ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ
Մարդկային կեանքին մէջ միշտ կան հակապատկեր երեւոյթներ, հակադրութիւններ եւ իրերամերժ արարքներ։ Այն որ ուշադրութեամբ կը դիտէ կեանքի ամէն մէկ եղելութիւն, կը տեսնէ, թէ հոն կա՛ն ամենէն մեղապարտ, աղտոտ եւ ստորին արարքներ եւ նաեւ՝ ամենէն մաքուր, բարի եւ ազնիւ արտայայտութիւններ, նոյնիսկ նոյն անձին կողմէ՝ տարբեր ժամանակներու կամ շրջաններու մէջ իրագործուած։
Կեանքը, հակադրութիւններու հրաշալի՜ համադրութիւն մը, ներդաշնակութիւն մըն է՝ որուն դերակատարները մարդիկ են, եթէ համարուի անիկա բեմադրութիւն մը։
Արդարեւ, բարին ու չարը, մաքուրը եւ աղտոտը, օգտակարը եւ վնասակարը, սեւը եւ ճերմակը միշտ միատեղ, միշտ համընթաց են կեանքի մէջ՝ ուր նախընտրութիւն մը ընելու պարտաւորութեան մէջ կը գտնուի մարդ։
Ընկերային կեանքի մէջ ալ այդպէս չէ՞. ոմանք յառաջդիմութեան մէջ կը գտնուին, իսկ ոմանք, չըսելու համար յետադիմութեան մէջ, աւելի պահպանողական կեցուածք մը կը ցուցաբերեն ամէն բարեշրջման, բարեփոխութեան հանդէպ։ Բայց թէ՛ յետադէմը եւ թէ յառաջադէմը միշտ քով քովի կ՚ընթանան եւ միատեղ կ՚ապրին կեանքը։ Եւ կարելի չէ զանազանել անոնք ներքնապէս, քանի որ երկուքն ալ ի վերջոյ արտաքնապէս նոյն «մարդ»ն են։ Ուստի մարդուն անփոփոխ նկարագիրը եւ յատկութիւնն է «մա՛րդ» ըլլալ՝ մարդկութիւն, որ հասարակ նկարագիր մը, բնաւորութիւն մըն է բոլոր մարդոց համար, անխտիր։
Մարդ կրնայ յառաջադէմ ըլլալ, կրնայ ըլլալ նաեւ՝ յետադէմ, կրնայ նախընտրել լոյսը, լուսաւորը եւ կրնայ ախորժիլ մութէն, խաւարէն, բայց ունին հասարակաց կէտ մը՝ «մարդ» ըլլալ՝ բանաւոր եւ ազատ կամքի տէր էա՛կ մը ըլլալ։ Եւ այս պատճառով, մարդիկ, հաւասարութեան, արդարութեան առաքինութիւններով օժտուած՝ կը ջանան ներդաշնակել կեանքի ամէն տեսակ հակադրութիւնները, հակապատկեր երեւոյթները, որոնք անպակաս են կեանքի մէջ։
Երբ կը խորհրդածենք կեանքի հակապատկեր երեւոյթներու եւ մարդոց հակադիր արարքներուն վրայ, պէտք է ծանրանալ երկու կէտերու վրայ։
Յոռի արարք մը կամ գործ մը եւ կամ երեւոյթ մը միշտ ընտրութեամբ, գիտակցութեամբ կատարուած չարութեան մը, չարամտութեան հետեւանքը չէ՛, եւ ամենէն ազնիւ, երեւութապէս բարի եւ օգտակար արարքը կամ գործն ալ անպայմա՛ն բարձր շարժառիթներու արդիւնք չէ՛. կան թէ՛ ազդակներ եւ թէ՛ պատճառներ, որոնց արդիւնքը ակնկալուած կամ մտադրուածէն բոլորովին տարբեր հետեւանքներ կ՚ունենան։ Ուստի կան ազդակներ, որոնք կ՚եղանակաւորեն այս կարգի արարքներ, զոր օրինակ, «արդար» ըլլալու համար, հարկ կ՚ըլլայ երբեմն մէկուն դատապարտութենէն եւ միւսին արժանիքէն բաւական բան զեղչել։
Քաղաքական օրէնքը, ընդհանրապէս նկատի կ՚առնէ գործուած արարքը՝ այն որ գործնականի վերածուած է եւ այդ ուղղութեամբ կը դատէ, ուստի եւ ենթական կը դատապարտէ կամ անպարտ կ՚արձակէ։
Եւ սակայն, քաղաքական օրէնքէն զատ կան նաեւ բարոյական օրէնքներ եւ խիղճ։ Արդարեւ, բարոյական օրէնքները կը դատեն այն արարքները՝ որոնք սխալ են, վնասարար են, բայց չեն սահմանուած որպէս «յանցանք» քաղաքական օրէնքներու մէջ։ Բարոյական օրէնքները նիւթ ունին անհատներու արարքները՝ ընկերութեան մէջ, հասարակաց զգացումներով եւ մտածողութեամբ սխալ համարուած։
