ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՆՁՆԱԶՐՈՅՑ
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տեսակցութիւնը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ կայացաւ երկու սրբազաններուն այնքան սպասուած առանձնազրոյցը։
Ինչպէս ծանօթ է, շաբթուան սկիզբին՝ Երկուշաբթի յետմիջօրէին, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ունեցած էին երկարատեւ ու ծաւալուն քննարկում մը։ Այդ երկխօսութեան մասնակցած էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, նաեւ Թորոս Ալճան, Յարութիւն Շանլը եւ Սեպուհ Ասլանկիլ։ Այդ շփումներէն վերջ, ընտրեալ-տեղապահը յայտնած էր, որ մէկ-երկու օրուան ընթացքին կ՚ա-կընկալուէր արդիւնք մը։ Երէկ, Ազգային հիւանդանոցի աղբիւրները օրուան սկիզբին տեղեկացուցին, թէ յետմիջօրէին երկու սրբազանները ժամադրուած էին այստեղ։ Հրաւիրուեցաւ նաեւ մամուլը, ինչ որ յոյս կը ներշնչէր, թէ արդէն շօշափելի արդիւնք մը պիտի հրապարակուէր հիւանդանոցի մէջ։ Նոյնիսկ նախատեսուած էր այցելութիւն մը՝ հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի սնարին։ Այս բոլոր սպասումը, սակայն, մնաց ապարդիւն։ Արդարեւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւանդանոցի մէջ էր, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան չժամանեց ժամադրութեան։ Հաղորդուեցան հակասական տուեալներ, սակայն փաստն այն էր, որ ժամադրութիւնը, նախատեսուած աշխատանքը ձախողած էր։
Այս լուրը խոր մտահոգութիւն պատճառեց համայնքային շրջանակներուն, որոնք շարժման անցան իսկոյն։ Հիւանդանոցի մէջ ընդհանուր փոխանորդը խօսած էր Պատրիարքարանի կողմէ պատրաստուած համաձայնութեան նախագծի մը շուրջ, սակայն զայն չէր ներկայացուցած մամուլին։ Ըստ երեւոյթին, անպաշտօն գետնի վրայ համայնքային շրջանակները խտացուցին իրենց ջանքերը, որպէսզի այդ նախագիծը հասուննայ։
Ուրեմն, այս օրը սկսաւ այդ ջանքերով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան առաւօտ կանուխ, ժամը՝ 09:25-ին հասաւ Պատրիարքարան, ուր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ ունեցաւ նոր հանդիպում մը։ Երկու սրբազանները տուին գլուխ-գլխի եւ առանձնազրոյցի ձեւաչափին մէջ դարձեալ ձեռնարկեցին որոնումներու։ Այս տեսակցութեան փաստը, ինքնին, թէեւ կը համարուի յուսադրիչ, սակայն յարափոփոխ պայմաններուն բերումով յարմարագոյնն է չաճապարել՝ խօսելու համար վերջնական արդիւնքներու շուրջ։ Ապահով ճանապարհը կը նկատուի՝ սպասել պաշտօնական յայտարարութեան։ Գումգաբուի մէջ կը շրջանառէին նաեւ լսումներ, ըստ որոնց Իսթանպուլի կուսակալութեան հետ նոր շփում մը տեղի կրնայ ունենալ Պետրոս Շիրինօղլուի մասնակցութեամբ։ Այս անգամուան շփումին հաւանական է, որ ներկայ գտնուի նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Պատրիարքարանի մէջ սրբազաններուն առանձնազրոյցը կը շարունակուէր, երբ թերթս ուղարկեցինք մամուլի։