ԿԱՄՔԻ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ
Ի՜նչ տարօրինակ է հայը, որ նոյնիսկ դժոխքի կրակներուն մէջ կը գերազանցէ իր տառապանքը եւ մոռնալով իր վէրքերը կը շարունակէ իր ինքնութեան փնտռտուքը: Անշուշտ, այս մէկը առաւելաբար կը վերաբերի Միջին Արեւելքի մէջ ապրող մեր հայորդիներուն, որոնք հակառակ դժուարին եւ նոյնիսկ դժոխային պայմաններու մէջ կեանքի գնով կը փորձեն պահել դպրոց, մամուլ, ակումբ ու միութիւններ: Այս երեւոյթը կ՚ուզենք բարձրաձայնել, որովհետեւ Միջին Արեւելքի գաղութները՝ Լիբանան, Սուրիա եւ ուրիշներ կ՚ընեն այն՝ ինչ որ չեն ըներ միւս գաղութները իրենց խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ. օրինակի համար՝ այս երեք օրերու ընթացքին տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթին կողմէ կազմակերպուած «Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման խորհրդաժողով»ը, որուն կը մասնակցին մի քանի տասնեակ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:
Նախապէս ըսենք, որ «խորհրդաժողով»ներու եւ «սեմինար»ներու հաւատացող մը չենք, որովհետեւ ընդհանրապէս մեր ազգին մէջ տեղի ունեցած բոլոր ժողովներն ու սեմինարները գործնական ու փաստացի արդիւնքի մը հասած չեն եւ ընդհանրապէս նոր ժողով մը եղած է կրկնութիւնը հինին. սակայն այս պարագային գնահատելի է, որ տակաւին գոյութիւն ունին երիտասարդներ, որոնք հակառակ երկրի դժուարին պայմաններուն յանձն կ՚առնեն իրենց մասնակցութիւնը բերել մամուլի վերաբերեալ սեմինարի մը. յաճախ կը բարձրաձայնենք մամուլի դէպի անդունդ ու կորուստ մեկնելու դժբախտ իրողութեան մասին, սակայն տեսնել երիտասարդներ, որոնց մէջ տակաւին կայ հայ լեզուին եւ մամուլին նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն, մասամբ մեր յոռետեսութեան մէջ լաւատեսութիւն մը կը սերմանէ:
Այս սեմինարը մեծագոյն փաստն է, որ մեր գաղութներուն մէջ հիմնական խնդիրը մարդուժի եւ կամ նիւթականի խնդիրը չէ. խնդիրը կամքի բացակայութիւնն է, որովհետեւ ամենէն դժուարին պայմաններուն մէջ գտնուող սուրիահայ գաղութը եթէ նման սեմինարներ կը կազմակերպէ, ապա կրկնապատիկն ու քառապատիկը կրնան ընել այն գաղութները՝ որոնք ունին նիւթական բոլոր յարմարութիւնները՝ սակայն կամքը կը պակսի: «Զարգացած» երկիրներու մէջ ապրող ո՞ր երիտասարդը հետաքրքրուած ըլլայ ««Լրագրութիւնը եւ բարոյագիտութիւնը» նիւթով եւ կամ իր «սուղ» ժամանակը տրամադրէ լսելու «Թղթակցութիւն եւ յօդուածագրութիւն» խորագրեալ դասախօսութիւն մը: Իսկ «Քննական մտածողութիւնը հրապարակագրութեան մէջ» նի՞ւթը... անոնք ի՞նչ պիտի գիտնան ի՞նչ է քննականը, ի՛նչ է հրապարակագրութիւնը:
Անցեալին գաղութներու մէջ կար կամքը, սակայն կը պակսէր նիւթականը. այսօր պատկերը հակառակն է. կայ նիւթականը, սակայն բացակայ է կամքը, որ աւելի կարեւոր է քան նիւթականը, որովհետեւ կամքին կը միանայ նաեւ բարոյականը, որ նիւթականով ձեռք բերել կարելի չէ: Կամքի եւ բարոյականութեան ուժն է որ կու տայ կարողութիւնը, Սուրիոյ պայմաններու մէջ հրատարակելու մամուլ, բանալու դպրոց եւ ազգային ինքնութիւն պահել:
Ճշմարտութիւն է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. մեր թուականէն 151 տարիներ առաջ՝ 1873 թուականին հրատարակուած «Բազմավէպ»ի ԼԱ. թիւ, էջ 245-ին մէջ կը կարդանք.- «բուն քաղաքը (Հալէպ) մեծապէս վնասեցաւ 1822 տարւոյն երկրաշարժէն, երեք մաս կը բաժնուի, հին քաղաքը որ խարխուլ պարսպաց մէջ բանտեալ է, նոր քաղաքը որ այլ եւ այլ թաղեր ունի, եւ արուարձաններն որ անպարիսպ են». այսօր՝ երկու դար ետք Հալէպ տարբեր վիճակ մը չունի. տեսաւ պատերազմ, նոյնպէս տեսաւ երկրաշարժ ու ամէն տեսակ դժուարութիւն, սակայն հակառակ այդ բոլորին կրցաւ կենդանի պահել իր ազգային գործունէութիւնը. Հալէպն ու հալէպահայութիւնը չէ՛ փոխուած. 151 տարիներ առաջ «Բազմավէպ»ի մէջ Հալէպի մասին յօդուած գրող մեր աւագ գրչեղբայրը կ՚ըսէ. «Հալէպցիք աշխոյժ եւ կենդանի դէմք մ՚ունին». անոնք ցայսօր կրցած են այդ դէմքը պահել եւ այդ աշխուժութեան եւ կենդանի մնալու իրենց հաստատակամութեան արդիւնքն է, որ կը յաջողի կենդանի պահել ազգային դիմագիծը: Հալէպը եւ անոր երիտասարդութիւնը մասամբ կը հովացնէ մեր յոռետես սիրտերը, տալով այն յոյսը, որ տակաւին որոշ ժամանակ կենդանի պիտի մնայ հայ մամուլը եւ ազգային դիմագիծը՝ այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունի երիտասարդութիւն, որ գիտէ առաջնահերթը զանազանել երկրորդականէն ու ժամանակաւորէն:
Ո՞վ պիտի չուզէր, որ սուրիահայոց այս նախանձախնդրութիւնը ըլլար փոխանցիկ հիւանդութիւն մը՝ որով վարակուէին մեր միւս բոլոր գաղութները, մանաւանդ անոնք, որոնք «զարգացած» երկիրներու մէջ իրենց մահուան մօտալուտ օրին կը սպասեն. այսօր եթէ այդ գաղութներուն մէջ հայու դիմագիծի նշոյլ մը գոյութիւն ունի, ապա վստահաբար պատճառը դարձեալ սուրիահայը եւ կամ լիբանանահայը պիտի ըլլայ:
Մամուլի աշխատանքներուն մօտիկէն ծանօթ ըլլալով, գիտենք ինչքան դժուար է սփիւռքի տարածքին կենդանի պահել մամուլ մը եւ վստահաբար հազարապատիկ աւելի դժուար է՝ երբ գաղութը կը դիմագրաւէ անապահովութիւն, ինչպէս նաեւ նիւթական դժուարութիւններ. այս մէկը զոհողութիւն է պարզապէս:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ գիտէք հալէպահայ գաղութի մասին:
Պատասխան. Հալէպահայ գաղութի պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ 11-12-րդ դարեր. նախապէս ան ապաստան դարձած էր մոնկոլական արշաւանքներէն ազատուող հայերուն համար։ Հալէպահայ գաղութի աճին մէջ վճռորոշ դեր ունեցաւ 1915 թուականի մեծ եղեռնը։ Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային հաստատութիւններ: Փոքրամասնութիւն ըլլալով հալէպահայութիւնը պահպանեց իր լեզուն, աւանդութիւնները եւ իր համայնքային կառոյցները: Սակայն 2011 թուականի պատերազմը լրջօրէն ազդեց հայ համայնքին վրայ եւ տեղի ունեցաւ տեղահանութիւն եւ արտագաղթ: Հակառակ անոր, Հալէպի հայկական գաղութը կը մնայ որպէս սփիւռքի տոկունութեան խորհրդանիշ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան