ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆԸ
Գարակէօզեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Բեմը քեզի կը սպասէ… դուն ալ մասնակցէ» կարգախօսով կազմակերպուած երաժշտական մարաթոնը, որ չորրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան հովանիին ներքեւ գործող «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ծրագիրը կը բաղկանար երեք համերգէ՝ ըստ տարիքային դասաւորման։ Ամբողջ օր մը տեւեց այս ծրագիրը, որու առաջին փուլին հանդէս եկան 5-9 տարեկանները, երկրորդ փուլին 10-11 տարեկանները եւ երրորդ փուլին՝ 12-17 տարեկանները։ Երաժշտական բնագաւառէ ներս ձիրքերը զարգացնելու կամ հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար զանազան դասընթացքներու մասնակից մեր համայնքի 202 փոքրիկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ մասնակցութիւն բերին այս նախագծին։ Շուրջօրեայ այս ծրագիրը առարկայ դարձաւ բոլորի լայն հետաքրքրութեան։
Մարաթոնի որոշ հանգրուաններուն նուագներուն հետեւեցան նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ Գարակէօզեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ։ Յայտագրին մասնակից աշակերտներուն մերձաւորները խանդավառ մասնակցութիւն բերին այս մարաթոնին, որ եզակի փորձառութիւն մը եղաւ մասնակիցներուն տեսակէտէ։
Որպէս անակնկալ հանդէս եկան նաեւ «Միմար Սինան» համալսարանի երաժշտանոցի բաժնի սաները՝ Ճուլիա Դաւիթ, Միլա Գույումճու, Արաս Մեսրոպեան, Լուսինէ Դաւիթ եւ Ժոէլ Դաւիթ։
Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս չորրորդ մարաթոնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Սա արդէն վերջին տարիներուն գարնան շրջանի մեր համայնքային կեանքէն ներս աւանդական դարձած ծրագիր մըն է ու վստահաբար յառաջիկայ տարիներուն ալ պիտի շարունակուի նոյն յաջողութեամբ՝ առարկայ դառնալով անմիջական հետաքրքրութեան։