ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԱՒԱԹ ՄԸ ՋՈՒՐԻ ՄԷՋ
Հասած է տեղ մը, որ այլեւս չե՛մ ուզեր լսել Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Սիամանթօ, Յովհաննէս Թումանեան, Գրիգոր Զօհրապ եւ այլ գրողներու անուններ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ հայ գրականութեան կաճառին մէջ շա՜տ շատ ուրիշ անուններ կան, արժանի յիշատակութեան, սակայն ճակատագրի բերած զաւեշտով հակառակ իրենց մտային հանճարին՝ շատերու համար կը մնան օտար ու անծանօթ։ Նման անուններ բազմաթի՜ւ են հայ գրականութեան մէջ. օրինակի համար՝ յիշատակութեան արժանի կը նկատենք մեծ հրապարակախօս Շաւարշ Միսաքեանը, որ արեւմտահայ աշխարհի մէջ քիչ, իսկ արեւելահայ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս չէ՛ յիշուած: Մենք մեր յօդուածներուն մէջ բազմիցս փորձած ենք յիշել Շաւարշ Միսաքեանը, յաճախ մէջբերելով անոր հանճար մտածումներէն ոմանք, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն մեծարելու հայ հրապարակախօսին հանճարը:
Ամէն մարդ ունի իրեն համար սիրելի գրող մը. օրինակ՝ վէպի մէջ կը սիրեմ Շահան Շահնուրը, բանաստեղծութեան մէջ Պարոյր Սեւակը, Սիամանթոն, սակայն հրապարակախօսութեան մէջ գլուխը Շաւարշ Միսաքեանն է։ Ան իր հրապարակախօսութիւններուն մէջ շատախօս մը չէ. կէս էջ եւ կամ առաւելագոյնը մէկ էջի սահմաններուն մէջ Միսաքեան կը յաջողի շատ բան ըսել եւ իրական հրապարակախօսութիւնը այդ մէկը կը պահանջէ. խիտ տողերու մէջ յաջողիլ շար բան ըսել ընթերցողին: Միսաքեանի գրութիւնները առաւելաբար կարելի է կարդալ Ֆրանսայի մէջ ի՛ր իսկ հիմնած «Յառաջ» թերթին մէջ (հիմնուած 1925 թուականին), որուն մէջ աշխատակցած են Շահան Շահնուր, Նշան Պէշիկթաշլեան, Թէոդիկ, Շաւարշ Նարդունի եւ ուրիշներ:
Այժմ ձեռքիս տակ ունիմ «Յառաջ»ի շաբաթ, 5 փետրուար 1949 թուականի թիւը՝ 75 տարուան հնութիւն ունեցող թուղթ մը՝ որ կը տարբերի միւս թուղթերէն իր վրայ տպագրուած խորհուրդներով ու արժէքով. այդ թիւին առաջին էջին մէջ որպէս խմբագրական կը կարդանք Շաւարշ Միսաքեանի «Տէրտէրն իսկ մոմով» խորագրեալ հրապարակախօսութիւնը, որ հակառակ 75 տարուան հնութեան, մեր գաղութներու թէ՛ անցեալի եւ թէ ներկայ ցաւին մասին կը խօսի, որն է անտարբերութիւնը: Իր հրապարակախօսութեան մէջ Միսաքեան կը յիշէ իր օրերուն գոյութիւն ունեցող հայկական փոքր գաղութ մը եւ նկարագրելով այդ գաղութի հայկական կեանքը կ՚ըսէ. «Քազապլանքայի մէջ կան քսանէ աւելի հայեր, իրենց զաւակներով, ոմանք ամուսնացած օտարներու հետ: Քահանայ մը բերել կու տան Մարսէյլէն, տասը տարին անգամ մը, որպէսզի մկրտէ հասակ նետած՝ մարդ եղած տղաքը, գաւաթ մը ջուրի մէջ»: Վստահաբար Միսաքեանի այս խօսքերը պէտք չէ առնել բառացիօրէն, սակայն պէտք է դիտել որպէս ահազանգը դժբախտ ապագայի մը. այսօր Քազապլանքայի այդ քսան հայերու սերունդէն քանի՞ն հայու անուն կը կրէ. քանի՞ն գիտէ խօսիլ հայերէն. նոյնպէս տասը տարին մէկ հայ քահանայ մը կը կանչե՞ն, թէ այդ մէկը եւս փոխարինեցին օտարինով: Ցաւալի իրողութիւն է, սակայն իրականութիւն է, որ մեր ազգին մէջ շատերուն համար հայ ըլլալու միակ ապացոյցը յետ մահու հայկական եկեղեցւոյ մէջ վերջին կարգի կատարումն է (թէեւ կասկածելի). այդ իսկ պատճառով շատ մը հայերու միա՛կ հայութիւնը այդ գաւաթ մը ջուրն է. գաւաթ մը ջուր՝ որովհետեւ այդ մէկը եւս բնազդաբար, որպէս սովորութիւն է, որ կ՚ընեն եւ ո՛չ համոզումով:
