, երբ կը նկատենք, երբեմն տաք, երբեմն ցուրտ օրերուն բերանացի կամ գրաւոր քննութիւններու «հնոց»էն անցնող այս պատանիները, դեռահասները՝ կը բաղդատենք մեր ժամանակներու հետ, եւ կը տեսնենք որ էապէս տարբերութիւն չկա՛յ, այլ թերեւս ձեւական կարգ մը փոխոխութիւններ միայն, քանի որ քննութեան ենթարկուելու զգացումը միշտ եւ ամէն տեղ միշտ նո՛յնն է, եւ երբեք չի փոխուիր։

Դեռահաս ուսանողներ՝ որոնք օրե՜ր եւ շաբաթներ եւ մինչեւ իսկ ամիսնե՜ր տեւող իրենց այս մտային ե՛ւ հոգեկան տքնաջան աշխատութիւններու հետեւանքով տժգոյն՝ գունատ եւ նիհար դէմքեր կը ցուցաբերեն յաճախ, անոնց այս վիճակին համար ծնողք եւ ուսուցիչ-դաստիարակ կը համակրին, նոյնիսկ կը ցաւին, կը մտահոգուին… բայց եւ այնպէս, պէտք չէ՛ մոռնալ թէ՛ այս վիճակին համար, այս լուրջ եւ մաքուր, անկեղծ ճի՛գն է, որ անոնց թեւերուն կապանքը պիտի խզէ, եւ անոր շնորհիւ է, որ պիտի կարենան ճաշակել յաջողութիւնը, անոր միջոցով է մանաւա՛նդ, որ պիտի կարենան բա՜րձրերը թռչիլ, փոխանակ իր բջիջէն դիւրաւ դուրս ելլող միջատին նման երկրին վրայ որպէս մակաբոյծ ապրելու կամ սողալու։

Եւ որեւէ մարզի մէջ ո՛չ ոք կրցած է բարձրութենէ բարձրութիւններ սաւառնիլ առանց իսկ իր ճիգով իր թեւերուն կապանքը փշրելո՛ւ։

Արդարեւ, բարձրացնող՝ դէպի վե՛ր սաւառնող թեւերը սուղ տուրքով, միա՛յն սուղ փոխարժէքով մը ձեռք կը ձգուին. անհատական աշխատանքի, տաժանքի, չարչարանքի եւ մանաւանդ զոհողութեան նուիրական տո՛ւրքն է այն։

Հոս պէտք է մատնանշել իրողութիւն մը։ «Անհատական աշխատանք» երբ կ՚ըսենք, կը յիշենք ծնողներ, որոնք խնայելու համար իրենց զաւկին աշխատանքը եւ յոգնութիւնը տան կամ դպրոցին մէջ, անոնց դպրոցական պարտականութիւններն ալ կ՚ուզեն իրենց վրայ առնել։ Առաջին ակնարկով գութի եւ ծնողական սիրոյ բնակա՛ն շարժում մըն է ասիկա։

Բայց ծնողքին այս գութը յաճախ «անէ՛ծք» մըն է զաւկին համար։

Ծնողներու սխա՛լ ըմբռնած որդեսիրութիւնը՝ զաւակներուն զարգացման եւ հասունութեան արգե՛լք են։ Ուստի, տղուն աշխատանքին եւ յոգնութեան վրայ, ծնողներ ո՛չ թէ իրենց սիրտով, այլ իրենց ուղեղով նայելու են։ Տղուն աշխատանքը թեթեւցնելու «տգիտութիւն»ը կրնայ ի վերջոյ պատուհա՛ս մը դառնալ զաւկին եւ ծնողներուն համար հաւասարապէ՛ս։

Անհատական աշխատա՛նքն է որ բջիջէն դուրս ելլելու ճգնող որդին պէս թեւերուն կապանքները պիտի փշրէ՜ր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017