ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՍԻՐԵԼ…
Մարդկային բանականութեան ամենէն խորթ եւ օտարոտի թուած պատուէրներէն մին է՝ «թշնամիները սիրե՛լ»։
Արդարեւ, ո՜րքան դժուար է իրագործել այս պատուէրը, քանի որ մարդ, բնականաբար «եսասէր» է եւ երբեմն ինքնամոլ եւ իրեն համար դժուար է ներել, մանաւանդ երբ վիրաւորուած կը զգայ ինքզինք՝ բարոյապէս կամ մարմնապէս։ Եւ երբ «ներել»ը ա՜յդքան դժուար է մարդուս համար, այլապէս, կրնա՞յ սիրել մէկը՝ որ վիրաւորած է, կամ վիրաւորելու պատրաստ է զինք։ Բայց վեհանձն են անոնք, ազնիւ եւ ասպետական հոգիի տէր, որոնք գիտեն ներել եւ մանաւանդ սիրե՛լ իրենց վնաս պատճառողները, վիրաւորողները զիրենք եւ իրենց անձին համար վտանգաւոր, վտանգ սպառնացող կեցուած ունեցողները՝ որոնք ընդհանրապէս կ՚անուանուին «թշնամի՛»։ Ուրեմն թշնամիին, հաւանական վտանգաւորին ներել, մանաւանդ սիրել՝ շատ դժուար է եւ երբեմն անկարելի՛…։
Այս իմաստով, ուրիշի մը որեւէ բան յանձնարարել, պատուիրել դիւրին է, բայց յանձնարարուածը, պատուիրուածը գործադրել, կիրարկել՝ դժուա՛ր։
Ուստի Աւետարանի ամենադժուար ըմ-բըռնելի եւ ամենախրթին, կնճռոտ պատուիրաններէն մին պէտք է նկատել՝ թշնամին սիրելու պատուէրը։
Այսու ամենայնիւ, մարդ եթէ փորձէ ճիշդ հասկնալ այս պատուէրը, պիտի տեսնէ, որ ան շարունակութիւնն է «մերձաւորը սիրել»ու, «ընկերը սիրել»ու պատուէրին՝ որ ի վերջոյ կը հասնի բոլոր մարդիկը սիրելու՝ մարդասիրութեան հրահանգին։
Եւ եթէ «մարդասիրութիւն»ը ընդհանուր պատուէր մըն է, ապա ուրեմն այդ բացատրութեան մէջ է նաեւ, բնականաբար «թշնամի»ն ալ սիրել, քանի որ «մարդ» չի նշանակեր միայն մերձաւոր, ընկեր կամ բարեկամ։ Այլապէս մերձաւորը կամ ընկերը սիրել բնական է եւ դիւրին։ Մարդ երբ դժուար գործ մը յաջողութեամբ կատարէ, այդ աւելի արժէք կը ներկայացնէ։
Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, չէ՞ք խորհիր, թէ մարդուս ամենամեծ թշնամին իր «Ես»ն է եւ երբ մարդ «եսասէր» է, ապա ուրեմն կարելի՛ է սիրել թշնամին։ Երբ ամենամեծ, ամենավտանգաւոր եւ ամենէն վնասակար թշնամին՝ իր «Ես»ը կը սիրէ, շատ աւելի դիւրին եւ բնական պիտի ըլլայ սիրել արտաքին թշնամիները, որոնք աստիճանաբար աւելի ազդու եւ վտանգաւոր են մարդուս համար քան իր «Ես»ը։ Այս մտածողութեամբ, «Եսասէր» մարդը, բնականաբար եւ բանականօրէն կ՚ըլլայ նաեւ «թշնամասէ՛ր», քանի որ «թշնամին սիրել» հետեւանքն է եսասիրութեան, որ բնական զգացում մըն է մարդուս համար։
Ուրեմն «թշնամին սիրել», այնքան ալ դժուար պիտի չըլլայ «եսասէր» մարդուն համար եւ նկատելով որ ամէն մարդ, քիչ կամ շատ, բայց անպայմա՛ն «եսասէր» է, բնականաբար պիտի սիրէ «թշնամի»ն։ Այս ալ մեզի ցոյց կու տայ, թէ «թշնամին սիրել» բնական զգացում մըն է եւ երբ մարդ իր զգացումները հակակշռէ բանականութեամբ, ամէն ինչ բնական եւ դիւրին կ՚ըլլայ իրեն։
Անշուշտ կրնան հակազդել ոմանք այն տրամաբանութեան, թէ «եսասէր» մարդը կրնայ ըլլալ նաեւ «թշնամասէր», սակայն ուղիղ մտածողութիւնը, մանաւանդ «մարդասիրութեան» ընդհանուր գաղափարը ի վերջոյ այս եզրակացութեան կը տանի մեր մտածողութիւնը։
