ԻՄԱՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ
Իմացականութիւնը, մարդկային առաքինութիւններու՝ գլխաւոր, ամուր, կեցուածք մըն է՝ կայուն տրամադրութի՛ւն մը։ Ան սովորական կատարելութիւն մը կ՚ենթադրէ, որ կը կանոնաւորէ մարդուս արարքները, կը կարգաւորէ մարդկային կիրքերը եւ կ՚առաջնորդէ վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատալիքներու, անշեղ սկզբունքներու։
Այս բոլորը կ՚ապահովեն ինքնազսպում, դիւրութիւն, կեանքի դիւրատարութիւն եւ ուրախութիւն՝ բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու համար։ Այս իմաստով ազնիւ եւ արժանաւոր, առաքինի մարդը այն է՝ որ ազատօրէն կը հետամտի բարիին եւ կը գործէ բարին։
Բարոյական առաքինութիւնները ստացական են եւ մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն պտուղներն են եւ սերմերը. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու «աստուածային սիրոյն» հետ։
Արդարեւ պատմական պայմաններուն մէջ, ուր ան կը գտնուի, մարդ արարածը կը զգայ բազմաթիւ դժուարութիւններ ճանչնալու Աստուած միա՛յն իր իմացականութեան լոյսով։ Այս իսկ պատճառով, մարդ կարիքը ունի լուսաւորուելու մտապէս եւ հոգեպէս Աստուծոյ յայտնութեամբ, լուսաւորուելու ո՛չ միայն այն իրերուն եւ իրողութիւններուն մասին, որոնք կը գերազանցեն իր իմացականութիւնը, հապա նաեւ լուսաւորուելու հոգեւոր եւ մտաւոր ճշմարտութիւններու մասին, ինչպէս ամէն բարոյական երեւոյթներու նկատմամբ, որոնք յինքեանս անմատչելի չեն իմացականութեան, որպէսզի այս ճշմարտութիւնները մարդկային ցեղին ներկայ կացութեան մէջ՝ կարենան բոլորին կողմէ ճանչցուիլ առանց դժուարութեան, յստակօրէն՝ հաստատ ստուգութեամբ եւ առանց սխալի խառնուրդին, բացայայտ կերպով, առանց տարակոյսի՛։
Ուստի ընդունուած ուսուցումը այն է, որ մէկ եւ ճշմարիտ Աստուածը, որ մեր Արարիչն է եւ Տէրը, կարող է Իր գործերէն ճանչցուիլ ստուգութեամբ, շնորհիւ մարդկային իմացականութեան բնական լոյսին։
Երկու խորհրդանիշեր են՝ «Ամպ»ը եւ «Լոյս»ը Սուրբ Հոգիին յայտնութիւններէն։ Արդարեւ Հին Կտակարանի աստուածայայտնութիւններէն սկսեալ՝ Ամպը, երբեմն մութ, երբեմն լուսաւոր կը յայտնէ կենդանի եւ փրկչագործ Աստուածը քօղարկելով Անոր փառքին վերացականութիւնը։ Իսկ Պայծառակերպութիւնը բացայայտ կերպով ցոյց կու տայ՝ թէ Աստուած «Լո՛յս» է։
Աստուծոյ եւ Քրիստոսով բոլոր իրարու միացածներուն հետ երանաւէտ հաղորդութեան խորհուրդը կը գերազանցէ ամէն հասկացողութիւն եւ պատկերացում։
Արդարեւ, Սուրբ Գիրքը «Երկինք»ի մասին կը խօսի զանազան պատկերներով. «կեանք», «խաղաղութիւն», «արքայութիւն», «հարսանեկան խնջոյք» եւ վերջապէս «լո՛յս»։ Երկինքը կը նկարագրուի նաեւ որպէս Հօր տուն, երկնային Երուսաղէմ, դրախ։
Աստուած մարդուն կը խօսի տեսանելի արարչութեան ընդմէջէն։ Նիւթական-ֆիզիքական տիեզերքը մարդուն իմացականութեան այնպիսի ձեւով կը ներկայանայ, որ մարդը անոր մէջ իր Արարչին հետքերը կարդայ։
Լոյսը եւ խաւարը, հովը եւ հուրը, ջուրը եւ ցամաքը, ծառը եւ պտուղները կը խօսին Աստուծոյ մասին եւ միանգամայն Անոր մեծութիւնը եւ մերձակայութիւնը կը խորհրդանշեն։ Եւ երբ «լոյս» կ՚ըսենք, կը մտաբերենք «սպիտակ»ը, եւ սպիտակ զգեստը՝ որ կը խորհրդանշէ թէ՛ մկրտեալը՝ զգեցած Քրիստոսը, թէ՛ Քրիստոսի հետ յարութիւնը առնելը։
Արդարեւ, զատկական մոմէն վառուած մոմը, կը նշանակէ, թէ՝ Քրիստոս Իր լոյսով լուսաւորեց ամբողջ աշխարհը, ինչպէս նաեւ նորարադարձը։ Եւ այս իմաստով՝ մկրտեալներ, Քրիստոսով մրկտուածներ «աշխարհի լո՛յսն են» (ՄԱՏԹ. Ե 14)։ Այս պատճառով, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է աշխարհի լոյսը ըլլալու եւ լուսաւորելու աշխարհը։
Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոսի մէջ յայտնուեցաւ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ամբողջովին, քանի որ Ի՛նքն է «աշխարհի լոյսը», ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս. (ՅՈՎՀ. Ը 12)։ Եւ քանի որ Ինք Լոյս է եւ ճշմարտութիւն, ապա ուրեմն ո՛վ որ հաւատայ Անոր, երբեք խաւարին մէջ չի մնար։ Լոյսին մէջ եղողը կը ճանչնայ ճշմարտութիւնը, քանի որ լոյսը կը բացայայտէ զայն։
Յիսուս Քրիստոսի լոյսը կ՚առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւն բովանդակ հաւատացեալները։
Լոյս եւ ճշմարտութիւն կը նշանակեն ուղղամտութիւն, ինչպէս կը պատուիրէ Ի՛նքն Յիսուս Քրիստոս, երբ կ՚ըսէ. «Ձեր խօսքը թող ըլլայ. այո՛ն այո եւ ո՛չը՝ ոչ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։
Արդարեւ, հաւատքը աներկբայ է, աւելի աներկբայ քան մարդկային ամէն ճանաչում, քանի որ ան կը հիմնուի «Աստուծոյ Անսուտ Խօսք»ին վրայ։ Անշուշտ, յայտնեալ ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մէջ, անոնց առջեւ մութ երեւիլ, սակայն, ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Հենրիկոս Նիւման, «աստուածային լոյսին տուած աներկբայութիւնը՝ ստուգութիւնը աւելի մեծ եւ յստակ է քան բնական բանականութեան տուած լոյսը»։ Ուստի հաւատքը կ՚որոնէ հասկնալ՝ լոյսի միջոցով եւ լոյսի օգնութեամբ։ Աստուած՝ Ինք ճշմարտութիւն է, քանի որ «Աստուած լո՛յս է, Անոր մէջ չկա՛յ երբեք խաւար» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։
Իսկ Ամենասուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը քրիստոնեայ հաւատքին եւ կեանքին կեդրոնական խորհուրդն է։ Ան Խորհուրդն է նոյնինքն Աստուծոյ։ Ան է միւս բոլոր խորհուրդներուն հաւատքի աղբիւրը, լոյսը, որ կը լուսաւորէ զանոնք։
Արդարեւ, Միածին Որդին Աստուծոյ Հօր, Լո՛յս է Լոյսէն, Աստուած ճշմարիտ՝ ճշմարիտ Աստուծմէ։
Աստուած լո՛յս է, ուրեմն Ան երանելի՜ լոյս է, որով յաւիտենական երանութիւն է, քանի որ լոյսը երանութիւն է։
Աստուած անշիջանելի լոյս է եւ կարող է փարատել ամէն խաւար։ Այլապէս Ան խաւարը չի ճանչնար, քանի որ Ան խաւարի հետ գործ չունի եւ ստեղծագործութեան ատեն լոյսը ստեղծելով անջատած է խաւարէն։ Այս պատճառով խաւարը դատապարտուած է միշտ պարտուելու լոյսէն եւ չքանալու։ Արդարեւ, ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը՝ չկա՛յ խաւար, որ իր մէջ չպարունակէ լոյսի ցոլք մը, նշոյլ մը՝ որ ի վերջոյ պիտի յայտնուի եւ լուսաւորէ ամբողջ խաւարը։ Ուրեմն ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է եւ չկա՛յ բացարձակ խաւար եթէ ոչ՝ մութով ժամանակի մը համար քօղարկուած կամ ծածկուած լոյս։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Քու Խօսքդ լո՛յսն է իմ քայլերուս, ճրագն է իմ շաւիղիս» (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ/ՃԺԹ 105)։ Ուստի ըստ Սաղմոսերգուին, Աստուծոյ Օրէնքը լո՛յս է եւ կը լուսաւորէ ամէն ուղի։
Խղճմտանքին կազմաւորումին մէջ, Աստուծոյ Խօսքը Ճանապարհի լո՛յս է, հարկ է իւացնել զայն հաւատքով եւ աղօթքով եւ մանաւա՛նդ գործադրել զայն։ Ուստի պէտք է յառաջանալ միշտ «Լոյս»ին մէջ, Լոյսին առաջնորդութեամբ, լուսաւոր հոգիով եւ լոյս-միտքով։ Քանի որ ամենավտանգաւոր խաւարը՝ մտքի եւ հոգիի խաւա՛րն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 28, 2017, Իսթանպուլ