ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահ­քի շրջա­նի վե­ցե­րորդ Կի­րա­կին է՝ «Գալս­տեան Կի­րա­կի»ն։ Այս շրջա­նը կը վեր­ջա­նայ այս վե­ցե­րորդ Կի­րա­կիին յա­ջոր­դող շա­բա­թով։ Այս վեր­ջին՝ վե­ցե­րորդ Կի­րա­կին կը պատ­մէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի երկ­րորդ Գա­լուս­տը։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին Գա­լուս­տը ե­ղաւ Իր մարմ­նա­ցու­մով ու մար­դե­ղու­թեամբ՝ փրկե­լու հա­մար մարդ­կու­թիւ­նը, անդ­րա­դարձ­նե­լու եւ զգու­շաց­նե­լու հա­մար զա­նոնք։ Իսկ այս երկ­րորդ Գա­լուս­տը՝ բեր­քը հա­ւա­քե­լու, հունձ­քի ժա­մա­նակ է, կեր­պով մը դա­տե­լու եւ ար­դիւն­քը տես­նե­լու ա­ռա­ջին գա­լուս­տով ցա­նուած բա­րի­քի, ար­դա­րու­թեան, հա­ւա­տար­մու­թեան, աս­տուած­ճա­նա­չու­թեան, աս­տուած­պաշ­տու­թեան սեր­մե­րուն եւ չա­փե­լու ա­նոր ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը։

Ա­սի­կա կը նմա­նի ու­սա­նող­նե­րու, ամ­բողջ ու­սա­նե­լու շրջա­նէ մը վերջ՝ քննու­թեան են­թար­կուե­լուն եւ ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ ան­յա­ջո­ղու­թիւ­նը չա­փե­լու եւ ըստ այնմ ա­նոնց դիր­քը ո­րո­շե­լու։

Ուս­տի երկ­րորդ Գա­լուս­տը՝ Դա­տաս­տա­նի օրն է. այն պա­հը՝ ո­րո­շե­լու ար­դիւն­քը աշ­խա­տան­քի, բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու։ Ա­ռա­ջին Գա­լուս­տը՝ Յի­սու­սի որ­պէս Փրկիչ, իսկ երկ­րոր­դը՝ որ­պէս Դա­տա­ւոր ներ­կա­յա­ցումն է։ Ան կը փրկէ եւ կ՚ու­զէ տես­նել Իր փրկա­գոր­ծու­թեան ար­դիւ­նա­բեր հե­տե­ւանք­նե­րը՝ փրկած մարդ­կու­թեան ա­մէն մէկ ան­հա­տին վրայ։

Աշ­խարհ, իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն ի վեր եւ ամ­բողջ գո­յու­թեան ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ գա­լուստ­նե­րու վկա­յած է եւ սա­կայն ո՛չ մէկ գա­լուստ ու­նե­ցած է այն­պի­սի մեծ, կա­րե­ւոր, ճա­կա­տագ­րա­յին նշա­նա­կու­թիւն եւ խո­րա­գոյն ի­մաստ, որ­չափ Յի­սուս Քրիս­տո­սի՝ մեր Փրկչին գա­լուս­տը։

Ար­դա­րեւ, ամ­բողջ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ՝ ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րու եւ զա­նա­զան տե­ղեր պա­տա­հած են, ի­րա­կա­նա­ցու­ց-ւած են ճոխ, շռնդա­լից, աղմ­կա­լից եւ մե­ծա­ձայն «գա­լուստ»ներ, մուտ­քեր, ար­շա­ւանք­ներ, բայց ո՛չ մէկ գա­լուստ կրցած է հաս­նիլ այն փառ­քին, այն խորհր­դա­լից նշա­նա­կու­թեան՝ որ ու­նե­ցաւ Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի գա­լուս­տը։

Ան ե­կաւ, եւ մարդ­կու­թեան բո­լոր տա­ռա­պանք­նե­րը, նե­ղու­թիւն­նե­րը, դառ­նու­թիւն­նե­րը եւ մեղ­քե­րը հա­ւա­քեց եւ փու­շէ պսա­կի կեր­պա­րան­քով դրաւ իր ճակ­տին։ Ան չար­չա­րուե­ցաւ մար­դոց չար­չա­րանք­նե­րով, տա­ռա­պե­ցաւ մեղ­քե­րու պատ­ճա­ռաւ, մար­դոց վրա­յէն առ­նե­լու հա­մար մեղ­քը, մինչ Ինք բո­լո­րո­վին ան­մեղ էր եւ ար­դա՛ր։ Ա­նոր փրկա­րար գա­լուս­տով բա­ցուե­ցան դռնե­րը՝ որ գո­ցուած էին նա­խաս­տեղ­ծուած­նե­րու սկզբնա­կան մեղ­քով։ Ան քան­դեց դժոխ­քի կա­պանք­նե­րը, վերջ տուաւ կաշ­կան­դում­նե­րու եւ խա­փա­նում­նե­րու։ Ան խա­ւա­րը լու­սա­ւո­րեց, մու­թը փա­րա­տեց եւ մար­դը փըր-կեց։ Բայց մար­դիկ չանդ­րա­դար­ձան ի­րենց ըն­ծա­յուած բա­րի­քին, չօգ­տա­գոր­ծուե­ցան այս ե­զա­կի ա­ռի­թէն եւ ընդ­հան­րա­պէս շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց սխալ, մո­լո­րած ըն­թաց­քը։ Թէեւ Ան ե­կաւ ու հաս­տա­տեց նաեւ Իր «Երկ­րորդ Գա­լուստ»ը՝ որ­պէս բնա­կան հե­տե­ւանք Իր «Ա­ռա­ջին Գա­լուստ»ին, բայց մար­դիկ ի­րենց ըն­թաց­քը չփո­խե­ցին, եւ շա­րու­նա­կե­լով ի­րենց սխալ կեան­քը, չգիտ­ցան օգ­տուիլ այդ մե­ծա­գոյն ա­ռի­թէն։ Եւ այս­պէս տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց մո­լար կեան­քի ըն­թաց­քը առ­հա­սա­րակ։

Եւ ա­հա­կա­սի՛կ, Մեծ պահ­քի քա­ռա­սուն օ­րե­րու շրջա­նը մե­զի կը ներ­կա­յաց­նէ այս ա­ռի­թը՝ խօ­սե­լով ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թեան, անհրա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, մար­դուս փըր-կու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան հաս­նե­լու կեր­պե­րը եւ ճամ­բար­նե­րը ցոյց տա­լով իւ­րա­քան­չիւր օ­րուան պատ­գամ­նե­րով, խրատ­նե­րով, ցուց­մունք­նե­րով։

Ար­դա­րեւ, խո­հեմ մար­դը այն է, որ կրնայ անդ­րա­դառ­նալ ներ­կա­յա­ցած ա­ռիթ­նե­րուն, գի­տէ օգ­տա­գոր­ծել զա­նոնք ի նպաստ իր բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­կան շա­հուն, իր հետըզ-հե­տէ բա­րե­լաւ­ման, կա­տա­րե­լա­գործ­ման, եւ ա­նոնց­մէ կ՚օգ­տուի՝ հաս­նե­լու հա­մար իր նպա­տա­կին, հոն կը տես­նէ «Լոյս»ը, «Ճըշ-մար­տու­թիւն»ը եւ մա­նա­ւանդ ինք­զինք, ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեամբ կը դի­մա­ւուի իր իսկ «Ես»ին հետ, եւ ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծէ սըր-բագ­րուե­լու, որ­պէս­զի փրկուի եւ ար­ժա­նա­նայ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի՝ մշտնջե­նա­ւոր ե­րա­նու­թեա՛ն։

Կեան­քը, պայ­քար մըն է՝ ո­րուն նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ յա­ւի­տե­նա­կան եր­ջան­կու­թիւն՝ ո­րուն հա­մար ստեղ­ծեց, ո­րուն հա­մար կեան­քի կո­չեց մեզ Ա­րա­րի­չը՝ ա­մէն բա­նի ստեղ­ծի­չը եւ նա­խախ­նա­մը Աս­տուա՛ծ։

Ու­րեմն մարդ էա­կը պար­տա­կա­նու­թիւն մը ու­նի ապ­րե­լու իր կո­չու­մին ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, եւ քա­նի որ ան ու­նի բա­նա­կա­նու­թիւն եւ ա­զատ կամ­քով գոր­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն եւ ա­զա­տու­թիւն, եւ ու­րեմն ու­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն, ո­րուն պար­տա­ւոր է հա­մա­կեր­պիլ ու հա­մա­ձայ­նիլ եւ ըստ այնմ վա­յե­լել կեան­քը՝ իր ամ­բողջ բա­րիք­նե­րով եւ ա­ռիթ­նե­րով։

Այս է ա­հա­ւա­սիկ «Երկ­րորդ Գա­լուստ»ի խոր­հուր­դը՝ վա­յե­լել ի­րա­ւունք եւ ստան­ձել պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ա­նոր փո­խա­րէն եւ իր ի­րա­ւունք­նե­րը գոր­ծա­ծե­լու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու չա­փով պա­տաս­խա­նա­տու ըլ­լալ իր Ա­րար­չին՝ որ տուաւ եւ վստա­հե­ցաւ ի­րեն ա­զա­տու­թիւն՝ վա­յե­լե­լու ի­րա­ւուն­քը եւ կա­տա­րե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Եւ ար­դար մար­դը այն է, որ գի­տակ­ցու­թիւն ու­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեա­նը, կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր գոր­ծին եւ ա­նոր հե­տե­ւան­քին, գի­տէ սրբագ­րուիլ, ու­ղիղ ճամ­բան գտնել եւ ըստ այնմ յա­ռա­ջա­նալ, եւ գի­տէ օգ­տա­գոր­ծել «Լոյս»ը, լու­սա­ւո­րուիլ եւ լոյ­սի մէջ ըն­թա­նալ դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք, մշտնջե­նա­կան եր­ջան­կու­թիւն։ Ուս­տի, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող  մար­դը պատ­րաստ կ՚ըլ­լայ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Երկ­րորդ Գալս­տեան՝ ուր իր­մէ  պի­տի պա­հան­ջուի ամ­բողջ ա­րարք­նե­րուն՝ կա­տա­րած­նե­րուն եւ չկա­տա­րած­նե­րուն հա­շի­ւը։ Եւ իր­մէ պա­հան­ջուած հա­շի­ւին ա­մէն մէկ ար­ժէ­քը՝ ա­մե­նա­փոք­րէն մին­չեւ ա­մե­նա­մե­ծը, ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րէն մին­չեւ ա­մե­նաչն­չին գու­մա­րը, կեն­սա­կա­նէն մի­չեւ ան­կա­րե­ւո­րը, ա­մէն ինչ որ կա­տա­րած է մարդ իր ա­զատ կամ­քով՝ իր իսկ ո­րո­շու­մով, այդ ա­մէն­քին հա­շի­ւը պի­տի տայ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Երկ­րորդ Գա­լուս­տին։

Եւ դար­ձեալ յի­շենք՝ Մեծ պահ­քի շրջա­նը թէ՛ հո­գե­կան եւ թէ՛ մարմ­նա­կան-ֆի­լի­քա­կան պատ­րաս­տու­թեան շրջան մըն է՝ անդ­րա­դառ­նա­լու, ինք­զինք ճանչ­նա­լու, սրբագ­րուե­լու, ո­րոնց հա­մար պէտք ա­պաշ­խա­րիլ, յա­րա­տեւ հա­ղոր­դակ­ցիլ Աս­տու­ծոյ հետ, զգալ եւ վա­յե­լել Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ըստ այնմ ապ­րիլ։

Այն որ Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նի փրկչա­կան պատ­գա­մը կը ստա­նայ, կ՚ըն­դու­նի, եւ մա­նա­ւանդ կը մտադ­րէ գոր­ծի վե­րա­ծել, կեան­քին մէջ ապ­րիլ, վա­յե­լել զա­նոնք, ան կը փոր­ձէ բա­րի գոր­ծել կա­տա­րել՝ հա­մա­ձայն ճշմար­տու­թեան։ Ան որ ճշմար­տու­թեան կը հե­տե­ւի ար­դա՛ր է, ան որ լոյ­սին ար­ժէ­քը կը ճանչ­նայ եւ կը լու­սա­ւո­րուի այդ լոյ­սով, աս­տուա­ծա­հա­ճոյ գործ կը կա­տա­րէ եւ կ՚ար­ժա­նա­նայ լոյ­սի պսակ­նե­րու։

Մարդ, միշտ պատ­րա՛ստ ըլ­լա­լու է իր­մէ պա­հան­ջուած հա­շի­ւը մին­չեւ ա­մե­նա­փոքր ման­րա­մաս­նու­թիւն ա­ռանց տա­րա­կու­սան­քի տա­լու, սրբուե­լու, ար­դա­րեւ ճա­կա­տա­բաց՝ մա­քուր խղճով ներ­կա­յա­նա­լու հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը ու­նե­նայ հա­շուե­փակ ը­նե­լու։ Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ ան­վա­րան տա­լու պատ­րա՛ստ են ի­րենց կա­տա­րած­նե­րուն «հա­շի՛ւ»ը եւ ար­դա­րու­թեամբ կը տնտե­սեն ի­րենց ստա­ցուած­քը…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 27, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017