ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ ՃԻՒԱՂԸ
Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ սիրոյ վրայ խօսելով՝ մեզի կարեւոր դաս մը կու տայ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզնար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ՚ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար, հապա ճշմարտութեան խնդակից կ՚ըլլայ…». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-6)։
Սէր ունեցողը արդարեւ «չարութիւն չի խորհիր», բայց մարդիկ ընդհանրապէս կը բամբասեն, այնպէս որ, այլեւս սովորական է դարձած ասիկա, եւ ամէն խօսակցութիւն ի վերջոյ կու գայ բամբասանքի։ Եւ շատ հետաքրքրական է, չեմ գիտեր, ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ, երբ երկու հոգի կը խօսին, իրենց խօսակցութիւնը միջոց մը վերջ կը վերածուի բամբասանքի. իրարու մասին խօսելու ատեն, կը սկսին խօսիլ բացակայ երրորդի մը մասին՝ փոխանակ շարունակելու իրարու մասին խօսիլ։
Ինչո՞ւ խօսիլ մէկու մը մասին՝ որ ներկայ չէ այդ պահուն։ Բնական է բացակայի մը մասին լուր մը փոխանցել, հասկնալի եւ օգտակար է ատիկա, բայց «երկար բարակ» մանրամասնութիւններու մտնել, իր բացակայութեան կարծիքներ յայտնել անոր մասին, գաղտնիքներ բացայայտել, մէկ խօսքով՝ բամբասել, վստահութեան անհաւատարմութենէ աւելի՝ անբարոյականութիւն է, վատութի՛ւն…
Արդարեւ, բամբասանքի ոգին է այն ճիւաղը՝ որ իր հեգնական եւ շողոմիչ հտպիտութեամբ կը մտնէ մարդուս մէջ, եւ միտքերը կը չարչրկէ եւ մարդիկ իրենց ամենէն մտահոգութիւնները եւ մտմտուքները ձգելով, իրենց ընկերական խօսակցութիւններու ամենէն թանկագին եւ հրահանգիչ ժամերը կը վատնեն այսինչին կամ այնինչին թերութիւնները մատնանիշ ընելով։ Եւ տակաւին քաջութիւն կը սեպեն եթէ իրենք ալ հատ մը աւելի ստեղծեն եւ վիպական հանգմանք տան անոր՝ իրենց ունկնդիրները աւելի՛ հետաքրքրելու համար։
Բամբասանքը՝ շողոմիչ, այսինքն՝ շողոքորթ, կեղծաւոր, երկերես ոգիի մը արտայայտութիւնն է արդարեւ, որ հտպիտութեամբ, այսինքն՝ ծաղրածու եւ միմոս կերպով կը գործէ։ Մինչդեռ եթէ ուրիշ տեսակ չար ոգի մը՝ բանակրկիտ արարած մը իրենց ականջին փսփսայ, թէ իրենց վրայ այսինչը կամ այնինչը «բաներ մը» խօսած է, կը զայրանան, կ՚այլայլին, կը ջղագրգռին, եւ առանց քննելու՝ քննելու ե՛ւ ստուգելու ժամանակ եւ միտում ունենալու՝ կը խզեն յարաբերութիւնները թէ՛ անոնց եւ թէ հանրային այն բոլոր գործերուն հետ՝ որոնք կը յիշեցնեն իրենց այդ բամբասանքը։
Բայց կեանքը այդպէս չէ՛. եթէ կը բամբասէ մէկը միւսին, ի՛նքն ալ պէտք է հանդուրժէ իրեն մասին ամէն բամբասանքի։ Եւ անկեղծութիւնը ե՛ւ քաջութիւնը այս կը պահանջէ…
Սակայն, երանի՜ առանց բամբասանքի կեանք մը ըլլայ՝ դժուար՝ քանի որ մարդուն բնութիւնը այսպէս կազմուած է եւ գրեթէ անկարելի է այդ կապանքէն ձերբազատուիլ։
Կը տեսնե՞նք, թէ մեզ եւ շատ անգամ հանրային գործերու ո՜րքան ծանր կը նստի այդ բամբասանքը։ Բայց ինչո՞ւ ընկերին չարը խորհինք, եւ մեր ընկերական հաճոյքները եւ զուարճութիւնները թունաւորենք, այդ չար խորհուրդներուն, մտածումներուն մարմին տալով մեր վիպասէր երեւակայութեամբ։
Հապա այն «երրո՞րդ»ը՝ որուն պաշտօնը աւելի ցած՝ աւելի հակընկերական է, որ հաճոյք կը զգայ հեռախօսի թրթռումները ունենալ, եւ մէկ բերանէ ելած՝ եւ թերեւս ակամայ կամ սխալմամբ արտաբերուած խօսք մը՝ ձեւակերպելով ընդլայնելով՝ իրեն ստորին շահերուն նպաստաւոր կերպով եղանակաւորելով՝ տանիլ միւսին ականջը հասցնել. մարդիկ՝ որոնք ո՛չ թէ ստուգութեան վրայ կը խնդան, ինչպէս կը պահանջէ Պօղոս առաքեալի քարոզած սէրը, «Այլ կը խնդան եւ կ՚ուրախանան անիրաւութեան պատճառով»։
Այսպիսի չարախօսութիւններու եւ բամբասաքներու ամենէն գործնական եւ անմիջական դարմանն է, առանց ժամանակ կորսնցնելու, արհամարհել այդ երրորդ բանակրկիտ՝ քաշքշող, խծբծող անձը՝ եւ ուղղակի բամբասողէն բացատրութիւն ուզել. պիտի տեսնենք, թէ ամենամեծ թիւրիմացութիւններ կը շտկուին այդ համարձակ քայլին շնորհիւ։
Թիւրիմացութիւններ՝ անհասկացողութիւններ, որոնք շատ յաճախ մեր շատ մը անհատական եւ հասարակական հանրային հաստատութիւններու դժուարութիւններու եւ խանգարումներու պատճառ կ՚ըլլան, կարելի է լուծել փոխադարձ անկեղծ բացայայտութիւններով։
Տէրը եւ Սէրը ձեզ հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 8, 2025, Իսթանպուլ