ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ԱԴԱՄԱՆԻ «ԵՐԱԶ»Ը
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի մենակատարներէն Մարալ Չափան-Ադաման վերջերս թողարկած է նոր սկաւառակ մը, որ կը կոչուի «Երազ»։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր երգարուեստի նուիրեալներէն Մարալ Ադամանն ու Պարթեւ Կարեանը։ Անոնք փափաքած էին միասնաբար փութալ խմբագրատունս՝ մեզի նուիրելու համար Մարալ Ադամանի «Երազ»ը։ Այս ձայնասկաւառակը երկարաշունչ ու բծախնդիր աշխատանքի մը պտուղն է։ Մարալ Ադաման ուրոյն ոճով մը եւ տպաւորիչ ձայնով մեկնաբանած է երգացանկի կտորները։
Մեզի հետ զրուցելու ժամանակ համակրելի մեներգչուհին յայտնեց, թէ երաժշտական գետնի վրայ իր գործունէութեան տեսանկիւնէն կարեւոր հանգրուան մըն է այս նոր ձայնասկաւառակին թողարկումը։ Մարալ Ադաման յոյս յայտնեց, թէ մեր երաժշտասէրներու ճաշակին պիտի համընկնի այդ մէկը եւ անոր սպառումը իր տեսանկիւնէն պիտի վերածուի խրախուսական գործօնի մը։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024