ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄԸ

Ե­րէկ, «Թաք­սիմ Հիլլ» պան­դո­կին մէջ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը։ 8 Մար­տի Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան ըն­դա­ռաջ նա­խա­տե­սուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու նպա­տակն էր Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նոր տիկ­նանց կազ­մին ծա­նօ­թա­ցու­մը։ Ցե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան նա­խա­ճա­շի սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Ալ­թուն, որ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Շիշ­լիի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, դա­սըն­թացք­նե­րու շուրջ 300 մաս­նա­կից­նե­րով, զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու եւ խում­բե­րու շուրջ 150 մար­զիկ­նե­րով՝ Շիշ­լի մօ­տա­ւո­րա­պէս 500 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ մեծ ըն­տա­նիք մըն է եւ ա­ւան­դա­կան ո­գիով յա­ռաջ կը տա­նի իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ձեռ­նար­կի հիւ­րե­րէն մին էր 1984 թուա­կա­նին Եւ­րո­պա­յի գե­ղեց­կու­հի ընտ­րուած Նե­շէ Էր­պերք, որ փու­թա­ցած էր յայտ­նե­լու հա­մար իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Նե­շէ Էր­պեր­քի դուստ­րե­րը՝ Ա­լին, Լա­ռա եւ Սե­լին Կուր­տի­կեան­նե­րը ներ­կա­յիս մաս կը կազ­մեն Շիշ­լիի վո­լէյ­պո­լի ա­ռա­ջին խում­բին։ Այս հան­գա­ման­քը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է, որ Նե­շէ Էր­պերք մօ­տէն հե­տե­ւի Շիշ­լիի գոր­ծու­նէու­թեան։

Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը եւ նո­րա­կազմ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րը միաս­նա­բար հա­տե­ցին ի­րենց ի պա­տիւ պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։

Շիշ­լիի նո­րաս­տեղծ տիկ­նանց կազ­մը կը գլխա­ւո­րէ Տիա­նա Ալ­թուն։ Միւս ան­դա­մու­հի­ներն են՝ Թա­լին Պօ­ղո­սեան, Դա­լար Տո­լար, Տիա­նա Փեհ­լի­վա­նեան, Սէր­լի Թեք­պը­չաք, Թա­մար Քա­րա­քաշ, Ա­նի­թա Քա­րա, Մա­րալ Ը­շըք­պայ, Ճու­լիա Այ­սե­լի, Թա­մար Սո­մուն­ճեան, Գա­րին Կիւր, Պե­լին­տա Քու­րան։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2017