ՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը նշուե­ցաւ «Հայ­ճար»ի հիմ­նադ­րու­թան 10-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս յատ­կան­շա­կան տա­րե­դար­ձի ա­ռի­թը մօ­տա­լուտ Ա­մա­նո­րին հետ միաց­նե­լով «Հայ­ճար»ի ըն­տա­նի­քը կազ­մա­կեր­պած էր ընթ­րիք մը, որ ան­ցաւ շատ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Բա­ռին բուն ի­մաս­տով ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին «Ո­մանք» խում­բը գոր­ծադ­րեց ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր։

Ներ­կայ էին Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան՝ ի­րենց տի­կին­նե­րուն հետ։ Ձեռ­նար­կի պա­տուոյ հիւրն էր «Հայ­ճար»ի բա­րե­րար Հրաչ Քըր­մը­զեան, ո­րու ներդ­րած մի­ջոց­նե­րով այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ի­րա­կա­նա­ցուց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի յու­շա­կո­թող-շիր­մին բա­ցու­մը։

Յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ «Հայ­ճար»ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօֆ։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ հիմ­նա­դիր­նե­րէն Նա­զար Պի­նաթ­լը։ Խօսք ա­ռաւ նաեւ «Հայ­ճար»ի հա­մա­կիր­նե­րէն Զա­քա­րիա Միլ­տա­նօղ­լու, որ վեր­յի­շեց «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն է­ջե­րու հան­գու­ցեալ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րո­բեա­նը՝ «Հայ­ճար»ի պտոյտ­նե­րուն բե­րած ե­ռան­դուն մաս­նակ­ցու­թեան բե­րու­մով։ Այդ յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տին մէջ սրտի խօսք մըն ալ ար­տա­սա­նեց Սար­գիս Սե­րո­բեա­նի այ­րին՝ բազ­մա­վաս­տակ կրթա­կան մշակ Մա­նի­շակ Սե­րո­բեան, որ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իր լու­սա­հո­գի ա­մուս­նոյն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած ե­րախ­տա­գի­տու­թեան հա­մար։

Յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեան կա­տա­րուե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։ Տաս­նա­մեա­կի կար­կան­դա­կը հա­տուե­ցաւ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս, ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու տա­րա­փի մը մէջ։ «Հայ­ճար»ի ա­նու­նով յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նուե­ցաւ Հրաչ Քըր­մը­զեա­նին։ Այդ յու­շա­նուէրն էր Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի յու­շա­կո­թող-շի­րի­մին ման­րա­կեր­տը։ Հա­կիրճ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով Հրաչ Քըր­մը­զեան ընդգ­ծեց, թէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին կը նա­խա­տե­սեն Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուան ա­ռա­ջին շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան վեր­յի­շել Պա­լեան գեր­դաս­տա­նը։ Ան մաղ­թեց, որ աս­տի­ճա­նա­բար ձե­ւա­ւո­րուի նման նա­խըն­թաց մը։

«Հայ­ճար»ի յո­բե­լեա­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ գնա­հա­տե­լու հա­մար այս կա­ռոյ­ցին կող­մէ ծա­ւա­լուած բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, «Հայ­ճար» մեր հա­մայն­քին հա­մար դար­ձած է խորհր­դան­շա­կան կա­ռոյց մը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն խումբ մը մաս­նա­գէտ-նուի­րեալ­նե­րու ջան­քե­րով ստեղ­ծուած է սոյն կա­ռոյ­ցը, որ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նով մշտա­կան կոչ մը կը հնչեց­նէ՝ հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու ա­ռու­մով։ «Հայ­ճար»ի պատ­գա­մը ուղ­ղա­կիօ­րէն կը վե­րա­բե­րի մեր պատ­մա­ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան խո­րու­թեան եւ ա­նոր նկատ­մամբ մեր ու­նե­ցած հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն։ Այդ ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման հա­մար գործ­նա­կան քայ­լե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ «Հայ­ճար»ի տա­րած աշ­խա­տան­քը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, լա­յն հա­սա­րա­կու­թեան հետ մեր հա­մայն­քի շփում­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ու­նի ա­նան­տե­սե­լի դեր մը։ Ար­դա­րեւ, ճար­տա­րա­պե­տու­թիւնն ալ, ե­րաժշ­տու­թեան նման, մշա­կոյ­թի այն թե­ւե­րէն մին է, որ հա­մա­կե­ցու­թեան մի­ջա­վայ­րի մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծուած, փոխլ­րաց­ման ո­գիով մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մը պատ­գա­մը կը փո­խան­ցէ մե­րօ­րեայ սե­րունդ­նե­րուն։ «Հայ­ճար»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը նպաս­տէ, որ­պէս­զի մե­րօ­րեայ սե­րունդ­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս ներ­թա­փան­ցեն մեր աշ­խար­հագ­րու­թե­նէն ներս հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ու­նե­ցած ան­փո­խա­րի­նե­լի նշա­նա­կու­թեան։

   

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2016