ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐ

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նորընտիր մատակարար մարմինը արդէն ստացաւ իր ընտրութեան հաստատագիրը։ Պետական պատկան մարմինները վաւերացուցած են ընտրութեան արդիւնքը։ Ռաֆֆի Ալիքի կողմէ գլխաւորուած նոր մատակարար մարմնէն ներկայացուցիչներ նախընթաց օր այցելեցին Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղը, ուր ստացան իրենց վաւերացման վկայականը։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023