ԽԱՂՈՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Մատուցուած Սուրբ Պատարագէ յետոյ կը կատարուի խաղողօրհնութեան կարգ։ Ինչպէս ամէն արարողութիւն եւ ծէս, խաղողօրհնութիւնն ալ ունի «խորհուրդ» մը, այսինքն իմա՛ստ մը։ Արդարեւ, ամէն բանաւոր արարք ունի պատճառ մը եւ իր հետեւանքը՝ որ կը կազմէ անոր իմաստն ու խորհուրդը։
Այս ուղղութեամբ խաղողօրհնութիւնն ալ անշուշտ ունի իմաստ մը՝ խորհուրդ մը, եւ հաւատացեալներ իրաւունք ունին գիտնալ անոր նշանակութիւնը։
Արարչութեան առաջին օրը Աստուած ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը եւ երկիրը բնակութեան վայր հաստատեց իմանալի բնակիչներու համար՝ ո՛ւր տեղաւորեց հրեշտակներու դասերը։
Իսկ ստեղծագործութեան յաջորդ օրերուն՝ Իր Խօսքին համաձայն, երկիրը զարդարեց ծաղկազարդ բոյսերով, տունկերով, անուշահոտ ու գեղեցիկ ծաղկաւէտ դաշտերով եւ զգացում ունեցող արարածներ բնակեցուց այնտեղ։ Այդ օրերուն Աստուած ստեղծեց նաեւ Դրախտը՝ մարդու վայելքներուն համար, եւ այնտեղ ծառեր տնկելով՝ բարիքով լեցուց եւ Իր իսկ Խօսքով օրհնելով տրամադրեց մարդուն՝ որպէսզի ան կարօտութիւն չունենայ որեւէ բանի՝ աղքատ չըլլայ, հապա լեցուի բարիքներով, կատարեալ եւ երջանիկ ապրի։
Բայց մարդը չհնազանդեցաւ Աստուծոյ, չպահեց Անոր պատուիրանները, ապա Աստուծոյ օրհնութիւնը վերածուեցաւ անէծքի։
Որքան որ օրհնութիւնը անէծքի փոխուեցաւ, Աստուած երբե՛ք չանտեսեց մարդը, եւ երբ ժամանակը հասաւ, յայտնեց Իր ծածկուած սէրը մարդկութեան հանդէպ՝ ղրկելով Իր Միածին Որդին։ Ան կը բխի այնպէս՝ ի՛նչպէս Գաւազանէն, եւ կ՚ելլէ որպէս անուշահոտ Ծաղիկ անարատ Կոյս Մարիամէն՝ ըլլալով կեանքի եւ անմահութեան Պտուղ՝ մարդկային մահկանացու բնութեան, որպէսզի Անով օրհնուին մարդկային ամբողջ ցեղը եւ ամբողջ տիեզերքը։
Արդարեւ, մարդը իշխան կարգուած էր ամբողջ երկրի վրայ, ուստի ան անիծուելով՝ կ՚անիծէ նաեւ անոր ամբողջ իշխանութիւնը, այսինքն՝ ամբողջ երկիրը՝ իր կենդանիներով եւ բոյսերով միասին։
Եւ երբ Միածին Որդւոյն գալստեամբ, կրկին օրհնուեցաւ մարդկային բնութիւնը, ապա վերստին կ՚օրհնուին նաեւ բոլոր արարածները։
Բայց բոլոր պտուղներէն առաւել կ՚օրհնուի խաղողի ողկոյզը՝ քանի որ Յիսուս, խաղողի որթատունկը, ամենազօրաւոր եւ ամուր ծառերէն աւելի վեր բարձրացուց, եւ յարգ ընծայեց անոր, պատուեց զայն, քան միւս բոլոր տունկերը՝ Ինքզի՛նք «Խաղողի Որթ» անուանելով երբ ըսաւ.
«Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1)։
Իսկ սիրով եւ հաւատարմութեամբ Իրեն կապուածները անուանեց «ճիւղեր»։ Հայրը անուանեց «Մշակ», որպէսզի Հայրը որթատունկը յօտելով՝ աւելորդ ճիւղերը կտրելով եւ ձեւաւորելով՝ անիկա պտղաբեր ընէ «արդարութեան» գործին, իսկ յօտուած ճիւղերը յաւիտենական կրակի նիւթ դարձնէ։
Այս իսկ պատճառով, գինին, որ խաղողի արիւնն է, Միածին Որդին Յիսուս Քրիստոս Իր փրկական Արեան նիւթ ըրաւ եւ Վերնատան մէջ Իր ձեռքերուն մէջ վեր բարձրացնելով՝ օրհնեց եւ ըսաւ.
«Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արի՛ւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերուն թողութեան համար» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 28)։
Եւ մարդկութիւնը գնուեցաւ եւ ազատուեցաւ մեղքերու կապանքներէն ու ծառայութենէն ե՛ւ մահէն։
Աստուած, նախապէս մարգարէութեամբ յայտնած էր, թէ գինին ցնծութիւնն է՝ ուրախացումն է մարդուն, եւ կը փոխէ անոր տրամադրութիւնը՝ ջնջելով ամէն տրտմութիւն եւ նեղութիւն։
«Եւ գինի՝ որ կ՚ուրախացնէ մարդուն սիրտը…» (ՍԱՂՄ. ՃԴ 15)։
Այս մասին նաեւ Նոյի պատմութենէն կը տեղեկանանք՝ երբ ան տրտմութեան մէջ էր, աշխարհի ապականութենէն մտահոգուած, Աստուած անոր գինի տուաւ մխիթարելու համար, եւ գինիով զմայլացաւ Նոյ. «Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։ Գինիէն խմեց եւ գինովցաւ…» (ԾՆՆԴ. Թ 20-21)։ Իսկ Մելիքսեդեկ, Յիսուս Քրիստոսի Վերնատան մէջ մատուցած պատարագի տիպարով, հացը եւ գինին պատարագեց եւ Աբրահամ նահապետին մատուցանեց։ Եւ երբ ժամանակները հասան, Յիսուս Քրիստոս Վերնատան մէջ Իր կենարար Արիւնը՝ որպէս կրկնակի ուրախութեան բաժակ, մեղքերու թողութեան եւ հոգիներու իմաստութեան համար տուաւ իր աշակերտներուն։
Գինին, թէեւ Տիրոջմէ տրուած բարի պարգեւ մըն է, եւ սակայն անիկա անիմաստաբար եւ անխոհեմ գործածողներու համար դարձաւ չարութեան առիթ, ինչպէս եւ բազմաթիւ բարիքներ դարձան չարութեան միջոց՝ չարամիտ ու չարակամ մարդոց պատճառով։
Եւ ահաւասիկ, այսպէս, խաղողը կրկնակի օրհնութեան արժանանալով՝ օրհնուելով ե՛ւ առաջին արարչագործութեան ժամանակ, ե՛ւ երկրորդ, ամէն տարի որպէս արտերու եւ այգիներու հասած առաջին բերք եւ առջի պտուղ կը նուիրուի Աստուծոյ, ինչպէս հինէն ընդունուած էր, որպէսզի այդ յատուկ ընծայով բոլոր պտուղները օրհնութիւն ընդունին։
Այս պատճառով ալ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, պատարագէն յետոյ կը կատարուի խաղողօրհնութեան արարողութիւն, որու միջոցով մեզի տրուի կեանքի եւ անմահութեան Պտուղը՝ Յիսուս Քրիստոս։
- Օգտուեցանք՝ Արամ Դիլանեանի աշխատասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4, 2017, Իսթանպուլ