ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ

Սուրբ Իգ­նա­տիոս Ան­տիո­քա­ցի կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­րէց­նե­րը իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ խոր­հուր­դին ան­դամ­նե­րը եւ իբ­րեւ ա­ռա­քեալ­նե­րուն հա­մա­խում­բը՝ ա­ռանց ա­նոնց կա­րե­լի չէ՛ Ե­կե­ղե­ցիի մը մա­սին խօ­սիլ։ Ուս­տի «ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տար»ին ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէ­ջէն՝ Քրիս­տոս Ի՛նքն է որ ներ­կայ է Իր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ իբ­րեւ Գլուխ՝ Իր Մար­մի­նին, իբ­րեւ Հո­վիւ՝ Իր հօ­տին, Քա­հա­նա­յա­պետ՝ փրկչա­գործ զո­հին եւ Վար­դա­պետ՝ ճշմար­տու­թեան։ Այս ի­մաս­տով, քա­հա­նան կը գոր­ծէ յան­ձին Քրիս­տո­սի։

Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի կ՚ը­սէ. «Յի­սուս Քրիս­տո­սի՝ նոյն Քա­հա­նա­յին դե­րը պաշ­տօ­նա­տար քա­հա­նան ճշմար­տա­պէս կը կա­տա­րէ։ Քա­նի որ իր ըն­դու­նած քա­հա­նա­յա­կան օ­ծու­մին պատ­ճա­ռով՝ ան կը նոյ­նա­նայ ճշմար­տա­պէս Գե­րա­գոյն Քա­հա­նա­յին հետ, ու­րեմն իր ներ­կա­յա­ցու­ցած Քրիս­տո­սի զօ­րու­թեամբ գոր­ծե­լու իշ­խա­նու­թիւ­նը կը վա­յե­լէ զօ­րու­թեամբ եւ յան­ձին նոյն Ինքն Քրիս­տո­սի։ Քրիս­տոս աղ­բի՛ւրն է ամ­բողջ քա­հա­նա­յու­թեան. հին օ­րէն­քին քա­հա­նան՝ պատ­կերն էր Քրիս­տո­սի, իսկ նոր օ­րէն­քին քա­հա­նան՝ կը գոր­ծէ յան­ձին Քրիս­տո­սի»։ Ար­դա­րեւ, Հին Ուխ­տի մէջ քա­հա­նա­յու­թեան սահ­մա­նու­մը սա­պէս էր. ընտ­րեալ ժոող­վուր­դը Աս­տու­ծոյ կող­մէ սահ­մա­նուած է իբ­րեւ «քա­հա­նա­նե­րու թա­գա­ւո­րու­թիւն մը եւ ազգ մը՝ որ սուրբ է» (ԵԼՔ. ԺԹ 6)։

­Բայց Իս­րա­յէ­լի ժո­ղո­վուր­դին ծո­ցէն՝ Աս­տուած տաս­ներ­կու ցե­ղե­րէն ընտ­րեց Ղե­ւիի ցե­ղը, զայն յա­տկաց­նե­լով ծի­սա­կան ծա­ռա­յու­թեան։ Ա­նոր ժա­ռան­գու­թեան բա­ժի­նը Աս­տուած է։ Յա­տուկ ծի­սա­րարք մը նուի­րա­կա­նա­ցուց Հին Ուխ­տի քա­հա­նա­յու­թեան ծա­գու­մը։ Քա­հա­նա­նե­րը հոն կար­գուած են միջ­նոր­դե­լու հա­մար ի նպաստ մար­դոց Աս­տու­ծոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի ըն­ծայ եւ զոհ մա­տու­ցա­նեն մեղ­քե­րուն հա­մար։ Աս­տու­ծոյ խօս­քը հռչա­կե­լու եւ զո­հե­րով եւ ա­ղօթք­նե­րով Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դու­թիւ­նը եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը վեր­հաս­տա­տե­լու հա­մար կար­գուած այս «քա­հա­նա­յու­թիւն»ը սա­կայն կը մնայ փրկա­գոր­ծե­լու ան­զօր ու թե­րի, քա­նի որ ան­դա­դար զո­հեր մա­տու­ցա­նե­լու կա­րի­քը ու­նի՝ ան­կա­րող ըլ­լա­լով հաս­նե­լու վերջ­նա­կան սրբա­ցու­մին՝ զոր միա՛յն Քրի­սոտ­սի զո­հը պի­տի ի­րա­գոր­ծէ։

Ե­կե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կա­տա­րու­մը Նոր Ուխ­տին կար­գեալ պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեան նա­խա­պատ­կե­րա­ցում­նե­րը կը տես­նէ Ա­հա­րո­նի քա­հա­նա­յու­թեան եւ ղեւ­տա­ցի­նե­րու պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ եօ­թա­նա­սուն «Ծե­րեր»ու հաս­տա­տու­մին մէջ։

Հին Ուխ­տի քա­հա­նա­յու­թեան բո­լոր նա­խա­պատ­կե­րա­ցում­նե­րը ի­րենց կա­տա­րու­մը կը գտնեն Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ. միա՛կ միջ­նորդ Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց մի­ջեւ, ինչ­պէս կը վկա­յէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ։

Մել­քի­սե­դեկ, «քա­հա­նայ բարձ­րեալ Աս­տու­ծոյ» (ԾՆՆԴ. ԺԴ 18), քրիս­տո­նեայ Ա­ւան­դու­թեան կող­մէ նկա­տուած է իբ­րեւ «նա­խա­պատ­կե­րա­ցու­մը քա­հա­նա­յու­թեան Քրիս­տո­սի՝ միակ «Քա­հա­նա­յա­պետ ըստ կար­գին Մե­լքի­սե­դե­կի» (ԵԲՐ. Ե, Ժ, Զ 20)։

«Բո­լոր ան­դամ­նե­րը նոյն պաշ­տօ­նը չու­նին», կ՚ը­սէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 4)։ Ուս­տի ան­դամ­նե­րէն ո­մանք Աս­տուծ­մէ կո­չուած են հա­սա­րա­կու­թեան յա­տուկ ծա­ռա­յու­թեան մը հա­մար։ Սրբա­զան ծա­ռա­յու­թեան մը՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ Ե­կե­ղե­ցիին մի­ջո­ցով։ Այս ծա­ռա­յող­նե­րը ընտ­րուած եւ նուի­րա­գոր­ծուած են Ձեռ­նադ­րու­թեան Կար­գի Սուրբ Խոր­հուր­դով՝ ո­րուն մի­ջո­ցով Սուրբ Հո­գին զա­նոնք ա­տակ կը դարձ­նէ գոր­ծե­լու յան­ձին «Գլուխ»ին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի, ի սպաս Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։ Ուս­տի «ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տար»ը կեր­պով մը «սրբան­կա՛ր»ն է Յի­սուս Քրի­սոտ­սի։

Ար­դա­րեւ, Սուրբ Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դին մէջ է որ Ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ խոր­հուր­դը լիո­վին կը բա­ցա­յայ­տուի, ուս­տի Սուրբ Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին կը յայտ­նուի քա­հա­նա­յին պաշ­տօ­նա­տա­րու­թիւ­նը։ Այս­պէս, սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն հան­դի­սա­կա­տա­րու­մին մէջ «ծի­սա­կա­տար»ը ամ­բողջ հա­մա­ժո­ղովն է, իւ­րա­քան­չիւ­րին պաշ­տօ­նին հա­մե­մատ՝ բո­լո­րին մէջ ներ­գոր­ծող Սուրբ Հո­գիին միու­թեան մէջ։

Ձեռ­նադ­րեալ պաշ­տօ­նա­տա­րու­թիւ­նը կամ պաշ­տօ­նա­տար քա­հա­նա­յու­թիւ­նը կը գոր­ծէ ի սպաս քա­հա­նա­յու­թեան։ Ան կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ, թէ սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ Քրիս­տոս Ի՛նքն է որ կը գոր­ծէ Սուրբ Հո­գիով Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։ Հօր կող­մէ Իր Մարմ­նա­ցեալ եւ Մար­դա­ցեալ Որ­դիին յանձ­նուած փրկչա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը յանձ­նուած է նաեւ ա­ռա­քեալ­նե­րուն եւ ա­նոնց մի­ջո­ցով՝ ա­նոնց յա­ջորդ­նե­րուն։ Ա­նոնք կը ստա­նան Յի­սուս Քրիս­տո­սի Հո­գին՝ գոր­ծե­լու հա­մար Ա­նոր ա­նու­նով եւ Ա­նոր Ան­ձին մի­ջո­ցով։

Ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տա­րը՝ քա­հա­նան այս­պէս՝ խորհր­դե­նա­կան այն կա­պը, զօդն է, որ ծի­սա­կա­տա­րու­մը կը կա­պէ ա­ռա­քեալ­նե­րու խօս­քին ու գոր­ծին եւ ա­նոնց մի­ջո­ցով, սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն ակ­նաղ­բիւր եւ նա­խա­հի­մը՝ Քրիս­տո­սի խօս­քին ու գոր­ծին։

Քրիս­տո­սի պաշ­տօ­նա­տա­րին՝ քա­հա­նա­յին մէջ Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը պէտք չէ ըմբռ­նուի այն ձե­ւով, թէ՝ ա­սի­կա զերծ է մարդ­կա­յին բո­լոր տկա­րու­թիւն­նե­րէն, թե­րու­թիւն­նե­րէն, տի­րա­պե­տու­մի ո­գիէն, սխալ­մուն­քէն, մո­լո­րում­նե­րէն եւ մին­չեւ իսկ մեղ­քէն։ Սուրբ Հո­գիին Զօ­րու­թիւ­նը միա­կերպ կեր­պով չ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեր պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն՝ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն, քա­հա­նա­նե­րուն բո­լոր ա­րարք­նե­րը։

Մինչ­դեռ սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ այս ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւ­նը տրուած է այն­պի­սի ձե­ւով, որ նոյ­նիսկ քա­հա­նա­յին մե­ղա­ւո­րու­թիւ­նը չի՛ կրնար խա­փա­նել շնորհ­քին պտու­ղը. սա­կայն եւ այն­պէս՝ գո­յու­թիւն ու­նին բազ­մա­թիւ ու­րիշ ա­րարք­ներ, ուր քա­հա­նա­յին եւ ընդ­հան­րա­պէս հո­գե­ւո­րա­կա­նին «մարդ­կա­յին դրոշմ»ը հետ­քեր կը թո­ղու, ո­րոնք Ա­ւե­տա­րա­նին հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թեան նշա­նը չեն միշտ եւ ո­րոնք հե­տե­ւա­բար կրնան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան բեղմ­նա­ւոր­ման վնաս հասց­նել։

Քա­հա­նան Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուր­դին մօտ իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը կի­րար­կէ՝ ու­սու­ցա­նե­լով, աս­տուա­ծա­յին պաշ­տա­մուն­քով եւ հո­վուե­լով։

Ար­դա­րեւ «քա­հա­նա­յա­կան շնորհք»ին եւ պաշ­տօ­նին մե­ծու­թեան դի­մաց, Ե­կե­ղեց­ւոյ Սուրբ Հայ­րեր հո­գե­փո­խուե­լու հրա­մա­յա­կան կո­չը զգա­ցած են, որ­պէս­զի ի­րենց ամ­բողջ կեան­քով հա­մա­պա­տաս­խա­նեն Ա­նոր՝ ո­րուն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը կը կա­ցու­ցուին սուրբ խոր­հուր­դով։

Տա­կա­ւին ե­րի­տա­սարդ Քա­հա­նայ՝ Սուրբ Գրի­գոր Նա­զիան­զա­ցի սա­պէս կ՚ը­սէր.

«Ու­րիշ­նե­րը մաք­րասր­բե­լու հա­մար՝ հա՛րկ է որ մարդ նախ ինք­զինք մաք­րասր­բէ. ու­րիշ­նե­րը ու­սու­ցա­նե­լու հա­մար հա՛րկ է նախ ինք ըլ­լայ ու­սեալ։ Հա՛րկ է ըլ­լայ լոյս՝ լու­սա­ւո­րե­լու հա­մար, մօ­տե­նալ Աս­տու­ծոյ՝ ու­րիշ­նե­րը Ա­նոր մօ­տեց­նե­լու հա­մար, սրբա­նալ՝ սրբաց­նե­լու հա­մար, ա­նոնց ձեռ­քէն բռնած՝ ա­ռաջ­նոր­դել եւ խրա­տել խո­հա­կա­նու­թեամբ։

«Ես գի­տեմ թէ մենք ինչ­պի­սի մէ­կուն պաշ­տօ­նա­տար­ներն ենք, ի՛նչ­պի­սի մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնուինք եւ ո՛վ է Ան, ո­րուն կ՚ուղ­ղուինք։ Ես կը ճանչ­նամ Աս­տու­ծով Բարձ­րու­թիւ­նը եւ նաեւ մար­դուն տկա­րու­թիւ­նը, բայց նաեւ՝ ո՛ւ­ժը մար­դուն։

«Ի՞նչ­պի­սի մէկն է քա­հա­նան։ Ան պաշտ­պա՛նն է ճշմար­տու­թեան, հրեշ­տակ­նե­րուն հետ բարձր կը կանգ­նի, հրեշ­տակ­նե­րուն հետ կը փա­ռա­բա­նէ, զո­հերն ու պա­տա­րագ­նե­րը դէ­պի երկ­նա­յին խո­րան կը մա­տու­ցա­նէ. բաժ­նե­կից է Քրիս­տո­սի Քա­հա­նա­յու­թեան, ա­րա­րա­ծը վերս­տին կը կա­տա­րէ, կը կա­ղա­պա­րէ եւ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը կը վեր­հաս­տա­տէ ա­նոր մէջ, կը վերս­տեղ­ծէ զայն վե­րին աշ­խար­հին հա­մար, եւ ի՛նչ որ վսե­մա­գոյն է՝ ի՛նք աս­տուա­ծա­ցած է եւ ու­րի­շը կ՚աս­տուա­ծաց­նէ»։

Ք­րիս­տոս Ի՛նքն է որ ա­ռա­քեալ­նե­րը ընտ­րեց եւ զա­նոնք Իր ա­ռա­քե­լու­թեան ու իշ­խա­նու­թեան մաս­նա­կից եւ գոր­ծա­կից դար­ձուց։ Ան Իր հօ­տը եր­բե՛ք չի լքեր, այլ ա­ռա­քեալ­նե­րուն մի­ջո­ցով՝ Իր յա­րա­տեւ պաշտ­պա­նու­թեան տակ կը պահ­պա­նէ եւ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ զայն՝ ա՛յն հո­վիւ­նե­րով, ո­րոնք այ­սօր Իր գոր­ծը կը շա­րու­նա­կեն։

Ու­րեմն Քրիս­տոս Ի՛նքն է, որ կու տայ ո­մանց՝ ա­ռա­քեալ­ներ ըլ­լա­լու, իսկ ու­րիշ­նե­րուն՝ հո­վիւ­ներ ըլ­լա­լու պաշ­տօ­նը։

Վեր­ջաց­նե­լէ ա­ռաջ յի­շենք Ե­րե­միա Մար­գա­րէի խօս­քե­րը, որ կ՚ը­սէ. «Քեզ ո­րո­վայ­նի մէջ չստեղ­ծած քեզ գիտ­ցայ, դուն քու մօրդ ար­գան­դէն չե­լած քեզ սրբե­ցի…» (Ե­ՐԵՄ. Ա 5), ո­րոնք քա­հա­նա­յա­կան կո­չու­մին հի­մը կը կազ­մեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 16, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017