ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ԿԸ ԶՐԿՈՒԻ ԻՐ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻԷՆ
Մխիթարեանի ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ շաբաթավերջին համախմբուեցան յուզումնախառն հաւաքոյթի մը առթիւ։ Այսպէս, մասնաւոր երեկոյթով մը փակուեցան Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին դռները՝ վերանորոգութեան աշխատանքներու համար։
Ինչպէս ծանօթ է, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ընդարձակ համալիրէն ներս վերջին տարիներուն կը ծաւալուի հսկայ շինարարութիւն մը։ Այդ շինարարութեան կատարուած տարածքէն ներս կը գտնուէր նաեւ Մխիթարեան սանուց միութեան բուն շէնքը, որ փլցուեցաւ ստիպողաբար։ Ուստի միութիւնը հարկադրաբար կը գործէր այլ երդիքի մը տակ։ Ան խարսխուած էր Սիւլէյման Նազիֆ փողոցի առանձնատուներէն մէկուն մէջ։ Ուրեմն, այդ փողոցէն ներս, փողոցի ամբողջ երկայնքով, քով քովի կառուցուած առանձնատուներն ալ յառաջիկայ շրջանին պիտի վերանորոգուին ի հիմանէ։ Անոնց սեփականութիւնը կը պատկանի Մխիթարեանի վանատան։ Ուրեմն, միջոցի մը համար, համանուն սանուց միութիւնը պիտի զրկուի նաեւ իր ժամանակաւոր հաւաքատեղիէն։
Այդ շէնքի վերանորոգութեան ընդառաջ, զանազան սերունդներէ մխիթարեանցիներ շաբաթավերջին այնտեղ հաւաքուեցան վերջին անգամ։ Վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլորը։ Մթնոլորտը թէեւ յուզումնախառն էր, սակայն վերջին հաշուով բոլորը կը գիտակցէին, որ աշխուժութեան գրաւականն է՝ մխիթարեանցի սաներուն միասնական աշխատանքը, այլ ո՛չ թէ զուտ ֆիզիքական պայմանները։ Հարկ է յիշեցնել նաեւ, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը այս միջանկեալ շրջանին հնարաւորինս կայուն պահած է իր գործունէութեան թափը՝ շնորհիւ Վարդան Պալմումճեանի գլխաւորած խումբի ջանքերուն։
Այժմու կանխատեսումներով, շուրջ տարի մը վերջ Մխիթարեան սանուց միութիւնը պիտի ունենայ նոր հաւաքատեղի մը՝ դարձեալ վերոյիշեալ փողոցի առանձնատուներէն մէկուն երդիքին տակ։