ՕՁՆԵՑԻՆ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ
«Մեծ պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը տրտմութեան եւ ապաշխարութեան օրեր պէտք չէ՛ նկատուին», կ՚ըսէ Օձնեցին, եւ կը հրամայէ. «Պատարագ մատուցանել» (Կանոն Զ.), նոյն այդ օրերու նշանակութիւնը պարզելով մեզի խորհրդական կամ վերածական մեկնութիւններով։
Ուստի, Շաբաթ երեկոյէն մինչեւ Կիրակի երեկոյ հանգիստի սահմանուած ըլլալով, ինչպէս կ՚ըսէ Օձնեցի, պէտք է մեծարել այդ ժամանակամիջոցը պարկեշտ «բերանալուծութեամբ». եւ ո՛չ թէ «որովայնամոլութեամբ», եւ կը հաստատէ թէ՝ մեր նախնիներ մինչեւ Երկուշաբթի առաւօտ, չէին լուծաներ իրենց հանգիստը, այսինքն՝ կը պահէին, կը շարունակէին պահել՝ Կիրակիի հանգիստը մինչեւ Երկուշաբթի առաւօտ։ Բայց որովհետեւ ոմանք աւելի խստակրօնութիւն ցուցադրելու տենչով Շաբաթ եւ Կիրակի օրերն ալ պահեցողութեամբ կ՚անցընէին՝ Օձնեցին իր «Է.» Կանոնին մէջ իւրաքանչիւրին կամքին թողուց՝ պահել կամ ո՛չ. յայտարարելով որ՝ «Երկուքն ընդունելի են առաջի Աստուծոյ եւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ աւանդութեան»։
Կամաւոր զրկանքը չկրցաւ յաղթել օրինաւոր վայելքին. ու տակաւին տասներորդ դարուն մէջ՝ հոռոմացած Նիկոն մը կ՚ամբաստանէր Հայերը, ըսելով. «Շաբաթ եւ Կիրակի, մեծ պահքին, հաւկիթ, պանիր եւ իւղ կ՚ուտեն. եւ ասիկա իրենց Կաթողիկոսն ալ կ՚ընէ, եւ կայ անոնց համար կանոն՝ որ կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը իւղը եւ պանիրը եւ ձէթը միաճաշակ չհամարէ գինիի եւ ձէթի հետ, նզովեալ ըլլայ»։ Ասիկա այն որոշ կանոնն է որ գոյութիւն ունի Օձնեցի հայրապետին ընծայուած «Սակս ժողովոցն որ եղեն ի Հայք» գրուածքի մը մէջ՝ որ առանձին ուսումնասիրութեան մը կը կարօտի։
ԺԲ. դարուն էր սակայն՝ որ Տաւուշեցի Յոհան վարդապետ վերջնականապէս պահանջ դրաւ Մեծ պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերն ալ միւս օրերուն պէս «պահօք վճարել», այսինքն՝ պահք պահել, առանց յարգելու նոյնիսկ իշխաններու եւ զինուորներու վիճակը՝ որոնց աստիճան մը աւելի սովորութիւն էր թոյլատու գտնուիլ։
Մինչեւ այսօր յառաջ բերուած կանոններու հիման վրայ՝ Հայ Եկեղեցիին սովորութիւնները պահելու եւ պահպանելու, եթէ պակասներ կան՝ լրացնելու, եթէ սխալ ըմբռնումներ սպրդած են՝ ուղղելու, եթէ «խանգարիչ» ձեռքեր կան՝ զանոնք անգործութեան դատապարտելու նախանձայուզութեամբ եւ բծախնդրութեամբ՝ Օձնեցին որոշ հայեցակէտ ընտրած էր իրեն՝ ո՛չ թէ «հակաճառութեամբ» ջրելու ի՛նչ որ օրինական սովորութիւն մը չէր, այլ «կանոնական սահմանադրութեամբ»՝ միանգամ ընդ միշտ վերջ տալով արմատացած անկարգութիւններու, վայելուչն, պատշաճը եւ օգտակարը երաշխաւորելու Հայ Եկեղեցիին համար։
Իմաստասէր Հայրապետը իր ամբողջ կանոնական կարգադրութիւններուն մէջ, ինչպէս յայտնի կը տեսնուի, ա՛յն ատեն միայն կը կռթնի ընդհանուր քրիստոնէական սովորութիւններու վրայ, երբ խորապէս համոզուած է որ մի եւ նոյն բանը Հայ Եկեղեցիին ալ սովորութիւնն էր կանխաւ, այսպէս՝ քարեղէն սեղանի եւ աւազանի կարեւորութիւնը կը շեշտէ՝ «բոլոր քրիստոսականներ»ու համաձայն ընթանալու տեսակէտով (Հատուած Գ.) եւ ԻԶ. Կանոնովը, Յայտնութեան օրուան ջուրին օրհնութիւնը եւայլն պատուիրելու առթիւ կը գրէ. «Քանի որ եւ աշխարհիս մարդկութեան եւ բոլոր Քրիստոնեայ աւանդութեամբ հաստատուած է անիկա»։ Հոս, «աշխարհիս մարդկութեան» խօսքով կը շեշտուի Հայ ժողովուրդը։
Սակայն պէտք է գիտնալ՝ որ յամենայն դէպս՝ ուր «Հայ Եկեղեցիին առանձնական գոյութեան հարց»ը կը ներկայանայ՝ անվեհեր ոգիով մը կը ծառանայ, ու կը թեւարկէ ա՛յն ինչ որ «սեպհական կնիք»ն էր հոգեւոր այդ կեանքին, առանց տարուելու որեւէ երկիւղած հայեցողութենէ։
Ըստ այսմ Օձնեցիի գումարած Ժողովը բարեկարգական կէտերէ զատ՝ նկատի առաւ ազգային-եկեղեցական աւանդութիւններու պահպանութեան հոգը։ Նոյն Ժողովին մէջ՝ «Սուրբ Աստուած»ը «խաչեցար»ով երգելու սովորութիւնը կը պաշտպանուի՝ որ կարծուածին չափ նորամուտ չէր (Կանոն Ի.)։
Ամենէն աւելի սակայն՝ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել՝ Օձնեցիի (Ս. Յովհաննէս Գ. Օձնեցի. 717-728) 8-րդ Կանոնին, ուր՝ Լուսաւորչի «առաքելաբար» հրամայած կարգերը առաւելակշիռ կը նկատուին քան «ուրիշ Քրիստոնեայ ազգերու աւանդութիւնները»։ Այդ Կանոնի բովանդակած երեք կէտերուն համաձայն՝ հարկ է որ.
ա) Ս. Պատարագի հացը «անխմոր» եւ գինին «անապակ» ըլլայ,
բ) Օրհնուած «աղ»ով պատրաստուի «մատաղ»ը, եւ
գ) Ղեւտական ցեղին նմանութեամբ՝ քահանայական դասը «ազգաւ» (ժառանգաբար) վայելէ Եկեղեցիի յատկացուած արդիւնքները։
Եւ կը հրամայուի՝ այս ամէնուն հանդէպ պատկառ կենալ, եւ չներմուծել ո՛րեւէ նորաձեւութիւն։
Ինչպէս յայտնի է՝ այս երեք կէտերէն ի՛նչ որ կը մնայ մինչեւ այսօր անփոփոխ ու անխախտ՝ Ս. Պատարագի ծիսական սովորութիւնն է այն. իսկ միւսները տեղի տալով ժամանակի պահանջումներուն՝ ուշ կամ կանուխ դադրեցան Հայ Եկեղեցիի մասնաւոր նշանները ըլլալէ. ըստ այսմ՝ «մատաղ»ը թէեւ կը պահէ տակաւին իր բարեպաշտիկ գոյութիւնը ուրեք ուրեք, բայց ա՜լ կորսնցուցած է իր նախնի հանդիսաւորութիւնը եւ ծիսական կարեւորութիւնը, եւ մնացած է որպէս խորհրդանշական աւանդութիւն մը միայն. նոյնպէս՝ կրթութեան փոքր ի շատէ ընդհանրացումը շուտով քակեց «ամուսնաւոր քահանայական տոհմ»ը հասարակ ժողովուրդէն բաժնող այն միջնորմը՝ որ Լուսաւորչի օրերէն էր կանգնուած, ի շնորհուկս Հայ հին քրմական դասակարգին՝ որ քրիստոնէական Եկեղեցիին ծառայելու ատեն՝ չուզեց հրաժարիլ իր հին կազմակերպութեան տնտեսական պայմաններէն։
Օձնեցիէն առաջ՝ Բիւզանդական Եկեղեցին՝ որ այլեւս ապահով կը կարծէր իր տիրապետումը Հայ Եկեղեցիին վրայ՝ Հերակլի եւ անոր յաջորդներու միջոցին, սկսաւ իր ոտնձգութիւններուն աւելի լայն ընթացք մը տալ, յայտնի պահանջք դնելով որ Հայերը լքեն իրենց ա՛յս կամ այն եկեղեցական սովորութիւնը. 692-ին գումարուած Տրուղեան Ժողովը հիմնական փոփոխութեան կարօտ կէտեր մատնանշելով՝ «կանոնափոխուդուններ» կատարեց…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 24, 2017, Իսթանպուլ