ՀԻԼԱՐԻՈՆ ԱՐՔ. ՔԱՊՈՒՇԻ ԿԱՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵԾ ԶԻՆՈՒՈՐԸ
«Իմ փափաքն է Երուսաղէմի սուրբ հողին խառնուիլ, հոն թաղուիլ»։ Այս եղած են Հիլարիոն Արքեպիսկոպոս Քապուշիի վերջին մաղթանքները:
94-ամեայ Սրբազանը, որ իր աչքերը կը փակէր 1 Յունուար 2017 թուականին, կը համարուէր պաղեստինցիներու դատին ամենէն խիզախ պաշտպաններէն մին:
Քապուշի, որ ծնունդով հալէպցի է (ծնած է 1922 թուականին), 1965 թուականին կը կարգուի Երուսաղէմի յոյն կաթողիկէներու առաջնորդ: Սուրբ Քաղաքին մէջ իր կրօնաւորի առաքելութեան առաջին շրջանին մասին՝ մինչեւ 1970 թուականը, ուշագրաւ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Կամ ալ Քապուշի եղած է իր հովուական առաքելութեան նուիրուած առաջնորդ մը ու այդ առումով է նաեւ, որ մինչ այդ ուշագրաւ տուեալներ կը բացակային:
1970-ականներուն Քապուշի կը սկսի բացայայտ կերպով քննադատել իսրայէլեան իշխանութիւնները: Յատկապէս իր տուած քարոզներով՝ ան աչքի կը զարնէ որպէս պաղեստինեան դատի հեղինակաւոր պաշտպան մը:
Ըստ Քապուշիի, պաղեստինեան դատը իր արդար լուծումը պէտք է գտնէ ոչ միայն 1967 թուականի սահմաններուն վերադառնալով, այլ երթալով աւելի ետ՝ մինչեւ 1948 թուականը:
Բաւական արմատական ընկալումներով հանդէս եկած այս առաջնորդը հետզհետէ կը դառնայ պաղեստինեան դիմադրութեան «թաքուն» եւ հաւատարիմ մէկ բարեկամը, նման շատ մը քրիստոնեայ անձնաւորութիւններու, որոնք տարբեր պաշտօններ վարելով անմիջական նեցուկ ցոյց տուին պաղեստինցիներու դատին:
1973 թուականին տեղի կ՚ունենայ արաբ-իսրայէլեան չորրորդ պատերազմը: Պատերազմի առաջին հանգրուանին արաբական միացեալ ուժերը՝ Եգիպտոս, Սուրիա, կարեւոր յառաջխաղաց կ՚արձանագրեն: Ու այդ «անսապսելի» յառաջընթացին դիմաց՝ ամերիկեան ուժերու միջամտութեամբ ու արդիական զէնքերով իսրայէլեան կողմը կը յաջողի կասեցնել արաբական աննախընթաց յառաջխաղացումը: Կը կնքուի հրադադար, որ կը նախորդէ Եգիպտոս-Իսրայէլ հաշտութեան հանգրուանին, ինչ որ օրինական բնոյթ կը ստանայ 1979 թուականին կնքուած «Քեմփ Տէյվիտ»ի համաձայնագրով:
Հակառակ անոր, որ այս պատերազմով վերջ կը դրուէր իսրայէլեան բանակի «անպարտելիութեան առասպել»ին, բայց պաղեստինեան կողմին մօտ ջուրի երես կ՚ելլէր պարտուածութեան եւ արաբներուն կողմէ լքուած ըլլալու զգացում մը: Այդ պատկերին վրայ էր նաեւ, որ աշխուժացում կ՚ապրէր Երուսաղէմի մէջ զինեալ գործողութիւններ կատարելու ընտրանքը:
Ըստ իսրայէլեան «Շապաք»ին, Քապուշի Սրբազան կը համարուի այն կրօնական գործիչներէն, որոնք կարեւոր դեր ունեցած են եւ իրենց կրօնաւորի հանգամանքը օգտագործելով պաղեստինեան հրոսակախումբերուն թաքուն կերպով զինամթերք հասցուցած: Թէ որքանով ճիշդ է այս «մեղադրանք»ը կամ արդար, պարզ չէ: Յստակ է սակայն, որ Քապուշի, որուն բոլոր շարժումները կը գտնուէին իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց «վերահըս-կողութեան» տակ, կը ձերբակալուի 1974 թուականին: Միշտ ըստ իսրայէլեան «Շապաք»ին, Սրբազանի ինքնաշարժին մէջ, զոր կը վարէր իր ընկերակիցը, կը յայտնաբերուի մեծ քանակութեամբ զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր եւ զանազան տիպի ձեռնառումբեր:
Սրբազանը կը տարուի դատարան եւ անոր կը ներկայացուի պաղեստինեան զինեալ խմբաւրումներուն նեցուկ կանգնելու ծանր մեղադրանքը: Հարցաքննութեան ընթացքին ան կը մերժէ իր դէմ հնչած մեղադրանքները, սակայն չի վարանիր յայտարարելու, որ ինք պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ պաղեստինեան դատին: Ան կը դատապարտուի տասներկու տարուան բանտարկութեան եւ կը դառնայ քրիստոնեայ առաջին առաջնորդը, որ պաղեստինեան դատին համար կը դատուի:
Չորս տարի իսրայէլեան բանտերուն մէջ մնալէ ետք, Քապուշի Վատիկանի անմիջական միջնորդութեամբ 1978 թուականին դուրս կու գայ բանտէն: Այս անգամ իսրայէլեան կառավարութեան նախապայմանն էր, որ ան լքէ Երուսաղէմը: Դարձեալ վատիկանեան կարգադրութեամբ՝ Քապուշի «կը հաստատուի» Հռոմ, ուր իր կեանքի մնացեալ մասը կ՚անցընէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ մայրաքաղաքը՝ Վատիկանի շուքին ներքեւ:
Այստեղ փակագիծ մը բանալով հարկ է նշել, որ Վատիկան եւս կարեւոր նախապայմանով մը օժանդակած էր անոր ազատ արձակման: Այդ նախապայմանը բնականաբար պաղեստինեան դատին համար պայքարելէ հեռու մնալն էր, բան մը, որ երբեք չուզեց «յարգել» Քապուշի Սրբազանը:
Քապուշի փոխադարձելով իրեն համար Վատիկանի կատարած միջնորդութեան, պարտականութիւն կը ստանձնէր 1990 թուականին մեկնիլ Իրաք, ուր օժանդակել Սատտամ Հիւսէյինի կառավարութեան կողմէ պատանդ առնուած 68 իտալացիներու ազատագրման: Ըլլալով արաբախօս, ան կը յաջողէր իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակել ու երկրորդ անգամ Իրաք կը վերադառնար դէպքէն տասն տարի ետք՝ 2000 թուականին։ Այս անգամ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու միջազգային հանրութեան կողմէ պաշարման տակ եղող իրաքցիներուն:
2009 թուականին ու ապա 2010 թուականին Քապուշի կը միանար մարդասիրական այն առաքելութեան, որուն նպատակն էր կոտրել պաղեստինեան Կազզէ քաղաքին դէմ Իսրայէլի դրած պաշարման օղակը:
Ճիշդ է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը մնար անդրդուելի, բայց եւ այնպէս Կազզէի համար տարուած աշխատանքները դրական արձագանգ կ՚ունենային եւրոպական համայնքներուն մօտ:
Տեղին է յիշատակել, որ 2010 թուականին Քապուշի եղած է դէպի Կազզէ օժանդակութեան համար մեկնող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ, որ յարձակման թիրախ դարձաւ եւ որուն վրայ շատեր սպաննուեցան:
Հովիւ քաջ ու խիզախ առաջնորդ: Այս բառերով պէտք է սահմանել Հալէպ ծնած, իր կրօնաւորի առաքելութեան հիմնական մասը Երուսաղէմի մէջ կերտած, պաղեստինեան արդար դատին համար բանտարկուած ու մեղադրուած կրօնական մեծ գործիչը:
Տեղին է շեշտել, որ տարբեր հանգամանքներու եւ պայմաններու բերումով Քապուշի մնաց «լուսանցք»ի վրայ: Ան հեռու մնաց փառքի բոլոր սեղաններէն ու տեսարաններէն, բայց ոչ իսկ վայրկեան մը ընկրկեցաւ ու տեղի տուաւ: Իր առաքելութեան առաջին օրէն հաւատաց արդարներու դատին ու հակառակ պաղեստինցիներու մեծամասնութեան հետ կրօնական տարբերութեան, իր ամբողջ էութիւնը նուիրեց ճնշուած ժողովուրդի մը, որ ցայսօր ալ կը տառապի:
Պաղեստինցիները առ ի յարգանք զինք կը կոչէին «Սամահաթ Ալ Մըթրան» (արաբերէնով՝ «Սամահա» կոչումը կը տրուի իսլամ շէյխերուն), իսկ արաբական վեց երկիրներ զինք պատուեցին բարձրաստիճան շքանշաններով:
2009 թուականին դէպի Կազզէ նաւարկող նաւուն վրայ Քապուշի հետեւեալ խօսքերով հանդէս կու գայ. «Միայն Կազզէ հասնիմ։ Հ՛ոն են իմ սիրելիներս, հ՛ոն են իմ հարազատներս: Հ՛ոն է նաեւ, որ ինծի պիտի հասնի իմ սիրելի Երուսաղէմին բոյրն ու հոտը»:
Իր ամբողջ կեանքը Երուսաղէմին նուիրած, իր ողջ էութիւնը իրաւազրկուած Պաղեստինին ու պաղեստինցիներուն նուիրաբերած այս գործիչը կը մահանար իր սիրած վայրէն հեռու:
Աչքն ու երազը միշտ պահելով դէպի Սիոնի լեռ: Հաւատալով արդարութեան եւ մարմնաւորելով արդարութեան համար պայքարող քրիստոնեայ առաջնորդի մը իրական կերպարը:
Կերպար, որուն կարիքն ունինք այսօր բոլորս եւ ամէնուրեք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան