ԳԵՐԲՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
«Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ». Ինչո՞ւ չէ, քանի որ մարդն է, որ պատմութիւն կը կերտէ, կ՚ապրի, կ՚արձանագրէ եւ այն երեքի մարտէն ի՞նչ փոխուած է: Նոյն «զէնքերով» նենգութիւն, դաւաճանութիւն, գերակայութեան ոգի, պատերազմներ եւ այլն. մանաւանդ այս վերջիններէն, երբ անասուններ ունին, մարդը ինչո՞ւ չունենայ:
Սակայն, մարդու մօտ կայ տեսքի հարց. պալատ, եկեղեցի (աղօթատուն) թանգարան կամ բանտ. ո՛չ նոյն ոճով եւ ո՛չ ալ նոյնանման նիւթերով կը կառուցուին, ինչպէս նաեւ զգեստներ, ի մասնաւորի թագաւորի ծիրանին, պալատականներու, կրօնապետներու, զին-ւորականներու եւ՝ պարզ քաղաքացիի, եւ … ստրուկի կամ մուրացկանի:
Իմ «խոր վիրապ»էս ելլելով, երեկոյեան ըսի ճամբաս փոխեմ քիչ մը, ինծի համար հաճելի, թէեւ յոգնեցուցիչ պիտի ըլլայ, բայց հաճելիին անուշութիւնը վայելել կ՚արժէ այս տօնական օրերու մօտեցող օրերուն:
Խանութներ, խանութներ, մէկը միւսէն շլացուցիչ, կարծես իրարու հետ մրցանքի ելած են, եւ այդպէս ըլլալու է յաճախորդներ գրաւելու սիրոյն, ուր հագուստներու ճոխ տեսականիներ կը սպասեն գնողներու, որպէսզի հագնողը տարբեր տեսք ունենայ, անշուշտ նոյն խորքով եւ քիչ մըն ալ աւելի ամբարտաւան, երբ շրջանակի անձեր, ծանօթ-անծանօթ իրեն «look»ը գնահատեն աւելիով:
Զգե՞ստն է, որ մարդը կ՚ընէ ա՛յն ինչ որ է, թէ՝ look-ն է տիրական: Թագաւորը ծիրանի կը հագնի, բայց ծիրանի հագնողը թագաւո՞ր կ՚ըլլայ… ի միջի այլոց, հիւանդ ընկերութիւն, որ կը տարուի տեսքով աւելի քան խորքով:
Իսկ այլ փողոց մը… ստամոքսէն աւելի գլուխ լեցնող… «բապ» ճաշարան, սրճարան… մարդկային շա՜տ բնական եւ սովորական ընթացք:
Քիչ մըն ալ այցելե՞նք Ճաբոն, Զէն Ուսուցիչի…
Հարուստ նուիրատուներ Մասդր Իքույուն կը հրաւիրեն խրախճանքի: Մասդրը կը հասնի պալատ, իր սովորական աղքատի հագուստով. իրեն կ՚ըսեն. «Մենք պիտի պատուենք Մասդր Իքույուն, քեզ այսպէս չենք կրնար ընդունիլ: Մասդրը կը վերադառնայ տուն, կը հագնի իր ոսկեզօծ ծիրանին ու կը վերադառնայ, զինք սիրով ու պատուով կ՚ընդունին ու կը հրաւիրեն նշուած տեղը։ Մինչ Մասդրը ծիրանին հոն թողլով կը վերադառնայ տուն ըսելով՝ «դուք իմ ծիրանիս պատուեցիք, ես զայն հոս, ձեզի կը թողում»:
Այս՝ Արեւելքէն: Դառնանք:
Մեր բերնի հոլովներէն մին է «Մենք առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք». ուրեմն՝ երկու հազար տարուան կրօնի մը ջահակիրը: Գանք Աստուածաշունչին-Ղուկասու է: 25.- «Ի՞նչ տեսնելու ելաք, փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը: Ահա անոնք փառաւոր հագուստներով փափկութեան մէջ են, թագաւորական պալատներն են»:
Եզրակացութիւն.
Ասոնք վերյիշելէս ու ահա գրութեամբ արտայայտուելէս ետք, պիտի ՓՈՐՁԵՄ ապրիլ հետեւեալ սկզբունքով.- «Երբ Հռոմի մէջ ես, հռովմէացիի պէս ապրէ», որպէսզի ընդունելի ըլլայ ընդհանուրին կողմէ… եթէ այդ ՀՈԳԴ է… անշուշտ ՀՈԳՍ ՉԷ, երբ կայ աւելի գերազանցը…
Վար մնացած մարդու համար
Արդէն խորթ է իմ հոգին: (Յ. Թումանեան)
Յ.Գ. ՊՈՒՏՏԱյի գերբնական ուժերու արդիւնք.-
ՏԵՍՆԵԼ- առանց խաբուելու տեսքէն կամ գոյնէն:
ԼՍԵԼ- առանց խաբուելու ձայնէն:
ՇՆՉԵԼ- առանց խաբուելու բոյրէն:
ՀԱՄՏԵՍԵԼ- առանց խաբուելու համէն:
ՀՊԻԼ- առանց խաբուելու հպուածէն:
ՄՏԱԾԵԼ- առանց խաբուելու պայմանաւորուածութենէն:
ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԱԿԱՆ:
ԱՄԷՆՈՒՍ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան