ՎԱՆԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃԳՆԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
«Զոհողութիւն»ը հասարակական գործին՝ գերագոյն պարտականութիւն մը, նուիրական արարք մըն է, մանաւանդ՝ Աստուծոյ հաճելի՛։ Հոգեւոր մարզի մէջ՝ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ՝ զոհողութեան այս սովորութիւնը փոխանցուած է «պուտտայական» վանականներէ, որ գործադրուած է զանազան կրօններու կողմէ։ Հաւանական է, որ առաջին քրիստոնեաներ՝ որ կ՚ապրէին Յորդանանի ափերը մինչեւ Մեռեալ ծով՝ եւ Սինայի ստորոտը գործադրած ըլլան այս սովորութիւնը, քանի որ նախնական քրիստոնեաներու մօտ, պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ճգնաւորներու եւ խստակրօնութեան սկզբունքներ եւ ապրելակերպեր կը տեսնուէին։ Ուստի կ՚ապրէին աշխարհէ հեռու, աղքատիկ, ժուժկալ, ներքնահայեցողութեամբ առանձին աղօթելով եւ մինչեւ իսկ անոնցմէ խումբ մը՝ խարազանելով իրենց մարմինը՝ որոնք կը կարծուէին եղած ըլլան՝ քրիստոնէութեան յարած «Եսսենեաններ»։
Եւ դարձեալ, պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ո՛չ մովսիսականութիւնը եւ ոչ ալ հեթանոսութիւնը ունեցած է «վանական միաբանութիւն» եւ «ճգնաւորական կեանք»։ Անոր ծագումը ո՛չ թէ պուտտայութեան, այլ պէտք է փնտռել վէտաներու շրջանին՝ հին պրահմանութեան մէջ։ Պրահմանները՝ կիրարկելով իրենց սրբազան ու նուիրական պաշտօնը մինչեւ 70 տարեկան, կը քաշուէին անտառներու խորերը, լեռներու խորշերը կամ Գանդէսի ամայի ափերուն վրայ եւ հոն կ՚անցընէին իրենց կեանքին մնացեալ տարիները, առանձնութեան մէջ՝ կրօնական խոկումներով եւ աստուածային խոր հայեցողութեամբ։
Ուստի, այս կերպով, հայեցողութեամբ, խոկումով եւ առանձնութեան մէջ խորհրդածելով, կը մաքրագործէին այն մեղքերը՝ զորս կարող էին գործած ըլլալ, առանց գիտակցութեան, անզգալաբար, իրենց պաշտօնավարութեան միջոցին։
Պուտտա, Քրիշնայի գալուստէն յետոյ, շատ աւելի զա՛րկ տուաւ մենակեցութեան ու վանական միաբանութիւններու, առանց նկատի առնելու տարիքի հարցը։ Իսկ Աւետարանները բնաւ չեն խօսիր այդ մասին, նոյնիսկ Նոր Կտակարանին մէջ առաքեալները չեն ըրած որեւէ ակնարկութիւն։
Ո՞վ հաստատեց ուրեմն քրիստոնէութեան առաջին քայլերու «միստիք» («mystique»=խորհրդազգած, հոգեզգած) զոհողութիւնը՝ մերժումը աշխարհիկ հաճոյքներու եւ այն զմայլելի՜, սքանչելի ե՛ւ երանելի՜ վիճակը ներքնահայեցողութեան՝ զոր ապրեցան քրիստոնեայ ճգնաւորները՝ հագնելով խարազն (=մազէ հիւսուած շապիկ՝ ապաշխարողի յատուկ, քուրձ) ու ձարագօտի («ձար»=մազէ պատրաստուած որեւէ իր, առարկայ. «ձարագօտի»=մազէ շինուած մէջքի կապ, կամար), ուտելով մարախ (=մորեխ, ցատկոտ միջատ մը. «sauterelle» «չէքիրկէ». «քաղցր մարախ»=մատունակ) եւ վայրի մեղր՝ ենթարկուելով ամէն տեսակ զրկանքներու, նեղութեան եւ չքաւորութեան, ինչպէս՝ Յովհաննէս Մկրտիչ։ Աւելի վերջ, գտնուեցան նաեւ շատ աւելի՛ «միստիք», շատ աւելի խստակրօն ճգնաւորներ, որոնք ինչպէս Սիմէոն սիւնակեաց («սիւնակեաց»=սիւնի վրայ ապրող, ճգնաւոր), վարեցին Հնդիկ «ֆաքիր»ներու կենցաղը՝ տառապեցան չարաչար, մտածելով մի միա՛յն իրենց հոգեկան փրկութեան մասին։
Ըստ պատմական վկայութիւններու, տարակոյս չկայ, որ Եսսենեաններ եղան առաջի՛ն քրիստոնեայ ճգնաւորները։ Վէտաներու մէջ Մանուի մի քանի պատուէրները հրաշալի՜ կերպով կը համապատասխանեն այդ ճգնաւորներու խստամբեր կանոններուն։
«Մանու» կը հրահանգէ.
- Ճգնաւորը պարտաւո՛ր է հրաժարիլ իր կնոջմէն, զաւակներէն, իր բոլոր ստացուածքներէն։ Հրաժարիլ նաեւ այն կերակուրներէն ու ըմպելիքներէն՝ որոնց վարժուած էր եւ կ՚օգտագործուէր գիւղերու մէջ։
- Ճգնաւորը թո՛ղ վառ պահէ սրբազան կրակը, տանի իրեն հետ նուիրական անօթները զոհաբերութեան, քաշուի անտառի մը խորը եւ զսպէ իր զգայարանները։
- Ան թող հոգնի վիթի (=այծեամ, եղնիկ) մորթ կամ ծածկուի՝ վրան գոցէ ծառի կեղեւներով, մաքրագործուի գիշեր ցերեկ, երկար թողու իր գլխուն մազերը, մօրուքը, մարմնոյն աղուամազը, եւ իր չարքաշ սնունդէն մաս մըն ալ բաժին հանէ աղքատին։
- Ան թող կարդայ առտու իրիկուն սուրբ գիրքերը, համբերատար ըլլայ, խոնարհ, համեստ եւ երկիւղած, գթառատ բոլորին եւ օգնէ ուրիշին առանց փոխարէնը ակնկալելու։
- Ան թող սնանի պտուղներով, բանջարեղէններով՝ բուսակեր ըլլայ, ննջէ մերկ հողի վրայ, փուշերու եւ գիճերու վրայ։
- Ան պարտաւո՛ր է պահել բացարձակ լռութիւն, եթէ նոյնիսկ մուրալու երթայ գիւղերու մէջ՝ սնուցանելու համար իր կորնչական մարմինը։
- Ան պէտք չէ ապրի աստղաքննութեան կամ ձեռնհամութեան շնորհիւ։ Թող խուսափի հեշտանքներէ, ատելութենէ, չարութենէ, ընդհակառակը թող միշտ գործէ բարիք, որպէսզի «անմահութեան» արժանի ըլլայ։
- Ան պէտք չէ՛ ունենայ նաեւ «մահուան փափաք» եւ ո՛չ ալ «կեանք»ին։ Թող ան ըլլայ նման հնձողին, որ իրիկնամուտին կը սպասէ խաղաղօրէն տիրոջը դրանը առջեւ՝ ստանալու համար իր օրավարձքը։
- Եւ երբ անոր համար հնչէ մահուան ժամը, թող երկարի փսիաթի մը վրայ («փսիաթ»=յարդէ օթոց, փռոց, ծածկոց, խսիր), ծածկէ գլուխը մոխիրներով ու իր վերջին խօսքը ըլլայ աղօթք՝ մարդկութեան համար, որ կը շարունակէ տառապիլ, մինչդեռ ինք կ՚երթայ միանալ Աստուծոյ՝ Հայրը եւ Արարիչը տիեզերքին։
Հոս հարկ է յիշել նաեւ, թէ՝ Եսսենեաններ, յարելով քրիստոնէական դաւանանքին, կոչուեցան «Նազովրեցի» կամ «Նազարէական». «Nazaréen»։
Իսլամ աշխարհի մէջ բոլոր քրիստոնեաները ծանօթ են մինչեւ այսօր այդ անունին տակ՝ «Նասրէնի»։ Եւ դարձեալ, ծանօթ է, թէ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ իր աշակերտները կը կոչուէին. «Նազարեցի»։
Գործք Առաքելոցի մէջ քրիստոնեաները կը կոչուին ու կը յիշուին «Նազովրեցի» բառին տակ, եւ խաչելութեան փայտին վրայ գրուած կը տեսնենք՝ «Յիսուս Նազովրեցի Թագաւոր Հրէից» եւ ո՛չ թէ՝ «Նազարէթցի»։
Նոյնպէս յոյն եկեղեցական հայրերէն Ս. Եպիփանոս, որ ծնած է Պաղեստին 310 թուականներուն, կը հաստատէ, թէ իր ատեն Եսսենեաններ կը կոչուէին «Նազովրեցի»։ Եւ Եսայի Մարգարէ կ՚ըսէ, թէ Եսսէի արմատէն պիտի ծնի ճիւղ մը՝ Նէթզէր (Netzer) կամ «Նազիր» (Եսայի ԺԱ 1)…։
- Սկզբնաղբիւր.- Ա. Նաւարեան, «ԵՍՍԵՆԱԿԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆՆԵՐ», 1954։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024