Շաւարշ Միսաքեան Քազապլանքան որպէս օրինակ կու տայ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այս վատ ընթացքով մեր բոլոր գաղութները օր մը Քազապլանքայի պիտի վերածուին. ան իր հրապարակախօսութեան մէջ կ՚ըսէ. «Քազապլանքաները ախտանշաններն են հոգեկան թշուառութեան մը, որ հետզհետէ կը ծաւալի»: Գուցէ այդ մտահոգութիւնն էր, որ ընկերներ դարձուցած էր Շահան Շահնուրն ու Շաւարշ Միսաքեանը, որոնք լրջօրէն կ՚ըմբոստանային ծաւալող անտարբերութեան դէմ:
«Գաւաթ մը ջուր»ը, «Տասը տարին անգամ մը» արտայայտութիւնները պարզապէս օտարութեան մէջ կորսուող հայկականութեան թշուառ վիճակն է, որ ցոյց կու տայ: Կար ժամանակ, երբ հայկականութիւնը ցուցադրական մաս մը ունէր իր մէջ. սակայն Միսաքեան այդ ցուցադրութիւնը եւս մեռած կը նկատէ, ցուցադրութենէ աւելի մեքենայական արարք նկատելով: Սակայն Միսաքեանի համար հետաքրքրականը հետեւեալն էր. Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ հայութիւնը պահելու մեծ պայքար կը մղուէր, սակայն նիւթական պակասութիւն մը կար. սակայն Եւրոպայի շատ մը երկիրներու մէջ նիւթական դժուարութիւն գոյութիւն չունէր, սակայն չկար կամքը հայութիւնը պահելու. ան իր հրապարակախօսութեան մէջ կ՚ըսէ. «Կրնանք վստահ ըլլալ, որ այդ կէս արեւելեան միջավայրին մէջ հայ մանուկները աւելի շուտ կ՚օտարանան, քան այս համայնակուլ ափերուն վրայ»։ Միսաքեանի համար իր օրերու հայութիւնը ազգային արժէքները կորսնցուցած կը թուէր ըլլալ. նոյնը կը թուի այսօր մեզի համար եւ այսպէս ամէ՛ն ժամանակ այդ մէկը գոյութիւն պիտի ունենայ, որովհետեւ յառաջդիմութեան փոխարէն կը գահավիժենք. եւ այդ ետքայլը կ՚ուզենք բացատրել Միսաքեանի բառերով.
«Իննսուն տարի առաջ, ափ մը երիտասարդներ Ազգային Սահմանադրութիւն մը յօրինեցին, ներշնչուելով այս ափերէն. որքա՜ն ետ մնացեր են թոռները»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Խենթերը կրնա՞ն առողջանալ եւ բնական դառնալ:
Պատասխան. Հոգեպէս վատառողջ մարդիկ, որոնք յաճախ կը յիշուին որպէս «խենթ», կրնան իրենց ընթացքին մէջ բարեփոխութիւններ տեսնել եւ համապատասխան բուժում ստանալ: Նման պարագաներու մէջ գտնուող մարդիկ կրնան զգալի բարելաւում արձանագրել: Այդ բուժումը կ՚ըլլայ սիրելիներու աջակցութեամբ, դեղերու օգնութեամբ եւ ապրելակերպի զգալի փոփոխութիւնով: Առողջանալ չի նշանակեր ամբողջութեամբ սպասուած բնական վիճակին վերադառնալ. այդ մէկը կրնայ աստիճանաբար ըլլալ, առիթ տալով, որ անձը արդիւնաւոր ձեւով կառավարէ իր անձն ու պահէ հաւասարակշռութիւնը: Առողջանալն ու չառողջանալը անհատական վիճակ է եւ կը պահանջէ համբերութիւն, հասկացողութիւն ու շարունակական խնամք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան