ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՌԻԱՏԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՄԻՋՆՈ՞ՐԴ

Ըստ լի­բա­նա­նեան պաշ­տօ­նա­կան լրա­տուու­թեան, Լի­բա­նա­նի Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն եր­կօ­րեայ այ­ցով Ռիա­տի մէջ է:

Եր­կու ա­միս ա­ռաջ երկ­րի նա­խա­գահ ընտ­րուած Աուն իր ար­տա­քին շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րուն կը սկսի այ­ցե­լե­լով նախ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա ու ա­պա Քա­թար: Սիւն­նի աշ­խար­հի այս եր­կու ո­րո­շիչ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րը կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած էին դիւ­րաց­նե­լու Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ հաս­նի­լը՝ ի­րա­նեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան «կրո­ղը» հա­մա­րուող մա­րո­նիտ զօ­րա­վա­րը:

Շուրջ ե­րեք տա­րի թա­փուր մնա­լէ ետք Աուն նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ հա­սաւ շրջա­նա­յին ու­ղե­ծիր մը ու­նե­ցող հա­մա­ձա­յնու­թեան հիմ­քով, ո­րուն հիմ­նա­կան ո­րո­շիչ տար­րերն էին Թեհ­րանն ու Ռիա­տը:

Մինչ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան կողմ­նա­կից ու­ժե­րը ու­նե­նա­լով եր­կու ա­ռաջ­նա­յին թեկ­նա­ծու­ներ՝ Աու­նը եւ Սլէյ­ման Ֆրան­ժիէն, բա­ւա­կան հան­գիստ հա­յեաց­քով հե­տե­ւե­ցան ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ան­դին Ռիատ, որ մինչ այդ Աու­նի ա­նուան դէմ «վե­թօ» դրած էր «ծանր ու թե­թեւ» ը­նե­լով խա­ղի կշռա­քա­րե­րը եւ ո­րոշ պայ­ման­նե­րով ըն­դու­նեց Աու­նի թեկ­նա­ծութեան ա­ռա­ջադ­րու­մը:

Բնա­կա­նա­բար Աուն-Ռիատ հիմ­նա­կան կա­պը ներ­կայ վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րին է, ո­րուն Աու­նի ա­նուան ա­ռա­ջադ­րու­մէն ետք բո­լո­րին հա­մար կը յստա­կա­նար, որ Լի­բա­նան պի­տի ընտ­րէ իր 13-րդ նա­խա­գա­հը: Աուն ըլ­լա­լով զինուո­րա­կան հաս­տա­տու­թեան՝ լի­բա­նա­նեան բա­նա­կին հա­ւա­տա­րիմ «զա­ւակ»ը, փրակ­մա­թիք է իր կե­ցուածք­նե­րուն մէջ:

Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ան կը հա­մա­րուի Ի­րա­նի «աջ ձեռք»ը՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ի հիմ­նա­կան դաշ­նա­կի­ցը, ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ ա­ւե­լորդ լա­րում մը կամ ժխտա­կան կե­ցուածք­ներ չու­նի Սէու­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց դէմ:

Ա­ւե­լի՛ն. Աուն շատ լաւ հասկ­ցած է, որ Լի­բա­նա­նը կա­ռա­վա­րե­լու հիմ­նա­կան բա­նա­լին կը գտնուի Ռիատ-Թեհ­րան հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռանցք­նե­րուն մէջ:

Ճիշդ է, որ այս եր­կու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րը բա­ւա­կան տար­բեր եւ նոյ­նիսկ հա­կա­սա­կան կե­ցուածք­ներ ու­նին կա­պ-ւած շրջա­նա­յին կարգ մը տագ­նապ­նե­րու, բայց եւ այն­պէս, Լի­բա­նա­նի մէջ պահ­պա­նուած «սթա­թիւ­քօ»ն կամ խա­ղաղ ի­րա­վի­ճա­կը ցոյց տուին, որ հա­կա­ռակ Սու­րիոյ, Ի­րա­քի ու մա­նա­ւանդ Եէ­մէ­նի մէջ առ­կայ հա­կա­սու­թիւն­նե­րուն, կա­րե­լի է նուա­զա­գոյն զի­ջում­ներ գոր­ծադ­րել եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կել Լի­բա­նա­նի մէջ:

Չմոռ­նանք նաեւ, որ Լի­բա­նա­նի անվտան­գու­թեան հար­ցը կա­րե­ւոր օ­րա­կարգ է ոչ միայն շրջա­նա­յին տէ­րու­թեանց, այլ նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Փա­րի­զի եւ Մոս­կուա­յի հա­մար:

Այս նա­խա­բա­նէն ետք եւ վե­րա­դառ­նա­լով բուն նիւ­թին՝ պէտք է նկա­տել, որ Աու­նի Ռիատ այ­ցե­լու­թիւ­նը կրնայ այլ շեշ­տադ­րում­ներ ու­նե­նալ իր մէջ:

Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հը իր այս այ­ցով, ե­թէ ա­ռա­ջին հեր­թին պի­տի հե­տապն­դէ լի­բա­նա­նեան բա­նա­կին Ռիա­տի կող­մէ տա­րի մը ա­ռաջ տրա­մադ­րուած եւ ա­պա սա­ռե­ցուած 3 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի օգ­նու­թեան թղթած­րա­րը, չի խան­գա­րեր նաեւ, որ Աուն շօ­շա­փէ Թեհ­րա­նի հան­դէպ Ռիա­տի մեր­ձեց­ման ընդ­հա­նուր բազ­կե­րա­կը:

Այս մա­սին բա­ւա­կան ծա­ւա­լուն յօ­դուած մը հրա­պա­րա­կած է ի­րա­նեան ֆրան­սա­տառ Pars Today կայ­քէ­ջը՝ նշե­լով, որ Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ նա­խա­գա­հը կրնայ լաւ միջ­նորդ մը դառ­նալ շրջա­նին մէջ բա­ւա­կան ազ­դե­ցիկ դեր ու­նե­ցող եր­կու տէ­րու­թեանց մի­ջեւ:

Այս հանգ­րուա­նին ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ մէջ ար­ձա­նագ­րուած փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ՝ Ռիա­տի հա­մար շատ նպա­տա­կա­յար­մար է երկ­խօ­սու­թիւն կա­յաց­նել Թեհ­րա­նի հետ:

Վեր­ջին եր­կու տա­րուան դէպ­քե­րը եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Եէ­մէ­նի մէջ սէու­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նա­հան­ջը, նոյ­նիսկ զի­նուո­րա­կան «պար­տու­թիւ­ն»ը ե­կան ցոյց տալ, որ շրջա­նի հար­ցե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար «քէն պա­հե­լու» կամ ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լու մօ­տե­ցում­նե­րը օգ­տա­կար զէն­քեր չեն:

Սէուտ­ցիք մեծ «շոք» ապ­րե­ցան ոչ միայն Հա­լէ­պի «ան­կում»ով, այլ նաեւ Ան­գա­րա­յի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, որ իր ե­տին ձգե­լով ՆԱ­ԹՕ-ի հա­ւա­տա­րիմ դաշ­նա­կից ըլ­լա­լու դրոյ­թը, աչ­քե­րը յա­րեց դէ­պի Մոս­կուա եւ այ­սօր մաս կը կազ­մէ Մոս­կուա-Թեհ­րան-Ան­գա­րա նո­րաս­տեղծ դա­շին­քին:

Միւս կող­մէ, յստակ է նաեւ, որ սիւն­նի­նե­րու հիմ­նա­կան բան­բե­րը՝ Ռիա­տին հա­մար ալ Մոս­կուա­յի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը առ­կայ չեն: Ճիշդ է, որ սէուտ­ցի իշ­խան­ներ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով հե­ռա­ւոր հիւ­սիս այ­ցե­լե­ցին եւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան ռուս բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ, բայց եւ այն­պէս ա­նոնք ստա­ցան պատ­գամ մը. «Գա­ցէ՛ք եւ խօ­սե­ցէ՛ք Թեհ­րա­նի հետ»: Սա­կայն այս բո­լո­րէն ան­դին Ռիատ մնաց ան­զի­ջող եւ ու­զեց իր բախ­տը «փոր­ձել» այս ան­գամ Եէ­մէ­նի մէջ:

Այ­սօր յստակ է, որ շրջա­նին մէջ լու­ծում­նե­րու նոր պա­տու­հան­ներ կը բա­ցուին: Ճիշդ է, որ այս գոր­ծըն­թաց­նե­րուն յա­ռա­ջա­տա­րը՝ Մոս­կուան է, սա­կայն չի բա­ցա­ռուիր, որ այս բո­լո­րը կը կա­տարուին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նոր վար­չա­կազ­մին հետ լռե­լեայն հա­մա­ձայ­նու­թեամբ:

Չմոռ­նանք, որ 2016 թուա­կա­նի վեր­ջին օ­րե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի ե­րե­սունհինգ ռուս դի­ւա­նա­գէտ­ներ երկ­րէն վտա­րե­լու ո­րո­շու­մին փո­խա­րէն, ռու­սա­կան կող­մը հա­ւա­սարկշ­ռուած եւ բա­ւա­կան ինք­նավս­տահ մօ­տե­ցու­մով հան­դէս ե­կաւ ու պահ­պա­նեց իր սառ­նասր­տու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ մօ­տիկ ան­ցեա­լին ե­ղած «պատ­ժա­մի­ջոց-հա­կազ­դե­ցու­թիւն՝ պատ­ժա­մի­ջոց»ին, խա­ղէն դուրս գա­լով ան­տար­բեր կե­ցուած­քով հան­դէս ե­կաւ:

Օ­պա­մա­յի ան­խե­լա­միտ եւ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած նա­խա­գա­հի ա­նո­րոշ քայ­լե­րուն փո­խա­րէն, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին հան­րա­յին կար­ծի­քին ը­սել ու­զեց, որ Մոս­կուա-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շու­տով նոր հուն պի­տի մտնեն եւ ճիշդ հա­մա­րեց չհա­կազ­դել ա­մե­րի­կեան ա­նո­պայ վճի­ռին:

Այս­տեղ նաեւ պարզ կը դառ­նայ, որ Ռիատ պէտք է ա­ճա­պա­րէ իր ընտ­րանք­նե­րուն մէջ:

Ի՞նչն է լա­ւը Ռիա­տի հա­մար. պահ­պա­նել իր կարծր կե­ցուածք­նե­րը կամ երկ­խօ­սու­թեան եր­թա՞լ Թեհ­րա­նի հետ:

Ճիշդ է նաեւ, որ Թեհ­րա­նի հա­մար ալ շատ մեծ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ Ռիա­տի հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու նոր ըն­թա­ցա­կարգ մը ստեղ­ծե­լը: Բայց փաստ է, որ Ի­րան օգ­տուե­լով եւ գոր­ծադ­րե­լով իր քա­ղա­քա­կան ա­րե­ւե­լու­մի դա­րա­ւոր ու­ղիէն եւ ի­րա­նեան յայտ­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան լե­զուէն, շատ հա­ւա­նա­բար չմեր­ժէ սե­ղա­նի գլուխ նստիլ սիւն­նի աշ­խար­հի ի­րա­կան տէ­րե­րուն հետ: Չի բա­ցա­ռուիր այդ մէ­կը, մա­նա­ւանդ, որ միջ­նոր­դը՝ զօ­րա­վար Աուն կը հա­մա­րուի Թեհ­րա­նի եւ ա­նոր շրջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան եւ վստա­հե­լի ա­ջա­կից­նե­րէն մին:

Կրնայ ան­շուշտ հա­կա­ռակն ալ պա­տա­հիլ եւ այդ պա­րա­գա­յին յա­ւե­լեալ սրա­ցում­ներ պի­տի ըլ­լան՝ Ի­րա­քի ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Եէ­մէ­նի մէջ: Սու­րիոյ մա­սին այլ խօսք, ո­րով­հե­տեւ Մոս­կուա­յի ճի­գե­րով կազ­մուած նոր ե­ռա­կողմ «դա­շինք»ը մին­չեւ այս պա­հը կը հա­մարուի ան­կոտ­րե­լի եւ ա­նոր ա­ռա­ջարկ­ներն ու գծած ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սը յա­ջո­ղու­թեան մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն ու­նին:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Լի­բա­նա­նին, եթէ նոյ­նիսկ Նա­խա­գահ Աուն չյա­ջո­ղի միջ­նոր­դի դե­րով հան­դէս գալ, յստակ է, որ եր­կու ազ­դե­ցիկ մայ­րա­քա­ղաք­ներն ալ վճռած են ա­մէն գնով պահ­պա­նել Լի­բա­նա­նի խա­ղա­ղու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը:

Հա­լէ­պի դէպ­քե­րը եւ սիւն­նի­նե­րու պաշտ­պա­նած զի­նեալ­նե­րուն պար­տու­թիւ­նը ա­նու­րա­նա­լի փաստ է:

Այդ չէ խնդի­րը: Հար­ցը ա­ւե­լի խոր­քա­յին ի­մաստ­ներ ու­նի: Հա­լէ­պի խրա­մատ­նե­րուն դա­տար­կու­մը եւ այդ շուրջ վեց հա­զար զի­նեալ­նե­րուն դէ­պի Իտ­լիպ հե­ռա­ցու­մը՝ կրնայ նոր հանգ­րուան մը բա­նալ սիւն­նի-շիի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ, ո­րոնք ա­ռանց այս դէպքն ալ ար­դէն լա­րուած են։

Սիւն­նի աշ­խար­հը պատ­րաստ է՞ մար­սել այդ պար­տու­թիւ­նը եւ նա­յիլ դէ­պի ա­պա­գայ: Կամ վեց տա­րի ա­ռաջ սկիզբ ա­ռած եւ Սու­րիան Ի­րա­նէն «կտրե­լու» մի­տուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տա­պա­լու­մէն ետք սիւն­նի աշ­խար­հը ի՞նչ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ պի­տի «պա­տաս­խա­նէ» այս բո­լո­րին:

Այս հար­ցադ­րում­նե­րուն մէջ մտա­հո­գիչ շեր­տեր կան, ո­րով­հե­տեւ խա­ղէն պար­տուած հե­ռա­ցո­ղի հո­գե­բա­նու­թիւ­նը կրնայ բա­ւա­կան սուղ ար­ժել ոչ միայն տա­րած­քաշր­ջա­նին, այլ նաեւ Ռիա­տի հետ քա­ղա­քա­կան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն հա­մար:

Պարզ օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար պէտք է յի­շեց­նել, որ Ան­գա­րա­յի մէջ ռուս դեսպանին դէմ ա­հա­բեկ­չու­թիւն կա­տա­րած Ալ­թըն­թա­շի պա­րա­գան (որ ա­ռիթ ու­նե­ցաւ իր «պատ­գամ»ը բարձ­րա­ձայ­նե­լու), նաեւ Պոլ­սոյ սրտին վրայ 1 Յու­նուա­րին «Ռէյ­նա» գի­շե­րա­յին ա­կում­բին վրայ կա­տա­րուած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը: Եր­կու ա­հա­բեկ­չու­թիւն եւ գոր­ծու­նէու­թեան մէկ ոճ:

Ու տա­կա­ւին յստա­կօ­րէն կը բնո­րո­շուի, որ պար­տու­թեան ծանր հա­րուա­ծին տակ մնա­ցած սիւն­նի աշ­խար­հի տէ­րե­րը ափ ի բե­րան մնա­ցին այս դէպ­քե­րէն, ժա­մա­նակ չու­նին կորսնց­նե­լու նստե­լու հա­մար Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ կեր­տուած լու­ծում­նե­րու նոր «լո­քո­մո­թիւ»ը:

Ան­շուշտ, ե­թէ ի­րենք եւս պատ­րաստ են ո­րոշ զի­ջում­նե­րու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017