ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային Խորհուրդը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց թաղականները, որոնց հետ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի 12 Ապրիլ 2015, Կիրակի օրուան։ Այցելուները խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը ու հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը։ Իրենց աշխատութեանց առընթեր, մասնաւորապէս բացատրութիւններ տուին եկեղեցւոյ կից կառատան հողակոյտի վրայ ձեռնարկուած աշխատանքներուն եւ նախկին Վառվառեան վարժարանի շէնքին մէջ իրենց ունեցած գործունէութեանց մասին։
Նորին Սրբազնութիւն սիրով ընդառաջեց խնդրանքին ու յայտնեց թէ պիտի հանդիսապետէ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեանց։ Լսելով թաղային խորհուրդի աշխատանքները, ան յայտնեց իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը, ի մասնաւորի յօգուտ եկեղեցւոյ ձեռք բերուած կալուածներու կապակցութեամբ։ Ընդհանուր Փոխանորդը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն, Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր իրենց գործունէութեանց մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024