ՏԵՍՆԵԼ, ԴԱՏԵԼ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼ
Մարդկային հոգիին մէջ կան կարգ մը ժառանգական տրամադրութիւններ, ներքին անհաւասարակշիռ խառնուածք, նկարագրի թերիներ, խանգարումներ եւ ախտաւոր-հիւանդագին բարդ երեւոյթներ, որոնց հանգոյցը քակել եւ լուծել՝ կարող բժիշկներու եւ հոգեբոյժերու անկ է միշտ։
Հոգեվերլուծումը, այս մարզին մէջ, մեծապէս օգտակար եղած է բժիշկներուն։
Յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ մարդ կը գործէ «ներքին գիտակից անցուդարձեր»ու տպաւորութեան ներքեւ։ Մարդ երբ կ՚արտայայտուի եւ կը հաղորդակցի արտաքին աշխարհի հետ՝ իր նմաններուն հետ, անպայմա՛ն իրեն ուղղութիւն կու տան այդ «ներքին գիտակից անցուդարձեր»ը՝ որոնք կ՚ազդեն բանականութեան, մղումներ կը ստեղծեն եւ ընթացք կու տան «գո՛րծ»ին։
Ուրեմն կարելի է ըսել՝ թէ որեւէ «գործ» կամ արտայայտութիւն, ունի ներքին նախապատրաստութեան շրջան մը։ Եւ տեսնուած ամէն մարդկային արարք, երեւոյթ՝ ունի ներքին եւ ծածուկ երեսակ մը, կողմ մը։
Հասուն մարդ մը գիտակից վիճակով երեք բան կ՚ընէ. կը տեսնէ, կը զննէ, կը դատէ, որ մանուկներու եւ տարիքով հասուն բայց գիտակցութենէ զուրկ անձերու կը պակսի, եւ վերջապէս կը գործէ։ Արտաքնապէս մարդիկ այս վերջինը՝ գործն է որ կը տեսնեն եւ ըստ այնմ արժէք կ՚ընծայեն ենթակային, առանց նկատի ունենալու նախորդ վիճակները՝ զննելու եւ դատելու շրջանները։ Մինչդեռ որքան ալ կարճ ըլլան անոնք, մաս կը կազմեն գործին, այսինքն տեսնուած արդիւնքին։
Դիտել, տեսնել, զննել, յետոյ դատել եւ որոշել, ապա գործել. ահաւասի՛կ, առողջ մարդկային արարքի մը անհրաժեշտ ընթացքը։ Առանց դիտելու եւ զննելու կարելի չէ դատել եւ որոշել եւ առանց դատելու եւ որոշելու անկարելի է նպատակայարմար եւ առողջ գործ մը կատարել։
Արդարեւ, քանի որ մարդկային գործողութիւններէն, արարքներէն շատերը, յաճախ ենթակային «ԵՍ»ին շուրջ կը կազմուին ու կը դառնան, կ՚իրականանան, ուրեմն մարդ պէ՛տք է առարկայօրէ՛ն դատէ իրերն ու իրողութիւնները միշտ՝ լաւ քննելով, հասկնալով անոնց ներքին պատճառները եւ չբաւականանալով տեսնուած արտաքինով։ Այսպէս կարելի է հասնիլ իսկական իմաստին որեւէ իրողութեան։ Ուստի, ենթակայական, մակերեսային դատողութիւն մը եսապաշտութիւն պիտի նշանակէ, եւ հետեւաբար պիտի խաթարէ ամէն ճշմարիտ ուսումնասիրութիւն եւ պրպտում։ Քանի որ որեւէ իրադարձութիւն՝ որ կը դիտուի ու կը տեսնուի արտաքնապէս, կրնայ չհամապատասխանել իր ներքին ծալքերուն, այսինքն անոնք պատրաստող իրողութեան։
Մինչ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, մարդկային գործելակերպը բնորոշող չափանիշներու կարգին՝ տրամաբանութիւնը եւ ողջմտութիւնը, զանոնք ընդունիլ որպէս «կանոն» եւ մանաւանդ անսալ այն ներքին ձայնին՝ որ «խիղճ» կ՚անուանուի։
«Խիղճ»ը, իր ամենալայն իմաստով եւ ընդհանուր ըմբռնումով՝ ենթակային բարոյականի անմոլար ու անշեղ չափանիշն է։ Խիղճը անսխալ ստուգանիշն է մարդուն բարոյական-հոգեկան կեանքին՝ մտքի գործնական դատաստանը՝ երբ հիւանդագին ախտանիշեր չի յայտնաբերեր ան։
«Խիղճ»ը կարեւոր ազդակ մըն է մարդուս բարոյական ապրումներուն, արտայայտութիւններուն մէջ։ Ահաւասիկ ճիշդ այդ պատճառով է որ պէտք է ծանրանալ խղճի վրայ, քանի որ մարդ իր բարոյական ապրումներուն մէջ ինքզինք կ՚արդարացնէ «խղճի» մը գոյութեամբ։
Ուստի խիղճն է միայն այն «ներքին անսխալական ձայն»ը, որ բնածին է՝ բնութենէն դրուած է՝ մարդուս քայլերը հակակշռելու եւ անսայթաք, ապահով ընելու համար։
Ժան Ժագ Ռուսոյի խօսքերը լաւագոյն կերպով կը բացատրեն «խիղճ» կոչուած այս ընդոծին «ներքին ձայն»ի բնոյթը։
«Բարոյական կեանքի բոլոր հարցերուն՝ խնդիրներուն ապահով առաջնորդն է խիղճը, ասիկա այն երկնային ձայնն է, որուն հետեւելով մենք Աստուծոյ կը նմանինք՝ աստուածանման կ՚ըլլանք, այս պատճառաւ ալ մարդուս պատիւը եւ արժանիքը՝ իր խղճի ձայնին անսալուն, համակերպ շարժելուն մէջ կը կայանայ։ Մարդ առանց խղճի անասուն մը պիտի ըլլար պարզապէս», կ՚ըսէ ֆրանսացի-զուիցերիացի անուանի իմաստասէրը։
Ահաւասիկ, ա՛յսպէս կը բացատրէ ան խիղճը՝ անդրադառնալով անոր կարեւորութեան։
Մարդ էակը, իր խղճի ներքին ձայնին առընթեր ունի նաեւ «երեւակայելու եւ կամենալու կարողութիւններ»։ Արդարեւ մարդս բանաւոր էակ ընող կարեւոր յատկութիւններ են երեւակայելու եւ կամենալու կարողութիւնները։
Երեւակայելու կարողութիւնը աստուածային շնորհ մըն է, որ կ՚առաջնորդուի ազդակներէ կամ շարժառիթներէ, եւ կարող է հրաշքներ գործել՝ անկէ օգտուիլ գիտցող արուեստագէտ հոգիին մէջ։ Բայց նախ պէտք է մարդ անդրադառնայ՝ թէ ունի «երեւակայելու կարողութիւն»ը։ Թէեւ ամէն մարդու նոյն չափով չէ տրուած այդ կարողութիւնը, սակայն որոշ չափով, ամէն մարդ ունի այդ կարողութիւնը, որ կրնայ հետզհետէ զարգացնել։
Երեւակայութիւնը կրնայ սակայն խաթարել եւ նոյնիսկ բոլորովին փճացնել մարդ, եթէ իր կարգին բանականութեան եւ ողջմտութեան չենթարկէ զայն։
Երեւակայութիւնը իրեն օժանդակ եւ առաջնորդ ունի «առնական կամք»ը՝ ազատութեան շնորհքով օժտուած՝ որ մարդուն անձնաւորութեան եւ արժանապատուութեան կորի՛զն իսկ է, եւ զայն իր արարքներուն, գործերուն պատասխանատո՛ւ կը դարձնէ։ Ուստի «ազատութիւն» եւ «պատասխանատուութիւն», այս երկու շնորհներն են որ բարձր կը բռնեն մարդկային արժանապատուութիւնը՝ անոնց տրուած արժէքին չափով։ Արդարեւ, ազատութիւն եւ պատասխանատուութիւն, անբաժան են եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն մարդուս բարոյական կեանքը։
Ասիկա ընդունուած եւ գործադրուած է որպէս «ողջամիտ իմաստասիրութիւն» միշտ եւ ամէն շրջանի մէջ՝ ուր մարդ ուզած է ապրիլ ըստ իր կոչումին, ըստ իր արժանիքին։
Արդարեւ մարդկային կեանքը ընթացք կը ստանայ ապրումներով, իսկ ապրումները կ՚ուղղուին զգացումներով։ Մարդկային կարեւոր զգացումներէն երկուքը՝ իրարմէ անբաժան հակադրութիւններ՝ «ուրախութի՛ւն»ը եւ «վի՛շտ»ն են։
Մարդ առանց ուրախութեան եւ առանց վիշտ զգալու կեանք մը չի կրնար ապրիլ, այս երկու զգացումներն ալ կ՚ապրի յաջորդաբար, եւ սակայն պէ՛տք է համոզուի մարդ սա ճշմարտութեան՝ որ ուրախութիւնն ա՛լ, վիշտն ա՛լ ժամանակաւոր են՝ կու գան ու կ՚անցնին կ՚երթա՜ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 30, 2016, Իսթանպուլ