Այն­քան Ալ Թե­թեւ­սո­լիկ Չեն…

Եր­բեմն այն սխալ ըմբռ­նու­մը, կամ կար­ծի­քը կայ, որ ժո­ղովր­դա­յին եր­գիչ­ներ, դե­րա­սան­ներ եւ ընդ­հան­րա­պէս աստ­ղեր թե­թեւ­սո­լիկ, հա­ճո­յա­սէր եւ, ին­չո՞ւ չէ, նաեւ սահ­մա­նա­փակ հո­րի­զո­նով ան­ձեր են: Բա­րե­բախ­տա­բար այդ­պէս չէ…

*

«ՁԱ­ԽՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՔԵԶ
­ՉԻ ՍՊԱՆ­ՆԵՐ, ԿՐՆԱՅ ԶՕ­ՐԱՑ­ՆԵԼ».
ՔԵ­ՒԸՆ ՔՈՍԹ­ՆԸՐ

Յայտ­նի դե­րա­սան  Քե­ւըն Քոսթ­նըր վեր­ջերս նշեց ծննդեան 62-ա­մեա­կը: Բազ­մա­թիւ հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նակ­ներ նուա­ճած Քոսթ­նըր կը նկա­տուի  ժա­մա­նա­կա­կից շար­ժա­պատ­կե­րի ա­մենէն հե­տաքրք­րա­կան  եւ տա­ղան­դա­ւոր բե­մադ­րիչ-դե­րա­սան­նե­րէն մէ­կը: Ինք կը կար­ծէ, որ իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է ա­նով, որ իր շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը նիւ­թե­րու, բնա­բան­նե­րու ա­ռու­մով կը տար­բե­րին:

Ա­մենէն յայտ­նի «թիկ­նա­պա­հի» միտ­քե­րէն, նշենք քա­նի մը հա­տը.

«Բնա­կան է՝ ժա­պա­ւէն­նե­րը չի կրնար բո­լո­րը  գո­հաց­նել, սա­կայն ա­տի­կա պէտք է ըլ­լայ  յի­շուող: Ես զիս  ար­հես­տա­վարժ  նկա­րիչ չեմ նկա­տեր, բայց կը կար­ծեմ, որ մար­դիկ դիւ­րաւ կրնան տար­բե­րել իմ ժա­պա­ւէն­ներս»:

«Աստղ ըլ­լալ՝ տեղ մը կը նշա­նա­կէ ըլ­լալ գե­ղե­ցիկ կին»:
­«Ես միշտ հա­ւա­տա­րիմ եմ այն բա­նին, ո­րուն կը  հա­ւա­տամ»:
­«Ես կը սի­րեմ մարմ­նա­մար­զը: Ին­ծի հա­ճե­լի կը թուի ըլ­լալ ա­տոր մէջ, սա­կայն կը կար­ծեմ՝ ես մար­զա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու մէջ նկա­րա­հա­նուե­լու հա­մար յար­մար թեկ­նա­ծու մը չեմ»:
­«Երբ ո­րե­ւէ ժա­պա­ւէն կը ձա­խո­ղի,  այդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը միայն մէկ հո­գիի ու­սե­րուն վրայ ին­կած չէ»:
­«Ես կը խա­ղամ ոչ թէ ժա­պա­ւէ­նի քննա­դատ­նե­րուն, այլ այն մար­դոց հա­մար, ո­րոնք  գու­մար կը վճա­րեն, որ­պէս­զի սրա­հին մէջ ժա­պա­ւէ­նը դի­տեն»:
«­Չեմ կար­ծեր՝ ո­րե­ւէ ա­տեն շատ մեծ վտան­գի կը դի­մեմ: Հա­կա­ռակ ա­նոր որ չեմ վախ­նար հա­մար­ձակ քայ­լե­րէ»:
­«Ե­թէ չհասկ­նաս քու սահ­ման­ներդ, կեան­քի մէջ շատ բա­նի չես հաս­նիր»:
«­Ձա­խո­ղու­թիւ­նը քեզ չի սպան­ներ, ա­տի­կա կը մեծց­նէ բան մը ը­նե­լու ցան­կու­թիւնդ»:
­«Ես ե­րազ­նե­րու մեծ հա­մա­կիր մըն եմ: Դժբախ­տա­բար ե­րա­զե­լը ա­ռա­ջին բանն է, որ­մէ մարդ կը սկսի հրա­ժա­րիլ՝ յանձ­նուե­լով ի­րա­կա­նու­թեան»:
­«Երբ կը տես­նեմ զա­ւակ­ներս եւ այն մար­դի­կը, ո­րոնք կը գնա­հա­տեն զիս, ինք­զինքս աշ­խար­հի ա­մե­նէն յա­ջող մար­դը կը նկա­տեմ»:

ԱՆ­ՃԵ­ԼԻ­ՆԱ ՃՈ­ԼԻ
«ԿԵՐ­ԼԷՆ»Ի ՆՈՐ ԴԷՄ­ՔԸ

Դե­րա­սա­նու­հի Ան­ճե­լի­նա Ճո­լի կը դառ­նայ ֆրան­սա­կան  «Կեր­լէն» օ­ծա­նե­լի­քի տան նոր ա­նու­շա­հո­տին դէմ­քը: Վա­ճառ­քը կը սկսի 2017 թուա­կա­նի Մար­տին:

«Կեր­լէն» աշ­խար­հի հնա­գոյն օ­ծա­նե­լի­քի տու­նե­րէն մէկն է, որ հիմ­նադ­րուած է 1828 թուականին, Փիէռ Ֆրան­սուա Փաս­քալ Կեր­լէ­նի կող­մԷ:

Դե­րա­սա­նու­հին ստա­նա­լիք գու­մա­րը պի­տի յատ­կաց­նէ  իր բա­րե­գոր­ծա­կան նա­խա­գի­ծե­րուն:

Ան­ճե­լի­նա Ճո­լիի մտա­ծում­նե­րէն.

«Հա­մար­ձակ ընտ­րանք­ներ ը­րէ՛ք եւ սխա­լե­ցէ՛ք: Այս բո­լո­րը ձեզ կը կեր­տեն»: «­Կը խոր­հիմ, որ բո­լոր կի­նե­րը կ՚անց­նին հանգ­րուա­նէ մը, երբ մեր մա­սին բան մը կ՚ա­տենք, չենք հաւ­նիր ա­տի­կա: Շատ լաւ կ՚ըլ­լայ, երբ հաս­նիս վայր մը, ուր ան­տե­սես բո­լոր մտա­հո­գու­թիւն­ներդ: Ես կնճիռ­նե­րը, սպի­նե­րը գրա­ւիչ կը նկա­տեմ»:
­«Ես եր­ջա­նիկ եմ ինք­զինքս ըլ­լա­լով, որ նա­խա­պէս բնաւ չէի: Ես միշտ թաք­նուած էի այլ ան­ձե­րու մէջ, կամ փոր­ձած էի ինք­զինքս գտնել կեր­պար­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, կամ՝ ապ­րիլ ա­նոնց կեան­քե­րը, բայց ա­տոնք չու­նէի իմ կեան­քիս մէջ»:
­«Ես անդ­րա­դար­ձած եմ, որ եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լը ընտ­րանք մըն է: Երբ ես տրա­մա­բա­նող կ՚ըլ­լամ եւ չեմ վստա­հիր իմ բնազդ­նե­րուս, այն ա­տեն դժուա­րու­թիւն կ՚ու­նե­նամ»:
­«Եր­բեմն կը խոր­հիմ, որ իմ ա­մու­սինս շատ սքան­չե­լի է, եւ չեմ գի­տեր, թէ ին­չո՛ւ ին­ծի հետ կը մնայ: Չեմ գի­տեր, թէ ար­դեօք բա­ւա­րար չա­փով լա՞ւ եմ: Բայց ե­թէ ես զինք եր­ջա­նիկ կ՚ը­նեմ, ու­րեմն ես այն եմ, որ կ՚ու­զէի ըլ­լալ»:

ԱՆ­ՇՈՒՇՏ ՃՈՐՃ ՔԼՈՒ­ՆԻ­
ԱՅԼ ԱՐ­ԺԷՔ Է ՄԵ­ԶԻ ՀԱ­ՄԱՐ

Աշ­խար­հահռ­չակ դե­րա­սան Ճորճ Քլու­նին ա­ւե­լի քան ծա­նօթ եւ հա­րա­զատ է հա­յե­րուս: Կա՞յ մարդ մը նոյն­քան ազ­նուա­կան, իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով եւ մոխ­րա­գոյն մա­զե­րով, որ­քան Ճորճ Քլու­նին է: Պար­զա­պէս ոչ: Սա­կայն մե­զի քիչ ծա­նօթ են ա­նոր միտ­քե­րը, ո­րոնց­մէ կը ներ­կա­յաց­նենք փունջ մը:

«Ես եր­ջա­նիկ ա­ւարտ­նե­րու չեմ հա­ւա­տար, բայց կը հա­ւա­տամ եր­ջա­նիկ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ ի վեր­ջոյ դուք կը մա­հա­նաք շատ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, կամ դուք բա­ւա­կան եր­կար կ՚ապ­րիք՝ հե­տե­ւե­լու ձեր ըն­կեր­նե­րուն մա­հա­նա­լուն: Կեան­քը մի­ջոց մըն է»:
«­Պէտք չու­նիք ճիգ ը­նե­լու ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ ե­րեւ­նա­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ անբ­նա­կան կ՚ե­րե­ւիք: Կը ներ­կէք ձեր մա­զե­րը, անբ­նա­կան կ՚ե­րե­ւիք: Կ՚ան­ցը­նէք վատ կեղ­ծամ մը, անբ­նա­կան կ՚ե­րե­ւիք: Բա­ներ մը ծած­կե­լու հա­մար կը շպա­րուիք, անբ­նա­կան կ՚ե­րե­ւիք»:
«­Պարզ ճշմար­տու­թիւ­նը այն է, որ ա­մէն ոք կար­ծիք մը ու­նի, ա­մէն ոք ի­րա­ւունք ու­նի ար­տա­յայ­տե­լու իր կար­ծի­քը, եւ պէտք է ը­նեն ա­տի­կա, ե­թէ կ՚ու­զեն»: «Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­լեւս ոչ ո­քի կրնայ յաղ­թել»:
«­Շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու 90 առ հա­րիւ­րը բա­ւա­կան մի­ջակ է, բայց ձեւուած հան­դի­սա­տես­ներ ու­նին եւ կը բա­ցուին 3000 պաս­տառ­նե­րու վրայ»: «Երբ ե­րի­տա­սարդ էք, կը հա­ւա­տաք, երբ մար­դիկ ձե­զի կ՚ը­սեն, թէ որ­քա՜ն լաւ էք: Վտան­գը ա՛յն է, որ կ՚ըն­դու­նիք: Ա­մէն ոք ձե­զի պի­տի ը­սէ, թէ դուք հան­ճար էք, որ իս­կա­պէս չէ՛ք, եւ ե­թէ ա­տի­կա հասկ­նաք, դուք կը յաղ­թէք»:
«­Դե­րա­սա­նա­կան աս­պա­րէ­զը սո­վո­րա­բար տասը տա­րուան պի­տա­նե­լիու­թեան կեանք ու­նի, ատ­կէ ետք մար­դիկ կը սկսին ան­հանգս­տա­նալ ձեզ տես­նե­լով»:

ՔԱ­ՄԵ­ՐՈՆ ՏԻԱԶ ԽՈ­ՀՈՒՆ ԿԻ­ՆԸ

Քա­մե­րոն Տիազ կին մըն է, որ միշտ լու­րե­րու հա­ղոր­դում­նե­րու նիւթ դար­ձած է իր խի­զախ կե­ցուած­քին եւ մտա­ծում­նե­րուն հա­մար:

44-ա­մեայ դե­րա­սա­նու­հիին  մտա­ծում­նե­րէն են.

«Կը խոր­հիմ, թէ ո­րե­ւէ բան, ո­րե­ւէ նուա­ճում, որ կ՚ը­նէք, դուք ա­տոր հա­մար պէտք է աշ­խա­տիք: Ես իմ կեան­քիս վեր­ջին տասը տա­րի­նե­րուն շատ ծանր աշ­խա­տած եմ, եւ ձե­զի կրնամ հա­ւաս­տել, որ ծանր աշ­խա­տան­քը ան­պայ­ման ար­դիւ­նա­ւէտ կ՚ըլ­լայ»: «Հօրս միշտ կը յի­շեց­նեմ, որ լրագ­րող­նե­րը (կա­րե­ւոր չէ, թէ ձե­զի հետ քա­նի հատ սի­կառ կը ծխեն), քու  ըն­կեր­ներդ չեն, ու­րեմն մի՛ զրու­ցեր ա­նոնց հետ»:
­«Ես կը սի­րեմ կի­նե­րը: Չեմ հա­ւա­տար կնո­ջա­կան նա­խան­ձին: Չեմ խոր­հիր, որ նա­խան­ձոտ ըլ­լա­լը լաւ զգա­ցում մըն է»:
­«Ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով մենք յա­րա­բե­րու­թեան մէջ կ՚ըլ­լանք եւ կ՚ակն­կա­լենք, որ մէկ տղա­մարդ հասկը-նայ մեր «բո­լոր» մա­սե­րը եւ գո­հաց­նէ այդ կա­րիք­նե­րը: Կը խոր­հիմ՝ հոն է, որ ա­մէն բան կը ձա­խո­ղի»:

«ՑԱ­ՒԸ ՊԷՏՔ Է ՄՈՌ­ՆԱԼ, ԾԱՂ­ՐԵԼ ԶԱՅՆ, ԾԻ­ԾԱ­ՂԻԼ Ա­ՆՈՐ ՎՐԱՅ». ՃԻՄ ՔԵ­ՐԻ

Կա­տա­կեր­գակ դե­րա­սան Ճիմ Քե­րի 17 Յու­նուա­րին նշեց իր ծննդեան 55-ա­մեա­կը:

Ան­շուշտ ա­մէն ոք զայն լաւ կը ճանչ­նայ եւ վստա­հօ­րէն կա­րե­լի է ը­սել, որ ան ա­մե­նէն սի­րուած դե­րա­սան­նե­րէն է, չէ՞ որ ոչ բո­լո­րը կը յա­ջո­ղին, նոյ­նիսկ՝ ա­մե­նէն տխուր պա­հե­րուն, ծի­ծա­ղեց­նել ան­սո­վոր շար­ժու­ձե­ւե­րով: Իսկ Քե­րի շատ լաւ կը յա­ջո­ղի ա­տի­կա ը­նել:

Դե­րա­սա­նը նկա­րա­հա­նուած է յայտ­նի կա­տա­կեր­գու­թիւն­նե­րու մէջ՝ «Դի­մա­կը», «Էյս վեն­թու­րա», «Յի­մարն ու ա­ւե­լի յի­մա­րը», «Սու­տա­սա­նը» եւ այլն:

Միշտ ալ հե­տաքրք­րա­կան է պար­զել, թէ ինչ­պի­սի՛ն են սի­րուած կա­տա­կեր­գակ­նե­րը իս­կա­կան կեան­քի մէջ: Ճիմ Քե­րիի պա­րա­գա­յին իր­մէ ի­մա­ցէք.

«Ոե­ւէ ազ­դե­ցիկ տղա­մար­դու ե­տե­ւը կանգ­նած է կին մը, որ աչ­քե­րով կը յօ­շո­տէ զայն»:
­«Ես իս­կա­պէս կը խոր­հիմ, որ մենք կը ստեղ­ծենք մեր սե­փա­կան տիե­զեր­քը: Կը փոր­ձեմ այն­պէս ը­նել, որ իմս լաւ ըլ­լայ»:
«­Թե­րեւս, ո­րոշ մար­դիկ կը փոր­ձեն սահ­մա­նա­փա­կել զիս, բայց ես եր­բեք ոչ մէկ սահ­ման կը դնեմ իմ առ­ջեւս»:
«­Մար­դոց ա­ռիթ պէտք է ո­րե­ւէ բան ը­նե­լու հա­մար, բայց ես չեմ կար­ծեր, թէ բան մը կրնանք ը­նել ա­ռանց յու­սա­հա­տու­թիւն ապ­րե­լու»:
­«Ես կ՚ու­զեմ մոռ­նալ իմ կեան­քիս մէջ ե­ղած ո­րե­ւէ ցաւ: Ցա­ւը պէտք է մոռ­նալ, ծաղ­րել զայն, ծի­ծա­ղիլ ա­նոր վրայ»:
­«Ես միշտ ը­սած եմ «Ո՛Չ» ո­գե­լից ըմ­պե­լիին եւ թմրե­ցու­ցի­չին: Կեան­քը չա­փա­զանց հիա­նա­լի է ա­տոնց վրայ ժա­մա­նակ վատ­նե­լու հա­մար»:
«­Տան մէջ նստած՝ չես կրնար աստղ ըլ­լալ»:
«­Կը  ցան­կամ ծի­ծա­ղեց­նել եւ յու­զել: Այդ­պի­սին է թատ­րո­նը»:
­«Ին­ծի հետ ապ­րի­լը շատ դժուար է: Ես կար­ծես վան­դա­կի մէջ փա­կուած ա­նա­սուն ըլ­լամ»:
­«Եր­բեմն այն­քան կը տա­րուիմ իմ աշ­խա­տան­քովս, որ այլ բա­նով զբա­ղի­լը ուղ­ղա­կի ան­կա­րե­լի կը  դառնայ»: «­Յա­ճախ գի­շե­րը ար­թուն կը մնամ: Ոչ այն պատ­ճա­ռով, որ ե­րե­կոյթ­նե­րու կ՚եր­թամ, պար­զա­պէս գի­շե­րը այն ժամն է, երբ կրնամ ա­ռան­ձին մնալ եւ չխա­ղալ»:

«ԵՍ ՇԱՏ ԶԳԱ­ՅՈՒՆ ԵՄ ԿԻ­ՆԵ­ՐՈՒՆ Ն­ԿԱՏ­ՄԱՄԲ». ՕՐ­ԼԱՆ­ՏՕ ՊԼՈՒՄ

Քա­ռա­սու­նե­րորդ տա­րե­դար­ձը վեր­ջերս նշած բրի­տա­նա­ցի սի­րուած դե­րա­սան Օր­լան­տօ Պլում հռչա­կի տի­րա­ցած է «Մա­տա­նի­նե­րու տի­րա­կա­լը», «Հոպ­պիթ» եւ «Քա­րա­յի­պեան ծո­վու ծո­վա­հէն­նե­րը» շար­ժա­պատ­կեր­նե­րով:

Դե­րա­սա­նը ու­նի հմա­յիչ ար­տա­քին, ո­րուն շնոր­հիւ կը գե­րէ հա­զա­րա­ւոր կի­նե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու սիր­տեր: Ի դէպ, ինքն ալ միշտ սի­րով եւ հիաց­մուն­քով կ՚ար­տա­յայ­տուի ա­նոնց մա­սին:

«Կի­նե­րը հիաս­քանչ են: Ա­նոնք սի­րոյ եւ յար­գան­քի ար­ժա­նի են»:
­«Ու­շա­դիր ե­ղէ՛ք, թէ ինչ­պէ՛ս կը յա­րա­բե­րիք կի­նե­րուն հետ՝ թէ՛ խօս­քե­րով, թէ՛ մարմ­նի լե­զուով, թէ՛ դի­մա­խա­ղով եւ թէ՛ աչ­քե­րով»:
«­Ճենթլ­մեն ըլ­լա­լը տղա­մար­դու հա­մար պէտք է սկզբունք ըլ­լայ»:
­«Իմ ու­զածս միայն գե­ղե­ցիկ եւ եր­ջա­նիկ կեանք ու­նե­նալն է»:
­«Երբ ե­րա­խայ էի, զիս միշտ կը գրա­ւէին հե­րոս­նե­րը: Ո­րո­շե­ցի դառ­նալ դե­րա­սան, երբ հասկ­ցայ, որ Սու­փըր­մենն ու նման կեր­պար­նե­րը ի­րա­կան մար­դիկ կը  խա­ղան»: «Ես ան­յոյս ռո­ման­թիկ եմ եւ կը սի­րեմ փճաց­նել իմ ըն­կե­րու­հի­ներս»:
­«Եր­բեմն դէ­պի քու անձդ մար­դոց ու­շադ­րու­թիւ­նը ջղայ­նաց­նող ե­րե­ւոյթ կը դառ­նայ»:
­«Ե­թէ հարց­նէք, թէ ին­չի՛ մա­սին է «Համ­լե­թ»ը, շա­տեր կը պա­տաս­խա­նեն՝ «Ա­տի­կա ար­քա­յազ­նի մը մա­սին է, որ կը հարց­նէ՝ ըլ­լա՞լ, թէ՞ չըլ­լալ»:
­«Այժմ ա­մենէն սի­րած զբա­ղումս տղուս հետ լո­ղալն է»:
«­Կեան­քի մէջ ի՛նչ ալ պա­տա­հի, լաւ է: Պէտք է այս միտ­քէն կառ­չիլ»:
­«Ես շատ զգա­յուն եմ կի­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րով­հե­տեւ տե­սած եմ, թէ ինչ­պէ՛ս տղա­մար­դիկ վա­րուած են իմ քրոջս հետ: Ես հա­մա­միտ եմ հե­տե­ւեալ խօս­քին. ոե­ւէ կնոջ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ պատ­կե­րա­ցուր, թէ ինչ­պէ՛ս ա­նոր հետ կը վե­րա­բե­րէիր, ե­թէ ա­նոր հայ­րը ըլ­լա­յիր: Ես միշտ կը յի­շեմ այս խօս­քը»:

ԱՍՏ­ՂԵՐ, Ո­ՐՈՆՔ ՎԵՐՋ­ՆԱ­ԿԱ­ՆԱ­ՊԷՍ Հ­ՐԱ­ԺԱ­ՐԱԾ ԵՆ ԾԽԱ­ԽՈ­ՏԷՆ

«Ծխե­լը վնա­սա­կար է ա­ռող­ջու­թեան». այս ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կը տես­նէք ծխա­խո­տի ո­րե­ւէ տու­փի վրայ: Այս մա­սին գի­տեն բո­լո­րը, սա­կայն ա­նոնք, ո­րոնք կը ծխեն՝ ան­կախ այդ ե­րե­ւոյ­թի յա­ռա­ջա­ցու­ցած ա­ռող­ջա­կան բո­լոր վնաս­նե­րէն, յա­ճախ ուժ չեն գտներ ի­րենց մէջ, կամ ալ ցան­կու­թիւն չեն ու­նե­նար նման կա­խուա­ծու­թե­նէ ա­զա­տե­լու հա­մար:

Նոյ­նիսկ երբ ծխող մար­դը կ՚ո­րո­շէ հրա­ժա­րիլ իր վնա­սա­կար սո­վո­րու­թե­նէն, կը բա­խի շարք մը խնդիր­նե­րու: Սա­կայն կամ­քի ու­ժը կ՚օգ­նէ ա­ւե­լի դիւ­րին յաղ­թա­հա­րե­լու այդ դժուա­րու­թիւ­նը:

Աստ­ղերն ալ, բո­լոր մար­դոց պէս, կը բա­խին նոյն խնդիր­նե­րուն: Այ­դու­հան­դերձ, այս վե­ցեա­կը կրցած է յաղ­թա­հա­րել ծխե­լու կա­խուա­ծու­թիւ­նը՝ ը­սե­լով «Ո՛Չ» ա­նա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պին:

Քա­մե­րոն Տիազ. 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րուն Քա­մե­րոն Տիազ օ­րա­կան 20 ծխա­խոտ կը ծխէր: Ի վեր­ջոյ Քա­մե­րոն մնաք բա­րով ը­սաւ այդ վատ սո­վո­րու­թեան: Ան ը­սաւ, որ իր խիղ­ճը եւ յան­ցա­ւո­րի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը մղած է զինք հրա­ժա­րե­լու ծխա­խո­տէն:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ՝
«Թհրի­լիսթ», «Հո­լի­վուտ», «Ռէօ­թըրզ», «Ին­թըր­նէյ­շը­նըլ Պիզ­նըս», «Եու­րո­մակ»

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017