ԲԻՐՏ ՈՒԺԻ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ
Բիրտ ուժի տիրապետութեան՝ անցեալի դարաշրջաններուն մէջ բոլորովին անկարելի՛ էր սպասել «բարոյական բարձր հասկացողութիւն» մը։ Արդարեւ ընկերային բոլոր խաւերու մէջ, նա՛եւ ընտանիքի մէջ այդ շրջաններուն կը պակսէր հանդուրժողութեան ոգին։ Մինչդեռ իրերհասկացողութիւն, հանդուրժողութիւն, երկայնամտութիւն, ներողամտութիւն՝ «առաքինութիւններ» են՝ որոնք կը ներդաշնակեն մարդկային փոխյարաբերութիւնները։
Ինչպէս ըսինք, նո՛յնն էր պարագան ընտանիքի նեղ շրջանակին մէջ՝ մանաւա՛նդ այր-մարդու եւ կին-մարդու փոխյարաբերութիւնները ժխտական ձեւով կ՚ազդուէին բիրտ ուժի տիրապետական բնոյթէն։ Եւ այդ վիճակին պատճառով կը վնասուէր այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւնը՝ մանաւա՛նդ կին-մարդու իրաւունքները եւ կը վտանգուէր ազատութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը ծանրապէս կը վիրաւորուէր։
Բայց այսօր ալ, երբ մարդ կը պարծի, կը հպարտանայ իր յառաջդիմութեամբ, լուսամտութեամբ եւ կը կարծէ փշրած ըլլալ նախապաշարումներու շղթան ազատամտութեան եւ ողջամտութեան շնորհիւ եւ կը կարծէ լուսամիտ ըլլալ, յառաջդիմութեան անունով, երկու սեռերու՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւնը, հաւասարութեան բարձր գաղափարը յաճախ հիմնուած եւ հաստատուած չէ դժբախտաբար լուրջ եւ ուղիղ տեսութեան մը վրայ։
Արդարեւ այր-մարդու տիրապետութեան վրայ կեդրոնացած եւ արմատացած մտայնութիւնը, պահանջքը ստեղծած է կին-մարդերու իրենց իրաւունքը եւ ազատութիւնը պաշտպանելու։
Այս աշխատութիւնը ստեղծած է «իգապաշտութեան» կամ «կնապաշտութեան» այսինքն՝ կնոջական դատը պաշտպանելու հոսանքը։ Ուստի «Féminisme» բառը գործածուիլ սկսած է 1837 թուականէն սկսեալ, որ կը նշանակէ՝ «կիներու ընկերութեան մէջ ստանձնած դերը եւ իրաւունքները ընդարձակող տեսութիւն»։
Այս իմաստով կիներ՝ իգական սեռի ներկայացուցիչներ ուզած են տիրանալ - աւելի ճիշդ է ըսել՝ վերստին ձեռք ձգել իրենց իրաւունքները - եւ ծաւալել ու ընդլայնել իրենց ազատութիւնը։ Andrée Michel իր «Féminisme»ի ընդարձակ ուսումնասիրութեան մէջ կը պարզէ կին-մարդուն բնատուր իրաւունքները եւ բնաձիր ազատութիւնը եւ կը պաշտպանէ հաւասարութիւնը՝ այր-մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութեան նկատմամբ։ Եւ այս պայքարին յաջողութեանը համար անհրաժեշտ կը նկատէ կիներու աջակցութիւնը իրարու նկատմամբ եւ զօրութեան միացումը՝ այր-մարդերու հանդէպ։ Անոր եւ բոլոր իգապաշտներու նպատակն է՝ վերստին ստանալ իրենց իրաւունքը եւ տիրանալ ազատութեան եւ հիմնել ու հաստատել հաւասարութիւնը մանաւա՛նդ։
Բայց պէտք է ուշադրութիւն ընել՝ չի՛ չափազանցելու որեւէ պայքար, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, եւ նաեւ իգապաշտութեան նկատմամբ, քանի որ ծայրայեղութիւնը հաւասարութեան՝ նոր անհաւասարութիւն մը կրնայ ստեղծել։ Եւ պէտք է գիտնալ, որ հաւասարութիւնը արդարութիւն չէ՛. հաւասարութեան ձգտումը երբեմն անարդարութեան պատճառ կրնայ ըլլալ, մանաւանդ երբ հաւասարութեան գաղափարը չափազանցուի։ Ուստի պատմութեան մէջ «Ժագօպէն»ներ՝ «Jacobin»ներ այս ծայրայեղութեան բացայայտ օրինակը կարելի է նկատել։
