ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ (1154-1199)

Բազմավաստակ մատենագրի պայծառ կերպարը՝ Ներսէս Լամբրոնացի, որուն անունը սերտ կերպով կապուած է Սկեւռայի պատմական վանքին հետ։ Ան 12-րդ դարու նշանաւոր պերճախօս-ճարտարաբան եւ գրական փայլուն մշակն է՝ հայ եկեղեցական պատմութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը։

Ներսէս Լամբրոնացիի հայրը՝ Օշին Բ., Լամբրոնի եւ շրջակայքի տէրն էր եւ Սկեւռայի պատմական վանքի հիմնադիրը, իսկ մայրը՝ Շահինդուխտը, Ներսէս Շնորհալիի կրտսեր եղբօր՝ Շահանի դուստրը, այնչափ բարեպաշտ էր եւ կրօնասէր։

Ներսէս Լամբրոնացին, որ աշխարհական անունով կը կոչուէր Սմբատ, շատ փոքր հասակին ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Ծնողները կ՚ուխտեն, որ երբ իրենց զաւակը առողջանայ, նուիրեն Սկեւռայի վանքին, որպէսզի ծառայէ Աստուծոյ տաճարին մէջ։ Բայց անոնք չեն կատարեր իրենց խոստումը։ Ուրեմն, Սմբատ շուտով աւելի ծանր կը հիւանդանայ եւ ծնողները զայն կը յանձնեն Սկեւռայի վանքին՝ ուր ան կ՚ուսանի եւ կը կրթուի։

Այնուհետեւ Սմբատը կը տեսնենք Սաղրուի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, ուր կ՚ուսուցանէր ժամանակի յայտնի գիտնական Յովհաննէս Վարդապետը։

Սաղրուի վանքը կը գտնուէր Լամբրոն բերդի արեւելեան կողմը, խոր ձորի մը մէջ, Ժեռակռա գետի աջ ափին վրայ։ Եւ ամբողջ չորս տարի Սմբատ այս Սաղրու վանքին մէջ կը խորանայ եւ կը զարգանայ ուսման եւ գիտութեան մէջ։ Այնտեղ ան կը հմտանայ նաեւ յունարէն, լատիներէն եւ ասորերէն լեզուներուն մէջ, միաժամանակ կը գրէ մեկնաբանութիւններ եւ կը թարգմանէ սուրբերու վարքերը։

Սակայն, Սմբատի կեանքի եւ ուսման համար կը սկսի նոր շրջան մը, երբ 12-րդ դարու տաղանդաւոր բանաստեղծ եւ երաժիշտ Ներսէս Շնորհալին (մօր հօրեղբայրը) իր մօտ կը բերէ Հռոմկլա եւ անձամբ կը հսկէ անոր ուսման վրայ։

Երկու տարի յետոյ Ներսէս Շնորհալին, 18 տարեկան Սմբատը կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրէ եւ զայն կը վերակոչէ Ներսէս։

Այնուհետեւ երիտասարդ հոգեւորականը՝ Ներսէս կը գտնուի Սաղրուի վանքը, կ՚այցելէ Անտիոքի շրջանի մենաստանները եւ երկար ժամանակ կ՚ապրի Սեաւ լերան վանքերուն մէջ։

1176 թուականին՝ Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսը (Գրիգոր Դ Տղայ. 1173-1193), Ներսէսը, 22 տարեկան հասակին, եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ, իսկ որոշ ժամանակէ յետոյ արքեպիսկոպոսի աստիճան տալով՝ անոր կը յանձնէ Տարսոնի եւ Լամբրոնի եպիսկոպոսութիւնը, միաժամանակ Սկեւռայ վանքի առաջնորդութիւնը։

Այդ շրջանին Ներսէս յաճախ կը ճամբորդէ Սիս, Հռոմկլա եւ ամբողջ հոգւով կը լծուի հասարակական եւ եկեղեցական արդիւնաւէտ աշխատանքի։ Սիսի մէջ ան կը դառնայ Լեւոն թագաւորի խորհրդատուն եւ կը խմբագրէ հայոց արքայի օտար երկիրներու հետ ունեցած թղթակցութիւնները. իսկ Հռոմկլայի մէջ Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսի հետ կը շարադրէ յունաց պատրիարքին գրուած նամակները։

Այդ շրջանին ալ ան, յոյներու հետ եկեղեցական միութեան խնդիրը իրագործելու համար կը մեկնի Պոլիս, բայց յոյն գիտնական եկեղեցականներու հետ չի կարողանար որոշ համաձայնութեան գալ, որով յուսահատ կը վերադառնայ Սկեւռայի վանքը։

Այնուհետեւ Ներսէս կը նուիրուի հայոց եկեղեցւոյ բարեզարդութեան գործին։ Ան որոշ փոփոխութիւններ կը մտցնէ եկեղեցական արարողութիւններու եւ ծէսերու մէջ։

Անոր նորաձեւութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն դէմ Լեւոն թագաւորին խստիւ կը բողոքեն արեւելեան եպիսկոպոսները, որոնք Ներսէս Լամբրոնացին կը կոչեն. «Տխմարք ու անկարգ»։

Ուշագրաւ է այստեղ հանգամանք մը։

Օշին Բ. իշխանը՝ Ներսէս Լամբրոնացիի հայրը, ժառանգ կը թողու անոր մեծ հարստութիւն։ Լամբրոնացի այդ գումարին մէկ մասը կը նուիրէ Սկեւռայի ու Սաղրուի վանքերուն, որոշ մասը կը տրամադրէ գիրքերու եւ թարգմանութիւններու համար, իսկ մնացեալ գումարը կը յատկացնէ աղքատներուն։

*

1216 թուականին Սկեւռայի վաստակաւոր եւ յայտնի գրիչներէն մէկն ալ Գրիգոր Քահանայի որդին՝ Բարսեղ Քահանան է, որ նոյն թուականին, մենաստանի մէջ, թուղթի վրայ, բոլորգրով, գրած է «Յաճախապատում»ը…։

- Օգտուեցանք Արամ Երամեանի «Սկեւռայի հռչակաւոր վանքի վաստակաւոր գրիչներն ու նկարիչները» ուսումնասիրութենէն. նոյեմբեր 6, 1954։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 21, 2019, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019