Արտասովոր նոպէլակիրները

Դեկ­տեմ­բե­րի 10-ին, Սթոք­հոլ­մի մէջ, հան­դի­սա­ւոր կեր­պով տե­ղի ու­նե­ցաւ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, ո­րուն ու­ղիղ ե­թե­րով հե­տե­ւե­ցաւ ամ­բողջ աշ­խար­հը: Տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան ու սպա­սուած այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ըն­թաց­քին շուէ­տա­կան եւ նո­րվե­կա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու կող­մէ մրցա­նակ­ներ տրուե­ցան հե­ղի­նա­կա­ւոր գի­տա­կան ձեռք­բե­րում­ներ, մշա­կոյ­թի մէջ կա­տա­րուած ներդ­րում­ներ եւ հա­սա­րա­կու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տեալ աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նող ան­ձե­րու:

Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի հիմ­նու­մի պատ­մու­թիւ­նը ծա­նօթ է բո­լո­րին: Ը­սենք միայն, որ հիմ­նու­մի թուա­կա­նէն մին­չեւ այ­սօր Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնոր­հուած է 579 ան­գամ:

Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցող­նե­րը սո­վո­րա­բար կը շտա­պեն ստա­նա­լու աշ­խար­հի թե­րեւս ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կը, սա­կայն կան նաեւ ան­հատ­ներ, ո­րոնք կը հրա­ժա­րին մաս­նակ­ցիլ ա­րա­րո­ղու­թեան, իսկ ա­մե­նէն զար­մա­նա­լին այն է, թէ պատ­մու­թեան մէջ ե­ղած են նաեւ այն­պի­սի ար­տա­սո­վոր մրցա­նա­կա­կիր­ներ, ո­րոնք նոյ­նիսկ մրցա­նա­կէն հրա­ժա­րած են: Դէպ­քեր ե­ղած են, որ մրցա­նա­կա­կի­րը պար­զա­պէս քա­ղա­քա­կան պատ­ճա­ռով չէ կրցած ստա­նալ ի­րեն բա­ժին ին­կած ան­գին մրցա­նա­կը:

 Այս տա­րուան՝ 2016 թուա­կա­նի Գրա­կա­նու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնոր­հուե­ցաւ ա­մե­րի­կա­ցի եր­գիչ, դե­րա­սան, նկա­րիչ, ե­րա­ժիշտ՝ Պոպ Տի­լը­նին, որ նաեւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ կը գրէ: Այդ լու­րին, սա­կայն, ե­րա­ժիշ­տը չէ ար­ձա­գան­գած: Ան եր­կար ժա­մա­նակ ար­հա­մար­հած է Նո­պէ­լեան յանձ­նա­խում­բը, ա­պա հրա­ժա­րած է ներ­կայ գտնուիլ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան՝ մատ­նան­շե­լով, թէ այլ ծրագ­րա­ւո­րուած գոր­ծեր ու­նի:

Վեր­ջերս ա­նոր հա­մերգ­նե­րու կազ­մա­կեր­պիչ Live Nation ըն­կե­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ Պոպ Տի­լըն Շուէտ պի­տի մեկ­նի 2017 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի սկիզ­բը: Նախ Պոպ Տի­լըն Ստոք­հոլ­մի Waterfront հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ ե­լոյթ մը պի­տի ու­նե­նայ՝ Ապ­րի­լի 1-2 թուա­կան­նե­րուն, իսկ Ապ­րի­լի 9-ին՝ Լուն Տա­յի Skne arena-ի մէջ:

Նո­պէ­լեան շուէ­տա­կան ա­կա­դե­միան յոյս ու­նի, որ Տի­լըն այդ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին նաեւ կը ստա­նայ իր մրցա­նա­կը եւ հան­դէս կու գայ ա­ւան­դա­կան Նո­պէ­լեան դա­սա­խօ­սու­թեամբ, ո­րուն կը սպա­սեն թէ՛ իր երկր­պա­գու­նե­րը եւ թէ Նո­պէ­լեա­նի ըն­թաց­քին հե­տե­ւող­նե­րը:

Պոպ Տի­լը­նին մրցա­նա­կը շնոր­հուած է «ա­մե­րի­կեան եր­գի ա­ւան­դոյ­թին մէջ նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան ո­ճի մշակ­ման հա­մա­ր»: Թէեւ ան ներ­կայ չէ ե­ղած Դեկ­տեմ­բե­րի 10-ին Սթոք­հոլ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան, սա­կայն յանձ­նա­խում­բին ղրկած է իր ե­լոյթ-ճա­ռը, զոր ներ­կայ ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին պի­տի կար­դար, ինչ­պէս այդ մէ­կը ա­ւան­դա­բար ը­րած են բո­լոր մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը: Ճա­ռին մէջ Տի­լըն գրած է.

«Ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը ին­ծի ը­սէր, թէ ես Նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­նա­լու չնչին հնա­րա­ւո­րու­թիւն մ՚իսկ ու­նիմ, կը մտա­ծէի, որ նոյն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ կրնամ կանգ­նիլ լուս-­նին վրայ:

«Ես կը ճամ­բոր­դէի, երբ ստա­ցայ այս զար­մա­նա­լի լու­րը: Ո­րոշ ժա­մա­նակ պա­հան­ջուե­ցաւ՝ ուշ­քի գա­լու հա­մար…

«Երբ դե­ռա­հաս տա­րի­քիս սկսայ եր­գեր գրել եւ ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուս շնոր­հիւ մեծ համ­բաւ ձեռք բե­րել, եր­գե­րուն հետ կա­պուած իմ ձգտում­նե­րը ա­ւե­լի մեծ­ցան: Կը մտա­ծէի, որ ա­նոնք կրնան լսուիլ սրճա­րան­նե­րու, գի­նետ­ու­նե­րու մէջ, յե­տոյ նաեւ՝ «Քառ­նե­կի հո­լ­»ին, Լոն­տո­նի Փա­լա­տիու­մին մէջ:

«Որ­պէս դե­րա­սան, դե­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցած եմ յի­սուն հա­զար հան­դի­սա­տե­սի եւ յի­սուն հան­դի­սա­տե­սի դի­մաց եւ կ­­՚ը­սեմ, որ ա­ւե­լի բարդ էր խա­ղալ յի­սուն հան­դի­սա­տե­սի դի­մաց: Իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իւ­րա­յա­տուկ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն:

«Եր­բեք չեմ մտա­ծած, թէ՝ «Իմ եր­գե­րը գրա­կա­նու­թի՞ւն ե­ն»:

«Այս­պէ­սով, ես շնոր­հա­կալ եմ Շուէ­տա­կան ա­կա­դե­միա­յին այդ հար­ցը նկա­տի առ­նե­լուն եւ նման հրա­շա­լի պա­տաս­խան մը տա­լուն հա­մա­ր»։

Տի­լըն դար­ձած է ա­ռա­ջին ե­րա­ժիշ­տը, որ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­ցած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին:

Պոպ Տի­լըն միա­կը չէ, որ յայտ­նուած է հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը:

1935 թուա­կա­նին, երբ Նո­պէ­լեան Խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած է գեր­մա­նա­ցի լրագ­րող, հա­կա­ֆա­շիս­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով յայտ­նի գոր­ծիչ՝ Քարլ Ֆոն Օ­սեց­քի, որ կը գտնուէր հա­մա­կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բա­րի մէջ, Հիթ­լէ­րը, այ­լայ­լած այս նո­րու­թե­նէն, կոչ ուղ­ղած է ու պար­տադ­րած՝ Գեր­մա­նիոյ բո­լոր այն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք կը փա­փա­քէին Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կին տի­րա­նալ, հրա­ժա­րիլ ան­կէ, ան­կախ այն բա­նէն, թէ ինչ ներդ­րում­նե­րու հա­մար կը տրուին ա­նոնք։ Այս ա­րար­քին որ­պէս ար­դիւնք Օ­սեց­քի իր մրցա­նա­կը կը ստա­նայ ա­ւե­լի ուշ:

