ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վերջին Արեւագալը, որուն հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի ղեկավարութեամբ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին ու երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութիւններուն, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ խաչահանգիստ։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը սարքեց սիրոյ սեղան մը հաւատացեալներուն համար։ Ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ ու մաղթեցին, որ Աւագ շաբթուան արարողութիւններէն վերջ արժանի ըլլան զիրար ողջունել տօնական աւետիսով։