ՄԱՀԱՑՈՒ ԵՒ ՆԵՐԵԼԻ ՄԵՂՔ

«Աս­տուած որ ստեղ­ծեց քեզ ա­ռանց քե­զի, չու­զե՛ց փրկել քեզ ա­ռանց քե­զի», կ՚ը­սէ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս։

Ա­ւե­տա­րա­նը, մե­ղա­ւոր­նե­րուն հան­դէպ Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թեան յայտ­նու­թիւնն է Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով։ Ար­դա­րեւ, ա­նոր ո­ղո­մա­ծու­թեան ըն­դու­նե­լու­թիւնն է որ մեզ­մէ կը պա­հան­ջէ մեր յան­ցանք­նե­րուն խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը։

Ուս­տի կ՚ար­ժէ հասկ­նալ, թէ ի՞նչ է մեղ­քը։

Մեղ­քը, ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, յան­ցանք մըն է ընդ­դէմ բա­նա­կա­նու­թեան, ճշմար­տու­թեան եւ ու­ղիղ խղճմտան­քին, թե­րա­ցում մըն է ճշմա­րիտ եւ ան­կեղծ սի­րոյն դէմ՝ Աս­տու­ծոյ եւ մեր­ձա­ւո­րին հան­դէպ, կարգ մը բա­րիք­նե­րու թիւր փա­րու­մի մը հե­տե­ւան­քով։ Մեղ­քը կը վի­րա­ւո­րէ մար­դուն բնու­թիւ­նը եւ վնաս կը հասց­նէ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան։

Մեղ­քը կը վշտաց­նէ զԱս­տուած, կը վի­րա­ւո­րէ Ա­նոր սէ­րը եւ գու­թը մե­ղա­ւո­րին «խօս­քին, ա­րար­քին կա՛մ կա­տա­րուած կամ չկա­տա­րուած բաղ­ձան­քին պատ­ճա­ռով, ո­րոնք հա­կա­ռա՛կ են յա­ւի­տե­նա­կան Օ­րէն­քին», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս։ Ա­յո՛, մեղ­քը վի­րա­ւո­րանք մըն է Աս­տու­ծոյ հան­դէպ։ Մեղ­քը դէ՛մ կը կանգ­նի Աս­տու­ծոյ սի­րոյն մե­զի հան­դէպ եւ Ան­կէ կը շե­ղեց­նէ մեր սրտե­րը։ Ա­ռա­ջին մեղ­քին պէս, ան «անհ­նա­զան­դու­թի՛ւն» մըն է՝ ըմ­բոս­տու­թիւն մը ընդ­դէմ Աս­տու­ծոյ. ու­զե­լով դառ­նալ «Աս­տու­ծոյ պէս», ճանչ­նա­լով եւ բնո­րո­շե­լով բա­րին եւ չա­րը։ Այս ի­մաս­տով, մեղ­քը «սէր մըն է ան­ձին, որ կը դառ­նայ ար­հա­մար­հանք Աս­տու­ծոյ», ինչ­պէս կ՚ը­սէ դար­ձեալ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս։ Այս ամ­բար­տա­ւան, յան­դուգն պան­ծա­ցու­մովն ան­ձին, մեղ­քը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը հա­կադ­րուի փրկու­թիւ­նը կա­տա­րող Յի­սու­սի հնա­զան­դու­թեան։

Մեղ­քե­րը բազ­մա­տե­սակ են։ Աս­տուա­ծա­շուն­չը այս մա­սին կու տայ բազ­մա­թիւ ցան­կեր։ Կա­րե­լի է զա­նա­զա­նել մեղ­քե­րը՝ կա՛մ ըստ ա­նոնց ա­ռար­կա­յին, ինչ­պէս մարդ­կա­յին ա­մէն ա­րար­քի հա­մար, կա՛մ ըստ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ա­նոնք կը հա­կադրուին չա­փա­զան­ցու­թեամբ եւ կամ թե­րա­ցու­մով, կա՛մ ալ ըստ պա­տուի­րան­նե­րուն, ո­րոնց կը հա­կադ­րուին։

Կա­րե­լի է նաեւ զա­նոնք դա­սա­ւո­րել ըստ ա­նոնց վե­րա­բե­րու­մին Աս­տու­ծոյ, մեր­ձա­ւո­րին եւ կամ մե­զի հետ։

Կա­րե­լի է բաժ­նել զա­նոնք «հո­գե­ւոր» եւ «մարմ­նա­ւոր» մեղ­քե­րու եւ կամ մտքով, խօս­քով, գոր­ծով կամ զան­ցա­ռու­թեամբ գոր­ծուած եւ կամ ան­տար­բե­րու­թեան ար­դիւնք մեղ­քե­րու։ Եւ բո­լոր այս զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, թէ՝ մեղ­քին ար­մա­տը՝ մար­դուն սրտին մէջն է, այ­սինքն ա­նոր ա­զատ կամ­քին մէջ, ըստ Յի­սուս Քրիս­տո­սի վար­դա­պե­տու­թեան. «Ար­դա­րեւ սրտէն կը ծնին չար խոր­հուրդ­ներ, սպա­նու­թիւն­ներ, շնու­թիւն­ներ, ա­նա­ռա­կու­թիւն­ներ, գո­ղու­թիւն­ներ, սուտ վկա­յու­թիւն­ներ, հայ­հո­յանք­ներ։ Ա­նոնք են որ կը պղծեն մար­դը» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 19-20)։

Սր­տին մէջ կը գտնուի նա­եւ սէ­րը, սկիզբ՝ բա­րի եւ մա­քուր գոր­ծե­րու, որ մեղ­քը կը վի­րա­ւո­րէ։ Ուս­տի մեղ­քը կը վի­րա­ւո­րէ նաեւ՝ սէ­րը, եւ ու­րեմն սի՛ր­տը։

Մեղ­քե­րը, կա­րե­լի է գնա­հա­տել ի­րենց ծան­րու­թեան հա­մե­մատ։ «Մա­հա­ցու մեղ­ք»ին եւ «նե­րե­լի մեղք»ին մի­ջեւ զա­նա­զա­նու­թիւ­նը, որ ար­դէն կը նշմա­րուի Աս­տուա­ծա­շուն­չին մէջ, ինք­զինք կը պար­տադ­րէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թեան վրայ։ Մար­դոց փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ կը հաս­տա­տէ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը։ «Մա­հա­ցու մեղք»ը կը կոր­ծա­նէ սէ­րը մար­դուն սրտին մէջ՝ ծանր զան­ցա­ռու­թեամբ եւ ան­տար­բե­րու­թեամբ Աս­տու­ծոյ Օ­րէն­քին։ Ան կը հե­ռաց­նէ մար­դը Աս­տուծ­մէ. ա­նոր վերջ­նա­գոյն վախ­ճա­նէն եւ եր­ջան­կու­թե­նէն՝ ստո­րա­դաս բա­րիք մը նա­խընտ­րե­լով Ա­նոր։ Իսկ «նե­րե­լի մեղք»ը կը թո­ղու որ սէ­րը դեռ մնա՛յ, ե­թէ նոյ­նիսկ վշտաց­նէ եւ վի­րա­ւո­րէ զայն։

Մա­հա­ցու մեղ­քը, մեր մէջ հա­րուա­ծե­լով «կեն­սա­կան սկզբունք»ը որ սէ՛րն է, անհ­րա­ժեշտ կը դարձ­նէ Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մա­ծու­թեան կող­մէ նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը, ինչ­պէս նաեւ մար­դու սրտին դար­ձը, ինչ որ բնա­կա­նոն կեր­պով կը կա­տա­րուի «հաշ­տու­թեան սուրբ խոր­հուրդ»ին ծի­րէն ներս։ Այս մա­սին Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի կ՚ը­սէ.

«Երբ կամ­քը կը տա­րուի բա­նէ մը, որ հա­կա­ռակ է սի­րոյն, ո­րուն մի­ջո­ցով մար­դը կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի դէ­պի իր վերջ­նա­գոյն վախ­ճա­նը, մեղ­քը իր ա­ռար­կա­յով իսկ բա­ւա­րար պատ­ճառ կ՚ու­նե­նայ մա­հա­ցու նկա­տուե­լու. ըլ­լա՛յ ո­րով­հե­տեւ դէմ է Աս­տու­ծոյ սի­րոյն, ինչ­պէս հայ­հո­յու­թիւ­նը, երդմ­նա­զան­ցու­թիւ­նը, եւ այլն, ըլ­լա՛յ դէմ է մեր­ձա­ւո­րին սի­րոյն, ինչ­պէս մար­դաս­պա­նու­թիւ­նը, շնու­թիւ­նը, եւ այլն։ Իսկ երբ ընդ­հա­կա­ռակն, մե­ղա­ւո­րին կամ­քը եր­բեմն կը տա­րուի դէ­պի բան մը, որ իր մէջ կը բո­վան­դա­կէ ան­կարգու­թիւն մը, որ սա­կայն դէմ չէ՛ Աս­տու­ծոյ սի­րոյն եւ մեր­ձա­ւո­րին սի­րոյն նաեւ, ինչ­պէս դա­տար­կա­բա­նու­թիւ­նը, ա­ւե­լորդ ծի­ծա­ղը, եւ այլն, այս­պի­սի մեղ­քե­րը նե­րե­լի կը նկա­տուին»։­

Ուս­տի, որ­պէս­զի մեղք մը «մա­հա­ցու» ըլ­լայ, միա­տեղ պա­հան­ջուած են ե­րեք պայ­ման­ներ. մա­հա­ցու է ա­մէն մեղք, որ իբր ա­ռար­կայ ու­նի ծանր նիւթ մը՝ որ գոր­ծուած է բո­լո­րո­վին գի­տակ­ցու­թեամբ եւ դի­տում­նա­ւոր կեր­պով։

«Ծանր նիւթ»ը նշա­նա­կուած է տա­սը պատուի­րան­նե­րով, ըստ Յի­սու­սի, հա­րուստ ե­րի­տա­սար­դին տուած պա­տաս­խա­նին. «Մի՛ սպան­ներ, մի՛ շնար, մի՛ գող­նար, սուտ մի՛ վկա­յեր, մար­դու վնաս մի՛ հասց­ներ, պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ» (ՄԱՐԿ. Ժ 19)։ Մեղ­քե­րու ծան­րու­թիւ­նը ի­րա­րու հա­մե­մա­տած՝ ա­ւե­լի կ՚ըլ­լայ կամ նուազ, զոր օ­րի­նակ, սպա­նու­թիւն մը ա­ւե­լի՛ ծանր է քան գո­ղու­թիւն մը։ Վնաս կրած ան­ձե­րուն հան­գա­մանքն ալ նկա­տի առ­նե­լու է։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ծնող­նե­րու դէմ գոր­ծուած բռնու­թիւ­նը ըստ ին­քեան ա­ւե­լի՛ ծան­րակ­շիռ է քան օ­տա­րին դէմ գոր­ծուա­ծը։

Մա­հա­ցու մեղ­քը կը պա­հան­ջէ ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թիւն եւ կա­տա­րեալ հա­ւա­նու­թիւն։ Ան կ՚են­թադ­րէ ա­րար­քին մե­ղան­չա­կան հան­գա­ման­քին ճա­նա­չու­մը՝ ա­նոր հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ Օ­րէն­քին, այսինքն Աս­տու­ծոյ կամ­քին։ Ան կ՚են­թադ­րէ նաեւ ըստ բա­ւա­կա­նի ինք­նա­կամ հա­ւա­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի դառ­նայ «անձ­նա­կան ընտ­րանք» մը՝ ա­զատ կամ­քով։

Կեղ­ծուած կամ ծած­կուած ան­գի­տու­թիւ­նը եւ խստասր­տու­թիւ­նը չեն նուա­զեց­ներ գոր­ծուած մեղ­քին կա­մա­ւոր հան­գա­ման­քը, այլ մա­նա­ւանդ կ՚ա­ւելց­նեն զայն։

«Ա­կա­մայ ան­գի­տու­թիւն»ը կրնայ նուա­զեց­նալ կամ չքմե­ղել՝ ծանր յան­ցան­քի մը վե­րագ­րու­մը։

Ո՛չ ոք սա­կայն կ՚ան­թար­կուի ա­կա­մայ ան­գի­տու­թեան վի­ճա­կի, երբ ու­նի պա­տաս­խա­նա­տու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն։ Եւ դար­ձեալ, մէ­կը չ՚են­թադ­րուիր ան­գի­տա­նալ բա­րո­յա­կան օ­րէն­քին սկզբունք­նե­րը՝ ո­րոնք ար­ձա­նագ­րուած են ա­մէն մար­դու խղճմտան­քին մէջ։

Մղում­նե­րը, զգայ­նա­կա­նու­թեան դրդում­նե­րը, կիր­քե­րը կրնան նմա­նա­պէս նուա­զեց­նել յան­ցան­քին կա­մո­վին եւ ա­զատ հան­գա­ման­քը, նոյն կեր­պով նաեւ ար­տա­քին ճնշում­նե­րը կամ ախ­տա­բա­նա­կան խան­գա­րում­նե­րը, հի­ւան­դա­գին վի­ճակ­նե­րը։

Չա­րու­թեամբ եւ չա­րին ինք­նա­կամ ընտ­րան­քով գոր­ծուած մեղ­քը՝ ծան­րա­գոյն մեղքն է։

Մա­հա­ցու մեղ­քը մարդ­կա­յին ա­զա­տու­թեան ար­մա­տա­կան կա­րե­լիու­թիւն մըն է, ինչ­պէս նոյ­նինքն սէ­րը։ Ան իր հետ կը բե­րէ սի­րոյն կո­րուս­տը եւ սրբա­րար շնորհ­քին զրկու­մը։

Մարդ թէեւ կա­րո՛ղ է դա­տել, թէ ա­րարք մը յին­քեան «ծանր յան­ցանք» մըն է, սա­կայն պար­տա­ւոր է եւ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ՝ ան­ձե­րու դա­տաս­տա­նը յանձ­նել Աս­տու­ծոյ ար­դա­րու­թեան ե՛ւ ո­ղոր­մա­ծու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 25, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017