ՆԵՐՈՒՄԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդկային կեանքի մէջ միշտ կը պատահին անիրաւութիւններ, սխալմունքներ։ Ասիկա կը տեսնուի պատմութեան մէջ եւ այնքան ատեն որ մարդկութիւնը շարունակէ իր գոյութիւնը, պիտի պատահին, քանի որ մարդ, էապէս, թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունեցող էակ մըն է։
Հարցը սա է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կը դիմաւորէ այդ սխալմունքները եւ անիրաւութիւնները եւ թէ ի՛նչ կ՚ըլլան անոնց հետեւանքները։ Մարդիկ, սակայն, ընդհանրապէս չեն անդրադառնար իրենց սխալներուն, կամ գործած անիրաւութիւններուն, իսկ եթէ անդրադառնան, արդէն անոնց սրբագրութիւնը որեւէ օգուտ չի՛ պատճառեր ենթակային, քանի որ այլեւս շա՜տ ուշ կ՚ըլլայ վերանորոգելու պատահած սխալը եւ կարելի չ՚ըլլար սրբագրել, նորոգել զայն։
Եւ այս խորհրդածութիւններու լոյսին տակ կ՚ուզենք այսօր ներկայացնել պատմական իրական դէպք մը, որ նմանը քիչ անգամ տեսնուած ողբերգութիւն մըն է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նշանաւոր նախագահներէն Աբրահամ Լինքըն 14 Ապրիլ 1865 թուականին Ուաշինկթընի Ֆօրտ թատրոնի իր օթեակին մէջ ատրճանակի գնդակով մը կը զարնուի Ճան Ուիլքիս Պութ կոչուած միջակ կարողութեան տէր դերասանի մը կողմէ։ Պութ, Լինքընի քաղաքական հակառակորդներէն էր եւ մռայլ տրամադրութեան, եւ քիչ մըն ալ անհաւասարակշիռ միտք ունեցող երիտասա՛րդ մը։
Պութ, ոճիրը գործելէ ետք, Լինքընի օթեակէն վար կը ցատկէ բեմին վրայ եւ թէեւ այս ոստումին հետեւանքով կը կոտրի իր ոտքը, բայց թատրոնին ետեւի անցքերէն կը յաջողի խուսափիլ եւ իրեն համար նախապէս պատրաստուած ձի մը հեծնելով կը փախչի՝ իր ընկերոջ Տէյվիտ Հէրոլտի հետ։
Թէեւ կոտրած ոտքին պատճառած անտանելի ցաւեր ունէր Պութ, այսուհանդերձ, ձիով 30 մղոն կը ճամբորդէ, մինչեւ որ յաջորդ առտու ժամը 4-ին այս երկու դաւադիրներ կը հասնին Տքթ. Մըտի տունը, որ սիրուած, բարեկեցիկ եւ վերջին ծայր մարդասէր բժիշկ մըն էր։
Տքթ. Մըտ, առանց որեւէ կասկած ունենալու թէ ի՛նչ տեսակ մարդոց հետ գործ ունի, կոտրած ոտքը արուեստին պահանջած բծախնդրութեան համեմատ կը կապէ, եւ քանի մը ժամ ալ զանոնք վար դնելէ վերջ կը թողու։ Ապա ոճրագործները կը մեկնին եւ Փոթոմաք գետը անցնելով՝ ի վերջոյ կը հասնին Վիրճինիոյ նահանգը։
Ամերիկեան ազգը իր այնքան սիրուած նախագահին այս սպանութեան պատճառով բաւական յուզուած եւ բորբոքած էր։
Տքթ. Մըտ երբ այս սպանութեան լուրը կ՚առնէ, կը կասկածի իր դարմանած մարդուն եւ անոր ընկերոջ մասին եւ անմիջապէս տեղեկութիւն կու տայ կառավարութեան։
Բայց իր տուած տեղեկութիւնը իրեն շա՜տ սուղի կը նստի։ Հանրային կարծիքը՝ կատաղութենէն կուրացած, կը գրգռուի բժիշկին դէմ, ուստի կը ձերբակալուի եւ զինուորական ատեանի մը առջեւ դատուելով ցմահ բանտարկութեան կը դատապարտուի Ֆօրտ Ճէֆըրսի մէջ։
Տքթ. Մըտ բանտ կը մտնէ 1865 Յուլիսին եւ նախ որպէս հիւանդանոցի պաշտօնեայ կը ծառայէ հոն։ Եւ Տքթ. Մըտի համար կը սկսին տաժանելի օրեր։
Բայց Տքթ. Մըտ գիտէր, վստա՛հ էր թէ բոլորովին անմեղ էր, քանի որ իրեն անծանօթ հիւանդ մը միայն դարմաներ էր, իր մարդկային պարտականութիւնը եւ արուեստին պահանջածը գործադրած՝ հիւանդ մը բժշկած էր։ Եւ իր այս զգացումը, ինչպէս նաեւ իր ընտանիքին թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական թշուառ վիճակին մտածումը զինք կը գրգռէ, կը կատղեցնէ, ուստի կը ջանայ բանտէն փախչիլ, բայց կը բռնուի եւ այս անգամ շղթայակապ խոնաւ նկուղի մը մէջ կը նետուի՝ ամէն յարաբերութենէ զրկուա՛ծ։
Հազարաւոր մժեղներ, լուեր եւ որդեր խեղճ բժիշկը գիշեր ցերեկ կը չարչարէին. ուստի իր սրունքները եւ յօդուածները սկսան ուռիլ եւ իր մազերը հետզհետէ սկսան թափիլ։ Բժիշկը այս «դժոխք»ին մէջ խիստ հսկողութեան ներքեւ կը գտնուէր, երբ 1867-ին դեղին տենդի կատաղի համաճարակ մը կղզին կը վարակէ։ Կղզիին գրեթէ բոլոր բնակիչները այս սոսկալի հիւանդութենէն կը վարակուին եւ շատեր կը մեռնին։
Տքթ. Մըտ, հակառակ իր տանջանքներուն եւ կրած անլուր անիրաւութեան, ինքզինք կ՚առաջարկէ որպէսզի ծառայէ հիւանդներուն։ Ան խոնաւ նկուղէն եւ շղթաներէն ազատուած՝ գիշեր ցերեկ կը սկսի մաքառիլ հիւանդութեան դէմ եւ ամէն վտանգի ենթարկուելով, կը յօժարի ի՛ր իսկ կեանքը զոհել՝ իրապէս վսեմ դիւցազնութեան մը օրինակով։
Հիւանդութիւնը ահռելի կերպով եւ կատաղօրէն ճարակած էր. վարակուողներէն շատեր 24 ժամուան միջոցին կը մեռնէին. զինուոր եւ բանտարկեալ հաւասարապէս զոհեր կը հանդիսանային համաճարակին եւ քիչ առողջ մարդեր կը գտնուէին՝ հիւանդները խնամելու, անոնց հոգ տանելու եւ մեռեալները թաղելու համար։
Տքթ. Մըտ իր այս վտանգաւոր ծառայութեամբ զբաղած, թէեւ բանտին մէջ բոլորովին ազատ էր, բայց փախուստի մասին երբեք չէ՛ր խորհեր։ 1867 Հոկտեմբերին ինքն ալ վարակուեցաւ եւ մեռնելէ հազիւ փրկուեցաւ։ Տակաւին բոլորովին չապաքինած՝ դարձեալ սկսաւ իր բժշկական սրբազան պարտականութեան։ Եւ շատեր բժշկեց, դարմանեց։
Ողջ մնացող զինուորները խանդավառօրէն Տքթ. Մըտի գովասանքը կ՚ընէին։ Ուստի խիստ զօրաւոր վկայագիր մը եւ խնդրագիր մը մատուցուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօնսընի, բայց շատ խորհրդաւոր պատճառներով այս խնդրագիրը նախագահին ձեռքը չհասաւ։ Եւ համաճարակը դադրելէ վերջ, Տքթ. Մըտ դարձեալ շղթայի զարնուեցաւ եւ բանտ դրուեցաւ։
Տքթ. Մըտի տառապանքը տեւեց մինչեւ Մարտ 1869 թուական, երբ նախագահ Ճօնսըն ներում շնորհեց եւ բժիշկը տուն վերադարձաւ՝ իր տառապած եւ չարչարուած ընտանիքին ծոցը՝ տկար եւ անզօր վիճակի մէջ եւ անկէ վերջ իր ապրած 13 տարիներուն ընթացքին իր առողջութիւնը երբեք չվերստացաւ։ Ան 49 տարեկանին մահացաւ՝ գիշերային սաստիկ փոթորիկի մը ատեն հիւանդի մը երթալէ վերջ թոքատապի բռնուած ըլլալուն հետեւանքով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 15, 2017, Իսթանպուլ