ԿԱՂԱՆԴԻ ՕԴԸ
Կարմիր կը փսխէ տարին ալ այս հին,
Կամքն իր ծանրագին դեռ պիտի տանինք․
Համաձայն կամ ոչ՝ քմայքն է անոր,
Պիտի հասնի քեզ, տարին է սա նոր։
Քեզ պիտի առնէ՞, ձեւէ՞, մաքրաջրէ՞,
Թէ դուն անոր դէմ ունիս եղջիւրներ,
Պիտի կըրճըտես միտք, ատամ, սէր, հեռ,
Սասանիս, եռաս, երջանկանաս խեռ։
Ոչ ան քեզ ունի, ոչ կու գայ նոփ-նոր․
Հին-հին բաները տակաւին բոսոր
Կը կիզեն, կը խոցեն ամէն կըտոր
Սըրտի, աստղի, ողջ իրերու հըզօր։
Անոնց մէջ սակայն կը մըտնէ յանկարծ
Օդը կենսախիտ, թարմ ու նորարծարծ,
Ճեղքեր ըստեղծած, ճախրերն մեր կարծած
Իրեն ենթարկող, իբրեւ նոր չաստուած
Մոմիաներուն սէգ շարժ ու գեղ տուող
Փոխարկիչ ներզօր, թարմաբոյր սեւ հող,
Թոքեր ուռեցնող, լայն հորիզոնով
Բազմակի նկար, արարիչ ափով
Գծագիր աւազ, համ կենդանութեան,
Թափանցում աճած եւ անհուն արմատ,
Մառախուղին մէջ ոսկեթել ժանեակ,
Առաջին սկիզբ եւ նոր ժամանակ։
ԿԱՐՕ ՄԱՐՏՈՒՆԻ