Նո­պէ­լեան մրցա­նակ­ներ ստա­նա­լու վե­րա­բե­րեալ Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րի սահ­մա­նած ար­գել­քին պատ­ճա­ռով Տար­րա­բա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ գեր­մա­նա­ցի մրցա­նա­կա­կիր­ներ՝ Ռի­խարտ Կու­ն եւ Ա­տոլֆ Պու­տե­նանտթ, ինչ­պէս նաեւ բնա­խօս՝ (physiologist) Կեր­հարտ Տո­մա­ք 1938-1939 թուա­կան­նե­րուն նոյն­պէս չեն ներ­կա­յա­ցած մրցա­նակ­նե­րը ստա­նա­լու հա­մար եւ ի­րենց մրցա­նակ­նե­րը ստա­ցած են Հիթ­լէ­րի վար­չա­կար­գին տա­պա­լու­մէն ետք:

Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րի եւ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան կա­պը այս­քա­նով չէ ա­ւար­տած:

Շուէ­տի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան Է­րիք Կ․Ք․ Պրենտ Նո­պէ­լեան Խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կին հա­մար ա­ռա­ջադ­րած է Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը 1939 թուա­կա­նին՝ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խա­շե­մին։

Շուէտ ե­րես­փո­խա­նի այս քայ­լը Նո­պէ­լեան յանձ­նա­խում­բը ո­րա­կած է որ­պէս ծաղ­րա­կան քննա­դա­տու­թիւն: Հար­ցը այն էր, որ խորհր­դա­րա­նի քա­նի մը այլ ե­րես­փո­խան­ներ Նո­պէ­լեան այդ տա­րուան Խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կին հա­մար ա­ռա­ջար­կած էին քննար­կել Մեծն Բրի­տա­նիոյ վար­չա­պետ Նե­ւիլ Չեմ­պըռ­լը­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը, որ նոյ­նինքն Հիթ­լէ­րի հետ ստո­րագ­րած է Միւն­իխ­եան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Ա­հա ա­սոր դէմ էր ուղ­ղուած Պրեն­տի ծաղ­րա­կան քայ­լը, որ այ­նուա­մե­նայ­նիւ, Նո­պէ­լեան յանձ­նա­խում­բի կող­մէ հապ­ճեպ կեր­պով մեր­ժուե­ցաւ եւ բա­ցա­ռուե­ցաւ Հիթ­լէ­րի՝ Նո­պէ­լեան Խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նակ ստա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ռուս ար­ձա­կա­գիր, հրա­պա­րա­կա­խօս, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ՝ Ա­լեք­սանտր Սոլ­ժե­նի­ցի­ն Նո­պէ­լեան Գրա­կա­նու­թեան մըր-ցա­նա­կա­կիր դար­ձած է 1970 թուա­կա­նին: Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­նոր ա­ռա­ջար­կած են ընտ­րու­թիւն կա­տա­րել՝ կա՛մ ստա­նալ մրցա­նա­կը եւ հե­ռա­նալ երկ­րէն, կամ ալ հրա­ժա­րիլ եւ մնալ: Ան կա­րո­ղա­ցած է ստա­նալ մրցա­նա­կը երկ­րէն ար­տաքսուե­լէ ետք միայն:

Դար­ձեալ ռուս գրող՝ Պո­րիս Փաս­թեր­նաք ստա­ցած է Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը 1958 թուա­կա­նին, սա­կայն ան­կէ սպառ­նա­լիք­նե­րով պա­հան­ջած են հրա­ժա­րիլ մրցա­նա­կէն: Պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նուած է, երբ ա­ւե­լի ուշ գրո­ղին մրցա­նա­կը ստա­ցած է իր որ­դին:

Ֆրան­սա­ցի նշանաւոր ի­մաս­տա­սէր՝ Ժան Փոլ Սարթր ար­ժա­նա­ցած է Նո­պէ­լեան Գրա­կա­նու­թեան մրցա­նա­կին 1964 թուա­կա­նին, բայց ան հրա­ժա­րած է ան­կէ, յայ­տա­րա­րե­լով, որ փա­փաք չու­նի պար­տա­ւոր զգա­լու Նո­պէ­լեան ա­կա­դե­միա­յին նման ըն­կե­րա­յին հիմ­նար­կի մը: Ժան-Փոլ Սարթր նոյ­նիսկ հրա­պա­րա­կում մը կա­տա­րած է՝ «Ին­չո՞ւ հրա­ժա­րե­ցայ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կէն» խո­րագ­րով, ուր նշած է, թէ մրցա­նակ­ներ կը ստա­նան ո­րո­շա­կի «տե­սա­կի» գրող­ներ, իսկ այն տա­ղան­դա­ւոր եւ ար­ժա­նի գրող­նե­րը, ո­րոնք այդ «տե­սա­կէ­ն» չեն, եր­բեք մրցա­նակ­ներ չեն ստա­նար․․․

«Չէ պար­գե­ւատ­րուած Նե­րուն­տան՝ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մե­ծա­գոյն բա­նաս­տեղծ­նե­րէն մին: Եր­բեք լրջօ­րէն չէ քննարկուած Ա­րա­կո­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ լիո­վին ար­ժա­նի է այդ մրցա­նա­կին։ Ցա­ւա­լի է նաեւ այն փաս­տը, որ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնոր­հուած է Փաս­թեր­նա­քին, այլ ոչ Շո­լո­խո­վին, եւ միակ խորհր­դա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ ստա­ցած է մրցա­նակ, գիրք մըն է, որ հրա­տա­րա­կուած է ար­տա­սահ­մա­նի մէջ եւ ար­գի­լուած՝ հայ­րե­նի երկ­րին մէջ…», ը­սած է ան: Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ռուս գրող Մի­խա­յիլ Շո­լո­խո­վ, ո­րուն մա­սին այդ­պի­սի սրտցա­ւու­թեամբ իր հրա­պա­րակ­ման մէջ նշած էր Սար­թր, ան­մի­ջա­պէս յա­ջորդ տա­րին՝ 1965 թուա­կա­նին կը ստա­նայ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ։

Տա­րօ­րի­նակ ե­ղած է նաեւ աւստ­րիա­ցի գրող եւ կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Էլֆ­րի­է­տէ Ե­լի­նէք, որ դար­ձած է Նո­պէ­լեան Գրա­կա­նու­թեան մրցա­նա­կա­կիր 2004 թուա­կա­նին, սա­կայն հրա­ժա­րած է ներ­կայ գտնուիլ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան՝ վկա­յա­կո­չե­լով իր ու­ժեղ վա­խը՝ լսա­րա­նի եւ հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ, որ հոգ ու անձ­կու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ ի­րեն: Հա­կա­ռակ հո­գե­կան այդ ախ­տա­նի­շին, ան այ­սօր կը նկա­տուի ժա­մա­նա­կի ա­մե­նէն ազ­դե­ցիկ կին գրող­նե­րէն մին։

Այս­պէս, Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, հա­մաշ­խար­հա­յին ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր ու բարձ­րա­կարգ մրցոյ­թը ըլ­լա­լով եր­բեմն կը յայտ­նուի նման ար­տա­սո­վոր պատ­մու­թիւն­նե­րու կի­զա­կէ­տին:

ԱԼՖՐԷՏ ՆՈՊԷԼ ԵՒ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Նոպէլեան մրցանակը, շուէտական բարձրակարգ մրցանակ մըն է, որ հիմնուած է 1895 թուականին, Ալֆրէտ Նոպէլի կողմէ։ Ալֆրէտ Նոպէլ այս մրցանակը ստեղծեց, որպէսզի քաջալերէ գիտական յայտնագործութիւններն ու գիւտերը, ժողովուրդի մը ստեղծագործութիւնները եւ ներդրումները զարգացնելու նպատակով։

Մրցանակին գումարը կը կազմէ 1.3 միլիոն տոլար ու կը սահմանափակուի հետեւեալ մարզերուն մէջ.

Գրականութիւն

Բնագիտութիւն

Քիմիագիտութիւն

Բժշկութիւն

Խաղաղարարութիւն

1969 թուականէն սկսեալ, շուէտական դրամատան միջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, մրցանակին մարզերուն կ՚աւելնայ նաեւ տնտեսագիտութիւնը:

 Ալֆրէտ Նոպէլ ծնած է 21 Հոկտեմբեր, 1833 թուականիին, Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ։ Ալֆրէտ Նոպէլ կը յաճախէ համալսարան, կը ստանայ բարձրագոյն ուսումը ու կը դառնայ նշանաւոր ճարտարագէտ, քիմիագէտ եւ գիտնական։ 1894 թուականին Նոպէլ կը ստեղծէ պայթուցիկներու նիւթեր, որոնք ժամանակ մը ետք կը սկսին վաճառուիլ բանակներուն մէջ ու կը գործածուի պատերազմներու ընթացքին։

Ան ե­ղած է շատ տկա­րա­կազմ եւ իր ամ­բողջ ման­կու­թիւ­նը ան­ցու­ցած է տար­բեր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րով։ Պա­տա­նի տա­րի­քէն իր մօր հետ մտե­րիմ եւ ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ էր, ո­րոնք այդ­պէս ալ մնա­ցին հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն։ Ալֆ­րէտ շատ յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէր իր մօր եւ տե­ւա­կան նա­մա­կագ­րու­թեան մէջ էր ա­նոր հետ։

Ան մի­ջա­հա­սակ, բա­րե­կազմ, մուգ մա­զե­րով, մուգ կա­պոյտ աչ­քե­րով եւ մօ­րու­քով մարդ մըն էր։ Այն շրջա­նի նո­րա­ձե­ւու­թեան հա­մա­ձայն՝ կը կրէր սեւ ժա­պա­ւէն։

Նո­պէլ ազ­գա­նու­նը ժա­ռան­գած է Ալֆ­րէտ ա­նու­նով վար­սա­վիր մեծ­հօր­մէի, որ 1775 թուա­կա­նին կրճա­տեց իր Նո­պէ­լիուս ազ­գա­նու­նը։ Ա­նոր մեծ որ­դին՝ Է­մա­նուէլ (1801-1872) դար­ձաւ փոք­րիկ Ալֆ­րէ­տի հայ­րը։ Ճար­տա­րա­պետ-շի­նա­րար, գիւ­տա­րար Է­մա­նուէլ մի քա­նի տա­րի շա­րու­նակ կեր­պով մը կը գո­յա­տե­ւէր պա­տա­հա­կան վաստ­կած գու­մար­նե­րով, մին­չեւ որ ա­նոր ըն­տա­նի­քը ո­րո­շեց բախ­տը փոր­ձել Ռու­սաս­տա­նի, Պա­քուի նաւ­թար­դիւ­նա­բե­րու­թեան մէ­ջ։ 1827 թուա­կա­նին վեր­ջինս ա­մուս­նա­ցաւ Գա­րօ­լին Անտ­րիէտ Ալ­սէ­լի (1805-1889) հետ, ու­նե­ցան ութ ե­րա­խայ, սա­կայն ա­նոնց­մէ միայն չոր­սը՝ Ռո­պեր­թը, Լուտ­վի­կը, Ալֆ­րէ­տը, Է­մի­լը կեն­դա­նի մնա­ցին մին­չեւ պա­տա­նե­կու­թիւն։

Ու­ժա­նա­կի (տի­նա­միթ) եւ պայ­թու­ցիկ այլ նիւ­թե­րու գիւ­տա­րար Ալֆ­րէտ Նո­պէլ կը տար­բե­րէր վար­քի ան­հա­ւա­տա­լի հա­կա­սա­կա­նու­թեամբ եւ տա­­րօ­րի­նա­կու­թեամբ։ Ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը կը հա­մա­րէին, որ ան չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ 19-րդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սի բուռն ար­դիւ­նա­բե­րա­կան զար­գաց­ման շրջա­նի յա­ռա­ջա­դէմ դրա­մա­տի­րա­կան կեր­պա­րին։ Նո­պէլ հա­կուած էր մե­նու­թեան, հան­գիս­տին, չէր հանդուր­ժեր քա­ղա­քի խառ­նաշ­փո­թին, հա­կա­ռակ որ իր կեան­քի մեծ մա­սը ան­ցու­ցած էր քա­ղա­քա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ։ Բա­ցի այդ, ան նաեւ բա­ւա­կա­նին յա­ճախ կը ճամ­բոր­դէր։ Ի տար­բե­րու­թիւն գոր­ծա­րար աշ­խար­հի իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու շա­տե­րուն, Նո­պէ­լը կա­րե­լի էր ա­նուա­նել «սպար­տա­ցի», քա­նի որ ան եր­բեք չէր ծխեր, չէր օգ­տա­գոր­ծեր ալ­քոլ, կը խու­սա­փէր խա­ղա­քար­տե­րէ եւ այլ ու­նա­կու­թիւն­նե­րէ։

