ԲԱՐՁՐ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մարդիկ միշտ պատրաստ են գովել եւ պատուիրել բարձր առաքինութիւններ։ Արդարեւ, հին շրջանի փիլիսոփաներ գրած են ճառեր՝ որոնցմով կը պահանջեն իրենց եւ իրենց քաղաքացիներուն վրայ տեսնուածէն եւ կարծուածէն շատ աւելի ազնուական առաքինութիւններ։ Մարդկային կեանքի ամբողջ պատմութիւնը կը վկայէ այս իրողութեան՝ ինչ որ ճշմարիտ է ասիկա։ Անոնք միշտ կը սորվեցնեն հասարակէն աւելի բարձր բարոյականութիւն մը, առաքինութիւն մը։
Եւ իրապէս հարց է, թէ՝ մարդ կրնա՞յ այդքան բարձր մակարդակով բիւրեղացած բարոյականի մը տէր ըլլալ։
Եթէ ըլլար կամ պատահած ըլլար, թերեւս մենք սա պահուս բոլորովին տարբեր նիւթով մը պիտի զբաղէինք եւ բարոյագէտներ պիտի չտքնէին բարոյագիտական ճառեր արտասանելով՝ մարդիկը բարոյական բարձր մակարդակի հրաւիրել։ Մարդ, բարոյականի տէր՝ ազնիւ եւ առաքինի էակ մը պիտի ըլլար եւ ո՛չ մէկ հարցի, ո՛չ մէկ անհամաձայնութեան պիտի յուզուէր, խաղաղ եւ անխռով կեանք մը պիտի վարէր մարդկութիւնը…։
Բայց գեղեցիկ, անո՜ւշ երա՛զ մըն է ասիկա։
Մարդ տակաւին չէ կատարելագործուած, շատ մը թերութիւններ, տկարութիւններ ունի, որոնք արգե՛լք են իր թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ հոգեպէս կատարեալ, անթերի էակ մը ըլլալուն։ Եւ մարդկութիւնը տակաւին պահանջքը կը զգայ բարոյագէտներու խրատներուն։
Ըսինք, հին շրջաններու իմաստասէրներ կը պահանջէին կարելիէն աւելի բարձր բարոյական, ազնուութիւն մարդ էակէն՝ որ արդէն կը պայքարի ո՛չ միայն իր շուրջին հետ այս մասին, այլ եւ մանաւանդ ինքն իրեն հետ։
Եւ բարոյականի տեսակէտէ՝ մարդուս իր իսկ «Ես»ին հետ ունեցած պայքարը անվե՛րջ է։
Եթէ Նոր Կտակարանի հեղինակները փիլիսոփայութիւն սորված ըլլային, զարմանք պիտի չպատճառէր ասիկա՝ տեսնելով թէ անոնք սորվեցուցին հասարակ մարդոց ունեցածէն շատ աւելի բարձր բարոյականութիւն մը։ Ընդհանուր առմամբ, ընդհանրապէս «տգէտ մարդիկ» էին անոնք, բայց եւ այնպէս անոնց խրատները, պատուէրները եւ կամ սկզբունքները ո՛չ միայն մարդոց գործադրածէն, այլ եւ ընդունելի համարածէն ալ աւելի վե՛ր էին։
Ուստի Աւետարանը կը պատուիրէ ունենալ այնպիսի վարք մը՝ որ ո՛չ միայն լաւագոյն է քան՝ զոր մարդիկ կ՚ընդունին իբրեւ «բարի վարք», այլ եւ շատ անգամ հակառա՛կ է անոնց գաղափարներուն։
Արդարեւ, չարչարանքներու, հալածանքներու համբերել, յանցանքը, նոյնիսկ վնաս պատճառէ, ներել, հեզ, խոնարհ եւ հնազանդ հոգի ունենալ, բոլոր ասոնք սկզբունքներ են՝ որ միայն չէին գործադրեր մարդիկ, այլ նաեւ չէի՛ն սիրեր եւ համակրեր։
Աւետարանը ո՛չ միայն կը սորվեցնէ այսպիսի պարտաւորութիւններ, պարտադրութիւններ, այլ եւ կը պահանջէ, որ մարդիկ ունենան զիրենք նուաստ վարմունք եւ գործողութիւններէ ե՛տ պահող վսեմ հոգի մը։
Մարդոց բոլորովին անծանօթ գաղափար մըն էր ասիկա եւ ըստ աշխարհի ընդհանուր կարծիքին, այսպիսի հոգի մը չի կրնար ունենալ խոնարհութիւն, համեստութիւն, համբերատարութիւն եւ ուրիշ այսպիսի առաքինութիւններ՝ որ կը պահանջէ Սուրբ Գիրքը։
Բաց աստի, Սուրբ Գիրքը կը ջանայ նաեւ կանոնաւորել մարդոց «խորհուրդներ»ը եւ «շարժառիթներ»ը. եւ այս բոլորէն առաջ կը պահանջէ, որ անոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլան։ Ժողովուրդը խաբել ուզող չար մարդիկ չէին կրնար այսպիսի սկզբունքներ սորվեցնել, յորդորել։ Եւ եթէ այս սկզբունքներուն հեղինակը ստուգապէս Աստուած՝ Ի՛նք չըլլար, բարի մարդիկ եւս երբ կը սորվեցնէին այս սկզբունքները, չէին ըսեր թէ Աստուծմէ իրենց փոխանցուելով կը պատուիրեն ասոնք, ինչպէս կ՚ըսեն Սուրբ Գիրքի հեղինակները՝ թէ աստուածաշունչ պատուէրներ եւ ճշմարտութեան արտայայտութիւններ են անոնք։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ Սուրբ Գիրքը՝ «Աստուածաշունչ» կը կոչուի։ Ապա ուրեմն բացայայտ կերպով որոշ է, թէ «մարդկային» չէ՛ Սուրբ Գիրքի բարոյականութիւնը։
Սուրբ Գիրքի բարոյականութեան մէջ ուրիշ յատկութիւններ ալ կը գտնուին, որ ինքնին ճշմարիտ, միանգամայն նշանակալից են։ Ուստի հոն մեղքերու համար միշտ ըսուած է, թէ՝ անիկա «չարութիւն է Աստուծոյ դէ՛մ»։ Եւ ամէն բարի բաներու գովութիւնը միշտ Աստուծոյ միայն կը պատկանի եւ ո՛չ մարդկային որեւէ միջոցի կամ պատճառի։ Առաջինը, այսինքն՝ վարդապետութիւնը թէ «մեղքը չարութիւն է Աստուծոյ դէմ», չի համաձայնիր հեթանոսական փիլիսոփայութեան հետ։ Ուստի Կիկերոն կ՚ըսէ, փիլիսոփաներուն ընդհանուր սկզբունքն է, թէ Աստուած երբեք չի բարկանար, ոչ ալ մարդուս վնաս կը հասցնէ երբեք։ Ընդհակառակը, Սուրբ Գիրքի վարդապետութեան մէջ կայ բազմաթիւ վկայութիւններ՝ ուր մեղքի փոխարէն պատուհաս կը տեսնուի, այսինքն մեղքը պատժուած է Աստուծոյ կողմէ։
Երկրորդը՝ որ է Աստուծոյ միա՛յն տալ ամէն գովեստ եւ ո՛չ մարդու, կարելի չէ համապատասխանել «մարդկային սրտին բնական յօժարութեան» հետ։
Խաբեբայ մէկը սովոր է յայտարարել միշտ, թէ ինք «մեծ մէկն է»։ «Նոյն քաղաքին մէջ կար Սիմոն անունով մէկը՝ որ երկար ժամանակէ ի վեր այնտեղ էր եւ կախարդութիւն ընելով կ՚ապշեցնէր Սամարացիները. պզտիկէն մեծ բոլորն ալ անոր վրայ հիացած, կ՚ըսէին.- Այս մարդը ինքը՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ Մեծ Զօրութիւն կը կոչուի» (ԳՈՐԾ. Ը 9-10)։ Իսկ բոլոր Սուրբ Գիրքի մեծագոյն նպատակն է մարդոց խորհուրդները առաջնորդել առ Աստուած միա՛յն։ Եւ դարձեալ Սուրբ Գիրքի վկայութեան համաձայն, այսպէս ըրած է. Մովսէս, Յեսու, Դանիէլ, Նէեմիա, Պետրոս եւ Յովհաննէս, Պօղոս։
Եւ դարձեալ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, թէ ժողովուրդներու բարեշրջումը եւ յառաջդիմութիւնը, բնութեան հասարակ գործողութիւններն իսկ Աստուծոյ կամքով եւ Անոր հրամանով կ՚իրականանան՝ որպէսզի մարդոց միտքը եւ սիրտը Աստուծոյ ուղղուին։
Արդարեւ, Աստուածաշունչը ամէն հնազանդութեան սկիզբը եւ հիմը կը համարէ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը, Աստուծոյ հաւատալ Անոր ստորոգելիներուն անսահման կատարելութեան, Անոր պատուէրներուն արդարութեան, Անոր բացարձակ իմաստութեան, Անոր անհուն սիրոյն եւ կը պահանջէ, որ մարդիկ զգան եւ ճանչնան, թէ Աստուծմէ կախում ունին արդարութիւն գործելու զօրութեան համար, այնպէս որ Անոր օգնութեամբ ամէն ինչ կրնան ընել, իսկ առանց Անոր կամքին եւ օգնութեան՝ ո՛չինչ։
Այս կէտին՝ դիտողութեան արժանի են նաեւ Սուրբ Գիրքի մատենագիրներուն պարզութիւնը եւ անկեղծութիւնը, այսպիսի բնաւորութեան էութիւնը դժուարաւ կը տեսնուի «մոլեռանդ» կամ խաբեբայ մարդոց վրայ։ Աստուածաշունչի մատենագիրները համարձակօրէն եւ անկեղծութեամբ կը հրապարակեն իրենց ժողովուրդին մեղքերը. «Ձեզ ճանչցած օրէն ի վեր Տէրոջը անհնազա՛նդ էք», կ՚ըսէ Մովսէս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 30, 2017, Իսթանպուլ