«ՀԻՒԱՆԴ ՄԱՐԴԸ», ԵՒՐՈՊԱՆ
Աշխարհակալ Եւրոպան այսօր կը տառապի իր կեցութեան պայքարով: Եւրոպան՝ Յունական եւ Հռոմէական կայսրութիւններուն միջոցաւ եւ այդ ժամանակաշրջանին էր որ ասիական եւ ափրիկեան աշխարհի առաջ ճանաչում ստացաւ, ուր տակաւին մնացեալ Եւրոպան կ՚ապրէր խոր մթութեան մէջ: Խաչակիրներու արշաւանքներով Եւրոպան մտաւ զարթօնքի դարաշրջան, սակայն իսկական զարթօնքը հասաւ միջին դարերու ժամանակաշրջաններուն, անգլիական, ֆրանսական, գերմանական եւ եւրոպական այլ պետութիւններու յեղափոխութիւններով: Այդ երկիրներու գաղութարար իշխանութիւնները իրենց հայեացքները սեւեռեցին դէպի Ափրիկէ, Ասիա եւ Միջին Արեւելք, ուր կային բնական ներքներկրային հարստութիւններ. ինչպէս՝ ոսկին, ադամանդը, արծաթն ու այլ հանքային հարստութիւններ: Այս պետութիւնները կազմեցին գաղութներ իրենց ներխուժած եւ գրաւած երկիրներուն մէջ եւ այնտեղ հաստատուեցան մինչեւ 20-րդ դարուն առաջին կէսը: Սակայն այդ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւններուն եւ անկախացումներուն պատճառով եւրոպացիները այնտեղէն «վտարուելով» կամ «լքելով» պարտադրաբար հեռացան, իրենց ետին թողլով իրենց եկամտային աղբիւրներուն մեծ մասը: Տիրակալ այս պետութիւնները անխնայ կողոպտեցին այդ երկիրներու հարստութիւնները, կոտորեցին իրենց բռնատիրած գաղութներու բնակիչները «խաղաղութեան» եւ «զարգացման» պատրուակներով եւ այդ ժողովուրդներու արեամբ սնանելով իրենց համար ոսկեզօծ դղեակներ կառուցեցին: (…)
Աշխարհի մէջ, նաւթի յայտնաբերումը սակայն ախորժաբեր նոր յոյս ու ներշնչում բերաւ Եւրոպայի քիմքին: 1800 թուականներուն, եւրոպական այն նոյն գաղութատէր տէրութիւնները արդէն տէր ու տիրական կը դառնային աշխարհատարած նաւթային հարստութիւններուն, Պաքուէն սկսեալ մինչեւ պարսկական ծոցի երկիրներ, ուր սեւ ոսկին կը հոսէր կեանք, յառաջխաղացք, հարստութիւն ու նիւթ տալով իրենց անյագ որկորներուն, պատառիկ մըն ալ զիջելով երկրի տէրերուն, զիրենք լռեցնելու սիրոյն, որոնք ապագային այդ պատառիկներով դարձան աշխարհի կենսական աղբիւրներու տէրերը:
Սակայն կրկին շրջեցաւ կեանքի նժարը Եւրոպայի երկիրներուն համար: Վրայ հասան համաշխարհային Առաջին եւ մասնաւորապէս՝ Երկրորդ պատերազմները, որոնք մէկ առ մէկ պատճառ դարձան նորանոր, այս անգամ միջինասիական երկիրներու անկախացման եւ եւրոպական երկիրներու մեկուսացման:
Համաշխարհային պատերազմները պարզապէս՝ երկիրներու տնտեսական տագնապի հետեւանքի պատերազմներ են: Տնտեսական տագնապները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են աշխարհի մէջ, ի մասնաւորի՝ Եւրոպայի մէջ, Հռոմէական եւ Խաչակիրներու արշաւանքներէն սկսեալ:
