Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ
Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստին Սալէրիի մահէն վերջ իր հարազատները հիմնեցին հիմնարկ մը, որու գործունէութիւնը հետամուտ է մեծանուն նկարչուհիի յիշատակը յաւերժացնելու եւ անոր ժառանգը սերունդներուն փոխանցելու։ Այս ամբողջին մէջ «Քրիստին Սալէրի» հիմնարկին կողմէ յառաջ տարուած կարեւորագոյն ծրագիրներէն մին է այս միջվարժարանային մրցոյթը։ Այս տարի արդէն վեցերորդ անգամ տեղի ունեցաւ մրցոյթը՝ համագործակցութեամբ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան։ Դատակազմի անդամներն են յայտնի արուեստագէտներ՝ Մառլէն Թեքիրտաղլըճան, Արթին Տեմիրճի, Ռեհան Սարըպայ եւ Մայտա Սարիս։
Միջվարժարանային մրցոյթը նախատեսուած էր երկու փուլով։ Առաջին փուլին նախակրթարանի աշակերտները տարին ստեղծագործական աշխատանք։ Երկրորդ փուլին՝ միջնակարգի եւ լիսէի տղաքը ներկայացուցին իրենց ձիրքերը։ Իւրաքանչիւր փուլի սկիզբին Ռեհան Սարըպայ բացատրութիւններ տուաւ մասնակիցներէն ակնկալուածին շուրջ եւ տղաքը նախատեսուած ժամկէտին մէջ սահմանուած նիւթերու շուրջ կատարեցին նկարչութեան փորձեր։
Ներկայ էին Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ այս ծրագրին զօրակից քանի մը կամաւորներ։
Այս մրցոյթին պարգեւաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է Մայիսի 13-ին՝ դարձեալ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024