ՁՄՐԱՆ ՄՈ՜ՒԹ ԱՄՊԵՐ

Բնու­թեան հա­մար ձմե­ռը՝ իր մութ ամ­պե­րով սու­գի ե­ղա­նակ մը, տխուր շրջան մըն է։ Ձմրան մութ ամ­պե­րուն տակ, կա­ծես ա­մե­նէն զուարթ մարդն իսկ կը դառ­նայ մե­լա­մաղ­ձոտ տխուր մարդ մը, յա­ճախ յու­սալ­քուած եւ տրտում։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ՝ մարդ ա­ռա­ւե­լա­պէս կ՚ազ­դուի ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րէ, շար­ժա­ռիթ­նե­րէ եւ նաեւ բնու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն, ե­ղա­նակ­նե­րէն։ Այն­պէս չէ՞, գա­րնան եւ ա­մրան ո՜ր­քան աշ­խոյժ, ե­ռան­դուն եւ զուարթ է մարդ, բայց նոյն մար­դը՝ աշ­նան եւ ձմրան բո­լո­րո­վին կը փո­խուի, տրտում եւ եր­բեմն մե­լա­մաղ­ձոտ վի­ճակ մը կը ստա­նայ, այն­պէս որ կար­ծես նոյն ան­ձը չ՚ըլ­լար։

Մար­դը նո՛յն մարդն է, բայց փո­խուած ար­տա­քին ե­րե­ւոյթ­նե­րուն, բնու­թեան պայ­ման­նե­րուն հա­մա­ձայն տար­բեր զգա­ցում­նե­րով լե­ցուած՝ տար­բեր ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նայ։ Կար­ծես խնճոյ­քէ մը, հա­ճե­լի մի­ջա­վայ­րէ մը կ՚ել­լէ մարդ եւ սու­գը կը մտնէ, բնու­թեան հա­մա­կեր­պե­լով՝ իր գու­նա­գեղ հա­գուս­տէն մեր­կա­նա­լով՝ սպի­տակ պա­տան­քի մը մէջ փաթ­թուած մու­թե­րուն կը խառ­նուի։ Եւ մու­թը կը պա­տէ զայն։

Գի­տէք, ո­մանք սու­գը կ՚ապ­րին ձայ­նա­ւոր կեր­պով՝ բարձ­րա­ձայն. ող­բա­լով, լա­լով եւ ան­դա­դար խօսք թա­փե­լով, ան­վերջ պոռթ­կում­նե­րով, իսկ ու­րիշ­նե­րու սու­գը՝ լուռ է, ան­ձայն, անշ­շուկ, ա­նաղ­մո՛ւկ։

Բնու­թեան սու­գը այդ երկ­րորդ տե­սա­կին կը պատ­կա­նի՝ ա­նոր սու­գը ան­ձայն է եւ ա­նաղ­մուկ։

Եւ ընդ­հան­րա­պէս ձմրան մէջ բնու­թեան այդ լռու­թիւ­նը մե­ռե­լա­յի՛ն ան­ձայ­նու­թիւն մըն է։

Իսկ լռու­թիւ­նը, շատ մը դիւ­րազ­գած հո­գի­նե­րու հա­մար բա­րո­յա­կան բանտ մըն է։ Երբ ձմեռ է, կար­ծես բնու­թեան լե­զուն կը կա­պուի, կը կաշ­կան­դուի, կը բան­տար­կուի՝ ա­մուլ եւ ան­շարժ կը լճա­նայ։ Սա­կայն, հա­զիւ թէ գա­րու­նը հաս­նի՝ լե­զուն բան­տէն կ՚ար­ձա­կուի՝ կը բա­ցուի՛։ Կը սկսի խօ­սիլ, եւ նոյ­նիսկ եր­գե՜լ՝ ո­րուն հա­ճոյ­քով կը մաս­նակ­ցին թռչուն­ներ, գե­տեր, ա­ռուակ­ներ, տե­սակ տե­սակ կեն­դա­նի էակ­ներ, ա­նա­սուն­ներ, ան­բան­ներ՝ ո­րոնք ձայն ու­նին, թէեւ «ա­նա­սուն» կ՚ա­նուա­նուին, քա­նի որ մար­դիկ չեն հասկ­նար ա­նոնց «խօսք»ը, ձայ­նին ի­մաստ եւ նշա­նա­կու­թիւն չեն գտնել… եւ այս բնու­թեան ձայ­նին կը մաս­նակ­ցին մին­չեւ իսկ ճպուռ­ներ եւ յե­տին բզէզ­ներ՝ մի՛շտ հա­մա­նուագ։

Բնու­թեան զուարթ ձայ­նը, կեն­սա­տու եր­գը գէթ կի­սո­վի իր ձայ­նե­րուն մէջն է բո­լոր այս կեն­դա­նի էակ­նե­րուն, ո­րոնք տեղ կը գրա­ւեն բնու­թեան մէջ։

Եւ երբ ձայ­նը դադ­րի՝ կեան­քը կը վեր­ջա­նայ։

Կեան­քը «կեանք» ը­նո­ղը «ձայն»ն է՝ ձայ­նի ա­լիք­նե­րը, ո­րոնք կը տա­րա­ծուին եւ կը գո­չեն՝ «մենք կեն­դա­նի՛ ենք», «մենք կ՚ապ­րինք», «մենք հո՛ս ենք». ա­սի­կա կեն­սու­նա­կու­թեան, գո­յա­տեւ­ման փաստ մըն է՝ գո­չիւն մը, որ կեան­քին ա­պա­ցո՛յցն է…։

Եւ բնու­թիւ­նը կը լռէ, ան­ձայն կը մնայ, երբ կը հաս­նի ձմրան մո՜ւթ ե­ղա­նա­կը, բնու­թիւ­նը, ու­րեմն կը մեռ­նի, թէեւ եր­բեմն ա­ռանց թա­ղուե­լու, եր­բեմն ալ իս­կա­պէս թա­ղուե­լով երբ ա­մէն կողմ պա­տէ մո՜ւթ ամ­պե­րը։

Երբ ձմե­ռը գայ եւ ա­նո­ղո­քօ­րէն լռեց­նէ ա­մէն ձայն, կը դադ­րի նաեւ բնու­թեան ձայ­նը, եւ կը լռեն թռչուն­ներ, ա­րե­գակ եւ ա­նա­սուն­ներ, ո­րոնք ի­րա­պէս կ՚ըլ­լան «ան-ա­սուն» եւ կը դադ­րի ա­մէն ձայն։

Քա­նի որ ը­սինք, թէ՝ ձայ­նը կեա՛նք է, ա­պա ու­րեմն կը դադ­րի նաեւ կեան­քը, կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, եր­բեք դի­տած էք թռչուն մը՝ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ խա­ղա­ղիկ մէկ պա­հուն, երբ ե­ղա­նա­կը ար­դէն ձմեռ է, ա­մէն կողմ ձիւ­նը պա­տած եւ ա­ռա­ւօ­տեան այս ժա­մե­րուն՝ օ­դը շատ ա­ւե­լի՛ ցուրտ։ Թռչու­նը, թէեւ ձմրան մութ եւ թանձր մի­ջա­վայ­րէն ազ­դուած ըլ­լա­լու էր, բայց ա­նի­կա կ՚եր­գէ սո­խա­կի մը նման՝ թէեւ ա­նի­կա սո­խակ մը չէ՛։

Թռչու­նը իր ինք­նու­թիւ­նը, իր գո­յու­թիւ­նը, իր կեն­դա­նու­թիւ­նը ցոյց կու տայ եր­գով, ձայ­նով։ Եւ երբ մար­դիկ եւ ամ­բողջ բնու­թիւ­նը մե­ռե­լա­յին լռու­թեան մը մատ­նուած, ա­մուլ եւ ան­շարժ կը մնան թռչու­նը, որ «սո­խակ» մը իսկ չէ, սո­խա­կի նման կ՚եր­գէ, կը ձայ­նէ եւ կը գո­չէ՝ «ես հո՛ս եմ ա­հա­ւա­սիկ», «ես կ՚ապ­րիմ», «ես չե՛մ ի­րա­ւազր­կուած իմ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քէս», «ե­թէ նոյ­նիսկ ամ­բողջ բնու­թեան բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ կեն­դա­նի­ներ, լեռ­ներ, գե­տեր, ա­ռուակ­ներ, մին­չեւ իսկ մար­դիկ լռեն, ես չե՛մ լռեր, ես իմ ձայնս եւ կեանքս չե՛մ բան­տար­կեր, ես ինք­զինքս չե՛մ կաշ­կան­դեր, քա­նի որ ա­հա­ւա­սիկ ես կ՚ապ­րիմ, կեանք ու­նիմ եւ այդ կեան­քը ապ­րե­լու ար­դա՛ր ի­րա­ւունք»։ Այս­պէս կ՚ը­սէ այդ թռչու­նը, երբ կ՚եր­գէ սո­խա­կի մը նման, բայց «սո­խակ» իսկ չէ՛։ Այդ «սո­խակ» իսկ չե­ղող բայց սո­խա­կի նման եր­գող թռչու­նը հե­րոս մըն է՝ որ կը պաշտ­պա­նէ իր ար­դար ի­րա­ւուն­քը՝ կեան­քը ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը, ա­մառ-ձմեռ, գա­րուն-ա­շուն, քա­նի որ ա­մէն ե­ղա­նա­կի, ա­մէն շրջա­նի կեան­քը նո՛յն կեանքն է, ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը միշտ ան­փո­փոխ եւ մշտնջե­նա­ւո՛ր։

Եւ ձմեռ ե­ղա­նա­կին՝ առ­տուան այդ կճող ցուր­տին, թռչու­նը դա՛ս մը կու տայ «մարդ»ուն, քա­ջու­թեան, ա­րիու­թեան, ի­րա­ւունք­նե­րու տէր կանգ­նե­լու գի­տակ­ցու­թեան եւ մա­նա­ւա՛նդ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին նուի­րա­կա­նու­թեան հրա­շա­լի՜ դա՛ս մը, քաջ ըլ­լա­լու, ի՛նչ որ ալ ըլ­լան ար­տա­քին պայ­ման­նե­րը՝ չփո­խուե­լու, հաս­տա­տուն նկա­րագ­րով իր էու­թիւ­նը գո­յա­պահ­պա­նե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու քա­ջու­թեան դա՛ս մը։

Եւ մարդ, հա­կա­ռակ իր կար­ծե­ցեալ կա­տա­րե­լու­թեան, են­թադ­րեալ զօ­րու­թեան եւ ինք­նա­բա­ւու­թեան, փոքր թռչու­նէ մը իսկ՝ սո­խա­կի մը նման եր­գող եւ «սո­խակ» իսկ չե­ղող թռչու­նէ մը առ­նե­լիք շա՜տ դա­սեր ու­նի։ Եւ բնու­թիւ­նը լե­ցուն է նման դա­սե­րով, եւ երբ մարդ չար­հա­մար­հէ, չան­տե­սէ այդ հրա­շա­լի՜ եւ կեն­սա­տու դա­սե­րը, անդ­րա­դառ­նայ բնու­թեան, անդ­րա­դառ­նայ ինքն իր էու­թեան, բաղ­դա­տէ իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ու­րիշ­նե­րու հետ, քա­ջու­թիւ­նը եւ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը ու­նե­նայ դի­մա­ւո­րուե­լու իր տկա­րու­թիւն­նե­րուն, թե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն հետ… եւ գիտ­նայ, որ ա­մէն պահ, ա­մէն բա­նէ, նոյ­նիսկ ստո­րա­դա­սած, ան­կա­րե­ւոր նկա­տած մէ­կէ մը իսկ, ե­րե­ւոյ­թէ մը, «ա­նա­սուն» ա­նուա­նած կեն­դա­նիէ մը իսկ դաս առ­նել, ա­նոնց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն օգ­տուիլ, ա­հա­ւա­սիկ այն ա­տեն մարդ «ի­մաս­տուն» եւ «հա­սուն» մէ­կը կ՚ըլ­լայ։ Ար­դա­րեւ, ա­մե­նա­մեծ ի­մաս­տու­նը եւ գի­տու­նը այն է՝ որ գի­տէ իր չգիտ­ցա­ծը…։

Թռչու­նէ մը իսկ դաս առ­նե­լու վի­ճա­կին մէջ գտնուող մար­դը, ա­ռա­ւել եւս պա­հանջ­քը ու­նի իր նման­նե­րուն փոր­ձա­ռու­թե­նէն, գի­տու­թե­նէն օգ­տուե­լու։ Ար­դա­րեւ ա­մե­նէն գի­տու­նը իսկ ա­մե­նէն յե­տին կար­ծուա­ծէն ան­պայ­մա՛ն սոր­վե­լիք բան մը ու­նի, գի­տու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թեան մէջ ո՛չ մէ­կը ու­րիշ մը ար­հա­մար­հե­լու, վար­կա­բե­կե­լու եւ ան­կա­րե­ւոր նկա­տե­լու ի­րա­ւունք չու­նի, այ­լա­պէս վնա­սուո­ղը ո՛չ թէ ար­հա­մար­հուո­ղը, այլ՝ ի՛նք կ՚ըլ­լայ, քա­նի որ քիչ կամ շատ, ան­կա­րե­ւոր կամ կա­րե­ւոր գի­տու­թիւն մը ստա­նա­լէ ի՛նք կը զրկուի ի վեր­ջոյ։ Ուս­տի մա՛րդ եւ ո՛չ մէկ բան ար­հա­մար­հենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 31, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017