ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Գալ­ֆաեան Տան մէջ ան­ցեալ շա­բաթ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­րուած էին հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Սի­րա­նոյշ Էօզ­նի­կո­լեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Այս առ­թիւ ա­շա­կերտ­նե­րը ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ հա­ղորդ դար­ձան այս ա­ւան­դու­թեան։

Բա­ցի դպրո­ցէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կէն, Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ ալ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը։ Վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը տո­ղան­ցե­ցին դի­մակ­նե­րով ու մաս­նա­ւոր տա­րազ­նե­րով՝ ե­րաժշ­տու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Զուար­ճա­լի այս ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին ըն­դու­նե­լու­թիւն մըն ալ սար­քուե­ցաւ տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017