Ի՞ՆՉ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ

Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ լի­բա­նան­ցի բե­մադ­րիչ Շար­պէլ Խա­լի­լի պատ­րաս­տած քա­ղա­քա­կան եր­գի­ծան­քի ծրա­գի­րը կ՚ար­ժա­նա­նար ծանր մե­ղադ­րանք­նե­րու: Խա­լիլ, որ օ­րեր ա­ռաջ իր «Ալ Ժա­տի­տ» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն ցու­ցադ­րուող «Տու­մա Քա­րա­սի» յայ­տագ­րին ըն­թաց­քին բարձ­րա­ցու­ցած էր ե­րե­սու­նինն տա­րի ա­ռաջ շիի կրօ­նա­կան գոր­ծիչ Ի­մամ Մու­սա Ալ Սա­տը­րի եւ ա­նոր ըն­կե­րա­կից­նե­րուն ա­ռե­ւանգ­ման նիւ­թը, կը մեր­ժէր նե­րո­ղու­թիւն հայ­ցել «Ա­մա­լ» շար­ժու­մի հա­սա­րա­կու­թեան, ո­րոնց կար­ծի­քով Խա­լիլ վի­րա­ւո­րած էր ի­րենց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը՝ Ալ Սա­տըրն ու ներ­կա­յիս գոր­ծող ղե­կա­վար Նե­պիհ Պըր­րին:

Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ «սաստ­կա­ցա­ծ» բո­ղո­քի ա­լի­քը ժա­մե­րու ըն­թաց­քին կը տե­ղա­փո­խուէր փո­ղոց եւ «Կա­նաչ կու­սակ­ցու­թեա­ն» (այս­տեղ գոյ­նը կապ չու­նի կու­սակ­ցու­թեան բնա­պահ­պա­նա­կան թե­քում ու­նե­նա­լուն հետ, այլ «Ա­մա­լ» շար­ժու­մի («Ա­մա­լ» ա­րա­բե­րէ­նով կը նշա­նա­կէ՝ յոյս) դրօ­շա­կին գոյնն է) հա­րիւ­րա­ւոր հա­մա­կիր­ներ կը հաւ­քուէին «Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նի մուտ­քին եւ կը պա­հան­ջէին, որ կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը նե­րո­ղու­թիւն խնդրէ ի­րենց­մէ: Ա­ռա­ջին բո­ղո­քի հա­ւա­քէն ետք ցու­ցա­րար­նե­րը, այս ան­գամ ա­ւե­լի մեծ թի­ւե­րով դար­ձեալ կը ներ­կա­յա­նա­յին «բո­ղո­քի հրա­պա­րա­կ» եւ կը յայ­տա­րա­րէին, որ մտա­դիր են ա­մէն գնով «ներ­խու­ժե­լ» կա­յան, ո­րով­հե­տեւ ո՛չ յայ­տագ­րի հե­ղի­նա­կը՝ Խա­լիլ եւ ոչ ալ կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը նե­րո­ղու­թիւն խնդրած են ի­րենց­մէ:

Ցու­ցա­րար­նե­րու թի­ւի կու­տա­կու­մին հետ կա­յա­նի լրագ­րող­նե­րը պատ­կան մար­մին­նե­րէն ա­րագ մի­ջամ­տու­թիւն կը խնդրէին, նկա­տել տա­լով նաեւ, որ ի­րենք ակամայ կրնան են­թար­կուիլ բըռ-նու­թիւն­նե­րու:

Այս­տեղ հարկ է յի­շեց­նել, որ օ­րեր ա­ռաջ սփռուած «մա­րիո­նէ­թ­»ա­յին յայ­տագ­րին ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կած հիւ­րը՝ Ի­մամ Մու­սա Ալ Սա­տը­րի ըն­կե­րա­կից Շէյխ Մու­համ­մէտ Եահ­գու­պի որ­դին՝ Հա­սան Եահ­գուպն էր, որ ե­ղած էր խորհր­դա­րա­նի ան­դամ եւ «քա­ղա­քա­կա­ն» տա­րա­կար­ծու­թեանց հե­տե­ւան­քով հե­ռա­ցած էր «Ա­մա­լ» կու­սակ­ցու­թե­նէն եւ այ­սօր կը հա­մա­րուէր նոյն կու­սակ­ցու­թեան հա­կա­ռա­կորդ:

Ու բա­ցի այդ, նոյն յայ­տագ­րին «կը մաս­նակ­ցէի­ն» (տիկ­նիկ­նե­րու ձե­ւա­չա­փով) Լի­պիոյ սպան­նուած նա­խա­գահ Մու­ամ­մէր Ալ Քատ­տա­ֆին, ՄԱԿ-ի նախ­կին ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նը եւ Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի նա-­խա­գահ Նե­պիհ Պըր­րին:

Յայ­տագ­րի ձե­ւա­չա­փին են­թար­կուե­լով Խա­լի­լի ի­րա­կան հիւ­րը՝ Եահ­գուպն էր, որ կը խօ­սէր տիկ­նիկ­նե­րուն հետ եւ տար­բեր թե­մա­նե­րու կող­քին կը խօ­սուէր Մու­սա Ալ Սա­տը­րի ա­ռե­ւանգ­ման նիւ­թին մա­սին:

Այս­տեղ հարկ կը հա­մա­րեմ յի­շեց­նել, որ նախ­կին ե­րես­փո­խան Հա­սան Եահ­գուպ  եօթ ա­միս­ներ բան­տար­կուած էր, Մու­ամ­մէր Ալ Քա­տտա­ֆիի որ­դին՝ Ա­ննի­պալ Ալ Քա­տտա­ֆին ա­ռե­ւան­գած եւ ծե­ծի են­թար­կած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով: Լի­բա­նա­նի հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւած այդ ա­ռե­ւանգ­ման դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցած էր 2016 թուա­կա­նին եւ Քատ­տա­ֆիի որ­դին ցարդ ալ կը պա­հուի լի­բա­նա­նեան բան­տե­րուն մէջ:

Եահ­գուպ բան­տէն ա­զատ ար­ձա­կուե­լէն ետք ալ չէր ըն­դու­նած, ի­րեն ու­ղղուող մե­ղադ­րանք­նե­րը, բայց եւ այն­պէս ա­մէն ա­ռի­թի յայ­տա­րա­րած էր, որ իր հօր՝ Շէյխ Մուհամ­մէտ Եահ­գու­պի եւ Ի­մամ Մու­սա Ալ Սա­տը­րի դա­տը չէ հա­սած ար­դա­րու­թեան եւ ե­րե­սուն տա­րի օ­րի­նա­կան մի­ջոց­նե­րով այդ դա­տը պաշտ­պա­նե­լէ ետք ժա­մա­նակն է «գոր­ծի անց­նի­լ»: Եահ­գու­պին եւ մեծ թի­ւով լի­բա­նան­ցի­նե­րու հա­մար Քատ­տա­ֆի կը հա­մա­րուի գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն շիի կրօ­նա­կան գոր­ծիչն ու ա­նոր ըն­կե­րա­կից­նե­րը ա­ռե­ւան­գե­լու մէջ, հե­տե­ւա­բար Քա­տտա­ֆիի որ­դին՝ Ա­ննի­պալ Քատ­տա­ֆի, նոյն­պէս մեղ­սա­կից էր:

Այս նրբու­թիւն­նե­րէն ան­դին սա­կայն «Ա­մա­լ» շար­ժու­մի ան­դամ­նե­րը բո­ղո­քի հա­ւաք կը կա­տա­րէին ոչ թէ յի­շե­լով կամ յի­շա­տա­կե­լով ի­րենց «հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դ­»ի ա­ռե­ւան­գումն ու լոյ­սին բե­րե­լու ա­նոր դա­տը, այլ ա­նոնց հա­մար կա­րե­ւո­րը ի­րենց այ­սօ­րուան ղե­կա­վա­րին հան­դէպ ե­ղած սուր եր­գի­ծան­քին դէմ դնելն էր:

