ԽՈՆԱՐՀ ԱՍՏՈՒԱԾ Ի ԲԵԹՂԵՀԷՄ
Տարիներու տխուր տողանցքին առջեւ մենք ջերմօրէն մխիթարութիւն կը զգանք երկու հազար տարուայ աւետիսը վերստին հնչեցնելով.
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։
Մեր մանկութեան ջերմագոյն յիշատակներով խանձարուրուած է այս օրը, չենք ուզեր որ փոխ-ւի։ Ամէն ինչ կը փոխուի մեր շուրջը. մեր տարիքը, շրջապատը, աշխարհը, ժամանակները, ամէն ինչ։ Իսկ մենք կ՚ուզենք փարոսներ գտնել այս ծփծփուն եւ վաղանցուկ իրականութեանց մէջ։ Մեր լոյս հաւատքի արտայայտութիւններն են այդ փարոսները, որոնք կը փայլին ամբողջ տարի Քրիստոնէական տօներու շքեղ տողանցքովը ետեւ ետեւէ։
Քրիստոնեայի ճամբան Աստուծոյ նմանելու ձգտումին մէջ կը կայանայ։ «Կատարեալ եղէ՛ք. ինչպէս ձեր Հայրը որ երկինքն է, կատարեալ է» (Մատթ. 6:48)։ Հետեւաբար Աստուծոյ պատկերը մշտապէս ունենալու ենք մեր առջեւը որպէս ուղեցոյց։ Աստուածայայտնութիւն մըն է Յիսուսի ծնունդը, որ Աստուծոյ ինքնութեան մասին շատ էական պատկերներ կը մատուցանէ մեզի։ Տէր Յիսուսի ծնունդէն ճառագայթող խորիմաստ յայտնութիւնները մեծապէս կրնան օգնել մեզի, ճանչնալու Աստուծոյ նկարագիրը, որպէսզի վերաճշդենք, թէ որո՞ւն նմանելու ենք եւ ինչպէ՞ս։
Աստուածահաճոյ մարդ դառնալու առջեւ մեծագոյն արգելքը սխալ ուղղութեամբ զարգացած մրցակցութիւն է, որ «վերամբարձ ոտնահարութեամբ» կը ձգտի ճախրանալ հպարտութեան թեւերով եւ առանձինն գրաւել կատարներ։ Այս հպարտութեան զգացումը ցուրտ է եւ վայրագ ու տեղեակ չէ ոտնլուայի հրաշքէն:
Իսկ մանուկ Յիսուսին մէջ յայտնուող Աստուած կը խորտակէ մեր բոլոր «մեծութեան» հէքեաթները եւ «յաջողութեան» առասպելները։ Աստուածորդիի խոնարհութիւնը դէմ յանդիման կը թողու մեզ ուրիշ մէկ տեսակ մեծութեան եւ առաջնութեան հասկացողութեան հետ (Փիլիպ. Բ, 5։11)։
Համայն մարդկութիւնը Ադամէն սկսեալ մեծաւորութեան մոլուցքէն վարակուած է։ Իւրաքանչիւր անձ որ կը զգայ իր տկարութիւնը մանկութենէ սկսեալ, կÿայրի մեծ մարդ լինելու, գովաբանուելու, փառաբանուելու եւ առաջնորդ հանդիսանալու մարմաջով։ Մարդկանց միջեւ տեղի ունեցած ընդբախումներու պատճառներէն ամենէն կարեւորը այս է անկասկած։ Ամէն մարդ եւ ազգ, իր կարգ մը տաղանդներու շնորհիւ ինքզինք ուրիշներէն աւելի լաւին արժանի կը տեսնէ. քանի որ ինքը աւելի խելացի, ընդունակ, հզօր, գեղեցիկ եւ կամ կրթուած է, ուրեմն իրաւունք ունի աւելին պահանջելու։ Աւելի իշխանութիւն, հարստութիւն, համբաւ, դիրք եւ ապահուվութիւն։ Թէեւ Յիսուս պատմութեան մեծագոյն անձնաւորութինն է եւ Աստուծոյ մարմնացումը՝ ծնաւ եւ ապրեցաւ շատ համեստ պայմաններու ներքեւ։ Այն Աստուածը, որ կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոսի մէջ, մեզի լաւագոյն օրինակը կու տայ խոնարհութեան եւ կը փաստէ, որ ճշմարիտ մեծութունը կախեալ չէ, թէ անձը որքան ունեւոր է, այլ որքան կարող է ան հրաժարելու իր ունեցուածքէն ի փրկութիւն ուրիշներուն։
Այսպէս միշտ հեզ ու խոնարհ՝ Բեթղեհէմի համեստ մանուկը երեսուն տարի յետոյ յայտնուեցաւ Յորդանան գետի մէջ, մկրտուելով Յովհաննէս Մկրտիչէն կարծես «մեղաւոր» մարդ մը, նոյնիսկ զարմանքի մատնելով Մեծն Յովհաննէսը։
Այս խոնարհութեան արեւը պէտք է հալեցնէ նաեւ հպարտութեամբ սառոյց կապած մեր լեռները, այսինքն մեր անյագուրդ սիրտերը։ Թերեւս այսպիսի խոնարհութենէն յետոյ մենք ալ կը լսենք երկնաւոր Հօր քաջալերական ձայնը մեր խիղճերուն մէջ արձագանգաբար. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մարկ. 1։11)։ Մարդկային սիրտը կը յագենայ միայն Աստուածային այսպիսի գնահատանքով եւ կը հրաժարի այլեւս ուրիշ ծափահարանքներ որոնելէ։
Եկէ՜ք սիրելիներ, ուղղենք մեր նկարագիրը եւ նմանինք Աստուծոյ՝ մեր Երկնաւոր Հօր, ներշնչուելով մարմնացեալ Ասուածորդւոյն խոնարհ պատկերէն Բեթղեհէմի մսուրին մէջ խաղաղ քնացող։ Ի՜նչ հրաշաւոր տեսարան։
Մեր հոգիի աչքերով, եկէ՜ք, անգամ մը եւս երթանք Յորդանան գետի ափերը եւ Քրիստոսի հետ մտնենք անոր մէջ վերյիշելով մեր մկտութիւնը, զգանք որ միշտ պէտք ունինք լուացուելու մեր մեղքերէն եւ նորոգուելու մեր երկրային ուխտագնացութեան ճանապարհներու վրայ: Ի՜նչ տեղին է աղաղակը Ներսէս Շնորհալի հայրապետին. «Որդի՛ Աստուծոյ, Աստուած ճշմարիտ, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցար, եւ մեր փրկութեան համար մարմին առիր Սուրբ Կոյս Մարիամէն… եւ ողորմէ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։
ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024