ՇՈՒՐՋ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԱԽԱՂԵՐ՝ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան մտա­խա­ղեր։ Թուրք ու­ղե­ղի խում­բի խմբա­պետ եւ Մտա­խա­ղե­րու ամ­սա­թեր­թի ղե­կա­վար Ֆեր­հաթ Չա­լափ­քու­լու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ այս ձեռ­նար­կին։ Հա­մայն­քա­յին տասն­մէկ նա­խակր­թա­րան­նե­րէ դա­սա­րա­նի ու­սու­ցիչ­ներ եւ միջ­նա­կար­գէ թուա­բա­նու­թեան ու­սու­ցիչ­ներ ներգ­րա­ւուե­ցան այս ծրագ­րին։ Մտա­խա­ղե­րը տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու հանգ­րուա­նով։ Շուրջ չորս տաս­նեակ կրթա­կան մշակ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ հե­տաքրք­րա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը ե­ղաւ այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցի­լը։

Մինչ այդ, այս հան­դի­պու­մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ մտա­խա­ղե­րու կազ­մա­կերպ­ման ծրա­գիր մը հա­սուն­նայ։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տան­տի­րու­թեամբ ու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պի­տի տա­րուի հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016