Եւ... Եւրոպան, այսօր, իր բարձրագոյն արուեստով, ռազմաքաղաքական կարողութեամբ, քաղաքակրթութեամբ ու զարգացումով, տակաւին կը մնայ անբաւարար եւ անինքնաբաւ ցամաքամաս, միշտ յենլով այլ աղբիւրներու վրայ՝ իր գոյատեւման համար:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, Եւրոպան դիմեց գոյատեւման տարբեր միջոցի, ստեղծելով Եւրոպական Միութիւնը, որ ծնունդ առաւ 1957-ին, ընդգրկելու համար մեծագոյն թիւով եւրոպական երկիրներ: Յառաջիկայ վեց տասնամեակներուն, Եւրոպան շարունակեց իր միասնական գոյութիւնը, սակայն վերջին տասնեակին ան կը տառապի իր գոյութեան պահպանումին պայքարով: Անգլիա արդէն դուրս եկաւ Եւրոմիութենէն, որովհետեւ այլեւս իրեն համար տանելի չէր հոգատարութիւնը գաղթականներու, որոնք կը խուժէին ափրիկեան եւ ասիական տարբեր երկիրներէ: Եւրոմիութեան այլ երկիրներ այսօր սնանկութեան եզրին են. ինչպէս՝ Իտալիա, Յունաստան, Փորթուգալ, Սպանիա եւ այլք, եւ սակայն յուսահատօրէն կը կառչին անոր, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի «քաջալերանքներով», երազային հրաշքով մը փրկուելու յոյսով: Մինչ այդ՝ Եւրոպան այսօր դարձած է «մարդկային փրկարար» ցամաքամասը, պատսպարան հայթայթելով միլիոնաւոր փախստականներու եւ գաղթականներու, ի միջի այլոց՝ խաթարելով իր իսկ անդորրութիւնն ու գոյութիւնը: Եւրոպայի մէջ հաստատուած են 60 միլիոնէ աւելի իսլամներ, առանց նկատի առնելու այլ կրօններու գաղթականներ, որոնք իրենց հետ բերած են իրենց երկրի սովորութիւններն ու բարքերը, որոնք խոտոր կը հանդիսանան տեղացի բնակչութեան ապրելակերպին հետ: Գաղթականներուն մեծ մասը կը սնանի երկիրներու պետական իշխանութիւններու ընկերային օրէնքներու թոյլտուութիւնները շահագործելով: Եւրոպական երկիրներուն մեծ մասը այսօր ենթակայ է կործանարար ցոյցերու, հրկիզումներու, ոճրագործութիւններու եւ այլազան տեսակի խլրտումներու, ներառեալ կրօնական եւ քաղաքական, առանց կարենալ անոր առաջքը առնելու: Տեղացի եւրոպացին կը տքայ աշխատանքի բեռան տակ կերակրելու համար օտարականը, որ կը բազմանայ օր ըստ օրէ, օրին մէկը՝ երկրին տէր ու տիրական դառնալու իրողութեամբ: Հարաւային Եւրոպայի երկիրներուն մէջ առաւել եւս շեշտուած են այս պարագաները, ուր բնիկ եւրոպացին այլեւս ընդվզումի եզրին կանգնած է ի տես այս բոլորին, երբ իրեն կը զլացուին իր երկրի բարիքները, զանոնք շնորհելով օտարներուն:
«Մենք ի՞նչ պարտաւոր ենք ասոնք պահելու եւ կերակրելու, երբ մենք մեր կարօտեալները չենք կրնար կերակրել» եւ յար ու նման յայտարարութիւններ յաճախակի դարձած են ամէնուրեք Եւրոպայի ժողովուրդներուն մօտ:
Մարդիկ կան աշխարհի մէջ, որոնք կը սիրեն ուրիշին հաշւոյն ապրիլ հեշտագոյն միջոցը գտնելով զայն, առանց նուազագոյն ջանքի՝ իր ապրելակերպը ճշդելու համար իր իսկ ապրած միջավայրին մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հարթակ
- 12/23/2024