Ուրեմն, ամէն ինչ իր չափաւորութեանը մէջ արժէք կը ներկայացնէ եւ որեւէ արժէք ուրիշ արժէքով մը կարելի չէ փոխարինել, ինչպէս հաւասարութիւնը արդարութեան չի համապատասխաներ։ Հաւասարութիւնը, արդարեւ կրնայ արդարութեան օժանդակել, նպաստել, բայց չի կրնար նոյնանալ եւ փոխարինել զայն։
Ուեմն երբ կին-մարդուն այր-մարդուն հաւասարութեան մասին կը խօսինք, նախ պէտք է այդ հաւասարութիւնը պահուի իր սահմաններուն մէջ, յետոյ հաւասարութիւնը պէտք չէ՛ շփոթուի արդարութեան բարձր գաղափարին հետ։ Ամէն հաւասարութիւն արդարութիւն չ՚ենթադրեր եւ ուրեմն հաւասարութիւնը պէտք է հասկնալ ներդաշնակութեան, պատշաճութեան իմաստով եւ ըստ այնմ վարուիլ։
Եւ որքան վտանգաւոր է այրակեդրոն «androcentrist» վիճակը՝ նո՛յնքան վտանգաւոր է կիներու տիրապետական դիրք ունենալը, այսինքն հաւասարութեան չափազանցութիւնը, ի՛նչ որ անհաւասարութի՛ւն է։ Ուստի տեսակ մը դարպասող եւ «թեթեւամիտ նախապատուութիւն» է, ուր ճշմարտասէր դատողութեան կշիռէն զուրկ բնազդներն ու կիրքերը միակողմանի ծանրութիւնը կու տան ներկայ վիճակին, այլապէս կը խանգարէ սեռերու անհրաժեշտ ներդաշնակութիւնը, ըսենք՝ հաւասարակշռութի՛ւնը։
Ո՛չ մէկ տարակոյս եւ կասկած կայ, թէ այր-մարդու առնական ուժերը եւ կարողութիւնները համապատասխան ըլլալով իր ֆիզիքական-մարմնական կերտուածքին ու կազմութեան, եւ գործարանաւորութեան, բոլորովին նման չեն կին-մարդուն կնոջական-իգական ընդունակութիւններուն եւ ընդհանուր նկարագրին եւ յարմարութիւններուն՝ որոնք նոյնպէս համեմատական են իր ֆիզիքական-մարմնական կառուցուածքին ու կազմութեան։ Բնախօսական եւ հոգեբանական վիճակներու այլազան երանգաւորումներ կը գտնուին այս երկու սեռերու միջեւ, այսպէս կը տարբերին անոնք, որոնք ընդհանուր հիմքի մը վրայ միայն կրնան միանալ եւ նոյնանալ։ Ինչպէս ամէն զանազանութիւններու եւ տարբերութիւններու մէջ, նոյնպէս եւ մասնաւորապէս երկու սեռերու՝ այր-մարդ եւ կին-մարդու տարբերութիւններուն մէջ կայ եւ անպայմա՛ն կը գտնուի հասարակաց կէտեր։
Քանի որ անհնար է մտածել, արդարեւ, թէ բնախօսական կազմուածքի տարբերութիւն մը, իր ամենէն աննկատելի, աննշան նրբութիւններուն մէջ իսկ չունենայ «հոգեբանական համապատասխան տարբերութիւն» մը։
Կարելի է անվարան, առանց տարակուսելու ընդունիլ, զոր օրինակ, թէ զգացական ջիղերը աւելի՛ զօրաւո՛ր են կին-մարդուն քան այր-մարդուն մէջ՝ որ իր կարգին քան կինը ունի աւելի՛ ուժեղ կամեցողական ջիղեր։
Եթէ աւելի առնական քան կնոջական յատկութիւն է կորովը, հակառակն է գորովը։
Եթէ իգական սեռին մէջ գերակշիռ կը գտնենք անպայման եւ անհաշիւ նուիրումի բնազդը, արական սեռին մէջ աւելի՛ շեշտուած է «բան»ին, այսինքն՝ «raison»ին լրջութիւնը՝ որ բնազդներուն կու տայ գիտակցական դրոշմ ու արժէք։ Արդարեւ, գիտակցութիւնը բանականութեան հետեւանք է եւ հասարակաց՝ մարդ էակին, թէ՛ այր-մարդուն, թէ՛ կին-մարդուն նկատմամբ։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ որքան ալ կան տարբերութիւններ, զանազանութիւններ, նոյնքան կան նաեւ հասարակաց կէտեր՝ «մարդ»ուն յատուկ, եւ ուրեմն այր-մարդուն եւ կին-մարդուն՝ որպէս մա՛րդ։
Բնահոգեխօսական այն բոլոր պայմաններն ու երեւոյթները կը զատորոշեն կին-մարդը այր-մարդէն՝ որ զերծ է ե՛ւ այդ պայմաններէն, ե՛ւ այդ երեւոյթներէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 8, 2016, Իսթանպուլ