ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ՝ ԴԵՍՊԱՆ ԱՆՏՐԷՅ ՔԱՐԼՈՎԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին հա­մար բա­ւա­կան ա­ռանց­քա­յին դիրք եւ դեր ու­նե­ցող Թուր­քիոյ զար­գա­ցում­նե­րը կ՚ար­ժա­նան յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան:

Մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր ա­րա­բա­կան եր­կու թե­ւե­րէն (ռու­սա­մէտ եւ ա­մե­րի­կա­մէտ) իւ­րա­քան­չիւ­րը կը փոր­ձէ «գրա­ւե­լ» Ան­գա­րա­յի սիր­տը:

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թա­յյիպ Էր­տո­ղա­նի  Ռու­սաս­տան կա­տա­րած այ­ցէն ետք սա­կայն, բո­լո­րին յստակ կը դառ­նար, որ այս ամ­բողջ տե­սա­րա­նին մէջ ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­յի­նը կը մնայ Մոս­կուա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը:

Լի­բա­նա­նեան «Ալ Սա­ֆի­ր» օ­րա­թեր­թը այս պա­տու­հա­նէն կը նա­յի ան­ցեալ Եր­կու­շաբ­թի Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չու­թեան: Թեր­թը կը գրէ, որ հա­կա­ռակ պա­տա­հա­րի ա­հա­ւո­րու­թեան, եր­կու եր­կիր­նե­րը՝ Թուր­քիան եւ Ռու­սաս­տա­նը չեն պատ­րաս­տուիր խզել ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Թեր­թը զու­գա­հեռ մը գծե­լով Սու­րիոյ վե­րեւ ռու­սա­կան կոր­ծա­նի­չին վար առնուե­լու եւ Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լո­վի սպա­նու­թեան դէպ­քե­րուն մի­ջեւ՝ կը գրէ, որ մինչ ա­ռա­ջին պա­րա­գա­յին պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րա­յի ար­ձա­գան­գը ու­շա­ցաւ, իսկ երկ­րորդ պա­րա­գա­յին՝ Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը ոչ միայն խստօ­րէն դա­տա­պար­տեց ա­րար­քը, այլ նա­խա­ձեռ­նեց ա­րագ կապ հաս­տա­տել Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ ու ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նել ե­ղած ծանր եւ ան­նա­խըն­թաց ա­հա­բեկ­չու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ:

Ըստ «Ալ Սա­ֆի­ր­»ի, այս բո­լո­րը ցու­ցա­նիշ­ներ են, որ ոչ միայն Ան­գա­րա, այլ նաեւ Մոս­կուա հե­տա­մուտ են ա­մէն գնով պահ­պա­նել եր­կու եր­կիր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ գե­րա­զան­ցօ­րէն ռազ­մա­վա­րա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Իր կար­գին, «Ալ Ախ­պա­ր» օ­րա­թեր­թը անդ­րա­դար­ձած է դես­պան Քար­լո­վի ու­նե­ցած դե­րին Մոս­կուա-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու «ձիւն­հա­լ­»ին հետ կապուած: Թեր­թը նաեւ կը փո­խան­ցէ, որ Քար­լով կա­րե­ւոր ճի­գեր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է յա­ջողց­նե­լու հա­մար Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին այ­ցը՝ Մոս­կուա: Յի­շեց­նե­լով նաեւ, որ այդ բո­լոր գոր­ծըն­թաց­նե­րէն ետք Մոս­կուա տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով զգու­շա­ցու­ցած է Քար­լո­վը՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան թի­րախ դառ­նա­լու վտանգ­նե­րէն:

«Ալ Ախ­պա­ր» վեր­լու­ծե­լով ա­հա­բեկ­չու­թեան յա­ջոր­դող հանգ­րուա­նը՝ նշած է, որ «տաք վէր­ք­»ի ի­րա­վի­ճա­կը մէկ­դի թող­լով Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու կը մասն­ակ­ցէր Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­ցած «ե­ռա­չափ հան­դի­պում­նե­րուն», ո­րոնց հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գը Սու­րիոյ տագ­նապն էր: Բա­ցի այս բո­լո­րէն, յստակ էր նաեւ, որ Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­ցած հան­դի­պու­մը կա­րե­ւոր քայլ մըն էր Սու­րիոյ տագ­նա­պի քա­ղա­քա­կան լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ յստակ եւ ժամ­կէտ­նե­րով «յա­գե­ցուա­ծ» «ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­ս» մը մշա­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ ու իբր այդ ալ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հին ա­մէ­նա­մեայ «ամ­փո­փիչ ա­սու­լի­սը» կը յե­տաձ­գուէր Դեկ­տեմ­բե­րի 23-ին:

Այս բո­լո­րը ցու­ցա­նիշ­ներ են, որ Մոս­կուա եւ Ան­գա­րա ա­մէն գնով վճռած են դրա­կան տե­ղա­շարժ մը կա­տա­րել Սու­րիոյ տագ­նա­պին գծով եւ Ռու­սաս­տա­նի փակ սե­նեակ­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­րե­ւե­լի պի­տի դառ­նան յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին:

Իր կար­գին, Լոն­տոն հրա­պա­րա­կուող «Ալ Հա­յա­թ» օ­րա­թեր­թը, որ կը հա­մա­րուի Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ան­պաշ­տօն բայց կա­րե­ւո­րա­գոյն բան­բեր­նե­րէն մին, պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ դի­տար­կում­ներ ը­նե­լով՝ հարց կու տայ, թէ ին­չո՞ւ ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը չկա­րո­ղա­ցան ձեր­բա­կա­լել մար­դաս­պան Մեւ­լիւտ Մերթ Ալ­թըն­թա­շը: Չո­րեք­շաբ­թի օր լոյս տե­սած իր ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դուա­ծին մէջ «Ալ Հա­յա­թ» յղում կա­տա­րե­լով ա­մե­րի­կեան AP-ին՝ գրած է, թէ հնա­րա­ւոր չէ, որ նման ա­հա­բեկ­չու­թիւն մը մէկ ան­ձի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ա­րարք ըլ­լայ, ա­նոր ե­տին կան բա­ւա­կան մութ ծալ­քեր:

Իր կար­գին, «Շա­րըք Ալ Աու­սա­թ­»ի, որ Լոն­տո­նի մէջ կը հրա­տա­րա­կուի, ո­րու գլխա­ւոր սիւ­նա­կա­գի­րը՝ Ապ­տըլ Ռահ­ման Ալ Ռա­շէտ Չո­րեք­շաբ­թի օր հրա­պա­րա­կուած իր «Դես­պա­նը ո­ճի­րի եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան բրո­բա­կան­տա­յի մի­ջե­ւ» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծին մէջ բա­ւա­կան «ար­մա­տա­կա­ն» հա­մա­րուած մօ­տե­ցու­մներ ու­նէր։ Ան գրած է, թէ Քար­լո­վի սպան­ու­թիւ­նը օ­գուտ էր Ի­րա­նին եւ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն: Ալ Ռա­շէտ ա­ռանց բա­ցատ­րե­լու իր տե­սա­կէ­տը, նկա­տել կու տար նաեւ, որ աշ­խար­հը այ­սօր դար­ձած է ա­նա­պա­հով վայր մը եւ նման ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­ներ սպա­սե­լի են ա­մէ­նու­րեք: Սիւն­նի յօ­դուա­ծագ­րին կար­ծի­քով՝  ստեղ­ծը-ւած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ «ար­մա­տա­կա­ն» դեր եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը կրէ Մոս­կուան, կա­պուած՝ Սու­րիոյ մէջ իր որ­դեգ­րած կե­ցուածք­նե­րուն ու երկ­րի նա­խա­գա­հին ի նպաստ ու­նե­ցած դիր­քո­րո­շում­նե­րուն եւ գործ­նա­կան քայ­լե­րուն ուղ­ղու­թեամբ:

Ռա­շէտ, որ տա­կա­ւին մեծ յոյ­սեր կը փայ­փա­յէ ռուս-ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի մեր­ձեց­ման հետ կա­պուած, ան­տե­սե­լով այ­սօ­րուան նոր ի­րա­վի­ճա­կը՝ պատ­մա­կան ա­րագ հա­յեացք մը նե­տե­լով կը յի­շեց­նէ Քրեմ­լի­նի վաղ 70–ա­կան­նե­րուն ու­նե­ցած դե­րը եւ ցոյց տուած նե­ցու­կը ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի «ա­զա­տա­կա­նու­թեա­ն» գա­ղա­փար­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ու­ժե­րուն եւ տէ­րու­թիւն­նե­րուն:

Ռա­շէտ այս մօ­տե­ցու­մին խոր­քա­յին հա­յեացք մը նե­տե­լով՝ այդ օ­րե­րու Մոս­կուան կը հա­մա­րէ պա­ղես­տի­նեան եւ ա­րա­բա­կան դա­տին գլխա­ւոր ջա­հա­կիրն ու նե­ցու­կը:

Ռա­շէ­տի կար­ծի­քով, Մոս­կուա այ­սօր տար­բեր մօ­տե­ցում­ներ ու­նի ա­րաբ­նե­րուն հան­դէպ եւ մի­լիո­նա­ւոր սիւն­նի­նե­րու կար­ծի­քը կա­րե­ւոր չէ մաս­նա­ւո­րա­բար այն ա­ռու­մով, որ ա­նոնք ի­րենց պե­տու­թիւն­նե­րուն վրայ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նե­լու դրու­թիւն­ներ չու­նին:

Նուազ մոխ­րա­գոյն կե­ցուածք­նե­րով չի յայտ­նուիր նոյն թեր­թի՝ «Շա­րըք Ալ Աու­սա­թ­»ի ա­րաբ-ռու­սա­կան հար­ցե­րու գլխա­ւոր մեկ­նա­բան­նե­րէն Մուս­թա­ֆա Ֆահս: Ան Մոս­կուա­յի Սու­րիոյ եւ մաս­նա­ւո­րապ­էս Հա­լէ­պի մէջ ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը լոյ­սին բե­րե­լով՝ կը յայտ­նէ, որ սիւն­նի աշ­խար­հին հա­մար Ռու­սաս­տա­նի կե­ցուածք­նե­րը ան­մար­սե­լի են, մա­նա­ւանդ, որ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն Սու­րիոյ բա­նա­կը միշտ ա­պա­ւի­նե­լով ռու­սա­կան ներ­կա­յու­թեան, յա­ջո­ղե­ցաւ նոր ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծել եւ չորս տա­րիէի ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով տի­րա­պե­տել ամ­բողջ Հա­լէ­պին:

Ֆահս, որ բա­ւա­կան շեշ­տա­կի «պատ­գամ­նե­ր­»ու ո­ճով կը գրէ, կ՚ը­սէ, թէ Մոս­կուա­յի հա­մար շատ սպա­սե­լի է, որ Ռու­սաս­տա­նի կամ ա­նոր մեր­ձա­կայ տա­րածք­նե­րուն մէջ ռուս քա­ղա­քա­ցի­ներ թի­րախ դառ­նան՝ իս­լամ խմբա­ւո­րում­նե­րու հա­րուած­նե­րուն:

Սա­կայն, իր կար­ծի­քով՝ ե­ղա­ծը անըս-պա­սե­լի էր Ան­գա­րա­յի մէջ եւ այս «ո­ճը» կրնայ ա­ւե­լի ծանր շա­րու­նա­կու­թիւն­ներ ու­նե­նալ:

Մուս­թա­ֆա Ֆահս, ո­րուն բա­ռե­րու ե­տին կայ Հա­լէ­պի մէջ պար­տու­թիւն կրած սիւն­նիին ձայ­նը, կը հա­ւա­տայ, որ այդ դէպ­քե­րը չեն մոռ­ցուիր ու Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ որ­դեգ­րուած կե­ցուածք­նե­րը կրնան նոր ար­հա­ւիրք­նե­րու դուռ բա­նալ:

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝

Դես­պան Քար­լո­վի սպան­ու­թե­նէն ետք ա­րա­բա­կան մա­մու­լի յա­ռա­ջա­տար յօ­դուա­ծա­գիր­նե­րուն ը­րած վեր­լու­ծում­նե­րուն հա­յեացք մը նե­տե­լով՝ յստակ կը դառ­նայ, որ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հը այ­սօր բա­ւա­կան բարդ բա­ժա­նում­նե­րու մէջ է:

Սկսեալ Հա­լէ­պի մէջ ստեղ­ծուած եւ հաս­նե­լով մին­չեւ ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լիար­ժէք գնա­հա­տա­կան՝ ա­րաբ­նե­րը կող­մե­րու բաժ­նուած են եւ ու­նին հա­կա­սա­կան կար­ծիք­ներ:

Մինչ ի­րա­նա­մէտ կող­մը զգու­շա­ւոր եւ զգօն կեր­պով կը հե­տե­ւի Ան­գա­րա-Մոս­կուա մեր­ձեց­ման գոր­ծըն­թա­ցին կամ այդ ա­ռու­մով ե­ղած ցնցում­նե­րուն, ան­դին սիւն­նի աշ­խար­հին հա­մար կա­րե­ւոր է, որ Մոս­կուա­յի հիմ­նա­կան «քա­նա­լ­»ը Ան­գա­րան չըլ­լայ, այլ ըլ­լայ Ռիա­տը:

Այս տա­տա­նում­նե­րուն մէջ յստակ է նաեւ, որ դես­պան Քար­լո­վի սպան­ու­թեան դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ ալ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հը ու­նի բա­ւա­կան «սառ­ն» եւ սպա­սո­ղա­կան գնա­հա­տա­կան­ներ:

Թէեւ բո­լոր կող­մե­րը պա­տա­հա­րը «ցնցիչ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­ն» կը հա­մա­րեն, սա­կայն յստակ է նաեւ, որ ա­րաբ­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւո­րը ոչ թէ ե­ղած դէպքն է, այլ ա­նոր հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը:

Այս կէ­տին պար­տուող­ներ կամ յաղ­թող­ներ պի­տի չըլ­լան, ա­մե­նէն հիմ­նա­կա­նը այն է, որ Մոս­կուա-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ ըն­դա­ծի­րը իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ շրջա­նէն ներս նոր հա­ւա­նա­կան լու­ծում­ներ «պար­տադ­րե­լու» ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016