ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը 2017 թուա­կա­նը դի­մա­ւո­րեց լա­ւա­տե­սու­թեամբ եւ ա­ղօ­թա­կան մթնո­լոր­տի մէջ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը ի­րա­կա­նա­ցուց ա­մա­նո­րեան հա­ւաք մը։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հա­մախմ­բուե­ցան մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը՝ ող­ջու­նե­լու հա­մար Նոր տա­րին։ Գում­գա­բուի մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նէն դէ­պի Մայր ե­կե­ղե­ցի ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րը մուտք գոր­ծեց պատ­մա­կան տա­ճար, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­նո­նա­կան ժա­մեր­գու­թիւն։ Միաս­նա­բար եր­գուե­ցաւ «Տէր ո­ղոր­մեա»ն։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մեր քա­հա­նա­յից դա­սու բազ­մա­մեայ ան­դամ­նե­րէն Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նին շնոր­հեց ա­ւա­գու­թեան պա­տիւ եւ ծաղ­կեայ փի­լոն կրե­լու ար­տօ­նու­թիւն։ Սա ար­դար գնա­հա­տանք մը ու վար­ձատ­րու­թիւն մըն էր՝ Տ. Կո­րիւն Ա. Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած բազ­մա­մեայ ու նա­խան­ձախն­դիր աշ­խա­տան­քին հա­մար։

Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ժա­մեր­գու­թե­նէն վերջ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը վե­րա­դար­ձան Պատ­րիար­քա­րան, ուր հա­մախմ­բուե­ցան դահ­լի­ճին մէջ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը Ա­մա­նո­րի առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս գնա­հա­տեց մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նե­րած չա­փով, մեծ նուի­րու­մով ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նեն մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պայ­ծա­ռու­թեան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր մխի­թա­րու­թեան հա­մար։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յի­շե­ցուց, որ մեր քա­հա­նա­յից դա­սու կարգ մը ան­դամ­նե­րը ի զօ­րու չեն ի­րենց պաշ­տօ­նը կա­տա­րե­լու՝ ա­ռող­ջա­կան կամ ֆի­զի­քա­կան տկա­րու­թեան պատ­ճառ­նե­րով։ Կամ­քի ան­կախ այս ե­րե­ւոյ­թին հե­տե­ւան­քով մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը ո­րոշ չա­փով ուժ կորսն­ցու­ցած է եւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ո­րո­նում­նե­րուն թափ պի­տի տրուի՝ առ­կայ դժուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Իր խօս­քին մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ Տ. Կո­րիւն Ա. Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մատ­նան­շեց, որ մեր երկ­րին մէջ վեր­ջին շրջա­նին պա­տա­հած են ա­հա­բեկ­չա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ յար­ձա­կում­ներ։ Ուս­տի, ան մաղ­թեց, որ Նոր տա­րին ա­ռիթ հան­դի­սա­նայ խռո­վու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման հա­մար եւ ա­մէ­նու­րեք տի­րէ խա­ղա­ղու­թեան ո­գին։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դէն վերջ, յա­նուն հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեանն ալ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ՝ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ յղե­լով բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն։ Ան նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րուն հա­մար եւ փո­խա­դարձ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց ա­նոր։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւս անդ­րա­դար­ձաւ նոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ան մաղ­թեց, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի այս կեն­սա­կան հար­ցին շուրջ կա­րե­լի դառ­նան գործ­նա­կան քայ­լե­րը։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա-­շա­լեան մաս­նա­ւո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան հա­մար։ Ան մաղ­թեց նաեւ, որ թա­փուր հռչա­կուած Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը 2017 թուա­կա­նին օժտուի նոր գա­հա­կա­լով մը։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան հա­մո­զուած է, թէ մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մին պարտքն է ա­ղօթ­քի ճամ­բով զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ իր հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն, մեր Սուրբ Ա­թո­ռին եւ մե­րազն ժո­ղո­վուր­դին։ Ան կոչ ուղ­ղեց հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն, որ­պէս­զի նոր տա­րիին եւս շա­րու­նա­կեն ա­ղօ­թել խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Իր կար­գին սրտի խօսք մըն ալ ար­տա­սա­նեց Տ. Կո­րիւն Ա. Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն ըն­ծա­յուած գե­ղե­ցիկ ա­նակնկա­լին հա­մար։ Հա­ւա­քի ա­ւարտին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ ա­ռին՝ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ ու զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­լով Ա­մա­նո­րի կա­պակ­ցու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ա­մա­նո­րի առ­թիւ իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին։ Տա­րե­մու­տի առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը եւ անձ­նա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ա­նու­շա­պու­րի ա­ւան­դա­կան սե­ղա­նին շուրջ։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ տա­րե­մու­տի առ­թիւ կը մէկ­տե­ղուի Պատ­րիար­քա­րա­նի անձ­նա­կազ­մի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հետ։ Ան բո­լո­րին յղեց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ ու մաղ­թեց, որ Նոր տա­րին օրհ­նա­բեր ըլ­լայ թէ՛ մեր Սուրբ Ա­թո­ռին եւ անձ­նա­կազ­մի իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մին հա­մար, ըն­տա­նիք­նե­րով հան­դերձ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­րա­նի անձ­նա­կազ­մի ծա­ւա­լած աշ­խա­տան­քին, յանձ­նա­ռու­թեան ո­գիին եւ ստանձ­նած զո­հո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017