ՊԱՇԻՐ ԺԸՄԱՅԷԼԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ԽԱՌՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԽԱՂԱՂ» ՋՈՒՐԵՐԸ

Երբ 13 Հոկ­տեմ­բեր 1990 թուա­կա­նին սու­րիա­կան բա­նա­կի «Մի­կ» կոր­ծա­նիչ­նե­րը ծանր հա­րուած­ներ կու տա­յին Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին, այդ օ­րուան զի­նուո­րա­կան «փո­խանց­ման կա­ռա­վա­րու­թեա­ն» վար­չա­պետ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն կը ստի­պուէր ա­պաս­տա­նիլ Պէյ­րու­թի մօտ ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տուն:

Եր­կի­րը յայտ­նուած էր պա­տե­րա­զ­­մա­կան բարդ դրու­թեան մը մէջ եւ Աու­նի են­թա­կա­յու­թեան տակ ե­ղող բա­նա­կի հա­րիւ­րա­ւոր զի­նուոր­ներ կը կռուէին մին­չեւ ի­րենց «վեր­ջին շուն­չ­»ը:

 Այդ քաո­սա­յին դրու­թեան մէջ էր, որ Լի­բա­նա­նի ին­նե­րորդ նա­խա­գա­հի սպան­ու­թեամբ մե­ղադ­րուող Հա­պիպ Ալ Շար­թու­նի բա­ւա­կան ան­յայտ պայ­ման­նե­րու տակ «դուրս կը բե­րուէ­ր» Ռու­մի­էի բան­տէն եւ... կ­­՚ան­հե­տա­նար:

Այս օ­րե­րուն եւ դէպ­քէն քսան­վեց տա­րի ետք դար­ձեալ հրա­պա­րակ կը հանուի Պա­շիր Ժը­մայէ­լը սպան­նած ըլ­լա­լու ծանր մե­ղադ­րան­քը կրող Շար­թու­նիի խնդի­րը:

Մինչ զօ­րա­վար Աուն կ՚ընտ­րուէր Լի­բա­նա­նի նա­խա­գահ, Ժը­մա­յէ­լի ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը (ա­նոր կինն ու եր­կու զա­ւակ­նե­րը) կը դի­մէին երկ­րի գե­րա­դաս ա­տեան՝ պա­հան­ջե­լով բեր­ման են­թար­կել (հաս­ցէն ան­յայտ) Շար­թու­նին:

Ան­ցեալ շա­բաթ կը կա­յա­նար դա­տա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին նիս­տը (նոր շրջա­նի), ո­րու աւար­տէն ետք լի­բա­նան­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի լրագ­րող­ներ կը գրէին այն մա­սին, որ մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն մը կար Աու­նի նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն նման դա­տի մը վե­րա­բաց­ման եւ երկ­րի նոր նա­խա­գա­հին կող­մէ խնդրին մա­սին տրուած «կա­նաչ լոյ­ս­»ին հետ:

Թէ ինչ­քա­նով ճիշդ էր այս մօ­տե­ցու­մը, պարզ չէ, սա­կայն յստակ է նաեւ, որ քսան­վեց տա­րուան վա­ղե­մու­թիւն ու­նե­ցող Շար­թու­նիի ան­հետ կո­րե­լու խնդի­րը բա­ւա­կան բարդ «բեռ» մը պի­տի ըլ­լար երկ­րի քրէա-դա­տա­կան հա­մա­կարգին հա­մար:

Նախ յի­շեց­նե­լու կար­գով ը­սեմ, որ Պա­շիր Ժը­մա­յէլ եւ ա­նոր քսան­վեց կու­սա­կից­նե­րը կը սպան­նուէին Աշ­րա­ֆի­յէ շրջա­նին մէջ գտնուող (Ալ Սայ­ֆի թա­ղա­մաս) «Փա­ղան­գա­ւո­ր» կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղի այ­ցի ըն­թաց­քին պայ­թող հզօր ռում­բի մը հե­տե­ւան­քով:

Դէպ­քը տե­ղի կ՚ու­նե­նար 14 Սեպ­տեմ­բեր 1982 թուա­կա­նին, Պաշիր Ժը­մա­յէ­լի նա­խա­գահ ընտ­րուե­լէն միայն քսան­մէկ օր ետք:

Երկ­րի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ իր տա­րո­ղու­թեամբ ան­նա­խըն­թաց այս սպան­ու­թիւ­նը բա­ցի մեծ փո­թո­րիկ մը ստեղ­ծե­լէ, կը դառ­նար քա­ղա­քա­կան սպան­ու­թիւն­նե­րու ա­մե­նէն ցնցի­չը:

Ժը­մա­յէլ, որ քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէզ կը մտնէր զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պա­տու­հա­նէն, ա­ւե­լի ուշ յա­ջո­ղե­լով կեր­տել «քրիս­տո­նէա­կան Պէյ­րու­թ» մը, հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նար որ­պէս Լի­բա­նա­նը միաց­նել փոր­ձող քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ եւ իր զի­նուո­րա­կան տա­րա­զը մէկ­դի դնե­լով կը յայ­տա­րա­րէր, որ Լի­բա­նան կրնայ ապ­րիլ միայն հա­մա­կե­ցու­թեան սկզբուն­քով:

Բա­ւա­կան բարդ ի­րա­վի­ճակ­նե­րէ դիա­վա­րե­լով Պա­շիր Ժը­մա­յէլ կ՚ընտ­րուէր նա­խա­գահ, զար­մաց­նե­լով նոյ­նիսկ այն քա­ղա­քա­կան կող­մե­րը, ո­րոնց հա­մար ան ծայ­րա­յեղ քրիս­տո­նէա­կան (աջ) թե­ւի ա­նըն­դու­նե­լի ա­ռաջ­նորդ էր:

Այս­տեղ ըն­թեր­ցող­ներս պէտք է ի մտի ու­նե­նան կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը: Այդ ալ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի հիմ­նա­կան հրահ­րիչ հա­մա­րուող պա­ղես­տի­նեան խնդրի առ­կա­յու­թեան հան­գա­մանքն է: Պա­ղես­տի­նեան դրօշն էր նաեւ, որ իր շուրջ կը միա­ւո­րէր երկ­րի միւս կա­րե­ւոր բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ սիւն­նի­նե­րը, տիւր­զի­նե­րը եւ շիի­նե­րը: Ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնք հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նար իր ու­նե­ցած ղե­կա­վա­րի ազ­դե­ցու­թեան հի­մուն­քով:

 Այ­սինքն, այդ օ­րե­րուն Լի­բա­նա­նի մէջ հիմ­նա­կան խա­ղա­ցո­ղը շիի հա­մայն­քը չէր, ինչ­պէս այ­սօր, այլ՝ ա­տոր փո­խա­րէն կա­րե­ւոր եւ ե­րե­ւե­լի ազ­դե­ցու­թիւն ու­նէր տիւր­զի հա­մայն­քը, ո­րուն ղե­կա­վա­րը՝ Քա­մալ Ժոմպ­լաթ կը հա­մա­րուէր Լի­բա­նա­նի «ազ­գայ­նա­կան ու­ժե­ր­»ու գլխա­ւոր դէմ­քը, բնա­կա­նա­բար Պա­ղես­տի­նի ա­զա­տագր­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան (PLO) ղե­կա­վար Եա­սէր Ա­րա­ֆաթի կող­քին:

Այս ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է հասկ­նա­լու հա­մար, թէ Ժը­մա­յէլ ինչ­պի­սի հա­կա­ռա­կորդ­ներ ու­նէր ու յստակ է նաեւ, որ ա­նոր ընդ­դի­մա­խօս­նե­րուն հիմ­նա­կան «մեծ թշնա­մի­ն» Իս­րա­յէլն էր եւ ոչ թէ «քրիս­տո­նէա­կան Պէյ­րու­թ­»ը:

Այս մթնո­լոր­տին մէջ էր նաեւ, որ Ժը­մա­յէլ Իս­րա­յէ­լի հետ իր գոր­ծակ­ցու­թեան փոր­ձե­րը եւ նոյ­նիսկ գաղտ­նի կեր­պով Թել Ա­ւիւ այ­ցե­լու­թեամբ կը դառ­նար «ազ­գայ­նա­կան ու­ժե­ր­»ու աչ­քի փու­շը եւ ա­նըն­դու­նե­լի գոր­ծի­չը:

Ժը­մա­յէլ կը սխա­լէր: Ու ա­նոր Իս­րա­յէ­լի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու փոր­ձը զինք կը դնէր ոչ նա­խան­ձե­լի վի­ճա­կի մը առ­ջեւ: Մինչ քրիս­տո­նեայ հան­րու­թեան հա­մար ան հան­դէս կու գար որ­պէս «փրկի­չ» եւ «ա­զա­տագ­րո­ղ», ան­դին պա­ղես­տին­ցի հան­րու­թեան եւ ա­նոնց հա­մա­կիր­նե­րուն հա­մար կը դառ­նար «Իս­րա­յէ­լի գոր­ծա­կա­լ»:

Այդ կող­մե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր ալ չէր. Պա­շիր Ժը­մա­յէլ իր նա­խա­գա­հա­կան խոս­տու­մով հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նար որ­պէս նոր եւ վե­րա­նո­րո­գեալ ա­ռաջ­նորդ մը, ո­րուն թիւ մէկ խնդիրն էր միա­ւո­րել բա­ժան-բա­ժան ե­ղած Լի­բա­նա­նը:

Ու այս բո­լո­րին մէջ Ժը­մա­յէ­լի հան­դէպ առ­կայ «ա­տե­լու­թեան կրա­կ­»ը հե-տըզ­հե­տէ կ՚ա­ճէր ընդ­հուպ մին­չեւ զինք սպան­նե­լու ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քը:

Ըստ նախ­նա­կան տուեալ­նե­րու, ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ի­րա­կան­ացուած էր «Ղով­մի» կու­սակ­ցու­թեան եր­կու ան­դամ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ: Ա­նոնք էին Հա­պիպ Ալ Շար­թու­նին եւ Նա­պիլ Ալ Ա­լա­մը:

Մինչ Շար­թու­նի ա­ւե­լի ուշ կը ձեր­բա­կա­լուէր եւ կ՚ըն­դու­նէր իր դէմ ե­ղած մե­ղադ­րան­քը, ան­դին՝ Նա­պիլ Ալ Ա­լա­մի հաս­ցէն կը մնար ան­յայտ ու լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ ա­ւե­լի վերջ տե­ղե­կու­թիւն կը փո­խան­ցէին, թէ Ա­լամ մութ պայ­ման­նե­րու տակ մա­հա­ցած էր եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քի մը մէջ:

Շար­թու­նի եւ Պա­շիր Ժը­մա­յէլ եր­կու խում­բե­րու կը բաժ­նէին Լի­բա­նա­նի հան­րու­թիւ­նը: Մինչ ա­ռա­ջին խում­բը կը յայ­տա­րա­րէր Շար­թու­նի «Հե­րո­սը սպան­նող ոճ­րա­գործ է­ր», իսկ երկ­րոր­դին հա­մար՝ Շար­թու­նի «Հե­րոս էր, որ սպան­նած էր Ժը­մա­յէ­լը»:

Զար­մա­նա­լի ալ չէ, որ այս «բա­ժա­նու­մ­»ը ե­րե­ւե­լի է ցայ­սօր: Քրիս­տո­նէա­կան խա­ւե­րուն հա­մար «փրկի­չ» եւ «պա­ղես­տի­նեան լու­ծէ­ն» զի­րենք ա­զա­տագ­րող Ժը­մա­յէլ հե­րոս էր, իսկ «ազ­գայ­նա­կա­ն» ու­ժե­րուն հա­մար Շար­թու­նին էր հե­րո­սը, ո­րով­հե­տեւ «խա­ղէն հա­նած է­ր» Թել Ա­ւի­ւի հետ գոր­ծակ­ցած՝ հե­տե­ւա­բար՝ դա­ւա­ճան Պա­շիր Ժը­մա­յէ­լը:

Ճիշդ է, որ եր­կու հա­տուած­ներն ալ այ­սօր չեն հան­դի­սա­նար երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ օ­րա­կարգ թե­լադ­րող ա­ռաջ­նա­կարգ ու­ժեր, բայց եւ այն­պէս, այս ու­ժե­րը բա­ւա­կան նե­րուժ ու­նին Լի­բա­նա­նի մէջ ներ­քին «աղ­մու­կ» մը բարձ­րաց­նե­լու հա­մար:

Ա­րագ հա­յեացք մը նե­տե­լու հա­մար պէտք է նշել նաեւ, որ այս եր­կու «հա­կա­մար­տո­ղ» ու­ժե­րը ու­նին բա­ւա­կան «փայ­լու­ն» ան­ցեալ:

րուած՝ 1932 թուա­կա­նին) նպա­տակ կը հե­տապն­դէր ստեղ­ծել «Մեծն Սու­րիա» մը, իսկ «Փա­ղան­գա­ւո­ր» (հիմ­նադրուած՝ 1936 թուա­կա­նին Պա­շիր Ժը­մա­յէ­լի հօր՝ Փիէռ Ժը­մա­յէ­լի ձե­ռամբ) եւ ապա «Լի­բա­նա­նեան ու­ժե­ր­»ուն հա­մար (ո­րուն հիմ­նա­դի­րը քրիս­տո­նէա­կան «Լի­բա­նա­նեան ճա­կա­տ»ն էր եւ ա­ռա­ջին ա­ռաջ­նոր­դը՝ Պա­շիր Ժը­մա­յէ­լը) գո­յու­թեան պատ­ճա­ռը կամ «ռե­զոն տեթ­ր­»ը Լի­բա­նա­նը բո­լոր զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րէն «մաք­րուա­ծ» եւ հա­մա­կե­ցու­թեամբ ապ­րող եր­կիր մը դարձ­նելն էր:

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան ծանր պա­տե­րազ­մը սկիզբ ա­ռաւ 1975 թուա­կա­նին ու այ­սօր այդ դէպ­քե­րէն քա­ռա­սուն­մէկ տա­րի անց շատ բան փո­խուած է երկ­րի մը մէջ, ուր «յա­ւի­տե­նա­կան պայ­քա­ր­»ը դար­ձած է մնա­յուն օ­րի­նա­չա­փու­թիւն:

Պայ­քար եր­կու կող­մե­րէն՝ իս­լամ եւ քրիս­տո­նեայ, տի­րե­լու հա­մար ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գին:

Պայ­քար՝ սա­կայն թաք­նուած դի­մա­կով:

Մինչ պայ­քա­րը ե­րէկ իս­լամ-քրիս­տո­նեա­յի պայ­քար էր, ո­րուն մա­սին յա­ճախ խօ­սած պա­հուն լի­բա­նան­ցի գոր­ծիչ­նե­րը կը յանդգ­նին ստել եւ այլ վե­րագ­րում­ներ տալ, ան­դին այ­սօր այդ պայ­քա­րը դար­ձած է սիւն­նի-շիի պայ­քար:

Մինչ ե­րէկ «քրիս­տո­նեայ կող­մ­»ը օգ­նու­թեան կը կան­չէր Ա­րեւ­մուտքն ու Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, ան­դին այ­սօր սիւն­նի կող­մը կը յե­նու Ռիա­տի, իսկ շիի կող­մը՝ Թեհ­րա­նին:

Այս ընդ­հա­նուր պայ­քա­րին մէջ մինչ ե­րէկ կա­րե­ւոր տեղ ու­նէին քրիս­տո­նեա­նե­րը, ա­նոնք այ­սօր (ձե­ւա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու մա­սին չեմ խօ­սիր) կը մղեն գո­յու­թեան պայ­քար մը, տրուած ըլ­լա­լով մար­դագ­րա­կան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը եւ քրիս­տո­նեա­նե­րու թի­ւին կտրուկ ան­կու­մը ու ա­տոր փո­խա­րէն իս­լամ հա­մայնք­նե­րու թի­ւին աճն ու ա­նոնց մօտ զգա­լի դար­ձած «զար­թօն­ք­»ը:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին վրայ է նաեւ, որ դար­ձեալ կը վե­րա­բա­ցուի Պա­շիր Ժը­մա­յէ­լի սպա­նու­թեան հիմ­նա­հար­ցը: Մինչ 2005 թուա­կա­նէն ի վեր Լի­բա­նա­նը ցնցած քա­ղա­քա­կան սպան­ու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ «բաց վէր­քե­ր» (նկա­տի ու­նիմ նախ­կին վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի եւ ա­նոր հա­մա­խոհ գոր­ծիչ­նե­րուն սպա­նու­թեան դէպ­քե­րը), ան­դին լի­բա­նան­ցիք եւ ի մաս­նա­ւո­րի երկ­րի քրիս­տո­նեայ հա­տուա­ծի մէկ տո­կո­սը հե­տա­մուտ են վե­րա­բա­նալ նա­խա­գահ Պա­շիր Ժը­մա­յէ­լի սպան­ու­թեան թղթած­րա­րը:

Ի­րա­ւա­ցի ե՞ն ա­նոնք: Պա­տաս­խա­նը՝ ա­յո:

Պի­տի հաս­նի՞ն ի­րենց նպա­տա­կին եւ Շար­թու­նին դար­ձեալ պի­տի յայտ­նուի՞ բան­տի ճա­ղե­րու ե­տին:

Պա­տաս­խա­նը՝ դ­­ժուար…:

Ո­րով­հե­տեւ Լի­բա­նա­նի մէջ հար­ցե­րը կը լու­ծուին միայն «քա­ղա­քա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու» ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գին մէջ: Ու կը լու­ծուին այն­քա­նով միայն, որ­քան կրնան նպաս­տել երկ­րին մէջ մե­ծա­մաս­նա­կան մթնո­լոր­տը կրող կող­մի շա­հե­րու ուռ­ճաց­ման:

Այ­լա­պէս կը մոռ­ցուին ու կը մտնեն պատ­մու­թեան փո­շի­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս էր պա­րա­գան Հա­պիպ Շար­թու­նիին, որ ցայ­սօր ալ կը մե­ղադ­րուի երկ­րի նա­խա­գա­հին դէմ մա­հա­փորձ ու սպան­ու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու ծանր մե­ղադ­րան­քով:

Մե­ղադ­րանք, որ ցարդ չէ ամ­բող­ջա­ցած:

Մե­ղադ­րանք, որ երկ­րի մէջ առ­կայ կող­մի մը հա­մար ցարդ կը հա­մա­րուի հե­րո­սու­թիւն, իսկ այդ մե­ղադ­րան­քին զո­հը՝ սպան­նուած նա­խա­գահ Պա­շիր Ժը­մա­յէ­լը «դա­ւա­ճան եւ գոր­ծա­կա­լ»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016