Շարունակենք, ուրեմն. այն մերձաւորը՝ որ մեր ընկերն է, մեր հարազատը, մեր բարեկամը, մեր դրացին, մեր հայրենակիցը, բայց զանազան պատճառներով մեզի «օտար» է, մեզի չհամաձայնիր, չի հասկնար, աւելին՝ կը նախանձի, կը սկսի չարախօսել, կը բամբասէ, կը վնասէ, մինչեւ իսկ կը հարուածէ եւ կը վիրաւորէ մեզ, անիկա աւելի «թշնամի» կ՚ըլլայ մեզի, քան մեզի օտար «թշնամի» անուանուածները։ Ուրեմն, ներքին թշնամին՝ թշնամացած մերձաւորը աւելի վտանգաւոր է, քան արտաքինը՝ արդէն «թշնամի» ճանչցուածները։ Ահա, թէ ո՛ր թշնամիներուն մասին է որ կը խօսի Յիսուս, որոնց պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ թէ զանոնք սիրե՛նք եւ աղօթենք անոնց համար։
Այլ, ընդհանուր առումով, հաւաքական վնաս պատճառող, իսկական իմաստով վտանգաւոր թշնամիներու դէմ առաւելագոյն զգուշութիւն պէտք է ցոյց տալ, պատրա՛ստ ըլլալ ամէն տեսակ ոտնձգութիւններու, հարուածներու, որ կը կատարուին նուիրական բոլոր արժէքներու, սրբութիւններու դէմ։ Արդարեւ, սիրելէ աւելի՝ զգոյշ եւ ուշադիր պէտք է ըլլալ այսպիսի չարամիտ եւ չարագործ թշնամիներու դէմ։ Անշուշտ, կարելի է հարցնել, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է սիրել եւ «թշնամի» նկատելով մէկը՝ զգուշանալ անկէ, պատրաստ ըլլալ անոր հաւանական հարուածներուն։
Այս իմաստով, ինչպէս հասկնալ Յիսուսի սա յստակ պատուէրը. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները» (ՄԱՏԹ. Ե 44) եւ (ՂՈՒԿ. Զ 27-35)։ Արդարեւ, Յիսուսի այս խօսքը՝ սի՛րտն է, կեդրոնն է, առանցքն է քրիստոնէական կեանքին։ Եթէ սիրտը կենդանի է՝ կը բաբախէ, ուրեմն մարդ կենդանի՛ է, իսկ երբ սիրտը դադրի բաբախելէ, այլեւս մարդ չկա՛յ, արդէն դիակ մըն է միայն։ Սիրտը կենդանութեան կեդրոնն է՝ առանցքը եւ երբ այդ կեդրոնը եւ առանցքը խորտակուի կամ կործանի, այլեւս իր շուրջը ո՛չինչ կը մնայ եւ ամէն ինչ կը ջախջախուի, կը տապալի։
Եւ եթէ հարցը մարդն է՝ որոշ ժամանակ դիակը նմանութիւն ունի կենդանի մարդու հետ, բայց շուտով կը սկսի ապականիլ, տարրալուծուիլ։ Այսպէս ալ, քրիստոնէութիւնը առանց թշնամին սիրելու՝ կը վերած-ւի «դիակ»ի։ Արդարեւ, դիակը կարելի է զարդարել, յարդարել իր դագաղին մէջ՝ ծաղիկներով եւ սիրուն զգեստներով, բայց ան կը մնայ միեւնոյնը՝ դիա՛կ, որուն մէջ կեանք չկա՛յ։
Ուստի «թշնամին սիրել»ու պատուիրանը քրիստոնէութեան «գաղտնի ուժ»ն է՝ հասկնալու, ըմբռնելու բանալին անոր վարդապետութիւնը։
Ուրեմն եթէ հարցուի, թէ՝ ի՛նչ է քրիստոնէութիւնը, պատասխանը պէտք է ըլլայ. «թշնամին իսկ սիրելու քաջութիւնն է, թշնամին իսկ սիրելու վեհանձնութի՛ւնն է, թշնամին իսկ սիրելու առաքինութիւնն ու ազնուութի՛ւնն է»։ Այս պատուիրանը յոյսին լո՛յսն է՝ խաղաղութեան, հանդուրժողութեան, խոնարհութեան եւ սիրոյ, որոնք միայն կրնան ստեղծել հաշտ ու համերաշխ աշխարհ մը՝ ուր համայն մարդկութիւնը կ՚ապրի սիրոյ պարգեւներով, եղբայրասիրութեամբ, իրերհասկացողութեամբ եւ իրերօգնութեամբ, որուն արդէն կոչուած է մարդ՝ իր արարչութենէն իսկ։
Եւ երբ կ՚ըսուի, թէ բոլոր մարդիկ «եղբա՛յր» են, ապա ուրեմն ինչո՞ւ չսիրել զանոնք, ամէն մէկը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 13, 2017, Իսթանպուլ