Ու այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ քրիս­տո­նեայ բե­մադ­րիչ՝ Շար­պէլ Խա­լիլ կը մեր­ժէր նե­րո­ղու­թիւն խնդրել բո­լոր ա­նոնց­մէ, ո­րոնք «պա­շա­րած էի­ն» «Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նը եւ կը սպառ­նա­յին կոտ­րել կա­յա­նի գլխա­ւոր դու­ռը եւ «եր­կին­քը վար բե­րե­լ»: Խա­լիլ կ­­՚ը­սէր, որ այս ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ նման բո­ղո­քի ա­լիք մը կը բարձ­րա­նայ իր դէմ՝ յի­շեց­նե­լով, որ ե­ղած բո­ղո­քը մեր­ժե­լի է, ո­րով­հե­տեւ սկզբունք­նե­րու հա­մար չէ, այլ՝ ներ­հա­մայն­քա­յին նեղ հա­շիւ­նե­րու: Բո­ղո­քի ա­լի­քի նոյն գի­շե­րը Խա­լիլ  «Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նի լրագ­րո­ղին հետ խօ­սե­լով կ՚ը­սէր. «Նե­րո­ղու­թիւն պի­տի չը­սեմ: Ին­չո՞ւ նե­րո­ղու­թիւն խնդրեմ: Իմ խոր­հուրդս է, որ լի­բա­նան­ցի­նե­րը բո­ղո­քի հա­ւաք ը­նեն ոչ թէ ներ­հա­մայն­քա­յին դրդում­նե­րով, այլ յա­նուն ի­րենց ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն՝ ապ­րուս­տի, անվ­տան­գու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ար­դա­րու­թեան հա­մար: Ե­ղած յար­ձա­կու­մը ա­նըն­դու­նե­լի է եւ մենք ոչ ո­քը վի­րա­ւո­րած ենք։ Կան բազ­մա­թիւ­ներ, ո­րոնք «Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նին վրայ յար­ձա­կե­ցան ու իմ դէմ թուի­թը­րի վրայ հայ­հո­յանք­ներ ը­րին, ա­նոնք նոյ­նիսկ մեր ներ­կա­յա­ցու­ցած յայ­տա­գի­րը չեն տե­սած: Ու այս­պէս մեր ներ­կա­յա­ցու­ցած յայ­տագ­րին դէմ ա­ւե­լորդ եւ ան­հիմն բո­ղո­քի ա­լիք կը բարձ­րաց­նեն: Մենք նոյ­նիսկ Ի­մամ Մո­սա Ալ Սա­տը­րին մա­սին չենք խօ­սա­ծ»:

Յի­շեց­նե­լու կար­գով պէտք է նշել, որ Խա­լի­լի դէմ նման կամ տար­բեր «ֆոր­մա­թ­»ի բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ ե­ղած են տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով՝ 2006, 2013 եւ 2016 թուականներուն:

Ա­նոր դէմ ե­ղած ա­մե­նէն լայ­նա­ծա­ւալ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են 2006 թուա­կա­նին, երբ Խա­լիլ այս ան­գամ «Էլ. Պի. Սի. Այ7» հե­ռուս­տա­կա­յա­նէն սփռուող «Տու­մա քրա­թի­յա» յայ­տա­գ­­րէն ծաղ­րան­կա­րա­յին կեր­պա­րան­քով կը ներ­կա­յաց­նէր «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի ա­ռաջ­նորդ՝ Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի կեր­պա­րը: Առ ի բո­ղոք այդ ե­րե­ւու­մին, նոյն կու­սակ­ցու­թեան հա­րիւ­րա­ւոր հա­մա­կիր­ներ փո­ղոց իջ­նե­լով եւ ա­նիւ­ներ այ­րե­լով կը փա­կէին Պէյ­րու­թի գլխա­ւոր ճա­նա­պարհ­նե­րը: Ա­նոնք նոյ­նիսկ կը սպառ­նա­յին «լին­չի դա­տաս­տա­ն­»ի են­թար­կել Խա­լի­լը: Պէյ­րու­թը չէր հան­դար­տեր, մին­չեւ որ Խա­լիլ նոյն պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն հան­դէս գա­լով «իր ակնդիր­նե­ր­»էն նե­րո­ղամ­տու­թիւն հայ­ցէր, ո­րուն կը հե­տե­ւէր Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի իր հա­մա­կիր­նե­րուն ուղ­ղուած հան­դար­տեց­ման կո­չե­րը:

Վե­րա­դառ­նա­լով «Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նին դէմ ե­ղած  «գրո­հ­»ին, «Ալ Հա­յա­թ» պար­բե­րա­կա­նի վեր­լու­ծա­բան Հա­զէմ Սա­ղի­յէ Հինգ­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ լոյս տե­սած իր կարճ նշմա­րին մէջ պա­տա­հա­րը կը նկա­րագ­րէր հե­տե­ւեալ ձե­ւով. «Մինչ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը պատ­րաս­տուէին «վա­յե­լե­լ» ի­րենց ե­րե­կոն, կը պա­տա­հէր անս­պա­սե­լին: Եւ այն յոյ­սը, ըստ ո­րուն Լի­բա­նան մտած է ա­պա­հո­վու­թեան նոր հանգ­րուան մը, յօդս կը ցնդէր: «Ջղայ­նա­ցած ամ­բո­խ­»ը կը յար­ձա­կէր «Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նին վրայ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ իմ նման շա­տե­րուն հա­մար ան­հա­ւա­տա­լի կը թուէր, որ այդ կա­յա­նը (ո­րուն հա­մա­կիր­նե­րէն չեմ) ծաղր ու ծա­նա­կի են­թար­կած է ե­րե­սու­նինն տա­րի ա­ռաջ ա­ռե­ւան­գուած Ի­մամ Մու­սա Ալ Սա­տը­րը: Տխուր փաստ է, որ հա­կա­ռակ մեր երկ­րի նա­խա­գա­հի օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան մա­սին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, նման հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու կը հան­դի­պինք: Ու ա­մե­նատ­խու­րը այն է, որ մեր եր­կի­րը կրնայ եր­կար ա­տեն նման պա­տա­հար­նե­րու «զո­հ­»ը դառ­նալ, այն­քան ժա­մա­նակ, որ «սրբա­ցու­մ»ն ու սրբա­ցուա­ծին գա­ղա­փար­նե­րը ա­ւե­լի վեր կը դա­սուին հա­սա­րակ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէ­ն»:

Սա­ղի­յէ, որ ա­ւե­լի խո­րունկ կը նե­տէ իր մտքի խա­րիս­խը, իր վեր­ջին տո­ղե­րու վեր­լու­ծու­թիւ­նով, կը բարձ­րա­ձայ­նէ քա­ղա­քա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ ոե­ւէ գոր­ծի­չի մը, կամ նոյ­նիսկ գոր­ծիչ­նե­րու սրբա­ցու­մը, որ Լի­բա­նա­նի պէս «փխրուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեամ­բ» եւ տար­բեր հա­մայն­քե­րու գո­յակ­ցու­թեամբ ապ­րող երկ­րին մէջ կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել բա­ւա­կա­նին սուր բա­խում­նե­րու եւ նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­ցիա­կան «անս­պա­սե­լի» պա­տե­րազմ­նե­րու:

«Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած բո­ղո­քի հա­ւա­քը իր լրու­մին կը հաս­նէր երկ­րի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ: Նա­խա­գա­հը, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով կը գտնուէր Ամ­ման, ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րէն կը պա­հան­ջէր ա­րագ շար­ժիլ եւ ցու­ցա­րար­նե­րը կա­րե­լի ե­ղած բո­լոր խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով ցրուել:

Այդ­պէս ալ կը կա­տա­րուէր: «Ա­մա­լ» շար­ժու­մի «խե­լա­գա­րած ամ­բո­խ­»ը նկա­տե­լով բա­նա­կա­յին ու­ժե­րու մեծ կու­տա­կում­նե­րը, ստի­պուած կ՚ըլ­լար լքել «մար­տա­կան դաշ­տ­»ը ու հե­ռա­նալ:

Պէյ­րու­թը հեր­թա­կան ան­գամ կը փրկուէր ծանր ա­ւար­տով յղի բե­մագ­րու­թե­նէ մը, այն եզ­րա­կա­ցու­թեամբ, որ եր­կար տա­րի­նե­րու պե­տա­կա­նու­թեան մը կեն­սագ­րու­թիւն ու­նե­ցող եր­կի­րը կրնայ մէկ օ­րէն միւ­սը պայ­քա­րի ի­րա­կան «մար­տա­դաշ­տ­»ի վե­րա­ծուիլ:

Քաո­սին պատ­րուա­կը այս ան­գամ Մու­սա Ալ Սա­տըրն էր, ո­րուն ամ­բողջ էու­թիւնն ու կեն­սագ­րու­թիւ­նը ե­ղած է պայ­քար՝ յա­նուն ար­դա­րու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան:

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017