Իսկ խիղճը, այս հրաշալի՜ ներքին դատաւորը, բոլորովին անհատական է, իւրաքանչիւր անհատի յատուկ անձնական արդար դատաւոր մը՝ որ նախ կը զգուշացնէ եւ յետոյ կը դատէ ու կը դատապարտէ անձը՝ ինքն ի՛ր մէջ, իր ներաշխարհին սահմաններուն մէջ։
Արդարեւ, բարոյական օրէնքը եւ խիղճը՝ արարքի մը արդիւնքէն աւելի՝ անոր շարժառիթին կարեւորութիւն կ՚ընծայեն եւ նկատի կ՚առնեն մանաւա՛նդ խորհուրդի եւ զգացումի այն «զսպանակ»ը՝ որ շարժման մէջ կը դնէ ենթակային կամքը եւ կիրքը եւ անիկա գործի կը վերածէ, կը գործադրէ։ Այս իմաստով, բարոյական օրէնքը եւ խիղճը կը հետաքրքրուին ո՛չ միայն արդիւնքով, այլ նաեւ՝ պատճառներով եւ արդիւնքը պատրաստող շարժառիթներով։ Եւ այս իսկ պատճառով, անոնք կանխարգելից եւ նախազգուշական հանգամանք ունին յանցանք մը կանխելու տեսակէտէ, աւելի քան քաղաքական օրէնքը, որ կը հետաքրքրուի եւ շարժման կ՚անցնի միայն արարքի մը գոյութեան ատեն, այսինքն արդիւնքի պարագային կամ հանգրուանին։ Քաղաքական օրէնքը չի հետաքրքրուիր խորհուրդով, որքան ատեն, որ ան գործի չվերածուի։
Բայց խորհուրդ-խօսք-գործ գիծին վրայ, ամէն մէկը նկատի ունենալով, ուրիշ խօսքով՝ պատճառ-արդիւնք յարաբերութեան կարեւորութիւն ընծայելով, այս կշիռով չափուած դատապարտութիւնը կամ վարձատրութիւնը, այսինքն՝ հատուցումը աւելի՛ արդար դրոշմ կը կրէ։ Թէեւ պատժական օրէնքներու մէջ «պատճառ»ի եզրը մասնակի դեր մը կը խաղայ, բայց ո՛չ այնքան՝ որքան բարոյական օրէնքը եւ մանաւանդ խի՛ղճը։ Ուստի պատժական օրէնքով կրնայ մէկը անպարտ ու անպատիժ արձակուիլ, բայց խիղճով կը մնայ միշտ դատապարտեա՛լ։
Ահաւասիկ, հակապատկեր կշիռներ, կամ յարակարծիքներ կրնան յայտնուիլ մարդկային կեանքին մէջ մանաւանդ երբ նկատի առնուի անոր աշխարհային եւ հոգեւոր կեանքը, կամ արտաքին աշխարհի եւ ներաշխարհի գործունէութիւնը։
Ուստի օրէնքին հատուցումը՝ պատիժ է, իսկ խղճին հատուցումը՝ խղճահարութիւն, խղճի խայթ ու տանջա՛նք։ Պատիժը ժամանակաւոր է, որոշ չափ մը ունի, բայց խղճահարութիւնը անժամանակ է՝ մարդս կը տանջէ մինչեւ վերջ։
Այսպէս մարդկային աւելի լայն մտածողութիւն մը եւ աւելի նրբազննին խիղճ մը կ՚արդարացնեն երբեմն քաղաքական օրէնքին դատապարտածը, եւ փոխադարձաբար, այս օրէնքին անպարտ ու անպատիժ արձակածը կը դատապարտէ բարոյական օրէնքը։
Այս հակապատկերէն հետեւցնելով, կրնանք ըսել, թէ լաւ եւ օգտակար արարքներ անպայման բարձրագոյն գաղափարի մը, նուիրումի մը կամ զոհողութեան արդիւնք չե՛ն։ Ուստի անձնական, ենթակայական շարժառիթներ, անարգ նկատումներ կրնան ներկայանալ որպէս օգտակար գործունէութիւններ եւ շողշողուն բարեգործութիւններ։ Եւ ահաւասիկ, այստեղ ալ կը դիմաւորուինք խորհուրդի եւ գործի, պատճառի եւ արդիւնքի անհամաձայնութեան։
Ո՞ր մէկը նախընտրել՝ ահաւասիկ խղճի գործն է, որուն պէ՛տք է անդրադառնալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 22, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024