ՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐ. ՀԱՅԵԱՑՔ ՆԵՐՍԷՆ ԵՒ ԴՈՒՐՍԷՆ
Տարին շուտով կը հասնի իր լրումին: Մեր իրականութեան հետ առընչութիւն ունեցող հայ մարդու համար, բացի արցախեան ճակատին վրայ տեղի ունեցած սրացումէն, տարին կը համարուի բնականոն, առանց անսպասելի մեծ ցնցումներու:
Մինչ Ապրիլին տեղի ունեցած գործողութիւննները եւ պատերազմական քառօրեան իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ՚ունենային ամբողջ տարուան վրայ, անդին սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ ալ միապաղաղ եւ «հանդարտ» կշռոյթի մը թեւերուն մէջ հայկական կեանքը կը շարունակէր իր հեզասահ ընթացքը:
Ի՞նչ տուաւ տարին մեզի:
Կամ՝ ի՞նչ էին մեր ընդհանուր ակնկալութիւնները տարիէ մը, որուն նախամուտին մեզմէ ոչ մէկը ծրագրուած եւ սերտուած ծրագիրներու ծրարով ներկայացաւ:
Այսպէս, նոր տարի կը մտնէինք ազգովին 1915-ի 100-րդ տարելիցի «շռնդալից» ոգեկոչումներու «ցնծութեան» մը ազդեցութեան տակ ու ինչպէս ամէն անգամ, Յունուարի 1-ին ալ՝ յանպատրաստից եւ զարմացած:
Զարմացած էինք, որովհետեւ մեր պատկերացումներուն մէջ չկար այն ընդհանուր տեսարանը, որուն ականատես եղանք, երբ ամողջ հայութեամբ նշեցինք մեծ աղէտին կլոր տարեթիւը:
Պէյրութէն Պոլիս, Լոս Անճելըս ու Երեւան, ամէնուրեք մեր ձայնը (յաճախ տարբեր ձայնականութեամբ) բարձրացուցինք ու խօսեցանք պահանջներու, արդարութեան, հատուցման եւ բաւական բարդ օրակարգերու մասին:
Տակաւին մեզմէ շատեր դժգոհ էին Ծիծեռնակաբերդի գագաթին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հանրութեան ներկայացուցած (29 Յունուար 2015) հռչակագրին պայմանները:
Մեր ուզածը աւելին էր:
Առանց նկատի առնելու այդ պահանջներէն շատերուն դժուար ըլլալը, կամ միջազգային հանրութեան համար ալ՝ անիրականանալի ըլլալը:
Մարդ իր տան սեղանին շուրջ, իր զաւակներուն, իր մօր եւ շատ ատեն մահացած հօր պատկերին առջեւ տարբեր տեսակի երանգներով կը խօսի, իսկ տունէն դուրս՝ տարբեր:
Մեր տան սեղանին շատ յաճախ խօսեցանք անհնարին ճամբորդութիւններու, երկար պտոյտներու, հրաշագեղ պալատի մը մէջ Կիրակի առաւօտ սուրճ մը վայելելու երազանքին մասին, մինչեւ անգամ նաւակ մը գնելու եւ Սեւանի ջուրերէն նաւարակելու մասին:
Հոն ոչ մէկ կաշկանդում կայ, ոչ ոք պիտի առարկէ, որ տան հայրը ինչ չքնաղ երազներու մէջէն կը «նաւարկէ» ու մեզ ալ մասնակից կը դարձնէ իր մեծ երազին:
Աւարտին լոյսը կը մարենք, կանցնինք մեր սենեակները, տան մայրը աղտոտ ամանները կը լուայ ու անոնց հետ ջուրին ու օճառին կը խառնուին մեր երազներէն ծնած մտքերուն վերջին բայարմատները:
«Պիտի ընենք, կ՚ընենք, միասին կ՚ընենք եւ անպայման կ՚ըլլայ»ի ոճով բառերը կը խառնուին վեցերորդ յարկէն վար իջած կոյուղիի ջուրերուն, որոնք իրենց կարգին կը լեցուին Դաւթաշէնի թիւ քսաներկու շէնքի կեղտաջուրի մեծ ամբարին մէջ:
Ու վերջ:
Յաջորդ օրը նոր օր է ու նոյնիսկ մոռացութեան կը մատնուին մտերմիկ սեղանին շուրջ տարուած խօսակցութիւններն ու բանակցութիւնները:
Բոլորը գիտեն, որ արտասանուած խօսքերն ու մտքերը եղած են ներքին սպառման համար:
Պարզապէս այդքան:
Այսպէս է անհատական գետնի վրայ ու այսպէս է նաեւ հաւաքական գետնի վրայ եղած բարձրաձայն խոստումներուն դիմաց:
Կը խօսինք գեղեցիկ հայերէնով, աշխարհին կը պատգամենք, որ տէր ենք մեր պահանջներուն, աշխարհէն կը պահանջենք ճանաչում եւ հատուցում եւ մեր պողպատէ գլուխներով պատուած նետերը կը նետենք մինչեւ հեռու հեռուները:
Կը նախընտրենք դժուարն ու անիրականանալին, քան մտածենք հեշտին, հասանելիին ու կարելիին մասին:
Երբ նստած ենք մենք ու մերոնցով, շատ հեշտ ու կառավարելի պիտի ըլլայ ամէն ինչ:
Հոն խանգարողներ չկան: Հոն դժկամողներ չկան: Հոն ամէն բան մեր ուզածին պէս է ու մենք այդ մեր ուզածին պէս եղածը գործի դնելով, մեծ-մեծ բառեր կ՚արտասանենք ճաշի սեղանին վրայ, մոռնալով, որ այդ մեծ բառերը դատարկ պիտի պահեն մեր փորը:
Կը մոռնանք հացն ու աղը եւ կը խօսինք աւստրալիական Սեւ Truflles-ին կամ Հռոմի ամենէն թանկ խանութներէն գնուած prosciutto crudo-ին մասին:
Արդիւնքը կը մնայ նոյնը, ճաշը, որուն պատրաստութիւնը չենք ըրած, կը դառնայ երազային բան մը ու մեր առջեւ դրուած որովայնը լեցնելու խնդիրը կը հոգանք կտոր մը չոր հացով ու շատ հաւանաբար Երեւանի ամէն անգամ նոր համով, բայց նոյն կարմիր թուղթով փաթթուած յարմար գին ունեցող պանիրով:
Այդպէս էինք երէկ:
Ու այդպէս ենք այսօր:
Մեր ձեռքն ու միտքը տարբեր յարաբերութիւններու մէջ են ու մեր հոգին սրտառուչ, անկասելի ու զարմանալի ալիքներով կը թելադրէ մեզի անկարելի սպասումներու կարգ մը, որուն մէջ ամենէն տարրական եւ կարեւոր պէտքերը կը բացակային:
Այս տարին ալ պիտի փակենք:
Մեր սեղաններուն առատ ուտելիքներ պիտի ըլլան, գիտեմ ատիկա, բայց կը վախնամ, որ մեր հաւաքական սեղանին վրայ դրուած ճոխ ուտելիքները պիտի հիննան ու անարդիւնք՝ աղբը թափուին:
***
Անցնող տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով խօսեցանք հայկական ներուժին մասին: Տակաւին հայկական աշխարհին մէջ օրակարգ կազմող անձնաւորութիւններ, որոնց խօսքը նոյնիսկ հասանելի է միջազգային լսարաններու, արագ ու թարմ թելադրանքներ կատարելով նոր պատուհան մը բացին հայութեան համար ու խօսեցան «Կլոպըլ հայ» մօտեցման մը մասին:
Ճիշդ է, որ մօտեցումը արդիական էր, բայց եւ այնպէս շատ մը պարագաներու անըմբռնելի:
«Կլոպըլ հայ» բանաձեւումին ետին կանգնող անուանի հայորդիները կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը ապրիլեան ծանր օրերէն քիչ անց Երեւանի մէջ մեծ յաջողութեամբ աշխարհին կը ներկայացնէին «Աւրորա մրցանակ»ը: Այդ օրերուն ալ քիչ չեղան մարդիկ, որ բաւական ծանր քննադատութիւններ կատարեցին այս միջազգային պրիսմակ ունեցող նախաձեռնութեան վրայ, զայն համարելով Հայաստանին ու հայութեան համար բաւական «զեխ» նախաձեռնութիւն մը:
Բայց նախաձեռնութիւնը կայացաւ մեծ յաջողութեամբ եւ այս առթիւ Հայաստան ժամանած հարիւրաւոր անուա-նի գործիչներ, իրենց հետ դէպի Երեւան ուղղեցին ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը:
Գաղտնիք ալ չէ, որ այդ տիտանական նախաձեռնութիւնը յղացողներուն առաջնային նպատակներէն մին էր աշխարհի բոլոր լուսարձակները ուղղել հայոց քաղաքամայրին՝ Երեւանի վրայ:
Նպատակը միայն ցեղասպանութեան մեծ ցաւը պատմելը չէր, ոչ ալ պահանջներու դրօշակները ծածանելը, այլ աշխարհին հետ նո՛ր ոճով եւ նո՛ր երանգներով խօսելու կերպը՝ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար հայութեան նրբագոյն երանգները եւ նոր սկիզբ մը տալու մեր համահայկական երթին:
Եթէ պահ մը մէկ կողմ դնենք «Աւրորա»ի երեւանեան «յաղթանակ»ը եւ հարց տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ պիտի պակսէր հայութենէն, եթէ նման նոր եւ արդիական մօտեցումներով նախաձեռնութիւն մը չունենայինք, շատեր ինքնավստահօրէն պիտի պատասխանեն՝ ո՛չինչ:
Բայց եթէ խորքային հայեացքով մը մօտենանք խնդրին, մենք ալ պիտի համոզուինք, որ հայութեան համար այսօր ամէն բանէ աւելի հարկաւոր են նոր մօտեցումները:
Նոր մօտեցում ունենալ չի նշանակեր հին հագուստները, հին գիրքերը, հինցած վերարկուներն ու սեւցած պահարանները այրել:
Այլ փոխել, նորացնել:
Այդ մօտեցումով էր նաեւ, որ հրապարակ կը հանուէր «Կլոպըլ հայ» մօտեցումը:
Թերեւս առաջարկուածը սաղմի մը մէջ եղող գաղափար մըն է, որ կարիք ունի ժամանակի, աճելու՝ մեծնալու համար:
Թերեւս ալ այդ սաղմին մէջ եղող պտուղը չհասնի իր առաջին շունչը քաշելու ու մեռնի: Սակայն կարեւորն ու անհրաժեշտը փորձն է:
Փորձը՝ պատմութեան նետը ճի՛շդ ուղղութեամբ արձակելու, նո՛ր ակօսներ բանալու եւ նո՛ր ուղիներ գտնելու:
Միշտ չէ, որ հռետորական ոճով պարուրուած եւ կեղծիքի առագաստներուն բացուած մեզ ներսէն կրծող սովորամոլութիւնը կրնայ յաղթել:
Վիրաւոր, յոգնած, տխուր ու աղքատ պատուհաններէն հայութեան վառ լոյսերուն սպասող ժողովուրդին համար ալ բաւական անհիմն է խօսիլ ապագայի տեսիլքին մասին, պահու մը, երբ անոր օրն ու աղօթքը դէպի երկինք չէ, որ կը բարձրանան, այլ կ՚աղօթեն ուշացած անձրեւներու վերադարձին, պահպանելու եւ հնձելու համար բերքին՝ ոսկին:
Մեր իրականութեան մէջ են այդ հարցումները, բայց վաղուան կամարները հիւսելու համար ամենէն էականը երազին ներկայութիւնն է:
Առանց այդ երազին, նոյնպէս կը մեռնի հորիզոնական ու դէպի հողը վազող աղօթքին բառը:
Այս տարին ալ պիտի փակենք:
Մեր սեղաններուն առատ ուտելիքներ պիտի ըլլան, գիտեմ ատիկա, բայց յոյսով եմ, մեր հաւաքական սեղանին վրայ դրուած ճոխ ուտելիքները դառնան վաղուան սեղանին համար ընծայուելիք մշտական ուխտի նշխարներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան