ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պետական գերագոյն զոհողութեան մետայլներ շնորհեց բոլոր այն տեղական կամ օտար փրկարար ծառայութիւններուն, որոնք 6 փետրուարի երկրաշարժներուն ժամանակ աշխատանք ծաւալած էին։ «Միլլէթ» համագումարներու եւ մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը եւ յանձնեց մետայլները։
Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքոյթին՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներու շարքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ձեռնարկին հրաւիրուած էին նաեւ մեր համայնքէն շարք մը աշխարհական դէմքեր։ Մասնակիցներու կարգին էր ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է։
Հանդիսութեան մասնակցելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ իսկ վերադարձաւ իր Աթոռը։