Հա­կա­ռակ ծա­գու­մով շուէտ ըլ­լա­լուն, Ալֆ­րէտ Նո­պէլ ա­ւե­լի հրա­շա­լիօ­րէն կը խօ­սէր ֆրան­սե­րէն, գեր­մա­նե­րէն, ռու­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն, կար­ծես ըլ­լա­յին իր մայ­րե­նին։ Ա­ռեւտ­րա­կան եւ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը չխան­գա­րեց Նո­պէ­լը, որ­պէս­զի ան ստեղ­ծէ հսկա­յա­կան գրա­դա­րան մը։

19-րդ դա­րու գրող­նե­րէն Նո­պէլ ա­ւե­լի մեծ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նէր ֆրան­սա­կան հե­ղի­նակ­նե­րուն։ Ան կը հի­ա­նար Վիք­թոր Հիւ­կո­յի, Կի տը Մո­փա­սա­նի, Օ­նո­րէ տը Պալ­զա­քի, Ալ­ֆոնս Լա­մար­թի­նի գոր­ծե­րու­ն։

­Նո­պէլ բա­ցար­ձա­կա­պէս պա­հանջ­կոտ չէր կեան­քին մէջ, նոյ­նիսկ ո­րոշ չա­փով ճգնա­ւոր էր։ Շատ քի­չե­րուն կը վստա­հէր եւ եր­բեք օ­րա­գիր չէր պա­հեր։ Նոյ­նիսկ ճա­շե­լու ա­տեն եւ ըն­կեր­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ ան պար­զա­պէս ու­շա­դիր ունկն­դիր մըն էր, բո­լո­րին հետ նոյն կեր­պով կը վա­րուէր բա­րե­համ­բոյր եւ նրբան­կատ։ Փա­րի­զի շքեղ շրջան­նե­րէն մէ­կուն մէջ գտնուող իր տան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուող ճաշ­կե­րոյթ­նե­րը տօն­ա­կան էին եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձ­րա­ճա­շակ։ Ան հիւ­րըն­կալ տան­տէր եւ հե­տաքր­քիր զրու­ցա­կից էր։ Ըն­դու­նա­կու­թիւն ու­նէր ո­րե­ւէ հիւ­րի հետ գրա­ւիչ զրոյց յա­ռա­ջաց­նե­լու։

Կեան­քի վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն Նո­պէլ կ՚աշ­խա­տէր իր անձ­նա­կան օգ­նա­կա­նը, ե­րի­տա­սարդ շուէտ տար­րա­բան Ռակ­նար Սոլ­մը­նի հետ, որ աչ­քի կը զար­նէր ծայ­րա­յեղ համ­բե­րու­թեամբ։ Ան կ՚աշ­խա­տէր որ­պէս քար­տու­ղար եւ լա­պո­րանտ։ Ան յա­ջո­ղե­ցաւ վաստ­կիլ Նո­պէ­լի վստա­հու­թիւ­նը այն աս­տի­ճան, որ զայն կո­չած էր «իր ցան­կու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր ի­րա­կա­նաց­նո­ղը»։

Ալֆրէտ Նոպէլ, Նոպէլեան մրցանակը ստեղծած է 27 Նոյեմբեր, 1895 թուականին եւ այդ կազմակերպութիւնը գործի լծուած է իր մահէն ետք՝ Յունուար, 1897 թուականին։

Ալֆրէտ Նոպէլ մահացած է 10 Դեկտեմբեր, 1896 թուականին, Իտալիոյ Սան Ռեմօ քաղաքին մէջ, հիւանդութեան պատճառով։

 

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016