ԱՇԽԱՐՀԻ ՇԱԼԱԿԻՆ ԵՂՈՂԸ

Անցնող շաբթուան ընթացքին Հայաստան ժամանեց Տուպայիի հարուստ ընտանիքներէն մէկուն զաւակը, որուն հետ բարեկամանալու առիթը ունեցած եմ նախապէս։ Տակաւին քսանմէկամեայ երիտասարդը առաջին անգամ կ՚այցելէր Հայաստան եւ նկատի ունենալով լեզուական դժուարութիւնները՝ խնդրեց, որ հինգ օրուան այցելութեան ընթացքին փորձեմ իրենց հետ ըլլալ։

Տարօրինակ շաբաթ մըն էր, բազմաթիւ մտածումներով լեցուն. շաբաթ մը ամբողջ ականատեսը եղայ մարդկային կեանքի անհաւասարութեան։ Մի քանի դէպքեր բաւարար պիտի ըլլան այդ բոլորը բացատրելու։

Ա.- Երեւանի յայտնի Հիւսիսային պողոտայի վրայ ենք. կը մօտենայ 20-21 տարեկան հիւանդի տեսք ունեցող երիտասարդ մը եւ կը փորձէ իր ձեռքի դրօշակներէն մին ծախել՝ օրուան ապրուստը ապահովելու համար։ Մեծահարուստ երիտասարդը մերժեց առնել դրօշակը, սակայն ձեռքը գրպանը տանելով դուրս հանեց 15 հազար հայաստանեան դրամ եւ տուաւ երիտասարդին։ Տեսնելով գումարին «մեծութիւն»ը հիւանդ երիտասարդը սկսաւ լալ ու փաթթուիլ հարուստ երիտասարդին, որ զարմացած, սակայն միաժամանակ անտարբեր կը նայէր երիտասարդին։ Ընդամէնը 15 հազար դրամ. մեր հայ երիտասարդին համար մի քանի օր կուշտ մնալ կարենալու գումար մը, մինչ հարուստին համար աւելորդ ու աննշան գումար մը պարզապէս։ Երկուքն ալ տարեկից, սակայն ճակատագրի տարբեր բեմերու ներկայացուցիչներ։

Բ.- Ծխախոտի խանութ մըն ենք։ Երիտասարդը կը փնտռէ քիւպական ծխախոտ մը։ Քիչ մը դժուարութեամբ, սակայն կը յաջողի գտնել։ Ծխախոտին մէկ տուփը կ՚արժէ 10 հազար հայաստանեան դրամ։ Առանց վայրկեան մը մտածելու 25 տուփ կ՚ուզէ վաճառողէն՝ ընդհանուր վճարելով 250 հազար դրամ։ Այսօր Հայաստանի մէջ շա՜տ են անոնց թիւը, որ ամբողջ ամիս մը կ՚աշխատին 70 հազար հայաստանեան դրամ վաստակելու համար, մինչ երիտասարդը եռապատիկը կու տայ ժամանակաւոր հաճոյքի մը համար։

Գ.- Երիտասարդը Հայաստան իր կերած մէկ քաղցրաւենիքը շատ սիրելով խնդրեց, որ զանգեմ արտադրող ընկերութեան եւ տեսակցութեան համար պայմանաւորուիմ։ Արտադրամասի տէրը սակայն հիւանդագին մարդ մը դուրս եկաւ. տեսակցութիւնը մերժելով ըսաւ. «Նախքան հանդիպումս ես պէտք է գիտնամ, թէ ով են, ինչ ենթահող ունին, կօշկակա՞ր են, հողագո՞րծ են, ես ուրկէ գիտնամ»։ Այս բոլորէն նեղացած մեծահարուստը ցոյց տուաւ ձեռքին ժամացոյցը. «Այս մէկը կ՚արժէ 100 հազար ամերիկեան տոլար... կը կարծե՞ս հողագործ կամ կօշկակար եմ»։ Փաստօրէն երիտասարդը իր ձեռքին կը կրէ ժամացոյց մը՝ որուն արժէքով կարելի է շա՜տ շատ աղքատներու օգնել եւ զանոնք կշտացնել... ո՞վ կը պատկերացնէր որ ժամը գիտնալու արժէքը 100 հազար տոլար կրնայ ըլլալ։

Դ.- Կը մեկնինք Հայաստանի ամենէն սիրուն վայրերէն մին՝ Ծաղկաձոր։ Երիտասարդը կ՚ուզէ խաղատուն մտնել։ Մի քանի հազար ամերիկեան դնելէ ետք դուրս կու գայ։ Կը կարծեմ, որ ալ Երեւան պիտի վերադառնանք, սակայն այլ խաղատուն մը երթալ կ՚առաջարկէ. այդ օր մուտք կը գործենք ընդհանուր չորս խաղատուն եւ բան մը չեղածի պարզութեամբ կը վերադառնանք Երեւան, խաղատան սեղանին ձգելով հաւանաբար իմ եւ քո՛ւ աշխատավարձին տասնապատիկը։

Ի՜նչ տարօրինակ է չէ՞ աշխարհը. տակաւին 21 տարեկան երիտասարդ մը՝ որ չ՚աշխատիր, նոյնիսկ մէկ շաբթուան ընթացքին աներեւակայելի գումար կը մսխէ, մինչ մեր հայորդիներէն շատ շատեր օրական 4-5 հազար դրամ շահելու համար իրենք իրենց կը մաշեն։ Այդ պակսող գումարին տեղը երիտասարդը շա՜տ դիւրութեամբ կ՚աւելցնէ, սակայն մերիննե՞րը... Վերջապէս ճակատագրի մէկ խաղով այդ երիտասարդը կրնար հայ ալ ծնիլ...

Ինչքան ճիշդ են Պարոյրի խօսքերը.-

«Մարդ կայ՝ ելել է շալակն աշխարհի,
Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում...»

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -116-

Դրամը մարդուն ինչե՜ր ընել կու տայ...։

Երեւան ենք. երկու հայուհիներ դրամին բուրմունքը առնելով կը փորձեն մօտենալ արաբ երիտասարդին եւ տրուելիք գումարի մը դիմաց «դրախտ»ային գիշեր կը խոստանան։ Մինչեւ այդ օր 15 հազարի սահմաններուն մէջ եղող «ծառայութիւն»ը կը վերածուի 60 հազարի՝ յետոյ 70 հազար դառնալու մտադրութեամբ։

Բարեբախտաբար արաբ երիտասարդը հեռու կը մնայ նման հաճոյքներէ, մեր երկու հայուհիները ձգելով արաբին դրամին կարօտ։

Այս բոլորին ականատես անձս անգամ մը եւս կը հասկնայ, որ մարդը դրամին, իսկ դրամը մարդուն համար ամէ՛ն ինչ կրնայ ընել։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022