Ա. Ն. ՆԱԶԱՐ

«Պայ­քար» շա­բա­թա­թեր­թի (Նոր Շրջան) ա­ռա­ջին այս թի­ւով կը հրա­տա­րա­կենք ՌԱԿ պաշ­տօ­նա­թեր­թին ա­ռա­ջին խմբագ­րին՝ Ար­մե­նակ Ն. Նա­զա­րի կեն­սագ­րու­թիւ­նը: 1899 թուա­կա­նին Գա­րե­գին Չիթ­ճեան եւ Մխօ Շա­հէն Նիւ Եոր­քի մէջ կը հրա­տա­րա­կեն «Ձայն Հայ­րե­նեաց» ա­նու­նով թեր­թը, որ Հայ­կակ Է­կի­նեան փո­խան­ցած էր ի­րենց: Թեր­թը Նիւ Եոր­քէն կը փո­խադ­րուի Ուստր եւ ա­պա՝ Պոս­տոն, որ սկսած էր դառ­նալ ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն տուող կա­րե­ւոր օր­րա­նը:

Մխօ Շա­հէ­նի հե­ռա­նա­լէն ետք, Չիթ­ճեան թեր­թը դար­ձու­ցած էր Վե­րա­կազ­մեալ Հնչա­կեան Կու­սակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ: Կու­սակ­ցու­թեան պա­ռակ­տում­նե­րու եւ «Ձայն Հայ­րե­նեաց­»ի դա­դա­րու­մին պատ­ճա­ռով վե­րա­կազ­մեալ­նե­րը Պոս­տո­նի մէջ կը հիմ­նեն «Ազգ» շա­բա­թա­թեր­թը, զայն նկա­տե­լով «Ձայն Հայ­րե­նեաց­»ի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը: Թեր­թը 1908 թուա­կա­նին լոյս կը տես­նէ որ­պէս պաշ­տօ­նա­թերթ Հայ Սահ­մա­նադ­րա­կան-Ռամ­կա­վար Կու­սակ­ցու­թեան Ա­մե­րի­կա­յի Շրջա­նա­կի:

1911 թուա­կա­նին, մինչ այդ, Պոս­տո­նի մէջ լոյս կը տես­նէ վե­րա­կազ­մեալ հնչա­կեան­նե­րու «Պա­հակ» շա­բա­թա­թեր­թը, որ 1921 թուա­կա­նին միա­նա­լով «Ազգ»ին եւ ժա­մա­նակ մը «Ազգ-Պա­հակ» միա­ցեալ ա­նու­նով լոյս տես­նե­լէ ետք, 1923 թուա­կա­նին կը դառ­նայ «Պայ­քար», Ա. Ն. Նա­զա­րը ու­նե­նա­լով խմբա­գիր, մին­չեւ 1936 թուա­կա­նը:

Ա­մե­րի­կա­յի Շրջա­նի պաշ­տօ­նա­թերթ «Պայ­քար» օ­րա­թեր­թը 1982 թուա­կա­նին կը վե­րա­ծուի շա­բա­թա­թեր­թի, իսկ 1993 թուա­կա­նին՝ ամ­սագ­րի: 1995 թուա­կա­նին կը փո­խադ­րուի Ե­րե­ւան, ուր լոյս կը տես­նէ մին­չեւ 1998 թուա­կա­նը իբ­րեւ ե­ռամ­սեայ:

18 տա­րուան ընդ­մի­ջու­մէ ետք «Պայ­քար» դար­ձեալ կը ներ­կա­յա­նայ իր հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րուն եւ հան­րու­թեան, որ­պէս պաշ­տօ­նա­թերթ Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան:

*

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷ­ԹԵԱՆ ԳԵՐ­ԴԱՍ­ՏԱՆ­Ը ԵՒ ԻՐ ՄԱՆԿ­ՈՒԹ­ԻՒՆ­Ը

Ար­մե­նակ իբ­րեւ ազն­ուա­կան հայ կը սեր­ի Այն­թապ­ի հան­րա­ծան­օթ Նա­զար Նա­զա­րէթ­եան գ­­եր­դաս­տան­էն: Ան թ­­ոռն էր Պարս­կաս­տան­ի հիւ­պա­տոս՝ Նա­զար ա­ղայ­ին (Քա­րա Նա­զա­րին): Ա­նոր հայր­ը՝ Նիկ­ող­ոս ա­ղա, որ իս­կա­կան տա­ղանդ մըն էր ճար­տա­րապ­ե­տա­կան մարզ­ին մէջ, որ­ուն ստեղ­ծագ­որ­ծութ­իւնն­եր­էն էր Այն­թապ­ի Ս. Աստուա­ծա­ծին եկ­եղ­եց­ին, որ իր իւ­րա­յատ­ուկ ճար­տա­րապ­ե­տութ­եան հա­մար բոլ­որ այ­ցելողն­եր­ու հիաց­մունք­ին ա­ռար­կան դար­ձած է:

Նիկ­ող­ոս ա­ղա եկ­եղ­ե­ցա­կան այդ կոթ­ող­ի կա­ռուց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ նկատ­ու­ող գու­մա­րին մեծ մա­սամբ գան­ձած էր թուրք­եր­էն: Ըստ իր յի­շա­տակ­ումն­եր­ուն, «երկ­ու թուրք­եր ի­րա­ւա­րա­րա­կան վի­ճա­բա­նութ­իւն կ՚ուն­ե­նա­յին: Ա­նոնք փո­խա­նակ դա­տա­րան դիմ­ել­ու, կու գայ­ին Նիկ­ող­ոս ա­ղայ­ին մօտ եւ ան­կէ ար­դա­րու-թ­իւն կը հայց­էին:

Մինչ այդ, Նիկ­ող­ոս ա­ղան ա­ռիթ­ը յար­մար նկա­տել­ով, կ՚ա­ռա­ջար­կէր ա­նոնց. «նախ սա մեր որ­բու­կին (նոր շին­ու­ող եկ­եղ­եց­ին) բա­ժին հան­ե­ցէք, ա­պա նայ­իմ ձեր գործ­ին»: Եւ այս­պիս­ով իւ­րա­քանչ­իւր­էն 100-200 ոսկ­ի կը գանձ­էր, խնդր­­ոյն տար­ող­ութ­եան հա­մե­մատ:

Ար­մե­նակ իր ուս­ում­ը կը պար­տի միայն Այն­թապ­ի Վար­դա­նեան կրթա­րան­ին, որ­ուն ա­ռաջ­ին շրջա­նա­ւարտն­եր­էն ե­ղած է 1885 թուա­կա­նին Վա­հան Ք­­իւրք­ճեա­նի տնօր­էն­ութ­եան շրջա­նին: Ան թ­­էեւ միայն Վար­դա­նեան կրթա­րան­էն շրջա­նա­ւարտ, բայց բա­ցառ­իկ հմտութ­իւն ձեռք բե­րած էր ինք­նաշ­խատ­ութ­եամբ՝ ազ­գա­յին եկ­եղ­ե­ցա­կան եւ ընդ­հան­ուր ազ­գաց պատ­մութ­իւնն­եր­ուն, մա­տե­նագ­րութ­եան, գրա­կա­նութ­եան եւ այլ յա­րակ­ից գիտ­ութ­եանց մ­­էջ: Քա­ղա­քա­կան մար­զին մէջ մա­նա­ւանդ, իր մաս­ին կը վիպ­էին թէ՝ որ­եւ­է պատե­րազմ­ի մը սկզբնա­ւոր­ութ­եան կրնար գ­­ու­շա­կել, թէ այդ պատ­ե­րազմ­ին ելք­ը ո՛ւր եւ ինչպ­է՞ս պիտ­ի յանգ­էր:

ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԿԵԱՆՔ Մ­­ՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐ­ԾԷ ՈՒՍ­ՈՒՑ­ՉԱ­ԿԱՆ ԱՍ­ՊԱ­ՐԷ­ԶՈՎ

Հա­կա­ռակ գիւ­ղա­տէր հար­ուստ հօր մը զա­ւակ­ը ըլ­լա­լուն, Ար­մե­նակ կեան­քին ա­ռաք­ել­ութ­իւն կը հա­մա­րէր ուս­ուց­չա­կան աս­պար­էզ­ը, ուստ­ի կը պաշ­տօ­նա­վար­է նո՛յն կրթա­րա­նին մէջ ստանձն­ել­ով տնօ­րէն­ութ­եան պաշ­տօն­ը, զ­­որ կը վար­է կա­տա­րեալ ձ­­եռն­հա­սութ­եամբ, մինչ­եւ 1909: Նոյն տար­ին, Հա­միտ­եան ջար­դեր­ու օր­եր­ուն, որպ­էս ամբ­ո­խա­վար ազ­գա­յին կը ճա­շա­կէ բան­տայ­ին կեան­քի փոր­ձա­ռութ­իւն­ը եւ 1895 թուա­կա­նի ջար­դե­րէն ետք ժա­մա­նա­կա­ւո­րապ­էս կը հաս­տա­տու­ի Հալ­էպ: Հոն կ՚ա­մուս­նա­նայ Օր. Կիւլ­էնիա Մի­նա­սեա­նի հետ եւ կը բախ­տա­ւոր­ու­ի չորս զա­ւակն­եր­ով. երկ­ու մանչ եւ երկ­ու աղ­ջիկ: 1909 թուա­կա­նէն վերջ՝ յու­սալ­քուած կ­­ը թող­ու Այն­թապ­ը եւ 1910 թուա­կա­նին կը գաղթ­է Միա­ցեալ Նա­հանգն­եր:

ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԷ­Ջ ԽՄ­ԲԱ­ԳԻՐ «ԱԶԳ»Ի ԵՒ «ՊԱՅ­ՔԱՐ»Ի

Լրագ­րա­կան եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ի­ր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը ա­ռած էր ծննդա­վայ­րի­ն մէջ աշ­խա­տակ­ցե­լո­վ Պոլ­սո­յ «Բիւ­զան­դիո­ն­»ին­:

Նա­հան­գա­յին Վար­չու­թիւ­նը կան­խոր­ոշ հաս­կա­ցողու­թեա­մբ ա­ռա­ջին ա­ռի­թով կը հրա­ւիր­է Նա­զա­րը Հայ Սահ­մա­նա­դիր Ռամ­կա­վար Կու­սակ­ցու­թեան Ա­մե­րիկա­յի պաշ­տօն­ա­թերթ «Ազգ»ի խմբագ­րու­թեա­ն պաշ­տօ­նին­, որ Սու­րէն Պար­թեւ­եա­նի Հայ­րեն­իք մեկ­նու­մով, կարճ ա­տեն մը վա­րած էի­ն Ե­րուանդ Ճիւ­հէր­եանն ու Գէորգ Սա­րա­ֆեա­նը: Ան ազ­գօ­գուտ խմբագ­րա­կան­նե­րով եւ հրա­պա­րա­կագ­րի խի­զախ կա­րո­ղու­թիւն­ներ­ով կը նպաս­տէ թէ՛ ա­մե­րիկ­ա­հայ գա­ղու­թին մէջ հան­րա­յին կար­ծիք­ի ու­ժեղ­աց­ման եւ թէ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ըն­կեր­նե­րը ա­ռա­ւել հա­ւատ­քով ու գի­տակ­ցու­թեա­մբ փա­րել­ու կու­սակ­ցու­թեան:

Պոլ­սէն մին­չեւ ներ­քին գա­ւառ­ներ դաշ­նակ­ցա­կան­ներ Ե­րի­տա­սարդ թուր­քեր­ու հետ սերտ «եղ­բայ­րակ­ցած» էին եւ միշտ ըմ­բոստ ու հա­կա­ռակ դիրք բռնած հան­դէպ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեա­նց, խոչ­նըդ­ո­տել­ով ներ­քին ազ­գա­յին շատ մը հար­ցեր­ը: Դաշ­նակ­ցութ­իւ­նը կ­ռթնած իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու, գի­տակ­ցօ­րէն կը խան­գա­րէին ազ­գին ներ­քին ներդաշ­նա­կութ­իւ­նը:

­Ռամ­կա­վար մա­մուլ­ին ու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն կը մնար պայ­քա­րիլ այս ներք­ին «չա­րիք»­ին դէմ, բարձր պա­հել­ով ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեա­նց հեղ­ի­նա­կու­թիւ­նը եւ պաշտ­պա­նել նուիր­ա­կան դա­րա­ւոր ի­րա­ւունք­ներ­ն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը: Միւս կող­մէն թրքա­կան վա­ղա­հաս վտանգ­նե­րը դի­մագ­րա­ւել­, ազ­գա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեա­ն գոր­ծին նուիր­ուիլ եւ այդ նպա­տակ­նե­րու­ն յատ­կաց­նել նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­մէն մի­ջոց­: Ա. Նա­զար իր ա­ռաջ­նոր­դող խմբագ­րա­կան­նե­րով կը ձեռ­նար­կէ փաս­տա­ցի քննա­դա­տու­թեա­ն եւ կը խա­րա­զա­նէ գոր­ծա­կալ ազ­գա­յին ղե­կա­վար­ներ­ու ըն­թաց­քը, ինչ­պէս նաեւ քսան տա­րու­ան հայ ժող­ո­վու­րդին հա­ւատ­քի շա­հա­տա­կու­մնե­րը, եղ­բայ­րաս­պան ոճ­իր­ներ­ը, «յե­ղա­փոխ­ա­կան» պի­տա­կով իւ­րա­ցուած հսկայ գու­մար­նե­րը, եւ վեր­ջա­պէս թուր­քեր­ու հետ կա­յա­ցած դա­ւադ­րա­կան գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը:­

Նա­զար «Ազգ»ի խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը կը տա­նի մին­չեւ 1921, երբ ՌԱԿ-ի միու­թեա­մբ լոյս կը տես­նէ «Պայ­քար»ը, ո­րու­ն խմ­բագ­րու­թեա­ն կը հրա­ւի­րու­ի Նա­զար: Կը մնայ որ­պէս խմբագ­րա­պետ «Պայ­քար»ին մին­չեւ 1936 թուա­կա­նը, որ­մէ ետք ան մին­չեւ իր խոր ծե­րու­թիւնն ու մա­հը կը շա­րու­նա­կէր աշ­խա­տակ­ցիլ իր սի­րել­ի թեր­թին՝ աշ­խա­տակ­ցու­թիւն­ներ ղրկե­լով իր տու­նէն­: Հրաչ Ե­րուանդ կը յա­ջոր­դէր նստիլ խմբագ­րա­պետ­ի այդ ա­թո­ռին­:

Շու­տով կը դառ­նայ յար­գու­ած ա­նուն մը ա­մե­րի­կա­հայ կեա­նքի ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս եւ յատ­կա­պէս Պոս­տոն­ի հա­յա­շատ շրջա­նա­կին: Ան ին­քնին հաս­տա­տու­թիւ­ն մը դար­ձած էր հա­յա­շատ այս ոս­տա­նէն ներս, խորհր­դա­նիշ մը՝ խտա­ցու­ած ո­րոշ սկզ­բունք­ներ­ու, գա­ղա­փար­նե­րու եւ տե­սիլ­քնե­րու­:

Նա­զար հայ ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին հա­մո­զուած եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ջա­տա­գով­ներ­էն հան­դի­սա­ցաւ: Իր ջեր­մեռ­անդ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու բռնու­թեա­ն դէմ մարտն­չու­մի սրբա­զան կիր­քը հրա­պա­րա­կագ­րա­կան է­ջե­րէն յոր­դեց­նել­ով՝ ապ­րե­ցու­ց տ­պա­ւո­րիչ վէ­պի մը մէջ, «Մի՛ լար»:

Վե­րոյ­ի­շեալ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ ցոյց տուած ձեռնհա­սու­թիւն­ներ­էն շատ ա­ւե­լի գե­րիվ­եր կը հան­դի­սա­նայ որ­պէս հրա­պա­րա­կա­գիր ցոյց տուած իր կա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու­ն կեն­դա­նի վկա­ներն են «Պայ­քար»ի ըն­թեր­ցող­նե­րը: Այդ թեր­թին սիւ­նակ­նե­րուն մէջ կը փոր­ձէր մօտ քա­ռա­սուն տա­րին­ե­րէ ի վեր, ինչ­պէս նաեւ այլ ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան թեր­թե­րու մէջ, ո­րոն­ք յա­ճախ ար­տատ­պել­ով կը հրամ­ցն­էին ի­րեն­ց ըն­թեր­ցող­նե­րու­ն ա­նոր շատ մը շա­հեկ­ան եւ ու­շագ­րաւ գրու­թիւ­ննե­րը: Իր յօ­դուած­նե­րու­ն մէջ ա՛յն­քան յա­ջող­ա­պէս յու­զու­ած կ՚ըլ­լա­յին ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, կու­սակ­ցա­կան, կրօ­նա­կան, ե­կեղ­ե­ցա­կան եւ այլ հար­ցեր, ո­րոն­ք մաս­նա­ւոր կեր­պով կը փնտռուէի­ն ընթ­եր­ցողն­ե­րու կող­մէ:

­1917-1918-ին  Բաբ­գէն Եպսկ. Կիւ­լէ­սէր­եա­նի (հե­տա­գա­յին կ­­ա­թո­ղի­կոս Մե­ծի Տա­նն Կի­լիկ­իոյ) հետ կը հրա­տա­րա­կէ Պո­ստ­­ո­նի «Տ­­աւ­րոս» շա­բա­թա­թեր­թը­:

­Նա­զար պատ­րաս­տած է նա­եւ 1930-31 թուա­կան­նե­րու­ն «Պայ­քար» բա­ցա­ռի­կը՝ հան­դէս ազ­գա­յին, գրա­կան եւ տ­ն­տե­սակ­ան: Եօթ տա­րի գրած է նա­եւ «Հա­յաս­տա­նի Կո­չն­­ակ» թեր­թի խմ­­բագ­րա­կան­նե­րը իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սի տա­րի­նե­րու­ն:

ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ՅՍՏԱԿ ՈՒՂՂ­ՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Ան­դա­մակ­ցած է Հն­­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թեան, սա­կայն մեր­ժե­լո­վ ա­նոր ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թի­ւն­­ը, յա­րած է սա­հմա­նադ­րա­կան ռամ­կա­վա­րու­թեան:­
­

Ե­րի­տաս­արդ օ­րե­րէն մին­չեւ ի­ր ա­լե­ւոր ծ­­ե­րու­թիւ­նը, ա­ն մ­նա­ցած է խան­դա­վառ, հա­ւա­տա­ւոր պ­­աշտ­պան Հայ Յե­ղա­փո­խու­թեան շար­ժու­մի ա­՛յն ծ­րագ­րուած, լուռ ու ծա­ծուկ ձե­ւին, որ կի­րար­կուեց­ան նախ Ար­մե­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­ան ու ա­պա՝ ՌԱԿ-ը բա­ղկաց­նող կ­­ազ­մա­կեր­պու­թի­ւն­­նե­րու կ­­ող­մէ­, խստօ­րէն ք­ն­նա­դա­տե­լով ու­րիշ հո­սանք­նե­րու ցու­ցադ­րա­կան վնա­սա­բեր ձեռ­նարկնե­րը:­

Հա­յոց ե­ւ ընդհ­ա­նուր ազ­գաց պատ­մու­թեան վրայ կեդ­րո­նա­ցու­ցած ըլ­լա­լով իր ու­շադ­րու­թիւ­նը­, իր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան եւ խ­մ­բագ­րա­կան ա­ռա­քել­ու­թե­ան գլխա­ւոր ն­­պա­տակ ը­րած էր, քա­ղա­քա­կան ի­րատ­ե­սու­թեամբ, հա­յոց օ­տար ազ­գե­րու հետ ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թե­նէն դա­սեր քա­ղել: Ազ­գա­յին հիաս­թա­փու­թե­ան­ց ու պար­տու­թի­ւն­­նե­րուն դէպ­քերն ու պատ­ճառ­նե­րը ազ­դե­ցին ի­ր կեանք­ին վրայ: Ար­մե­նակ Նա­զա­րի եր­կա­րա­մեայ խմբագ­րու­թեան նիւ­թը կա­զմած են ա­յս պատ­մագ­րա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը:­

Իր տա­րե­կից­նե­րու ս­­ե­րու­նդին ա­մե­նէն ա­րդիա­կան ու յան­դուգն մտա­ծո­ղը ե­ղաւ ան, ա­զա­տա­կան ռամ­կա­վա­րու­թեան այն­պի­սի ամ­բող­ջա­կան ըմբռ­նու­մով մ­­ը, ո­ր ա­մէն նոր գա­ղա­փա­րի ու ըն­կե­րայ­ին յե­ղաշ­րջու­մի պատ­ճառ­ներն ու հե­տե­ւան­քնե­րը ո­րոն­ե­լու­, ճանչ­նա­լու ու դա­տե­լու ը­նդու­նա­կ կը դա­րձնէր զինք, ա­զատ ու ա­նա­չառ եզ­րա­կա­ցու­թեանց յան­գե­լու բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թե­ամ­բ մը: Ը­սե­լիք­ը կո­րո­վի գրի­չով կ՚ը­սէր, չէր բաղ­ձար որ ըն­թեր­ցո­ղնե­րը մի­տք­­ը գու­շա­կեն: Եւ այս պատ­ճա­ռով ա­լ դար­ձած էր շատ ժո­ղովրդ­ա­կան խմբա­գիր մը:

Մշտա­կան կա­պի մէջ ե­ղած է Եգ­իպ­տո­սի ռ­­ամ­կա­վար­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս՝ Միհ­րան Տա­մա­տեա­նի հետ եւ ա­նոնց ցուց­մունք­նե­րով ա­լ քա­ջա­լեր­ած է նի­ւեոր­քաբ­նակ Ռու­բէն Հե­րեա­նը ն­­ե­տու­ե­լու ք­­ա­ղա­քա­կան լուրջ աս­պա­րէզ (Բրի­տա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կա­ն շր­ջա­նա­կէն նե­րս), ո­րուն պ­­ի­տի յ­­ա­ջոր­դէր Հե­րեա­նի այ­նքա՛ն շնոր­հալ­ի եւ ազ­գանպաստ գոր­ծը՝ որ­բա­հա­ւա­քի աշ­խա­տան­քը ա­րա­բա­կան ա­նա­պատ­նե­րէն ու Կի­լի­կիայ­էն:

Հ­­ա­յաս­տա­նի ջան­քե­րը տ­ն­տե­սա­կա­ն եւ մշ­­ա­կու­թա­յին զար­գաց­ման հա­մար իր սիր­տը հրճ­­ուան­քով կը լեց­նէին: Հա­մո­զուած էր, թէ գա­լիք կէ­ս դա­րու ըն­թաց­քին «Հա­յաս­տա­նի մէջ պ­­ի­տի ս­­տեղ­ծու­ի ազ­գա­յին այն­պի­սի արժ­է­քա­ւո­ր մ­շա­կոյթ մը, ո­րուն ն­­մա­նը տես­նուած չէր ո՛չ Ար­շա­կու­նեա­ց եւ ոչ ալ Բագ­րա­տու­նեաց թ­­ա­գա­ւո­րու­թե­ան շր­ջա­նին»:

Չ­­էր սխա­լած:

Երբ Վե­րա­կազ­մեալ Հն­­չա­կեան Կու­սակց­ու­թի­ւնը, որ ի վեր­ջոյ Ա­զա­տա­կան ա­նու­նը տուա­ծ էր ինք­զին­քին, ե­ւ Օս­մա­նե­ան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռ­­չա­կու­մէն յետոյ ծնունդ ա­ռած Հայ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ռամ­կա­վար Կու­սակց­ու­թիւն­ը ո­րո­շե­ցին մի­ա­նալ եւ կազ­մե­ցին ՌԱԿ-ը: Նա­զար միա­ցում­ը ցան­կա­ցող եւ ա­նոր ի­րա­կա­նա­ցու­մին սատ­ա­րող գոր­ծիչ­նե­րէ­ն մին ե­ղաւ:

Քա­ղա­քա­կան մար­զէն ներս, Նա­զա­րի ցոյց տուած հմտու­թիւն­ը ի­րեն հօր­ե­նա­կան ժա­ռանգն էր: Ան­որ հայ­րը՝ Նի­կո­ղոս ա­ղա, «իր մատ­նե­րուն վրայ կը խաղց­նէր» Այ­նթա­պի բո­լոր պետ­ա­կան մար­դի­կը: Այն քայ­մա­քա­մը, որ յանդգ­նէր ի­րեն դէմ եր­թալ կամ հա­յա­տեաց ըն­թացք մը բռնած ըլ­լար, քա­նի մը օ­րէ­ն Պո­լի­սէն հ­­րա­հանգ կը ստա­նար ըն­թացք­ը փո­խե­լու, եւ կամ պաշ­տօ­նանկ ըլ­լա­լու:

Ա. Ն. Նա­զար այդ­պի­սի՛ ք­­ա­ղա­քա­գէտ հօր մը զա­ւա­կը ըլ­լա­լուն փաս­տը ցոյց տ­­ուած է շար­ու­նակ՝ ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան ժո­ղով­նե­րու մէ­ջ, լսա­րան­նե­րու բեմե-րէն եւ թեր­թե­րու ս­­իւ­նակն­ե­րէն: Ա­նոր խօս­քե­րը յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­ր ցո­լաց­նող պատ­գամ­ներ էին: Նա­զար վա­րած է կու­սակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ եւս­: Այդ օ­րե­րուն հա­մա­տա­րած ե­րե­ւոյ­թ է­ր ամ­ե­րի­կահ­այ կու­սակց­ա­կան ի­րա­կա­նու­թե­նէ­ն ներս բաղ­դա­տա­կան մը դնել Կի­լի­կիա­յէ­ն եւ Խար­բեր­դէն ներ­գաղթած­նե­րու մ­­ի­ջեւ: Ե­թէ Հրաչ Ե­րուանդ խար­բերդ­ցի­նե­րու պ­­աշտ­պան «հայ­րիկ»ն է­ր, ա­պա Ա. Ն. Նա­զար կի­լի­կեց­ի­նե­րու ջա­տա­գո­վը:

Կ­­ը մա­հա­նայ Նո­յեմ­բեր 20, 1950 թուա­կա­նին Պոս­տոն, Ու­ելզ­լի Հիլզ­ի մէջ: Կի­նը՝ Կիւ­լե­նիա, որ կրթա­նուէր հայ­ու­հի մըն էր եւ ՌԱԿ-ի հա­ւա­տա­ւոր ան­դա­մու­հին, կը մա­հա­նայ Փետ­րուար 1­5, 1962 թուա­կա­նին:

Ան իր կեա­նքի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ի­նքզինք նուի­րա­բեր­եց, վարկ ա­պա­հո­վե­լով ՌԱ­Կ­-ին ու ա­մե­րի­կա­հայ կազ­մա­ւո­րուող գ­­ա­ղու­թին: Նա­զար մնաց ան­մո­ռաց դէմք մը հայ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէն ներս, գրա­ւե­լով կա­րե­ւոր անկ­իւն մը­ն ալ կու­սակ­ցու­թեան տա­րեգ­րու­թեան մէջ: ՌԱ­Կ Ա­րե­ւե­լեան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Շ­ր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը ընդ միշտ պա­հե­լու բ­­ազ­մա­վաս­տակ ըն­կե­րո­ջ բա­րի յի­շա­տա­կը Պոստ­ոն­ի Ա­րանց ա­կում­բը մկրտեց «Ա. Նա­զար» ա­նու­նով:­

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017