ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցը արդէն կարճ ժամանակի ընթացքին նոր շունչ մը բերած է մեր ընկերամշակութային կեանքին։ Աշխատանոցի երդիքին տակ ստեղծուած է արտասովոր խանդավառութեան մթնոլորտ։ Շաբաթավերջերուն, բառին բուն իմաստով, երիտասարդական շարժում մը կը ստեղծուի գեղարուեստական այս աշխատանոցէն ներս։ Դպրոցահասակ կամ աւելի փոքր տարիքի մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ, իրենց ծնողներով հանդերձ, այդ համալիրէն ներս կը ծաւալեն բազմակողմանի գործունէութիւն։ Այդ աշխատանքները առիթ կ՚ընձեռեն, որպէսզի թէ՛ անոնք միասնաբար արտադրելու հաճոյքը ըմբոշխնեն եւ թէ միեւնոյն ժամանակ հաղորդ դառնան մեր մշակոյթին։
Գարակէօզեանի համալիրէն ներս, աշխատանոցներու ձեւաչափով կը կազմակերպուին դասընթացքներ։ Այս ծրագիրը կը հովանաւորուի խնամակալութեան եւ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ։ Համակարգողն է Առլին Շահպազ Շերեմէթ։ Աշխատանոցի պատասխանատու Արտէն Եանարն ալ աջակցութիւն կը բերէ աշխատանքներուն։ Շաբաթավերջերուն բազմաբնոյթ ճիւղերու մէջ դասընթեցքներ կը կազմակերպուին Գարակէօզեանէն ներս։ Ներկայիս արդէն դասարաններ բացուած են հետեւեալ ճիւղերուն մէջ, որոնց իւրաքանչիւրը ունի իր մասնաւոր պատասխանատու ուսուցիչը. Պալէ (Մարալ Քալենտէրօղլու), թենիս (Շահին Եըլտըզ), յախճապակիի մշակում (Էմրէ Աթթըրըճըօղլու), երգիծանկար (Սարգիս Փաչաճը), եոկա (Նաթալի Չաղլայան), փլաթէս (Անիթա Թահմինճիօղլու), հայերէնով խաղերու խմբակ (Ռոմինա Սինան), ճատրակ (Սայաթ Թուղլաճը), մարզանք (Էօզկէն Շենկելէն), պաթերի (Ալփէրէն Ալքան), հիփ-հոփ (Նորա Թոքյովսէփեան), գծաֆիլմերու ստեղծագործութիւն (Հավվա Քանկալ), զումպա (Թալին Մինասօղլու)։
Ցարդ բացուած այս ճիւղերուն առընթեր նախատեսուած են նաեւ այլ հետեւեալ դասարանները՝ դարձեալ մասնաւոր ուսուցիչներով.
Անգլերէնով խաղերու խմբակ (Առլին Շահպազ Շերեմէթ), աիքիտօ (Արի Քիւտեան), լուսանկարչութիւն (Մանուէլ Չըթաք), կիթառ (Արի Հերկել), փերքիւսիոն (Ալփէրէն Ալքան), օրիկամի (Միվաքօ Քիթահարա)։
Ի լրումն այս բոլորին աշխատանոցի ղեկավարութիւնը տրամադիր է նաեւ ի պահանջել հարկին հաստատել ջութակի, աքսելիումի եւ «Մայնտ լեպ»ի դասընթացքներ։
Այս բազմակողմանի աշխատանոցը մեր համայնքի նոր սերունդին տեսակէտէ ընկերամշակութային լուրջ այլընտրանք մըն է։ Ծանօթ է, որ մեր համայնքային վարժարաններու շուրջ մէկ երրորդը կը գտնուին Շիշլիի մէջ կամ մերձակայքին։ Նոյնպէս համայնքային վարժարաններու աշակերտութեան կարեւոր տոկոսն ալ խտացած է այդ շրջանին մէջ։ Հետեւաբար, այս աշխատանոցները մեր համայնքի ընդհանուրին տեսակէտէ կարեւոր ծառայութեան մը նշանակութիւնը ունի։ Գարակէօզեանի ընտանիքը շատ հեռատես եւ նպատակայարմար քայլ մը առած է՝ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցը մեր երիտասարդութեան համար եռուն բոյնի մը վերածելու տեսանկիւնէն։ Այս նախագիծը տակաւին սկզբնական հանգրուանին ունեցած է շատ դրական արձագանգ եւ արձանագրած՝ նկատելի յաջողութիւն, ինչ որ շարունակութեան տեսակէտէ կը ներշնչէ մեծ լաւատեսութիւն։