ՍԻՊԻԼ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց համակրելի մեներգչուհի Սիպիլը, որ միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Նախարարը ջերմօրէն ու բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սիպիլի գործունէութեան մասին, որ միշտ դրական արձագանգ կը ստեղծէ զանազան գետիններու վրայ ու մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ կարեւոր խորհրդանշան մը դարձած է՝ հայկական երաժշտութեան մասին։
Իր կարգին, Սիպիլն ալ զրոյցի տեւողութեան Արմէն Ամիրեանին տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ներկայ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն շուրջ։ Նախարարը անկեղծօրէն յաջողութիւն մաղթեց Սիպիլի ձայնագրութիւններուն եւ տեսահոլովակներու պատրաստութիւններուն համար։